«ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՆԴՈԿԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ

Երեւանի սրտին մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, գործող «Կրանտ հոթել Երեւան» («Երեւան») պանդոկէն ներս բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին: Այս ցուցահանդէսով, ըստ էութեան, մեկնարկած է «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծը, որ Երեւանի քանի մը թանգարաններուն եւ «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին համատեղ մշակութային ծրագիրն է: Նախատեսուած է, այս տարուան Ապրիլ ամիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր, պանդոկէն ներս կազմակերպել ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ, որոնք նոյնպէս նուիրուած պիտի ըլլան հայ մշակոյթի բոլոր այն դէմքերուն, որոնք կապ ունեցած են «Երեւան» պանդոկին հետ:

«Երեւան» պանդոկը իր պատմութեան մէջ ոչ միայն ժամանակաւոր հիւրեր ընդունած է, այլ նաեւ ունեցած է երկարատեւ ժամանակով բնակիչներ ընդունելու աւանդոյթ մը:

1920-30-ական թուականներուն այստեղ ապրած եւ ստեղծագործած են հայ մշակոյթի, գիտութեան նշանաւոր ներկայացուցիչներ՝ Եղիշէ Չարենցը, Ալեքսանդր Շիրվանզատէն, Աւետիք Իսահակեանը, Վահրամ Փափազեանը, Ակսել Բակունցը, Գուրգէն Մահարին, Երուանդ Քոչարը, Փանոս Թերլեմեզեանը, Վիքթոր Համբարձումեանը, Ալիխանեան եղբայրները եւ այլ յայտնիներ:

Բոլոր այս գործիչներուն ինչպէս նաեւ «Երեւան» պանդոկի մէջ անոնց իջեւանելու պատմութեան մասին կան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի դիւաններուն մէջ հարուստ վաւերագրեր, որոնք առանձին խորագրերով պիտի ցուցադրուին «Երեւան» պանդոկին մէջ: Հայ մեծերու կեանքի մասին նիւթեր կան նաեւ անոնց տուն-թանգարաններուն մէջ, եւ Գրականութեան ու արուեստի թանգարանը ցուցադրութիւններու ժամանակ կը գործածէ նաեւ ատոնք:

Պանդոկը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ նաեւ նշանաւոր օտարազգի հիւրեր: Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ 1990-ականներու վերջին նորոգուած եւ վերաբացուած է «Երեւան» պանդոկը, այստեղ իջեւանած են երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, նշանաւոր արուեստագէտներ, ծանօթ անուններ:

Ուիլիըմ Սարոյեանին նուիրուած ցուցադրութիւնը համընկնեցաւ «Երեւան» պանդոկի հիմնադրման 90-ամեակին եւ պանդոկի ղեկավարութիւնը, այս ցուցահանդէսի բացումով, ազդարարեց նաեւ պանդոկի յոբելենական միջոցառումներուն շարքը: Յատկանշական է, որ մշակութային ձեռնարկով է, որ կ՚ազդարարուի 90-ամեայ պանդոկի յոբելեանին սկիզբը: Այս մէկը առանձնայատուկ նշուեցաւ, եւ շնորհակալութեան առիթ էր պանդոկի օտար ղեկավարութեան: Եւ յառաջիկայ ցուցահանդէսներով սպասարկման վայր հանդիսացող պանդոկը կը վերածուի մշակութային կեդրոնի մը, ուր հնարաւոր կ՚ըլլայ կրկին առընչուիլ մեր մշակոյթի հարուստ ժառանգութեան:

Ուիլիըմ Սարոյեանին նուիրուած ցուցահանդէսին կազմակերպուած էր նաեւ տօնական ընդունելութիւն, որուն հրաւիրուած էին ո՛չ միայն մշակութային գործիչներ, այլ՝ Հայաստանի մէջ գործող օտարերկրեայ դեսպանատուներու, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ցուցադրութիւնը կոչուած էր՝ «Սարոյեանը եւ Հայաստանը»:

Բոլոր հրաւիրուած հիւրերը անտարբեր չէին կրնար անցնիլ պանդոկին սրահը ցուցադրուած հին ոճի հեծանիւին քովէն, որ Ուիլիըմ Սարոյեանին պատկանած է… Այս հեծանիւը երբեք չէ ցուցադրուած, հակառակ անոր որ ծանօթ են Սարոյեանի՝ Հայաստանի մէջ հեծանիւ վարելու լուսանկարները: Հեծանիւը մեծ գրողին նուիրած են Հայաստանի մէջ՝ իր վերջին այցերէն մէկուն ժամանակ, երբ Սարոյեան ցանկութիւն յայտնած է իր 70-ամեակը նշել հայրենիքի մէջ, եւ այդ առիթով հրաւիրուած է Հայաստան: Հեծանիւը ընտրուած է իբրեւ խորհրդանշական նուէր, քանի որ Սարոյեան իր գրութիւններուն մէջ շատ անգամներ նկարագրած է հեծանիւ վարողները: Գրողը Հայաստանի քարքարոտ ուղիներուն վրայ վարած է հեծանիւը, իսկ ատկէ ետք հեծանիւին ոտնակներուն ոչ ոք դպած է, եւ զայն պահած են Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս: Թանգարանի ցուցադրական տարածքին փոքրութեան պատճառով անիկա երբեք չէ ցուցադրուած, այդ պատճառաւ ալ հեծանիւը մինչ օրս անյայտ էր հանրութեան:

Յայտնի է, որ Սարոյեան Հայաստան այցելած է քանի մը անգամ՝ 1960, 1976, 1978 թուականներուն, իսկ իր առաջին այցելութեան՝ 1935 թուականին, իջեւանած է «Երեւան» պանդոկին մէջ: Պանդոկի արձանագրութիւններուն գիրքին մէջ կը պահ-ւի 1935 թուականին այստեղ հանգրուանած 52-րդ սենեակի բնակիչին անունը, որ Ուիլիըմ Սարոյեան է: Գրողին 110-ամեակին առթիւ պանդոկին մէջ հեծանիւին հետ կը ցուցադրուին նաեւ գիրքեր, նամակներ, լուսանկարներ Սարոյեանի գրած «Իմ սիրտը լեռներուն մէջ է» ստեղծագործութեան հիման վրայ կատարուած բեմադրութենէն եւ նկարահանուած շարժանկարէն: Միայն Սարոյեանի մօտ երեսունհինգ դիմանկար ցուցադրուած է՝ բոլորն ալ ծանօթ լուսանկարիչներուն գործերը: Իսկ հեծանիւով լուսանկարին հեղինակը Պօղոս Պօղոսեանն է, որ Սարոյեանը լուսանկարած է նաեւ այլ վայրերու մէջ:

Երբ իր եօթանասունամեակին Սարոյեան կրկին այցելած է Հայաստան, խնդրած է երթալ այն պանդոկը, ուր առաջին այցին հանգրուանած էր, գտած է այն սենեակը, ուր գիշերած էր, իսկ յաջորդ օրը այցելած է պանդոկին նշանաւոր ճաշարանը, որ աւանդաբար հաւաքատեղի մը եղած է հռչակաւոր մարդոց համար: Պանդոկին մէջ, վաղ տարիներուն, գործած է նաեւ «Պաղտասար աղբար» սրճարանը, որ յետագային տեղափոխուած է շէնքին կից գտնուող կցակառոյցին հատուածը եւ գործած է մինչեւ 1948 թուականը: Այսօր պանդոկի սրճարաններն ու ճաշարանը իտալական են եւ մշտապէս լեցուն են այցելուներով: Աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներուն պէս, Հայաստանի մէջ նոյնպէս բարձրաշխարհիկ կեանքը կ՚եռայ մանաւանդ պանդոկներու սրահներուն եւ սրճարաններուն մէջ: Այս առումով այդ վայրերը ձգողականութիւն ունին եւ նաեւ՝ խորհրդաւորութիւն:

Պանդոկի իտալացի ղեկավարները Սարոյեանի հայաստանեան այցերուն եւ պանդոկի 90-ամեակին նուիրուած այս տօնական ձեռնարկին ընթացքին նշեցին, որ իրենց համար չափազանց կարեւոր է պանդոկին պատմութեան ամէն մէկ դրուագը եւ բոլոր ջանքերը գործի պիտի դնեն՝ անցեալի բոլոր էջերը վերականգնելու, պանդոկին ներկայ կեանքը ա՛լ աւելի հարուստ դարձնելու համար: Իտալացիները, որ մեծ ակնածանք ունին անցեալին ու պատմական ժառանգութեան հանդէպ, պանդոկին վերականգման աշխատանքներուն ժամանակ գործակցած են հայ մասնագէտներուն, որպէսզի հնարաւոր չափով պահպանուի պանդոկին պատմական շունչն ու միջավայրը: Վերականգնման համար շատ մը նիւթեր ու շաղախներ բերուած են Իտալիայէն, որպէսզի պատմական կառոյցը պահպանէ իր սկզբնական տեսքը: Վերանորոգման արդիւնքին պանդոկի դասական ոճին գումարուած է հանգստաւէտութիւնը, պատերը համալրուած են Ռուբէն Ղեւոնդեանի որմնանկարներով:

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նիկողայոս Բունիաթեանի նախագիծով 1926-1928 թուականներուն կառուցուած «Երեւան» պանդոկին ներկայ շէնքը կառուց-ւելէն ետք դարձած է Երեւանի առաջին մեծ հասարակական կառոյցը: Անիկա, միեւնոյն ատեն, Երեւանի առաջին պանդոկը կը նկատուի, որ տեւական ժամանակ կոչուած է «Ինթուրիսթ»: Մասնագէտներու մեկնաբանմամբ, Խորհրդային Երեւանի առաջին պանդոկին շէնքը դարձած է 17-րդ դարու ֆրանսական Վերածնունդի ճարտարապետական ոճի առաջին իւրօրինակ հայկական մեկնաբանութեան օրինակը: Այսօր իտալական ընկերութեան կողմէ սպասարկուող պանդոկը աշխարհի բարձրակարգ փոքր պանդոկներու միութեան անդամ է: 2004 թուականին «Երեւան» պանդոկը դարձած է «Կոլտըն թուլիփ» պանդոկային ցանցի անդամ, 2013 թուականին միացած է նոյն ընտանիքի «Ռոյալ թուլիփ» բարձրակարգ պանդոկի ակումբին եւ վերակոչուած է «Կրանտ հոթել Երեւան»:

Ժողովուրդի մէջ պանդոկը մնացած է իր նախկին անունով՝ «Երեւան», եւ շատեր այս կառոյցը կը նոյնացնեն Երեւան քաղաքին հետ, իբրեւ մայրաքաղաքի հնագոյն եւ մինչ օրս պահպանուած շէնքերէն մին, որու պատերէն ներս պատմութիւն կերտուած է:

Պանդոկին առաջին հիւրը եղած է ռուս գրող, քննադատ Անտրէյ Պելլին: Պանդոկը այդ ժամանակ անաւարտ եղած է: Գրողը Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ այդ երկու անգամներուն ալ իջեւանած է այս պանդոկին մէջ:

1928 թուականին այստեղ իջեւանած է գեղանկարիչ Կէորկի Եակքուլովը, 1934 թուականին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի թղթակիցներ Ուոլթըր Տիւրանթին եւ Ա. Տաուսընը, «Տը Նէյշընըլ» թերթի թղթակից Լուի Ֆիշըրը, անգլիացի հնագէտ Ռիչմըն Պրաուն, Ժան Ռիշար Պլոշը (Ֆրանսա), Ճոն Պոյտըն Փրիստլին (Անգլիա), Ժորժի Ամաթուն (Պրազիլիա): 1935 թուականին՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի իջեւանած տարին հոս իջեւանած են նաեւ ֆրանսացի ովկիանոսագէտ, ճանապարհորդ Իվ Քուսթոն, ֆը-րանսացի լեզուաբան Անտրէ Օտրիկուրը:

Պանդոկին հիւրերէն եղած են նաեւ Յովսէփ Օրբէլին, Համօ Բէկնազարեանը, Արամ Խաչատուրեանը, Ռիքարտօ Մութթին, «Լա Սքալա»ի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի անդամները, Փլասիտօ Տոմինկոն, Անտրէա Պոչելլին, Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Լոնտոնի թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի անդամները, նշանաւոր բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընը, դերասանուհի Քլաուտիա Քարտինալէն, Ապպաս Քիառոստամին, Ֆանի Արթանը եւ այլք:

Գալով պատուիրակութիւններուն, պանդոկին պատմութեան մէջ կը նշուի, որ պանդոկին մէջ 1932-1945 թուականներուն հանգրուանած են կաթողիկոսական ընտրութիւններուն համար Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները, 1939 թուականին՝ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան 1000-ամեակի տօնակատարութեան հիւրերը, 1946 թուականին՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան երկրորդ համագումարի արտասահմանեան պատուիրակները, 1953 թուականին՝ Սթալինի թաղումին մասնակցելու համար Մոսկուա մեկնող թուրք դիւանագէտերու պատուիրակութիւնը, 2001 թուականին՝ Քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու եկած բարձրաստիճան հոգեւորականները, թագաւորական ընտանիքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան հիւրերը, մրցանակի ներկայացուած դափնեկիրները եւ այլ յայտնիներ:

Անցեալ դարուն պանդոկները նաեւ բնակելի վայրեր եղած են: Արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ մինչեւ 1950-ական թուականները հինգ բարձրակարգ եւ երեսունվեց սովորական սենեակները զբաղեցուցած են մշտական բնակիչներ:

Հայաստանի խորհրդային կառավարութիւնը պանդոկին մէկ հատուածը տրամադրած է հայրենիք վերադարձող ծանօթ հայ մտաւորականներուն, քաղաքական, հասարակական գործիչներուն:

Պանդոկի եւ Գրականութեան եւ Արուեստի, Իսահակեանի տուն-թանգարանի, Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանի համատեղ նախագիծով յառաջիկայ ամիսներուն հնարաւոր կ՚ըլլայ նոյնքան հետաքրքրական ցուցադրութիւններ տեսնել «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծի ծիրէն ներս: Դատելով Սարոյեանին նուիրուած ցուցադրութեան ընդունելութենէն՝ այցելուները խիստ հետաքրքրուած են նմանատիպ պատմութիւններով:

Մինչեւ 1928 թուականը Եղիշէ Չարենց մշտական բնակութեան վայր չէ ունեցած եւ սովորաբար վարձով բնակած է պանդոկին մէջ: Իր առաջին կնոջ՝ Արփենիկ Չարենցի, մահէն ետք ան տեղափոխուած է «Երեւան» պանդոկ:

Շուրջ եօթ տարի գրողը ապրած է պանդոկին մէջ: Հոս ան գրած է «Գիրք ճանապարհի» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն: Չարենց նախ բնակած է երկրորդ յարկի 21-րդ բարձրակարգ սենեակին մէջ, ապա՝ տարածքին վրայ գոյութիւն ունեցող եւ այսօր քանդուած մզկիթին նայող ընդարձակ սենեակին մէջ: Մեծ գրողին բնակած սենեակը ունեցած է նրբաճաշակ կահաւորանք՝ արեւմտեան եւ արեւելեան ոճերու համադրութեամբ: Վկայութիւններ կան այն մասին, որ Աբովեան փողոցի անցորդները յաճախ կը տեսնէին բանաստեղծը՝ պատշգամը կեցած եւ փողոցի անցուդարձը դիտելու պահուն: 1931 թուականին Չարենց կրկին ամուսնացած է, եւ անոր ու Իզապելլայի հարսանեաց համեստ հանդէսը կայացած է պանդոկին մէջ: Ամուսնութեան արարողութեան հրաւիրուած են անուանի անձնաւորութիւններ:

Պանդոկին մէջ բնակած տարիներուն ծնած են Չարենցի երկու դուստրերը՝ Արփենիկն ու Անահիտը: 1934 թուականին, ղեկավարութեան որոշմամբ, Չարենցը բնակարան ստացած է, սակայն վերանորոգման աշխատանքները բաւական երկար տեւած են եւ ան պանդոկէն բնակարան տեղափոխուած է 1935 թուականին, ուր ապրած է միայն երկու տարի՝ մինչեւ իր ձերբակալութիւնը: Փաստօրէն, Չարենցի բնակած վերջին տարին համընկած է Սարոյեանի Հայաստան գալուն: Յետագային Սարոյեան իր յուշերուն մէջ գրած է Չարենցի մասին:

2016 թուականին «Ռոյալ թուլիփ կրանտ հոթել» պանդոկը Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին հետ ներկայացուցած է Չարենցին նուիրուած «Սենեակ թիւ 328» ձեռնարկը: Սենեակը, ուր բնակած է Չարենցը, անուանակոչուած է իր անունով: Ձեռնարկին ծիրէն ներս սենեակ-թանգարանին մէջ ներկայացուած են Չարենցի տուն-թանգարանէն բերուած գիրքեր, նը-կարներ, անձնական որոշ իրեր տեղափոխ-ւած են պանդոկ:

1928 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Երեւան վերադարձած է նկարիչ, հասարակական գործիչ Փանոս Թերլեմեզեանը, որուն յատկացուած է պանդոկին ընդարձակ սենեակներէն մէկը, որ ան վերածած է արուեստանոց-ցուցասրահի: Այս պանդոկին մէջ հայ բեմադրիչ Համօ Բէկնազարեանի սենեակին մէջ յատկապէս տեղադրուած դաշնամուրով աշխարհահռչակ հայ երգահան Արամ Խաչատուրեանը ստեղծած է հայկական առաջին հնչիւնային շարժանկարի՝ «Պեպօ»ի երա-ժըշտութիւնը: Տարիներ անց, 20-րդ դարու շարժանկարային արուեստի այլ հսկայ մը՝ Սերկէյ Փարաճանովը, այստեղ յղացած է իր նշանաւոր «Նռան գոյնը» շարժանկարի դրուագները:

«Երեւան» պանդոկէն խորհրդային տարիներուն հայկական ձայնասփիւռը արձակած է իր առաջին հաղորդումը… Հարուստ կենսագրութեամբ իննսուն տարեկան պանդոկը, հաւատարիմ իր պատմական դերին, այսօր ալ իր դռները բաց կը պահէ աշխարհի առջեւ: Պանդոկին մէջ բոլոր յարմարութիւններով կահաւորուած են 104 նրբաճաշակ եւ բարձրաճաշակ սենեակները, որոնցմէ գեղեցիկ տեսարաններ կը բացուին դէպի Երեւան քաղաքի կեդրոնը: Այս տարի Երեւանի մէջ կը սպաս-ւին քանի մը կարեւոր իրադարձութիւններու՝ «Աւրորա» հերթական մրցանակաբաշխութիւնը, «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը, Ֆրանսախօսութեան միջազգային գագաթնաժողովը, որոնց առթիւ Հայաստան ժամանալիք հիւրերուն անունները արդէն արձանագրուած են պանդոկի այդ ամիսներու հիւրացանկերուն մէջ: Իսկ Ֆրանսախօսութեան գագաթնաժողովին պանդոկին սրահին մէջ կազմակերպուելիք «Երեւան պանդոկի բնակիչները» ցուցահանդէսը նուիրուած պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին: Ֆրանսահայ մեծ երգիչը, իր հայաստանեան այցերուն ընթացքին, բազմիցս հանգրուանած է այստեղ: Իսկ պանդոկին կից արդէն կայ անոր անունը կրող Շարլ Ազնաւուրի հրապարակը:

Ուիլիըմ Սարոյեանին նուիրուած ցուցահանդէսը «Երեւան» պանդոկին մէջ կը շարունակուի երկու ամիս եւս, մուտքը ազատ է այցելուներուն համար: Այս ցուցահանդէսը նաեւ քառասուն տարուան պատմութիւն մը կը յիշեցնէ. 1978 թուականին՝ Սարոյեանի Հայաստան այցելութեան ընթացքին, կառավարական մակարդակով տօնուեցաւ անոր ծննդեան 70-ամեակը: Այդ տարիներուն Սարոյեանի ազդեցիկ ըլլալը նկատելի էր ոչ միայն գրական աշխարհէն ներս։ Սարոյեանի երկրպագուները ամբողջ հանրապետութեան տարածքին էին: Անոնք հպարտ էին, որ հայ անունով մէկը կրցած է հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, թէկուզ անգլերէնով, պատմել հայուն պատմութիւնը եւ աշխարհին ճանաչելի դարձնել հայ ժողովուրդը: Սարոյեանի մասին այդ տարիներուն հաղորդումներ կը պատրաստուէին հեռատեսիլով, շատեր Հայաստանի մէջ սկսած էին անոր նման պեխեր պահել, ծխամորճ ծխել, գրողները նմանակած են անոր ճերմակ հագուստը… Հայերը նոյն՝ 1970-ականներուն, նաեւ իրենց նորածին որդիները սկսած էին Ուիլիըմ անունով կնքել, ի պատիւ Սարոյեանին: Ինք՝ Սարոյեան, իր կենդանութեան օրօք ունեցած համբաւին ու մեծարանքին շատ անտարբերութեամբ վերաբերած է: Անոր՝ Փուլիցերեան մրցանակի արժանացած, Օ՚Հենրի մրցանակի վեցակի դափնեկիր ու նաեւ առաջին օսքարակիր հայ արուեստագէտին երբ հարցուցած են, թէ ո՞վ է իր սիրած ժամանակակից գրողը՝ անկեղծօրէն պատասխանած է՝ «Ես»: Մեծ գրողը իր մահկանացուն կնքած է 1981 թուականին՝ նախապէս կտակելով իր աճիւնէն բուռ մը յանձնել հայկական հողին: Մեծանուն գրողին վերջին կամքը կատարուած է, եւ այժմ Կոմիտասի անուան հայ մեծերու պանթէոնին մէջ՝ միւս մեծերու կողքին, կը գտնուի անոր գերեզմանը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018