ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ՇԵՄԸ ՀԱՏԱԾ

Օգոստոս էր…

Վառարանի ու ծխախոտի ծուխէն սեւցած երբեմնի լուսաւոր ննջասենեակի երկնագոյն պատեր։

Արեւուն շողերը գոց գոյնի վարագոյրներուն տակէն դժուարութեամբ սենեակ կը խուժէին։ Քար լռութիւն տիրող ննջասենեակը, ուր կը պառկէր պատկառելի տարիքը շալկած, ծանր հիւանդութեան տակ կքած մեծ հայրը, աչք կը շոյէր իր անշուք կարասիներով՝ զոյգ հոգինոց մահճակալ մը, զգեստապահարան ու աթոռ մը՝ որու վրայ կար զանազան դեղօրայք։ Ալեզարդ ծերունին այլեւս մեծ դժուարութեամբ կը տեղաշարժուէր, գրեթէ բոլոր օրը  անկողնին գամուած կ՚անցընէր։ Ժամանակին բարձրահասակ, յաղթանդամ ու գեղեցկադէմ տղամարդը, որ շուրջինները կը յիացնէր իր արտաքին տեսքով ու ազնուութեամբ՝ օր ըստ օրէ կը նիհարնար, կը փոքրանար, ափ մը կը դառնար… Կլլելու դժուարութեան ու ախորժակի բացակայութեան պատճառաւ ծերունին հրաժարած էր ուտելիքներէն։ Ամրան տապին միայն սառնորակ պաղ ջուրը կը յագեցնէր անոր տեւական ծարաւի զգացումը։

Երեկոն կը մօտենար։ Արեգակը մայր մտնելէն ետք միայն՝ հովը կը համարձակի գլուխը ցցել ու մարդոց հետ միասին երեկոյեան զբօսանքի մեկնիլ։ Ամառնային տաք օդին հովը երբեմն հաճելիօրէն կը զգացնէր իր ներկայութիւնը, մերթ ընդ մերթ հեզասահ շոյելով կանանց ու աղջիկներուն վարսերը։  Բարեգութ հովը, չէր մոռնար նաեւ խեղճ ծերունին. ամէն երեկոյ կ՚այցելէր վերջինիս ու ամրան տապին նոր շունչ կը հաղորդէր անոր բազմաչարչար ու յոգնաբեկ մարմինին։ Այս ժամերուն է, որ մեծ հօր ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար կը բարելաւուէր։ Հրաշագործ «պարոն հովը» անոր ուժ կը հաղորդէր՝ անկողինէն վեր կը հանէր։ Հիւանդ պապը դանդաղ ու համր քայլերով պատշգամ կ՚ելլէր, քիչ մը կը նստէր, աչքերը գոցելով լիաթոք շունչ կ՚առնէր։ Խօսուն լռութեան մէջ կը փորձէր զգալ, հաղորդակից դառնալ հովուն։

Աղջամուղջին՝ օդի մէջ սաւառնող հովը պահ մը Իշխան պապիին մտքի հորիզոնէն անցուց երկար տասնամեակներու ընթացքին անցած  փշոտ կեանքի ուղին։ Յիշեց լուսահոգի ծնողքը, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, առաջին ու միակ սէրը։ Թէպէտ ան դիւրին կեանք չէր ունեցած, միշտ պարզ ու հասարակ ապրած էր, սակայն գոհ ու շնորհակալ էր Աստուծոյ։  Որպէս կեանքի կարգախօս ունենալով հետեւեալ տողերը՝ «Ամենէն թանկ նուէրը առողջութիւնն է, ամենէն մեծ հարստութիւնը՝ բաւարարուածութիւնը, իսկ հաւատարմութիւնը՝ լաւագոյն յարաբերութիւնը»… Իմաստուն ծերունին երջանիկ ու երախտապարտ էր, որ առողջ է եւ ունի զինք սիրող կողակից, խելացի զաւակներ ու թոռներ։ Յանուն թոռներուն բարօրութեան ան մինչեւ չարաբաստիկ հիւանդութեան ի յայտ գալը՝ օրն ի բուն կ՚աշխատէր։ Կեանքը առանց թոռներուն, որոնք Աստուծոյ կողմէ մեծագոյն պարգեւն էին վերջինիս, անհետաքրքրական ու անիմաստ պիտի ըլլար։ Իր ապրած համեստ կեանքին մէջ շատ երջանիկ եւ ուրախ օրեր ունեցած էր։ Հայեացքը դէպի հեռուները յառած Իշխան պապիին կնճռոտ դէմքին՝ ափսոսանքի ու հրաժեշտի նուրբ շեշտադրումներ կրող ժպիտ մը գոյացաւ։ Ահաւասիկ մտովի պտոյտը աւարտին կը մօտենար։

Իրականութիւն վերադառնալով, որպէս հանդիսատես հետապնդեց գեղեցիկ օրուան աւարտը։ Զարմանքով ու հիացումով կը հետեւէր բնութեան հրաշալիքներէն մէկուն՝ արեգակի մայր մտնելուն։ Արեւը սկսաւ կարմրելու։ Անոր ճառագայթները ամպերուն վրայ իյնալով, երկինքը՝ վարդագոյն, նարնջագոյն, դեղին, երկնագոյն ու վառ կարմիր գունաւորումներ կը ստանայ։ Գոյները իրարու կը միաձուլուին. կարմիրը սկիզբ առնելով արեգակէն, նարնջագոյնի հետ ձուլուելով, կ՚անցնի դեղինին, դեղինն ալ վարդագոյնի։ Ու այդ սքանչելի տեսարանը կը շողշողայ այլեւս խամրող երկնագոյնին վրայ։ Ան կը զմայլէր ցերեկուան ու գիշերուան հաշտ ու համերաշխ հերթափոխութեան։ Աչքերը տամուկ ու հոգեկան մեծ բաւարարուածութեամբ չքնաղագեղ տեսարանը վայելած ատեն, ակամայ նշմարեց, որ ան շատ կը նմանի մարդկային կեանքին։ Իւրաքանչիւր օրուան սկիզբն ու աւարտը մարդու մը կեանքի ամբողջական ընթացքն է։ Արշալոյսը, արեւածագը՝ ծնունդն ու մանկութիւնն է, կէսօրը՝ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը, մայրամուտը՝ ծերութիւնը։ Իսկ ուշ գիշերը՝ յաւերժի ճամբան է, երբ մարդ մէկ ընդ միշտ աչքերը կը փակէ կեանքին։

Ան այլեւս կ՚ապրի կեանքի մայրամուտ ու աստիճանաբար մօտեցած է ուշ գիշերուան։ Իշխան պապը հասկցաւ նաեւ, որ ի տարբերութիւն մարդկային կեանքին՝

Ամէն մայրամուտ ունի լուսաբաց…

Բայց տարիները չունին վերադարձ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019