ՄՏԱԾԵԼ ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՄԱՍԻՆ -Ա-
Բացի զայրոյթէն, չկայ որեւէ զգացում, որու մասին պէտք է յաճախ ու յստակ մտածենք։ Բազում մարդիկ կը բախին զայրոյթի՝ անձնական յարաբերութիւններու, աշխատավայրին մէջ, ճանապարհին, ճամբորդութիւններու ժամանակ եւ յաճախ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին: Զայրոյթը թունաւոր է, բայց նաեւ՝ լայնատարած: Թէեւ մարդիկ կը տեսնեն զայրոյթի կործանարար կողմը, սակայն անոնք յաճախ կը կառչին անկէ, քանի որ զայրոյթը կը դիտուի որպէս ուժեղ յոյզ, որ կապուած է ինքնագնահատականի եւ մարդ ըլլալու հետ: Երբ վիրաւորանքներուն ու անարդարութիւններուն կ՚արձագանգենք առանց զայրոյթի, մեզ յաճախ անողնաշար կամ անզգայ, անտարբեր կը համարեն։ Երբ մարդիկ յանցանք կը գործեն, աւանդական իմաստնութիւնը կ՚ըսէ, որ սա պէտք է պատժուի, պէտք է օգտուիլ զայրոյթի որոշ մակարդակէն, ինչ որ անհրաժեշտ է անձի մը ընկերութեան մէջ իր դիրքը ցոյց տալու համար։
Երբ մենք ուշադիր դիտարկենք զայրոյթը, ապա կը սկսինք տեսնել, թէ այդ մէկուն դիմելը ամենաանհեթեթ ճանապարն է։ Այս նիւթով Արիստոտելի մտածելակերպը կրնայ ուղեցոյց ըլլալ։ Արիստոտել կ՚ըսէ, որ զայրոյթը պատասխանն է ոեւէ մէկուն հասցուած լուրջ վնասի, որովհետեւ զայրացած մարդը կը կարծէ, թէ իրեն դէմ անարդարութիւն կատարուած է: Արիստոտել կ՚աւելցնէ, թէ բարկութիւնը կը պարունակէ նաեւ վրէժխնդրութիւն։ Հետեւաբար, այս լուրջ վնասը կապուած է սեփական արժէքային դատողութիւններու կամ մտահոգութիւններու եւ կրած անարդարութեան հետ: Այս բոլորը բազմաթիւ մարդոց ճիշդ եւ տրամաբանական կը թուի։ Հակասականը այն է, որ զայրացած մարդը կ՚ուզէ վրէժ լուծել եւ սա զայրոյթի դրսեւորման մէկ մասն է: Ըստ Արիստոտելի, եթէ դուք չէք ուզեր վրէժ լուծել, ապա ձեր զգացածը իրական զայրոյթ չէ։
Սա իսկապէս ճի՞շդ է: Մենք պէտք է հասկնանք, որ վրէժխնդրութեան ցանկութիւնը երբեմն գրեթէ աննկատելի է։ Զայրացած մարդը կրնայ վրիժառու չըլլալ, արդարութիւնը կրնայ ակնկալել միայն օրէնքէն կամ կրնայ փափաքիլ յանցաւորի կեանքի վատթարացումը։ Օրինակ՝ անձ մը կրնայ յուսալ, թէ իրեն դաւաճանած ամուսնոյն երկրորդ ամուսնութիւնը հեզասահ չընթանայ։ Եթէ այս խնդրանքը լայնօրէն դիտարկենք, Արիստոտել իրաւացի է, զայրոյթը կը պարունակէ տեսակ մը հակայարձակման միտում, վրէժխնդրութիւն: Զայրոյթը ուսումնասիրող ժամանակակից հոգեբաններու մեծամասնութիւնը համաձայն է Արիստոտելի հետ։
Իսկական հանելուկը վրէժխնդրութեան գաղափարի անտրամաբանականութիւնն է։ Ինչ որ ալ ըլլայ յանցագործութիւնը՝ սպանութիւն, բռնաբարութիւն կամ խաբէութիւն, յանցագործի ցաւը չի թեթեւցներ ենթակային տառապանքը եւ չի վերադարձներ անոր կորսնցուցածը։ Անարդարութեան մը պարագային մեզմէ շատեր անընդհատ կը մտածեն վրէժ լուծելու մասին։ Յանցագործութեան եւ պատիժի միջեւ կայ հաւասարակշռութիւն։ Վրէժխնդրութեան գաղափարը մարդկային է, բայց թերի միջոց՝ աշխարհը իմաստաւորելու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի