Հայկական բոյրը՝ Եւրոպայի մէջ
Ֆրանսական որեւէ դեղարան կամ անուշահոտերով եւ օդաորակիչ նիւթերով մասնագիտացած խանութ մը մտնելու եւ «հայկական թուղթ» մը պահանջելու պահուն ամէն մարդ անմիջապէս կը հասկնայ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Papier d’Armé-nie. Այսպէս կը կոչուի այն զարմանահրաշ թուղթը, որուն ֆրանսացիները ծանօթ են նախանցեալ դարէն ի վեր: Papier d’Arménie-ն այսօր կը նկատուի աշխարհի ամենէն հին օդի թարմացուցիչը:
Թուղթը Ֆրանսա հասած է փարիզցի յայտնի ճանապարհորդ Օկիւստ Պոնսոյի ձեռամբ: Ան 1883 թուականին, հերթական ճամբորդութիւնը կատարած է դէպի Միջին Ասիոյ երկիրները: Որոշ աղբիւրներու համաձայն, Օկիւստ Պոնսոյի այդ ճամբորդութիւնը ունէր նաեւ ուսումնառութեան եւ տեղւոյն ժողովուրդներու իմաստութիւններուն ու աւանդոյթներուն ծանօթանալու նպատակը:
Պարսկաստան երթալու ճամբուն վրայ ֆրանսացին կարճ ժամանակ մը կանգ առած է պատմական Հայաստանի մէջ, ուր շատ հետաքրքրական բան մը տեսած է: Ան նկատած է, որ այդ տարածքին մէջ բնակող հայերը տան օդը բուրումնաւէտ դարձնելու եւ ախտահարելու համար խունկ կը ծխեն: Տարրաբանութեան ասպարէզին մէջ բաւական լաւ գիտելիքներ ունեցող Պոնսօ գիտէր նաեւ, որ խունկը օժտուած է բարձր հականեխիչ յատկութիւններով, որ պայմանաւորուած է անոր մէջ օրկանական թթուի մը տեսակի՝ կնդրիտի զգալի պարունակութեամբ: Խունկը՝ անուշահոտ այդ խէժը կը հանուի արեւադարձային որոշ ծառերէ։ Ինչպէս ծանօթ է՝ խունկը զանազան խէժերու (լատանի, կնդրուկի, ստաշխնի, հալվէի) հաւաքական անուանումն է։ Այդ խէժերը պնդանալէ ետք կը փոխուին դեղնաւուն կտորներու, իսկ այրելու ժամանակ կ՚արձակեն բուրումնաւէտ հոտ մը։ Բուսախէժերու եւ եթերային իւղերու շնորհիւ խունկը մասնակիօրէն կը լուծուի ջուրի եւ օրկանական լուծիչներու մէջ, իսկ տաքցնելու ժամանակ հեղուկի չվերածուած կը շոգիանայ:
Հինէն ի վեր խունկը գործածուած է ժողովրդական բժշկութեան համար: Բացի հականեխիչ յատկութենէն, խունկը ունի նաեւ բուժիչ յատկութիւններ: Կը գործածուի նաեւ կրօնական ծէսերու ընթացքին։ Զոհաբերութիւններու գարշահոտութիւնը ծածկելու համար, հին ժամանակ, խնկարկած են նաեւ տաճարներու մէջ։ Մարդիկ հաւատացած են, որ խունկին բոյրը հաճելի կը թուի աստուածներուն։
Քրիստոնէական եկեղեցին նուիրագործած է խունկ ծխելը արարողութեանց ընթացքին, որովհետեւ, ըստ Աւետարանի, Յիսուս Քրիստոսի թաղման յաջորդ օրը՝ այգուցին, գերեզմանին խունկ վառած են՝ անոր անապական մարմինը օծելու համար եւ այստեղէն ալ ծագած է մահացածի շիրիմին խունկ ծխելու սովորութիւնը։ Փոխաբերական իմաստով խունկը կը խորհըր-դանշէ անաղարտութիւն եւ մաքրութիւն:
Արեւելքի մէջ կնդրիտի (benzoin) խէժը, որ կ՚արտահանուի (Styrax benzoin) ծառէն, հինէն ի վեր կիրառուած է շնչառական հեղձուկի եւ հազի բուժման համար, ինչպէս նաեւ մարսողութեան բարելաւման համար, որպէս սպիացնող եւ ախտահանիչ միջոց: Բայց, Եւրոպայի մէջ ոչ ոք մտածած էր, թէ կարելի է փայտային այդ մաքուր խէժերը օգտագործել առողջապահական նպատակներով:
Օկիւստ Պոնսօ առաջին անձն է, որու որոշումով այդ գործը դրուեցաւ արդիւնաբերական հիմքերու վրայ: Ան Փարիզ վերադառնալով, դիմած է իր վաղեմի ընկերոջ՝ Ֆրանսայի մէջ ծանօթ դեղագործ եւ օծանելիք պատրաստող Անրի Ղիվիեղին: Ղիվիեղին Հայաստանէն բերուած խունկին վրայ երկար փորձ կատարեց եւ յայտնուեցաւ, որ բուրումնաւէտ այս խէժը նոյնիսկ 90 առ հարիւր ալքոհոլի մէջ հալեցնելու պարագային կը պահպանէ իր բոյրը: Փորձը շարունակելով ան քանի մը՝ բուրումնաւէտ նիւթեր եւս կ՚աւելցնէ եւ հեղուկի մը մէջ կը թաթխէ ներծծող թուղթ մը, ապա կ՚այրէ զայն: Թուղթը կը ծխայ առանց կրակ յառաջացնելու՝ արձակելով հաճելի եւ թարմացնող բոյր մը:
Իրենց յայտնագործումէն ետք՝ 1885 թուականին Պոնսօ եւ Ղիվիեղի գործընկերներ դարձան եւ ձեռնամուխ եղան նոր արտադրանքի մը մեծածաւալ արտադրութեան:
Անոնք Փարիզի մէջ հիմնեցին գործարան մը, որուն արտադրանքը շատ արագօրէն հռչակի տիրացաւ եւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
1888-1889 թուականներուն, երբ «Հայկական թուղթ»ը առողջապահութեան միջազգային ցուցահանդէսներու ժամանակ մրցանակներու տիրացաւ, անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը զգալիօրէն աճեցաւ:
Papier d’Arménie ընկերութեան արտադրանքի ընտրանին ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի հարստացաւ: Բացի «Հայկական թուղթ»ի դասական տարբերակէն, այսօր կան նաեւ այլ տեսակներ՝ զանազան բոյրերով: Եւրոպան շատ կը գնահատէ այս անուշաբոյր ախտահանիչը, քանի որ անիկա բնական մաքուր արտադրանք է:
«Հայկական թուղթ»ի արտադրութեան մէջ գործածուող բոլոր բաղադրիչները հաւատարմագրուած են միջազգային Forest Steward Counsil անկախ կազմակերպութեան կողմէ, որ մոլորակի անտառային աղբիւրներու օգտագործման կը հետեւի:
Արտադրութեան համար անհրաժեշտ խէժը այսօր Իրանէն, Հեռաւոր Արեւելքի երկիրներէն եւ Լաոսէն կը ներածուի Ֆրանսա:
Ահա այսպէս է, որ ի յայտ եկած է ան, զոր ֆրանսացիները եւ այժմ արդէն ամբողջ Եւրոպան կը կոչեն Papier d’Arménie: Հարիւրերեսուն տարիներէ ի վեր Ֆրանսան եւ Եւրոպան կը գործածեն խորհրդաւոր անունով զարմանալի այս թուղթը, իբրեւ տնային եւ գրասենեկային օդաորակիչ: Ժամանակ մը, ռուսերը եւս գործածած են զայն, նոյնիսկ ռուսերէնով «Հայկական թուղթ»ի պատրաստման բաղադրատոմսեր պահպանուած են: Սակայն Խորհրդային Միութիւնը հանած է զայն գործածութենէ, համարելով որ այդ հաճոյքը քաղքենիութեան (Bourgeoisie) բնորոշ երեւոյթ մըն է: Թերեւս այդ է պատճառը, որ իր հայրենիք՝ Հայաստանի մէջ «Հայկական թուղթ»ի կիրառութիւնը լիովին անծանօթ է: Այժմ ռուսական խանութներու մէջ «Հայկական թուղթ»ը կը վաճառուի: Իտալիոյ մէջ «Հայկական թուղթ»ը կ՚արտադրուի եւ կը վաճառուի Carta D’Armenia անունով:
Ֆրանսական խանութներու եւ դեղարաններու մէջ «Հայկական թուղթ»ը կը վաճառեն տրցակով: Իւրաքանչիւր տրցակ կը բաղկանայ տասներկու թղթեայ թերթիկներու երեք ծրարներէ: Բայց «Հայկական թուղթ»ը կը վաճառուի նաեւ այլ ապրանքներու տեսքով, ընդհուպ նոյնիսկ մոմի, նաեւ՝ շիշերու մէջ, իբրեւ հեղուկ: Սակայն աւանդական ձեւը, անշուշտ, թղթիկն է: Որպէսզի թուղթը գործածութեան մէջ տեսանելի ըլլայ, պէտք է վառել զայն: Սովորաբար, շերտ մը Papier d’Armé-nie-ն կը պատռուի տրցակէն, կը ծալլուի հարմոնի պէս եւ կը տեղադրուի ջերմակայուն նեցուկի մը վրայ։ Այրելու ժամանակ թուղթի շերտը չի բոցավառիր, այլ միայն կը շիկանայ եւ կը ծխայ՝ արձակելով վանիլի հոտին բնորոշ խէժի բոյր մը եւ հաճելի ու անսպասելի ազդեցութիւն մը սփռելով: Թուղթը իբրեւ օդաորակիչ կը կիրառուի նաեւ ծխախոտի եւ տնային կենդանիներու հոտին դէմ, նաեւ՝ որպէս հակացեցային միջոց բոլոր այն ճճիներուն դէմ, որոնք փայտ, կտաւ, գիրք եւ հագուստ կը կրծեն:
2006 թուականին «Ինչ ընտրել» (Que Choisir) ամսագիրը հրատարակած էր յօդուած մը, ուր ներկայացուած է համեմատութիւններու ցանկ մը, ընդ որում վնասակար համարուող նիւթերու մէջ պենզինի (benzene) եւ ֆորմալտիտի (formal-dehyde) պարունակութիւնը հետազօտուած եօթանասուներկու նմանատիպ նիւթերէն Papier d'Armenie-ի մէջ վնասակարութիւնը համարուած է ամենէն նուազը:
Մինչ օրս թուղթի արտադրութեամբ կը զբաղի Օկիւստ Պոնսոյի հիմնած գործարանը եւ հետաքրքրականը այն է, որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր արտադրութեան բաղադրութիւնը անփոփոխ կը մնայ: Գործարանը միեւնոյն արտադրութեամբ եւ նոյն վայրին մէջ կը գործէ տակաւին: 1885 թուականէն ի վեր հոն գրեթէ ոչինչ փոխուած է՝ նոյն տարրալուծարաններն են, նոյն արտադրանքը, նոյն բաղադրատոմսը եւ նոյն տէրերը: Օկիւստ Պոնսոյի ժառանգները կը հպարտանան իրենց նախահօր ստեղծագործութեամբ եւ ժրաջանօրէն տէր կը կանգնին «Հայկական թուղթ»ի արտադրման գաղտնիքին:
*
«Հայկական թուղթ»ի արտադրութեան ֆրանսական ընկերութիւնը նոր շունչ ստացած է, երբ ընկերութեան հետ սկսած է համագործակցիլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող, օծանելիք պատրաստող հայազգի Ֆրանսիս Քիւրքճեան: Բոյրերու հռչակաւոր այս արքան արդէն մտի ունէր Papier d’Arménie-ի հետ համատեղ նախագիծ մը իրագործելու գաղափարը: Համագործակցութիւնը ոչ միայն կայացաւ, այլ նաեւ՝ փայլք ստացաւ, քանի որ Ֆրանսիս ճիշդ ընտրութիւն ըրած էր. ան իր հայութեան միջոցով կ՚ուզէր անգամ մը եւս հռչակել հայկական ծագումով թուղթը, որու ստեղծողները, ի տարբերութիւն Ֆրանսիսի, հայեր չէին, բայց անոնց արտադրանքը հայկական կոչում ունէր: Մինչ Ֆրանսիս Քիւրքճեան աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրեւ բոյրերու հայ արքայ եւ անոր այս նախաձեռնութեամբ ֆրանսացիներու շրջանակներուն մէջ «Հայկական թուղթ»ի համբաւով եւ լայն ճանաչումով հիանալի հնարաւորութիւններ ստեղծուեցան Հայաստանի եւ հայկական աւանդութիւններու քարոզման ի խնդիր: Այդ համագործակցութեան արդիւնքը եղաւ նոր հոսք մը, որ կոչուեցաւ Bois d’Arménie՝ «Հայկական անտառ»: Նոր արտադրանքին համար Ֆրանսիս Քիւրքճեան բացի խունկէն գործածեց նաեւ վարդագոյն պղպեղ, վարդ, համեմներ, արժէքաւոր ծառերու տեսակներ, մուշկ, հինածաղիկ, բալասան:
Յետոյ ան ստեղծեց թուղթի այլ տարբերակ մը, որ կոչուեցաւ Blanc papier d’Arménie, այսինքն՝ «Հայկական ճերմակ թուղթ»: Տարբերութիւնը այն է, որ ճերմակ թուղթը չեն այրեր, այլ կը դնեն զգեստներու պահարանի դարակներուն եւ հագուստներու զամբիւղներուն մէջ: Չոր ու հոտաւէտ թուղթը ամիսներ շարունակ կ՚արձակէ թարմ ու անուշ բոյր մը, որ կը ներծծուի պահարանէն ներս պահուող իրերուն մէջ: Ֆրանսիս Քիւրքճեան ընկերութեան հետ ստեղծեց նաեւ յոբելենական հաւաքածոյ մը, որ համընկնեցաւ 2006 թուականին, երբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի օրերը կը տօնէին:
Մինչ «Հայկական թուղթ»ը կը շարունակէր ծխալ եւ իբրեւ անուշաբոյր ծուխ տարածուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ Ֆրանսիս Քիւրքճեան նոր բոյրերու որոնումներու մէջ էր: Երիտասարդ, զտարիւն հայը իր նուրբ հետքը ձգած է ֆրանսական բոյրերու աշխարհին վրայ: Ֆրանսիս 1999 թուականին յարդարանքի միջոցներ արտադրող «Էլիզապէթ Արտէն» ընկերութեան համար հեղինակած է «Կանաչ թէյ» բուրմունքը, իսկ 2014 թուականին՝ My Burberry-ն՝ Burberry ընկերութեան համար:
Հայու տիպար արտաքինով այս երիտասարդը քառասունվեց տարեկանին արդէն աւելի քան հարիւր օծանելիքի հեղինակ է, իսկ Ֆրանսիս Քիւրքճեան անունը արդէն յայտնուած է շքեղութեան ու գեղեցկութեան ապրանքատեսակներ արտադրող խոշոր ապրանքանիշերու կողքին: Բոյրերու որոնումներով ան տարուած է պատանութեան տարիներէն ի վեր, իսկ իր առաջին օծանելիքը ստեղծած է քսանհինգ տարեկանին, երբ եղած է Le Male-ը, «Ժան Փոլ Կոթիէ» նորաձեւութեան տան համար: 2009 թուականին Մարք Շայայի հետ Ֆրանսիս հիմնադրած է Maison Francis Kurkdjian («Ֆրանսիս Քիւրքճեան տուն») ընկերութիւնը, որու արտադրանքին յարգանքը կը վայելեն բարձրաշխարհիկ նորաձեւութեան տուները ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Իր հարցազրոյցներուն ընթացքին Ֆրանսիս Քիւրքճեան ըսած է, որ մանկութենէն իրեն ուղեկցած են հօր նախահայրերու պատմութիւնները՝ դրախտային երկրի մը մասին, որ Հայաստան կը կոչուէր եւ որ ձգելով, իր նախնիները Ֆրանսա հաստատուած են:
Ֆրանսիսի հայրը՝ Պետրոս Քիւրքչեան, որ ծնած է 1936 թուականին Անդրանիկ Քիւրքճեանի եւ Նուարդ Պարթեւեանի ընտանիքին մէջ, ընտանեկան այդ յիշողութիւնները ամենէն վառ պահպանողն ու փոխանցողն է: Անոր մօր հայրը՝ Միհրան Պարթեւեան Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ դպրոցի ուսուցիչ եղած է:
Իսկ Ֆրանսիսի հօր հայրը՝ Անդրանիկ Քիւրքճեան ծնած է Պուրսա:
Հայու ծանօթ ճակատագրով այս ընտանիքի ժառանգը՝ Ֆրանսիս Քիւրքճեան այսօր նախնեաց եդեմական երկրի բոյրերը կ՚որոնէ եւ աշխարհին կը պատմէ իր պատմութիւնը՝ բոյրերու լեզուով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ