ՈՒՔՐԱՅՆԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ԹԱԹԱՐ ՀԱՅՈՒՀԻ՝ ՃԱՄԱԼԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ «ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ»Ի ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԷՆ
Իր աւարտին հասաւ արդէն Սթոքհոլմի Globe Arena-ի «Եւրոտեսիլ 2016»ի եզրափակիչ փուլը, որ հակառակ Եւրոպայի տարածքին գտնուողներու քուէարկութեանց, 534 կէտերով յաղթանակ արձանագրեց Ուքրայնան ներկայացնող թաթարա-հայկական արմատներով Ճամալան՝ Սուսաննա Ճամալդինովան, իր ետին ձգելով Աւստրալիայի ներկայացուցիչն ու Ռուսաստանը (491):
Նախքան «Եւրոտեսիլ»ի հանդիսութիւնը, Սթոքհոլմի երկնակամարին սկսած էր սաւառնիլ ինքնաթիռ մը, որ իր ոլորապտոյտներով պաստառի վրայ կը յայտնէր, թէ «Ղարաբաղը կը սիրէ Իվեթան»։ Ըստ դատակազմին տուած գնահատականներուն, Իվեթան 10-րդ տեղը կը գրաւէր, իսկ երբ անոնց վրայ գումարուեցան նաեւ հանդիսականներու ձայները, Իվեթան 249 միաւորով գրաւեց 7-րդ տեղը։
Ուսումնասիրելով Ճամալայի կենսագրականը, յայտնաբերած ենք, թէ ան ծնունդն է թաթար հօր, եւ հայ քրիստոնեայ մօր: Ճամալայի «1944» երգը ունէր քաղաքական բնոյթ եւ նուիրուած էր ոչ միայն 1944-ին Խրիմի թաթարներու արտաքսման իրադարձութեան, այլեւ յստակ պատգամ մը ունէր Ռուսաստանին՝ Խրիմի նկատմամբ ներկայիս կիրարուող քաղաքականութեան։
Յետ մրցանակաբաշխութեան՝ Ճամալան յայտնած էր, թէ ինք խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամն է, որ կը տարածէ եւ այս սկզբունքներուն հաւատալով է, որ ան երգած է։
Ճամալան այն սակաւ մասնակիցներէն էր, որ երաժշտական դաստիարակութիւն ստացած էր. 2009-ին ան արժանացած էր «Նոր ալիք» միջազգային երգի մրցոյթի «Կրան փրի» մրցանակին, իսկ «168 Ժամ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին ան ըսած էր, որ իրեն ճազային երաժշտութեան հիմունքները սորվեցուցած էր խրիմահայ Կենատի Ասատուրեան, որուն տան մէջ կազմակերպուած հայկական երեկոներուն մասնակից եղած էր նաեւ ինք։ Իր լաւ ընկերներէն էր տուտուկահար Արմէն Կոստանդեանը, ծանօթ է Ճիւան Գասպարեանին։ 2014-ին ան ելոյթ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ, ուր ինքզինք զգացած էր ինչպէս իր հարազատ տան մէջ։
Ուքրայնոյ մրցանակակիր Ճամալան բացայայտած է, որ իր մօր նախնիները Արցախ աշխարհէն են, ուրկէ պայմաններու բերումով պարտադրուած եղած են հեռանալ դէպի Միջին Ասիա։ Այժմ անոր ծնողները կ՚ապրն Խրիմի մէջ, ուր ան չէ կրցած վերադառնալ 2014 թուականին Ռուսաստանի գրաւումէն ետք։ Այս մասին գրած է նաեւ անգլիական «Կարտիըն» օրաթերթը։
61-րդ «Եւրոտեսիլ»ը արդէն իսկ հասաւ իր աւարտին, իր հետ աւարտելով նաեւ արուեստի աշխարհին մէջ մղուող այնպիսի սին պայքար, որուն որպէս արդիւնք կարելի է բարձրաձայնել ու ապացուցել, թէ սոյն միջազգային մրցոյթը կը կրէր միայն խիստ քաղաքական բնոյթ։ Ամէն տարի «Եւրոտեսիլ»ի աւարտին քուլիսներու ետին, թէ մամուլի սիւնակներուն մէջ կ՚ընդգծուին դժգոհանքներն ու ժխտական վերլուծումները «Եւրոտեսիլ»ի կապակցութեամբ: Մարդիկ նոյնիսկ իրենց ցասումը արտայայտելով կը հաստատեն, թէ յետայսու Հայաստան պէտք է կեցուածք ցուցաբերէ ու կասեցնէ իր մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթին...: Եթէ մեր յետադարձ հայեացքները սեւեռենք դեռ մօտիկ անցեալին, երբ Սիրուշոն Հայաստանը «Եւրոտեսիլ»ին ներկայացուցած էր 2008-ին իր «Քելէ Քելէ» երգով, ոչ միայն համայն հայութիւնը խանդավառած էր, այլեւ, նոյնիսկ մինչեւ օրս՝ յունական եւ կիպրական ձայնասփիւռի կայաններէն կը հնչէ որպէս լաւագոյն երգերէն մին:
Միթէ՞ գոյութիւն ունի որեւէ մարզ՝ ազգային, հասարակական, մշակութային, կամ ընկերային, որ քաղաքականացուած չէ... արդեօք պէտք է հրաժարի՞լ մասնակցութիւն բերելէ ամէն մարզերէ ներս...
Հայը միշտ ալ պատրաստ եղած է իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները ճակատաբաց դիմակայելու, հետեւաբար առայժմ գոհանանք մեր արձանագրած, այո՛ պատուաբեր յաղթանակով ու ձգտինք դէպի նորանոր բարձրունքներ:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ