«ՀԱՍԿԱՔԱՂ». ՄԻՀՐԱՆ ԹՈՒՄԱՃԱՆԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-հիմնարկի յարկին տակ բացուած է ցուցահանդէս մը՝ «Հասկաքաղ» խորագրով, որ նուիրուած է հայ երաժիշտ, ազգագրագէտ, Կոմիտասի նշանաւոր աշակերտներէն Միհրան Թումաճանին:
1890 թուականին Կիւրինի մէջ ծնած Միհրան Թումաճան իր ողջ կեանքը նուիրած է հայ բանահիւսութեան հաւաքման գործին, շարունակելով իր մեծ ուսուցիչին՝ Կոմիտաս Վարդապետին, առաքելութիւնը կարգ մը երկիրներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ տարածքին ան արեւմտահայ գաղթականներէն գրի առած է հսկայածաւալ նիւթ եւ անմահացուցած է հարազատ միջավայրէն տեղահանուած եւ օտարութեան մէջ անոնց յուշերուն մէջ մնացած կենդանի բանարուեստին նշխարները։
«Հասկաքաղ» խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Միհրան Թումաճանի կեանքին եւ անցած ուղիին մասին, կը նկարագրէ այն ժամանակաշրջանը, երբ ան գործած է, ինչպէս նաեւ երեւան կը հանէ այն միջավայրը, ուրկէ ան քաղած է բանահիւսական այս նմոյշները, որոնք ցուցահանդէսի կազմակերպիչները անուանած են հասկեր:
1895 թուականին Թումաճան իր ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր նաեւ կը ստանայ իր միջնակարգ ուսումը։ Այնուհետեւ, կրկին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս, ուր ան իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն համալսարանի իրաւաբանական բաժնին մէջ, զոր կ՚աւարտէ 1913 թուականին։
Ըլլալով Կոմիտասի «Հինգ» սաներէն մին, Միհրան Թումաճան 1910 թուականէն սկսեալ, կը հետեւի Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի կազմակերպած երաժշտագիտական դասընթացքին, որուն նպատակն էր՝ պատրաստել հայ երաժշտութեան գործիչներ:
Մինչեւ 1915 թուականը ան երգած է Կոմիտասի «Գուսան» երգչախումբին մէջ: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, զրկուելով իրենց անուանի ուսուցիչէն, անցնելով պատերազմի դաժան ճամբաներէն, Կոմիտասի սաները զիրար վերագտան 1918 թուականին: Անոնք խանդավառութեամբ ձեռնարկեցին հայկական երաժշտութեան, մանաւանդ՝ իրենց ուսուցիչին ստեղծագործութիւններուն տարածման: Կազմակերպեցին երգչախումբեր՝ Պոլսոյ, Ատանայի, Իզմիրի մէջ, համերգներ ունեցան, հրատարակեցին երգարաններ, որոնց հասոյթով Փարիզի մէջ լրացուցին իրենց երաժշտական ուսումը: Միհրան Թումաճան Փարիզ ուսանած է 1920-1922 թուականներուն:
Իր բանահաւաքական աշխատանքին հետեւանքով Թումաճան յաջողած է գտնել եւ գրի առնել իր ծննդավայր Կիւրինի, ապա՝ Խարբերդի, Բութանիոյ, Իզմիրի, Այնթապի, Մալաթիոյ, Եդեսիոյ, Կեսարիոյ, Ակնայ, Երզնկայի, Բալուի, Տիգրանակերտի, Տարօնի, Կարնոյ, Սուրմալուի, Պիթլիսի, Շատախի, Խլաթի, Վասպուրականի եւ այլ շրջաններու երգերն ու ազգագրական այլազան նմոյշները: Գրի առնուած երգերը իրենց ժանրերով ու բանաստեղծական նիւթերով շատ բազմազան են՝ ծիսական, հարսանեկան, սիրային-քնարական երգեր, յատկապէս՝ տխուր երգեր, ողբերգներ, պանդխտութեան երգեր, պարերգներ, միջնադարեան գուսանական ստեղծագործութեան նմոյշներ եւ այլն:
Ժողովրդական երգերուն հետ նաեւ ան հայերէն գրի առած է նաեւ թրքերէն կամ քրտերէն երգուող երգերը, որոնք նոյնպէս առընչութիւն ունէին հայկական կենցաղին հետ: Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին երդիքին տակ «Հասկաքաղ»ի կազմակերպիչները ճաշակով եւ արուեստի բարձր շունչով ցուցադրած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արխիւներէն ներս պահուող բազմաթիւ նմոյշներ, այդ կարգին՝ Թումաճանի անձնական իրերէն՝ լուսանկարներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, ձեռագիր եւ մեքենագիր նիւթեր, արխիւային եւ նոր երաժշտական կատարումներ, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին հանրութեան։
Այս ցուցադրութեան անհրաժեշտ նմոյշներ տրամադրած են Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արուեստի հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային գրադարանը, Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռը, ինչպէս նաեւ Թումաճան, Մեսրոպեան, Տինքճեան, Գրիգորեան եւ Թագակչեան ընտանիքները։
Նոյնքան հարուստ եւ ինքնատիպ է «Հասկաքաղ» ցուցահանդէսին առթիւ հրատարակուած երկլեզու պատկերագիրքը, որ կ՚ընդգրկէ ցուցադրութեան ցուցանմոյշներն ու գիտական յօդուածները: Այդ յօդուածները կ՚անդրադառնան Միհրան Թումաճանի կեանքին ու գործունէութեան մանրամասնութիւններուն, անոր երաժշտագիտական եւ բանահաւաքական ժառանգութեան առանձին դրսեւորումներուն։ Պատկերագիրքին մէջ նաեւ ձայնասկաւառակ մը զետեղուած է, որուն երաժշտական կատարումները Թումաճանի գրի առած երաժշտական-բանահիւսական նմոյշներն են՝ թէ՛ արխիւային եւ թէ՛ նոր ձայնագրութիւններ։ Նաեւ ցուցադրութեան բացումին հնչեցին Միհրան Թումաճանի գրի առած հայ ժողովրդական երգերու նմոյշներ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ գործող «Հասկաքաղ» ցուցահանդէսի համադրողը սփիւռքահայ արուեստաբան Նայիրի Խաչատուրեանն է, որ Կոմիտասի թանգարան հիմնարկին մէջ նաեւ այլ ցուցահանդէսներ համադրած է: «Հասկաքաղ»ը բաց կը մնայ մինչեւ Դեկտեմբերի 11-ը:
Ցուցադրութեան առաջին բաժինին վրայ լուսանկարներու միջոցաւ ներկայացուած է Միհրան Թումաճանի ընտանիքը: Յատկանշական լուսանկար մը կայ ցուցադրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետը իր աշակերտներուն հետ: «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան հիմնարկին մէջ պահուող այդ լուսանկարին մէջ Կոմիտաս կ՚երեւի իր հինգ սաներուն՝ Վարդան Սարգիսեանի, Վաղարշակ Սրուանձտեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Հայկ Սեմերճեանի եւ Միհրան Թումաճանի հետ:
Լուսանկարին մէջ նաեւ կայ Կոմիտասի քարտուղարը՝ Արտաշէս Ապաճեան: Այս լուսանկարը Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ ցուցադրուած է հետաքրքրական տարբերակով մը՝ հինգ սաներու պատկերներուն ետին ներկայացուած է անոնց հոգեբանական եւ արտաքին բնութագիրը, զոր գրած է Միհրան Թումաճան: Թումաճան նաեւ իր մասին գրած է բնութագիր մը, որ նոյնպէս դրուած է ցուցասրահին մէջ:
«Վարսաւիրանոց» խորագրով ցուցանմոյշը բաւական հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի: Եղած է Խլաթցի Անոյշ Գրիգորեան անունով բանասաց-երգասաց տղամարդ մը, որ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ կը նկատուի Միհրան Թումաճանի նշանաւոր բանասացներէն մին: Անոյշ Գրիգորեան հոն զբաղած է զանազան արհեստներով եւ որոշ շրջան մը նաեւ՝ սափրիչ եղած է. ունեցած է «Անոյշ» անունով խանութ մը: Գծապատկերին միջոցաւ վերականգնուած է այն դրուագը, երբ Անոյշ Գրիգորեան սափրիչութիւն կ՚ընէր եւ կողքը կանգնած Միհրան Թումաճան անկէ կը քաղէր Խլաթի երգեր:
Կոմիտասի թանգարանին մէջ այցելուները հնարաւորութիւն ունին ունկնդրելու նոյնինքն՝ Անոյշ Գրիգորեանի ձայնով Խլաթի ընտիր երգ մը: Առհասարակ, երաժշտական կատարումները ազատ դրուած են ցուցադրութեան սրահներէն մէկուն մէջ եւ այցելուները կրնան լսել Թումաճանի հաւաքած երգերը:
Անշուշտ Կոմիտաս ունեցած է նաեւ այլ անուանի աշակերտներ, բայց Միհրան Թումաճան միակն էր Կոմիտասի Պոլսոյ հինգ սաներէն, որ ուսուցիչին առաջնորդութեամբ լիովին թափանցած է հայ աւանդական երագարուեստի գաղտնարանները եւ նուիրուած՝ բանահաւաքութեան դժուարին գործին:
Փարիզէն ետք Կոմիտասի հինգ սաները սփռուած են զանազան երկիրներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է ուղի մը: Բարսեղ Կանաչեանը, օրինակ, իր երաժշտական գործունէութիւնը շարունակած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս, ապա փոխադրուելով Պէյրութ, հիմնած է «Գուսան» երկսեռ երգչախումբը, ձեռնարկած է համերգային շրջագայութիւններու դէպի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Հալէպ եւ այլուր։ Իր մանկավարժական եւ խմբավարական գործունէութեան զուգընթաց Կանաչեան զբաղած է նաեւ ստեղծագործական աշխատանքով։
Սաներէն Վարդան Սարգիսեանը, մնացած է Ֆրանսա եւ հոն շարունակած է իր գործը:
Անոնցմէ ոչ բոլորին վիճակուած էր շարունակել իրենց ուսուցիչին գործը: Հինգ սաներէն Հայկ Սեմերճեանին մասին թէեւ քիչ տեղեկութիւններ կան, սակայն յայտնի է, որ բնատուր հիասքանչ ձայնով օժ-տըւած երգիչ մըն էր, որ, ցաւ ի սիրտ, պատերազմի ժամանակ կորսնցուցած էր իր լսողութիւնն ու ձայնը եւ հեռացած է երաժշտական ասպարէզէն:
Վաղարշակ Սրուանձտեան Փարիզէն ետք ինքզինք գտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ հաստատուելով Ֆրեզնօ քաղաքը, ուր ալ զբաղած է ազգագրութեամբ եւ գործած է իբրեւ երգահան:
Միհրան Թումաճան նոյնպէս մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ, հոն բնակութիւն հաստատելով, ամերիկահայ գաղութէն ներս մեծ գործունէութիւն ծաւալած է: Թումաճան Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է «Հայ երգ» խմբերգային ընկերութիւնը, որ կատարած է Թումաճանի դասընկեր Բարսեղ Կանաչեանի եւ անոնց ուսուցիչին՝ Կոմիտասի խմբերգները։ Իսկ խմբավարական աշխատանքին զուգընթաց բանահաւաքութիւնը այն հիմնական գործը եղած է, որ Թումաճան մեծ ջանասիրութեամբ եւ անսահման նուիրումով կատարած է:
Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ քառասուն տարուան համբերատար ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ Միհրան Թումաճան կազմած է «Հայրենի երգ ու բան» ժողովածոն: Երաժշտագէտ-ազգագրագէտը, ըստ վկայութիւններուն, ինքզինք բախտաւոր մարդ մը կը նկատէր այն բանին համար, որ Պոսթոնի մէջ հանդիպած է երաժշտասէր երիտասարդի մը եւ պարզած է, որ ան ու իր ընտանիքին անդամները բաւական մեծ թիւով Չմշկածագի ու ազգային երգեր գիտեն: Այդ ընտանիքէն գրի առած երգերը նոյնպէս ընդգրկած է իր ժողովածոյին մէջ, սակայն միշտ չէ, որ ունեցած է նման բարեբախտութիւն:
Բաղիկեան եւ Ճելալեան մականուններով այդ մեծ ընտանիքը, զանազան սերունդներու իր անդամներով, 1915 թուականէն առաջ ու յետոյ գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Թումաճան, երկար տարիներ հաւաքելով իր նիւթերը, հոն, սակայն անկարող եղած է իր արժէքաւոր հաւաքածոն հրատարակել: Այդ հնարաւորութիւնը ան ունեցած է հայրենիքի մէջ միայն…
Ցուցադրութեան նիւթերէն կը տեղեկանանք, որ 1964 թուականին Միհրան Թումաճան կը հրաւիրուի Հայաստան, կ՚ընդունի այդ հրաւէրը եւ շատ չանցած, վար դնելով օտարութեան ցուպը, ոտք կը կոխէ հայրենի հողին վրայ: Հայաստանի մէջ ան կ՚աշխատի Հայաստանի Գիտական ակադեմիոյ Արուեստի հիմնարկին մէջ ու կը նուիրուի իր հաւաքածոյի գիտական հրատարակութեան աշխատանքին, որուն առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ, 1972 թուականին՝ «Հայրենի երգ ու բան» խորագրով՝ երաժշտագէտ Ռոպերթ Աթայեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով: Նոյնինքն՝ Ռոպերթ Աթայեանը, որ անձամբ կը ճանչնար Թումաճանը, առաջարկած էր Միացեալ Նահանգներէն գալ Հայաստան եւ իր գործունէութիւնը հայրենի գիտական ասպարէզին մէջ շարունակել: Փոխադրութիւնը հայրենիք մեծ ուժ տուած էր երաժշտագէտին:
Թումաճան Հայաստանի մէջ հրատարակութեան կը պատրաստէ նաեւ նոյն աշխատութեան երկրորդ հատորը, սակայն հիւանդութիւնը, ծերութիւնը եւ մահը կը զրկեն զինք յաջորդ հատորները պատրաստելու հնարաւորութենէն։ Թումաճան արդէն գրեթէ ութսունը անց էր, եւ անոր առողջական վիճակին շարունակական վատացման, ուժերուն աստիճանական սպառման հետեւանքով, նոյնիսկ օգնականներուն առկայութեան պարագային, գործը դանդաղ կ՚ընթանար: Բայց հայ երաժշտութեան նուիրեալը բախտաւոր էր, որ իր աշխատանքին առաջին հատորը տեսաւ իր կենդանութեան ժամանակ՝ 1972 թուականին: Ան երջանիկ կը զգար ինքզինք եւ ըսած է. «Ես հասկցայ, որ հոս են իմ աշխատանքներս գնահատողները»:
Բացի «Հայրենի երգ ու բան»ի առաջին հատորը տպագրելէ, Թումաճան իր կեանքի օրերուն, բարեբախտաբար, կրցած էր դասաւորել իր գրի առած ամբողջական նիւթը, որ յետագային, իր մահէն ետք միւս հատորներուն լոյս ընծայման համար հիմք դարձած է: Թումաճան իր հաւաքած երգերն ու նիւթերը դասաւորած է ըստ ատոնք հաղորդած մարդոց ծննդավայրերու եւ այդպէսով ներկայացուցած է պատմական Հայաստանի զանազան գաւառներ, քաղաքներ ու աւաններ կամ ալ պատմական Հայաստանէն դուրս գտնուող բայց եւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ մտնող հայաբնակ կեդրոններ, ինչպիսին է, օրինակ, Բութանիան:
Առաջին հատորին մէջ ընդգրկուած էին Բութանիոյ եւ Իզմիրի երգերը՝ թիւով 137 նմոյշ: Երկրորդ հատորը, որ լոյս տեսած է կրկին Երեւանի մէջ, 1983-ին, Կիւրինի, Մալաթիոյ, Խարբերդի, Եդեսիոյ, Այնթապի, Կեսարիոյ, Չմշկածագի, Ակնայ, Արաբկիրի, Պինկեանի, Արմտանի եւ Երզնկայի թիւով 208 երգ կը պարունակէ: Մօտաւորապէս նոյնքան նմոյշներ կը պարունակեն նաեւ աշխատութեան երրորդ եւ չորրորդ հատորները: Չորրորդ հատորը հրատարակուած է նախորդներէն բաւական երկար ընդմիջումէ ետք՝ 2005-ին՝ Զաւէն Թագակչեանի խմբագրութեամբ: Ան նոյնպէս ներկայ էր «Հասկաքաղ» ցուցահանդէսի բացումին եւ իր խօսքն ըսաւ Միհրան Թումաճեանի ժառանգութեան մասին: Զաւէն Թագակչեան Երեւանի մէջ կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկուն հրաւիրած է Տիթրոյթի (ԱՄՆ) համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս Տիգրան Թումաճանը, որ Միհրան Թումաճանի զարմիկն է:
Հարկ է նշել, որ Կոմիտասէն ետք Միհրան Թումաճան միակն էր հայ երգերու հաւաքման աշխատանքներուն մէջ, որ բաւական մեծ թիւով երգեր ժողված է, որոնց մէկ մասն ալ տակաւին անտիպ է: «Հայրենի երգ ու բան»ի չորս հատորները միասին կը պարունակեն 743 երաժշտական եւ 635 բանահիւսական՝ ընդհանուր թիւով 1378 նմոյշ:
Թումաճանի հեղինակութեամբ հատորները ընդգրկուած են Հայաստանի երաժշտանոցի ուսումնական ծրագիրներուն մէջ եւ ուսանողները կ՚ուսումնասիրեն այն մեծ գործը, ինչ որ կատարած է Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտը, իսկ Հայաստանի երաժշտական խումբերը թէ՛ խորհրդային տարիներուն, թէ՛ այսօր իրենց համերգացանկերուն մէջ ունեցած են եւ ունին այն գանձերէն, որոնք մեզի հասած են Միհրան Թումաճանի շնորհիւ:
Երաժշտագէտներ Կոմիտասի եւ Սպիրիդոն Մելիքեանի հաւաքագրած երգերուն հետ Թումաճանի կազմած ժողովածոները կը նկատեն հայ երգարուեստի արժէքաւոր գոհարներէն:
Հայ երգի եւ բանահիւսութեան նուիրեալը մահացած է Երեւանի մէջ՝ 28 Հոկտեմբեր 1973 թուականին:
Անոր նուիրուած «Հասկաքաղ» ցուցադրութիւնը յիշատակի տուրք մըն է Կոմիտասի մեծ աւանդը օտար ափերուն մէջ շարունակող եւ իր քաղած հասկերը հայրենիքին մէջ ամբարող հայ անուանի երաժշտագէտի յիշատակին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ