ՉԻՆԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յիս տե­ղի կ՚ու­նե­նան Չի­նա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը կը գոր­ծադ­րուի այս շրջագ­ծով։ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­ու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ձեռ­նար­կը։

Չի­նա­կան մշա­կոյ­թի օ­րե­րու բաց­ման առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան չի­նա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն եւ պա­րե­րէն նմոյշ­ներ։

Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ մշակութային փոխանակումները կը զարգանան՝ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան զուգահեռ։ Երե-ւան եւ Փեքին միասնաբար ընդգրկուած են շարք մը կարեւոր տարածքաշրջանային ծրագրերու մէջ, որոնք  կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային հաւա-սարակշռութիւններուն մակարդակով։

Լու­սան­կա­րին մէջ կ՚ե­րե­ւի Երեւանի վերջին ձեռ­նար­կէն դրուագ մը։

 

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016