ՊՍԱԿ ԿԱՄ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Պսակ կամ Ամուսնութիւն մեր Եկեղեցւոյ սրբարար խորհուրդներէն հիգերորդն է։ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած խորհուրդ է: Աստուած, երբ Ադամի կողէն Եւան ստեղծեց, անոր հաւանութեամբ. «Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։ Ադամ ըսաւ. “հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ”» (Ծն 2.22-23)։ Պսակը այր մարդուն եւ տիկնոջ միացումն է իրարու եւ Սուրբ Եկեղեցիին։ Դարեր շարունակ, մարդկութիւնը այս խորհուրդը ունեցած է, առաջին մարդէն իսկ եւ մինչեւ օրս կը շարունակուի տակաւին։ Քրիստոնէութեան աշխարհ մուտք գործելով այն աւելի վեհ գաղափար ստացաւ եւ Սուրբ Խորհուրդ համարուեցաւ։ Դարերու ընթացքին պսակի հասկացողութիւնը փոփոխութիւններ կրած է։ Տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր մշակոյթներու տէր ժողովուրդներու մօտ Պսակը տարբեր հասկացողութիւններ ունի։ Իսկ քրիստոնէութեան մէջ Պսակը մէկ է, Սուրբ խորհուրդ, այր մարդուն եւ տիկնոջ միացումը Աստուծոյ օրհնութեամբ, Սուրբ Եկեղեցիէն ներս։
Անցեալին բազմակնութեան հասկացողութիւնը շեշտուած էր։ Մակար Եպսկ. Բարխուդարեան խօսելով այս մասին կը գրէ.
«Սուրբ Գիրքը կը մատնանշէ, որ բազմակնութիւնը նախ Մաթուսաղայի որդիին՝ Ղամէքէն սկսաւ (կարդա՛ Ծն 4.19), եւ մինչեւ Քրիստոսի քարոզութեան օրերը տեւեց (մեր խօսքը հրեաներու ներկայ բազմակնութեան մասին չէ)։ Բազմակնութիւնը իր հետ բերաւ խաղաղ գերդաստանի մէջ նախանձ, թշնամութիւն, խռովութիւն եւ արիւնահեղութիւն, այնպէս որ, տօնելի համարուած մարդոց գերդաստաններն ալ ազատ չէին այս դառն աղէտներէն, ինչպէս են Յակոբ Նահապետի, Գեդէոնի, Դաւիթի, Սողոմոնի եւ ուրիշներու գերդաստանները։ Թշուառ եւ անտանելի էր կնոջ վիճակը, որովհետեւ յաճախ տունէն կը հանուէր եւ անոր կը յաջորդէր ուրիշ կին մը կամ բազմաթիւ կիներ։ Ի վերջոյ, ամուսնութիւնը իր սրբարար դերին մէջ չմնաց՝ մարդոց պատուիրանազանցութեան պատճառով։
Որպէսզի ամուսնական սրբարար խորհուրդը դարձեալ վերահաստատուի, ծառայէ Աստուծոյ սահմանած նպատակին, օրինաւոր ձեւով աճի մարդկութիւնը եւ դարձեալ սրբագործուի ամուսնութիւնը՝ միակնութեամբ, Յիսուս Քրիստոս վճռեց. «Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն “արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց» (Մտ 19.4-6)։
Այսպիսով, Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, արգիլուեցաւ բազմակնութիւնը, ընտանեկան յարկը սրբուեցաւ, կնոջ իրաւունքը վերահաստատուեցաւ, գերդաստանին մէջ դարձեալ սէր, խաղաղութիւն եւ քաղցր կեանք եղաւ։ Մարդը ինչպէս որ սկիզբէն գերդաստանի թագաւոր կը համարուէր, նոյնպէս կինը թագուհի սկսաւ համարուիլ։ Այս է պատճառը, որ Հայոց Սուրբ Եկեղեցին, պսակելու ատեն փեսային ու հարսին գլուխները կը թագադրէ, փեսան՝ թագաւոր կ՚անուանէ, իսկ հարսը՝ թագուհի։ Փեսան հրապարակաւ կ՚ուխտէ մինչեւ մահ տէր ըլլալ հարսին եւ հարսն ալ կ՚ուխտէ մինչեւ մահ հնազանդ ըլլալ փեսային»։
Պսակը հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ մանաւանդ հասկացողութեան վրայ։ Արարողութեան ընթացքին փեսան ու հարսը մինչեւ մահ կը խոստանան իրարու հաւատարիմ տէր ու պաշտպան ըլլալ կեանքի ամէն տեսակ պարագաներուն։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ ամուսնութեան նպատակը սուրբ է, ուր երկու տարբեր անհատներ Աստուծոյ աներեւելի ներկայութեան օրհնութեամբ կը միանան ու մէկ մարմին կ՚ըլլան, մէկ ամբողջութիւն։ Որով նաեւ կը կազմուի ընտանիքը։ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան իր «Քրիստոնեայ հայ ընտանիք եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն» աշխատասիրութեան մէջ կ՚ըսէ.
«Ընտանիքը, նախքան եկեղեցի, պետութիւն թէ ընկերային այլ դրութիւններ, երկրի վրայ Աստուծոյ հաստատած առաջին կառոյցն է։ Աստուած նախ Ինք օրհնեց եւ սրբեց մարդուն եւ կնոջ ամուսնական միութիւնը եւ զանոնք կարգեց ըլլալու «տիեզերքի տէրն ու պսակը՝ իր արարչագործութեան»։ Իսկ ընտանիքը վերածեց մարդկային ընկերութեան կեդրոնական առանցքին։
Ներկայ ժամանակներուն, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու եւ քաղաքակրթութիւններու որոշ ժխտական ազդեցութեանց ներքեւ, երբ ընտանիք հասկացողութիւնը քայքայուած եւ մասնատուած է, ընտանեկան եւ բարոյական արժէքներ շրջուած կամ անմխիթար պատկեր սկսած են ներկայացնել, անոնք ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կ՚ազդեն եւ պիտի ազդեն մարդկային ընկերութեան, ազգերու եւ ժողովուրդներու ընկերային կառոյցներուն վրայ, ինչու չէ, նաեւ մեր հայկական տոհմիկ, ազգային աւանդներուն, ըմբռնումներուն եւ հոգեւոր արժէքներուն վրայ։
Այս բոլորին դիմաց, Աստուածաշունչ Մատեանը մարդկային յարափոփոխ ընկերութեան, ապաբարոյ եւ այլասերիչ վատ բարքերու, ընտանեկան թէ ընկերային անկեալ վիճակներու ուղղիչ գաւազան է եւ բարոյական սկզբունքներու մնայուն օրինագիրք։ Ան, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ մեզի կը պատգամէ եւ, մասնաւորաբար այս պարագային, աստուածատուր օրէնքներ կ՚ուսուցանէ՝ ճշմարիտ, տիպար, օրհնեալ եւ աստուածավախ ընտանիք կազմելու առընչութեամբ։ Այսպէս, Եփեսացիներուն 5։22-6։4 գլուխներուն մէջ, Առաքեալը աստուածապաշտ ընտանիքի բնոյթը կը բնորոշէ եւ կը սահմանէ Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ ամուսիններու, ծնողաց եւ զաւակներու ունեցած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Հոն կը կարդանք. «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդիէք. որովհետեւ ամուսինը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, Իր մարմինին, որուն Փրկիչն է Ինք…։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ Իր կեանքը տուաւ անոր համար…։ Ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ, եւ չկայ մէկը, որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, …որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն։ …Եւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը։
«Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը։ “Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ” պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում ունի. “որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ”»։
Մակար Եպսկ. Բարխուդարեան ամուսնութեան օրինաւոր ըլլալուն մասին խօսելով՝ հետեւեալ կէտերը կը նշէ.
«Հայ Եկեղեցին ամուսնացողներէն կը պահանջէ հետեւեալ անհրաժեշտ պայմանները.-
ա) Ամուսնացողները չափահաս ըլլան, որպէսզի կարենան ինքնակամ եւ գիտակից որոշումով հաճոյ ըլլան։
բ) Երկուստեք ազատակամ եւ համահաճ ըլլայ ամուսնացողներուն միութիւնը, եւ ո՛չ թէ բռնի կամ ակամայ։
գ) Ամուսնացողներուն միջեւ ազգակցական կամ արենակցական կապ չըլլայ։
դ) Պսակը յայտնի ըլլայ, եկեղեցւոյ սահմանած օրերուն եւ քահանայի ձեռքով, ո՛չ թէ գաղտնի, արգիլւած օրերուն եւ անծանօթ քահանայով կամ որեւէ ապօրինի միջոցներով։
Այս պայմանները ո՛չ միայն կոյս ամուսնացողներէն կը պահանջուին, այլ՝ այրի ամուսնացողներէն ալ»։
Եզրակացութիւն.
Յաջող ամուսնութիւնը կը կայանայ Տիպար Ընտանիքի կազմութեան մէջ։
Այս ուղղութեամբ Հայր Միւռոն կը գրէ.
«Վերջապէս, որպէս տիպար եւ գիտակից ամուսիններ եւ ծնողներ, մեզի համար Հայր Յովսէփն ու Մարիամը, բայց մանաւանդ՝ Յիսուսի անձը ունինք որպէս սուրբ եւ օրինակելի ընտանիքի բոլոր յատկանիշներն ու տուեալները ամբողջացնող լաւագոյն տիպար՝ կրօնական օրինապահութեան, հնազանդութեան, փոխադարձ սիրոյ, բարութեան, ժուժկալութեան, համբերութեան, յարգանքի եւ անհուն զոհաբերութեան։ Արդարեւ, մարդկային ցեղը փրկելու նախասահմանուած մարդացեալն Աստուած Տէր Յիսուս, ոչ միայն իր երկնաւոր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարեց ու հնազանդեցաւ մահուան իսկ գնով, այլ՝ երկրաւոր իր ծնողներուն հնազանդ կեանք ապրեցաւ։ Այս մասին է որ Ղուկաս Աւետարանիչ կը խօսի՝ վկայակոչելով թէ Յիսուս, հակառակ կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ զերծ ըլլալուն մարդկային ամէն մեղքէ, տարբեր բնագաւառներէ ներս՝ ֆիզիքապէս, մտային եւ հոգեկան իմաստութեամբ եւ կարողութիւններով կ՚աճէր, Աստուծմէ շնորհք, իսկ մարդոցմէ սէր, յարգանք եւ պատկառանք կը գտնէր. «Յիսուս Նազարէթի մէջ իր ծնողներուն հնազանդ մնաց։ Ան կը զարգանար իմաստութեամբ եւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով» (Ղկ 2։51-52)»։
Սուրբ Պսակի ժամանակ հոգեւորականը հետեւեալ աղօթքը կը կարդայ նորապսակներուն.
«Տէ՜ր, Դուն որ սուրբ ես եւ սուրբերու մէջ կը բնակիս, սո՛ւրբ պահէ այս զոյգին ամուսնական կեանքը եւ զանոնք Քու աստուածային լուծին տակ զուգակցելով միացուր, որպէսզի այսուհետեւ չնկատուին երկու, այլ մէ՛կ մարմին՝ հեզ հոգիով միացած, եւ զիրար սիրեն՝ պարկեշտ կենցաղով, անբիծ հոգիով, միշտ պատրաստ բարի գործերու։ Որպէսզի զերծ մնան թշնամիին որոգայթներէն, եւ հրեշտակային պահպանութեամբ եւ Քու ամենայաղթ խաչիդ նշանով մնան առողջ հոգիով եւ մարմինով։
Այո՛ Տէր Աստուած մեր, պաշտպան եւ ապաւէն եղիր ծառաներուդ՝ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Չարանենգ խորհուրդներէ փրկէ՛ զիրենք եւ գիշեր-ցերեկ ողորմութեամբդ պատսպարէ։ Զանոնք եկեղեցիիդ մէջ տնկէ պտղալից ձիթենիի պէս, որպէսզի արդարութեամբ, սրբութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ ապրին, Քու բարեսէր կամքիդ հաճութեան համաձայն, արժանի ըլլան իրենց զաւակներուն զաւակները տեսնելու, եւ ըլլան Քու ժողովուրդդ՝ Սուրբ Անունիդ փառաբանիչ, անդադար օրհնելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնդ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»։
Բարսեղ Մաշկեւորցի այսպէս կ՚արտայայտուի հարսանիքի մասին.
«Հարսնիքը Քրիստոսի գալստեան օրինակն է, իսկ դուն կ՚արբեանս ու խեղկատակութիւն կ՚ընես. եւ հոն, ուր արբեցում եւ խառնակութիւն կայ, սատանան եւս հոն ներկայ է։ Քրիստոսի խորհուրդը կը կատարես եւ սատանա՞ն կը հրաւիրես երգերով եւ լկտի խօսակցութիւններով։ Կ՚ուզե՞ս քաղցր երգ լսել, հրեշտակային երգ մտիկ ըրէ եւ ո՛չ թէ՝ մարդոց։ Ինչպէ՞ս կարելի է ասկիա. եթէ այդ բոլորը հեռացնես, այնպիսի հարսանիքին Քրիստոս հրեշտակներով միասին կու գայ եւ հրաշք կը գործէ՝ ո՛չ թէ ջուրը գինիի փոխելով (տե՛ս Յհ 2.1-12), այլ՝ շատ աւելի զարմանալի, լոյծ եւ ցուրտ ցանկութիւնը հոգեւոր ցանկութեան վերածելով։ Հոն, ուր գուսանները կ՚ըլլան, Քրիստոս հոն չի մտներ, եւ մտնէ իսկ, նախ կը հրամայէ զանոնք հեռացնել եւ ապա հրաշք կ՚ընէ։ Չկայ աւելի չար եւ Աստուծոյ շնորհները հալածող բան քան սատանայական պարերը։ Ուստի, ինչպէս որ խրատեցի, այնպէս ըրէք հարսանիքը, եւ այն ատեն հոն ուրախութիւն կը տեսնէք։
Եթէ աղքատ ես, տունէ տուն մի՛ շրջիր շքեղ հագուստներ ուզելու համար, որովհետեւ ցուցադրութեան համար չեն այս բաները։ Ուրախութիւն սարքէ հանդերձ ընտանեօք, հրաւիրէ դրացիներդ եւ բարեկամներդ, որոնք գիտես թէ հանդարտաբարոյ են, եւ ամէնքէն առաջ հրաւիրէ աղքատները։ Նախատինք մի՛ համարեր ասիկա, որովհետեւ անոնցմով զՔրիստոս հրաւիրած կ՚ըլլաս։ Ոսկեայ եւ մարգարտեայ զարդերու փոխարէն պարկեշտութեամբ եւ հեզութեամբ զարդարէ հարսը. ո՛չ մէկ աղաղակ ըլլայ. թո՛ղ հրաւիրուի փեսան եւ առնէ կոյսը։ Ուտելն ու խմելը չափաւոր թո՛ղ ըլլան եւ ո՛չ թէ արբեցութեան հասնի, եւ կը տեսնես, թէ հոգեկան եւ մարմնաւոր որքան ուրախութիւն կը ծնի հոնկէ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը»։
Ի վերջոյ, Սուրբ Պսակի Խորհուրդը ընտանեկան օճախին սկիզբն է, առաջին քայլն է ընտանիք կազմելուն, ընտանիք ունենալուն, որ կը զրադարուի զոյգերէն լոյս աշխարհ եկած զաւակներով: Իսկ ընտանիքը, Լեւոն Շանթի բնութագրութեամբ հետեւեալն է. «Ազգը պահողը, ազգը շարունակողը, ազգային ոգին, ազգային գծերը, ազգային քաղաքակրթութիւնը, ըլլայ ժառանգութեամբ թէ կրթութեամբ նոր սերունդներուն փոխանցողը ընտանիքն է գլխաւորապէս. ան է որ կը դնէ ազգային դրոշմը անհատին վրայ ամենէն աւելի։ Եւ ճիշդ ատոր համար է որ ընտանիքն է գլխաւոր յենարանը ամէն ազգութեան. հի՛մքը, մի՛ջնաբերդը, ուր եւ կ՚ապաստանի ժողովուրդի մը անհատակութիւնը, երբ թշնամիները իրար ետեւէ կը խլեն ու կը գրաւեն դուրսի ամրոցներն ու պարիսպները։ Եթէ գրաւեցին ընտանիքը՝ մեռաւ ազգութիւնը»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024