ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐԷՆ…

Երկիր մոլորակը հարուստ է իր գեղեցկութեամբ առինքնող վայրերով: Այդ հրապուրիչ, հմայիչ վայրերը ամէն տարի կ՚այցելեն աշխարհի զանազան երկիրներէ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնք իրենց հետ կը տանին մոգական, կախարդական անբացատրելի տպաւորութիւններ ու յուշեր, մինչ այդ զանոնք կը յաւերժացնեն լուսանկարներով կամ տեսանիւթերով։

Իսկ այժմ, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով փակ են բազմաթիւ երկիրներու սահմանները, հետեւաբար մարդիկ կը բաւարարուին աշխարհի հրաշալիքներուն ծանօթանալ համացանցէն՝ հեռակայ դրութեամբ։ Մինչ այդ, առցանց հարթակներու միջոցաւ կը շրջին թանգարաններ, փողոցներ, պատմական վայրեր…

Քանի ներկայ պայմաններով հնարաւորութիւնը չունինք ճանապարհորդելու, ահաւասիկ ես ալ կը ներկայացնեմ աշխարհի մի քանի աննման եւ ուշագրաւ վայրերը։

ՍԱՌՑԱԲԵԿՈՐԻ ՅԱՏԱԿԸ, ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱ

Սառցաբեկոր մը կրնայ կապոյտ ըլլալ, սակայն բացառութիւն է Անթարքթիքայի մէջ այս սառցաբեկորի յատակը։ Ինքնին չափազանց փայլուն կապոյտ է այս սառցաբեկորը, որ կարծէք իր հովանիին տակ առած է բազմատասնեակ ծովային անողնայար կենդանիներ։ Ծովուն յատակը թաքնուած այս հազուագիւտ տեսարանը վստահաբար կը զարմացնէ տեսնողները։ 

ՈՒԱԻ-Օ-ԹԱՓՈՒ, ՆԻՒ ԶԵԼԱՆՏԱ

Եթէ ոեւէ երեխայէ խնդրենք, որ ան նկարէ շողարձակ աւազան մը, անպայման կը ստեղծագործէ Նիւ Զելանտայի Ուաի-Օ-Թափու լիճի նման նկար մը: Այս գողտրիկ լիճը կը գտնուի Ռոթորուա քաղաքի մերձակայքին: Անբնական թուացող կանաչ գոյն մը ունի լիճին ջուրը:

Լիճը կը գտնուի ծծումբի հանքավայրերու վրայ, ուրկէ ծծումբը կ՚ելլէ մակարեսին՝ ջուրին տալով իր երանգը: Ուաի-Օ-Թափու աշխարհի միակ լիճը չէ, որ ունի նման կանաչ գոյն. օրինակ՝ Ինտոնեզիայի Քելիմութու լիճը։ 

ԱՊՐԱՀԱՄ ԼԻՃ, ԳԱՆԱՏԱ

Ապրահամ լիճը, որ կը գտնուի Գանատայի Ալպերթա նահանգի մէջ, արհեստական է։ Այն շինուած է 1970-ական թուականներուն եւ անուանուած՝ անուանակոչման նպատակով կազմակերպուած մրցոյթներէն մէկուն ժամանակ։ Եթէ ձմրան ամիսներուն այցելէք լիճը, կը հանդիպիք հիասքանչ տեսարանի մը, որ ամրան ամիսներուն կրնայ պատճառ դառնալ արիւնալի եւ մահացու դէպքերու: Զի մեթան կազի դիւրավառ պղպջակները, որոնք լիճի սառած մակերեւոյթի տակ են, կրնան մահացու վտանգ սպառնալ երբ ամրան ամիսները մօտենան եւ հալի սառած լիճը։ Հիասքանչ տեսարանը լիճը դարձուցած է Գանատայի ամենաուշագրաւ վայրերէն մին՝ մանաւանդ լուսանկարիչներու համար:

ԹՐԱՆՍ-ՍԻՊԻՐԵԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻ

Թրանս-Սիպիրեանը աշխարհի ամենաերկար երկաթուղին է, որ ունի 9298 քիլօմեթր երկարութիւն: Երկաթուղին մեծ դեր ունեցած է այդ ուղղութեան վրայ գտնուող երկիրներու պատմութեան եւ տնտեսութեան զարգացման գծով: Երկաթուղին կառուցուած է 1891 թուականին, հետեւաբար ներկայիս կը ծրագրուի վերանորոգել զայն։ Երկաթուղիի միջոցաւ շատեր տեղափոխուած են Սիպիրիա եւ հիմնած՝ նոր քաղաքներ:

ՀՐԵՇՏԱԿԻ ՋՐՎԷԺԸ, ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱ

Աւելի քան 970 մեթր բարձրութենէ հոսող ջուրի ցնցումը կը զգացուի եւ կարկաչը կը լսուի նոյնիսկ հեռակայ վայրերէ: Վենեզուելայի մէջ թաքնուած այս ջրվէժը յայտնաբերուած է մօտաւոր անցեալին՝ 1935 թուականին, որովհետեւ այդտեղ հասնիլ բաւական դժուար է։ Այս մէկը աշխարհի ամենաբարձր ջրվէժն է, որ երեւան ելած է թռիչքի մը ընթացքին։ Ջրվէժը յայտնաբերուած է ամերիկացի օդաչու Ճիմի Էնճըլի կողմէ, որ ադամանդ կ՚որոնէր Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Թռիչքի ընթացքին ջրվէժի մօտակայքին տեղի ունեցած արկածէ յետոյ Էնճըլ կը ծանօթանայ տեղւոյն ժողովուրդին հետ եւ անոնք ջրվէժը կ՚անուանեն օդաչուի մականունով, քանի որ այդ կը նշանակէ «հրեշտակ» (Angel):

ՔՈՒՆԿՈՒՐ ՔԱՐԱՅՐԸ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Քունկուր կը համարուի մոլորակի բոլոր քարայրներու ամենափառաւորը: Նոյնանուն գիւղին մէջ կը գտնուի քարայրը, որ կը պարունակէ իւրայատուկ բնական «արձաններ»։ Քունկուր կը հանդիսանայ Ռուսաստանի ամենամեծ քարայրներէն մին, իսկ աշխարհի եօթներորդը՝ ըստ երկարութեան։ Քարայրը ունի մօտաւորապէս 5700 քիլօմեթր երկարութիւն, որու 1.5 քիլօմեթրի մուտքը ազատ է զբօսաշրջիկներու համար։ Քունկուր կը պարունակէ 70 լիճ, 146 ջրանցք, հանք մը եւ այլն։ 

Քարայրին մէջ կայ նեղ ուղի մը, որ կը կոչուի կանանց ճանապարհ, որովհետեւ շատ տարիներ առաջ արքայադուստր մը ինկած է այս ճանապարհին եւ քարայրէ վերադառնալէ յետոյ ան անմիջապէս ամուսնացած է։ Կայ հաւատալիք մը, թէ երբ աղջիկ մը այցելէ այդտեղ, ան կ՚ամուսնանայ շուտով։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020