«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ 10-ՐԴ ԱՆԳԱՄ
Շաբաթավերջին «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու միջազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» մրցանակի 2018 թուականի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը յանձնուին սոյն մրցանակները։ Աւանդութեան վերածուած է, որ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձին օրը՝ 15 սեպտեմբերին։ Հարկ է նշել, որ այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը ունէր յոբելենական բնոյթ, որովհետեւ մրցանակաբաշխութեան 10-րդ տարին էր։
Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագրի գործադրութեամբ եւ չորս նիստերու ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ելոյթներով։ Ատենախօսներն էին ընդհանրապէս նախկին դափնեկիրներ եւ կամ դատակազմի անդամներ։
Այս տարի «Հրանդ Տինք» մրցանակին արժանացան Թուրքիայէն՝ հասարակական գործիչ ու հրապարակագիր Մուրատ Չելիքքան։ Արտասահմանի դափնեկիրը հանդիսացաւ Եմէնէն «Մուաթանա» մարդու իրաւանց կազմակերպութիւնը, որու ներկայացուցիչները Ռաքել Տինքի ձեռամբ ստացան իրենց մրցանակը։
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024