ԿԻԼԻԿԻԱ. ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐ
Անցեալ հինգշաբթի, հոլիվուտեան շարժանկարային միջավայրին յարիր միջավայր մը ստեղծուած էր Երեւանի մէջ. հանդիսաւոր կերպով կազմակերպուեցաւ եւ ընթացաւ «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» (Cilicia): The Land of Lions պատմական երեք շարժանկար-ակնարկներուն փակ դիտումը: Այս ընդարձակ նախագիծին հեղինակը «Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր՝ լիբանանահայ Խաչատուրեան ընտանիքն է: Հայաշխարհի մէջ իր բարերարութիւններով եւ ար-ւեստասէր նախաձեռնութիւններով ծանօթ այս ընտանիքը հերթական տօն մը պարգեւեց հայութեան: Նպատակ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ քարոզել եւ սերունդներուն հասանելի դարձնել հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը՝ «Գոհար»ը այս անգամ անդրադարձ կատարած է շարժապատկերային արուեստին ներկայացնելով հայ ժողովուրդի պատմական էջերէն մէկը՝ Կիլիկիոյ հպարտ հայոց թագաւորութիւնը: «Երեւան մոլ» կեդրոնի բակին մէջ կարմիր գորգի արարողութենէն ետք, կեդրոնին մէջ գործող «Կինոպարկ» սրահէն ներս ցուցադրուեցաւ առայժմ այս նախագիծին ամփոփ տարբերակը: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը, քաղաքական, մշակութային ընտրանին: Նախքան շարժանկարին սկիզբը, մուտքին մօտ, ներկաներուն կը բաժնուէին Կիլիկեան թագաւորութեան դրամին կրկնօրինակը, որուն մէկ երեսին նշագրում մը կար «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» շարժանկարին մասին: Դրամը կը հատուէր անմիջապէս մուտքին՝ աւանդական դարբնեգործական միջոցով:
Երեք շարժանարկները ամփոփ, գեղարուեստական մօտեցմամբ ներկայացուցին Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական ընտանիքներուն 300-ամեայ պատմութիւնը: Պատմութիւն մը, որ ոչ միայն դեր ունեցած է հայութեան, այլեւ ուրիշ ազգերու կեանքէն ներս:
Այս շարժանկար-ակնարկներուն բեմադրիչն է հայրենի բեմադրիչ Աշոտ Առաքելեան, նկարահանած է հայաստանեան «Տոմինօ փրոտաքշըն» ընկերութիւնը:
Ասիկա հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասին մինչ այսօր նկարահանուած առաջին եւ միակ շարժանկարն է, ուր առաւելագոյնս պահպանուած է պատմական հաւաստիութիւնը, բայց թեմային մատուցման գեղարուեստական եւ տպաւորիչ մասը ապահովելու նպատակով կան պատմական դրուագներ, որոնք ներկայացուած են բեմադրիչին յատուկ ստեղծագործ լուծումներով:
Հանդիսատեսը կը տեղափոխուի շարժանկարին մէջ նկարագրուող պատմական ժամանակաշրջան, կը տեսնէ Կիլիկիոյ թագաւորութեան պատմական սկիզբն ու ընթացքը, ձեւաւորումը այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը չունէր պետականութիւն, Միջերկրական ծովու ափին՝ Կիլիկիոյ հողին վրայ, ստեղծուեցաւ նոր հայկական իշխանապետութիւն, որ իր երեքդարեայ պատմութեան ընթացքին կարողացաւ պահպանել անկախութիւնը եւ հիմնել հզօր թագաւորութիւն:
Դերասանական կազմի ընտրութեան առաջնային պայմանը եղած է ոչ թէ յայտնի դերասաններու մասնակցութիւնը, այլ արհեստավարժ եւ օժտուած կերպարներու ներգրաւումը:
Շարժանկար-ակնարկները նկարահանելու ժամանակ ստեղծագործական խումբը օգտուած է արխիւներուն մէջ պահուող պատմական նիւթերէն, համագործակցած է պատմաբաններու հետ՝ ջանալով հնարաւորինս ճշգրիտ պահպանել եւ դիտողին փոխանցել ժամանակաշրջանին շունչը:
Տպաւորիչ է շարժանկար-ակնարկներուն երաժշտութիւնը: Գրուած է յատուկ երա-ժըշտութիւն մը, որ ձայնագրուած է «Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարմամբ:
Բեմադրիչ Աշոտ Առաքելեան հետեւեալը ըսաւ ցուցադրութենէն առաջ. «Աւելի քան քսան տարի «Գոհար»ը ամբողջ աշխարհի տարածքին կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնն ու հայոց պատմութիւնը: Հայկական վայր մը չէ եղած, ուր «Գոհար»ը ելոյթ չէ ունեցած եւ հայ երաժշտասէր մը չկայ, որ չէ լսած «Գոհար»ի ներկայացուցած երգն ու երաժշտութիւնը: Համերգներուն ժամանակ, դահլիճներուն մէջ մշտապէս կը ծածանէին Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք կը բաժնուէին ներկաներուն եւ այդ մթնոլորտը «Գոհար» միշտ կը փորձէր վառ պահել: Մտածեցինք, որ լաւ կ՚ըլլայ եթէ անոնք ծածանին նաեւ շարժանկարի մը մէջ եւ որոշեցինք ստեղծել Կիլիկիոյ մասին տեսանկարահանում մը: Յետոյ զարգացուցինք այս միտքն ու մօտեցումը, որ կը կոչուի «մուտ ռիլ»: Համաշխարհային շարժանկարային արտադրութեան մէջ այդ մէկը մինչեւ մեծ ծաւալով շարժանկար դառնալու նախագիծն է, որ քննարկումի նիւթ կը դառնայ»:
Քսանհինգ վայրկեան տեւողութեամբ այս գործը խորքին մէջ երեք տարուան հսկայական աշխատանքի մը արդիւնքն է, իսկ ամբողջական ժապաւէնը հանրութեան ներկայացնելը իսկապէս մեծ նուաճում պիտի ըլլայ հայութեան համար:
Շարժանկար-ակնարկներուն արտադրիչը լիբանանահայ Սեւակ Սերոբեանն է. ան ըսաւ, որ ընդամէնը քսանհինգ վայրկեանի մէջ ջանացած են սեղմ կերպով ցոյց տալ իրենց կատարած աշխատանքը եւ այն, թէ ինչ կարող են ընել յետագային: Սեւակ Սերոբեան շեշտեց, որ մեր պատմութիւնը շատ հզօր է, եւ ճիշդ աշխատանքի պարագային ան կարող է հետաքրքրել ամբողջ աշխարհը:
«Մենք առաջին անգամ այս շարժանկարով կը խօսինք թագաւորութեան մասին, ոչ թէ մեր ազգի ցաւին ու լացին», ըսաւ Սեւակ Սերոբեան:
Բոլոր նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի մէջ, մեծ մարտի տեսարաններէն մինչեւ նոյնիսկ ծովամարտը, որուն նկարահանումները իրականացուած են «Կիլիկիա» նաւին վրայ:
Ստեղծագործական խումբը յարմար դատած է նկարահանումները կատարել Հայաստանի մէջ, ուր հարուստ բնաշխարհ եւ գեղեցիկ ամրոցներ կան: Ձեւով մը այս ժապաւէնը նաեւ ներկայ Հայաստանի փառաբանումն է: «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» եռամաս ակնարկները յագեցած են հարուստ տեսողական լուծումներով եւ համակարգչային ձեւաւորումով:
Խաչատուրեաններուն եւ այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած մարդոց հիմնական նպատակներէն եղած է նաեւ այն, որ պատրաստուելիք ժապաւէնը մրցի միջազգային ժապաւէններու հետ եւ հասնի միջազգային շուկայ, իսկ ասիկա ընելու համար անհրաժեշտ են գործընկերներ, որպէսզի այս հսկայական ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:
Առաջին շարժանկար-ակնարկը կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ պատմութիւնը՝ հիմնադրման օրուընէ մինչեւ ամենաազդեցիկ թագաւորներէն մէկուն` Ռուբինեաններու տոհմէն Լեւոն Մեծագործի գահակալումը:
Երկրորդ շարժանկար-ակնարկով կը ծանօթանանք 13-րդ դարու իրադարձութիւններուն, կը տեսնենք Լեւոն Ա. թագաւորի դուստրը՝ Զապէլը իր խնամակալ Կոնստանդին պայլին եւ ամուսինը՝ Հեթումեաններու հարստութեան հիմնադիր Կիլիկիոյ թագաւոր Հեթումին կերպարները:
ԵՐՐՈՐԴ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ-ԱԿՆԱՐԿ.
1219-1375 թուականներու պատմութիւնը կը ներկայացնէ Լեւոն Գ.-ի գահակալման տարիները, չորս կողմէն կեղեքուող Կիլիկիան եւ վերջին թագաւոր Լեւոն Ե. Լուսինեանը, որուն յուղարկաւորութեամբ կ՚աւարտի շարժանկար-ակնարկը:
ԿԵՐՊԱՐՆԵՐԸ
Բեմադրիչը յաջողած է ստեղծել խիստ տպաւորիչ կերպարներ: Ժամանակակից դերասաններու եւ կիլիկեան ժամանակաշրջանի ոգիով ձեւաւորուած հագուստներու, արդուզարդի եւ այլ իրերու միջոցաւ հանդիսատեսը կը տեղափոխուի Կիլիկեան հզօր Հայաստան.
«Ամենահզօր հայ արքայազն» յորջորջուած Թորոս Բ.-ը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան իշխանն էր Ռուբինեաններու տոհմէն: Ան Լեւոն Ա.-ի աւագ որդին էր: Թորոս արքան յաջողած է վերացնել կախուածութիւնը Բիւզանդիայէն եւ ի վերջոյ հիմք դրած է հայկական ինքնավարութեան:
Շարժանկար-ակնարկին կերպարներէն է Լեւոն Բ.-ը՝ կրկին Ռուբինեաններու արքայատոհմէն: Ան յաջորդած է եղբօրը՝ Ռուբէն Գ.-ին: Լեւոնը եղած է երկրի կարեւոր բերդ Կապանին տէրը, աջակցած է եղբօրը՝ պետութեան պաշտպանութեան ու կառավարման գործերուն: Ռուբէն Գ.-ի գերութենէն ետք երկրին իշխանութիւնը կեդրոնացած է իր ձեռքը: Լեւոնի եւ Հեթումեան իշխան Բակուրանի ջանքերով Անտիոքէն վերադարձած Ռուբէն Գ.-ը իշխանութիւնը կամովին յանձնած է Լեւոնին, քաշուած է Արքակաղնի վանք, ուր վախճանած է նոյն տարին:
Շարժանկար-ակնարկներուն մէջ կան նաեւ կիներու հզօր կերպարներ, որոնցմէ մէկը Սիպիլ իշխանուհին է. ան եղած է Լեւոնին կինը եւ Կիպրոսի արքայ Ամորի Լուսինեանի դուստրը: Շատ ուժեղ կին մը եղած է, որ մեծ դեր ունեցած է թագաւորութեան կեանքէն ներս, կրցած է պաշտպանել Կիլիկիոյ գահը ժառանգելու իր զաւկին իրաւունքները: Լեւոն թագաւորի եւ անոր ամուսնութենէն ծնած է Զապէլ թագուհին: Շարժանկարին մէջ տպաւորիչ կը ներկայանայ Զապէլ թագուհիին կերպարը, որ Ռուբինեան տոհմի վերջին շառաւիղն էր: Զապէլ թագուհին հմուտ եղած է ուսման եւ գիտութեան մէջ, նպաստած է շինարարական աշխատանքներու, 1238 թուականին իր ամուսինին հետ վերաշինել տուած է Անդուլ մենաստանը եւ զայն դարձուցած ամարանոց: Սիսի մէջ կառուցել տուած է Կաթողիկէ եւ Սուրբ Մարինէ եկեղեցիները, 1241 թուականին հիմնած է հիւանդանոց: Աղբիւրներուն մէջ կը յիշուի իբրեւ «ողջախոհ», «առաքինաջան» թագուհի:
Շարժանկար-ակնարկի կերպարներէն է Ֆիլիփ թագաւորը (1206-1225), որ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան թագաւոր եղած է 1222 թուականին: Ֆիլիփը Անտիոքի դուքս Պոհեմունտի որդին էր: Հայոց գահի խնամակալ Կոնստանդին սպարապետը, գահաժառանգ Զապէլը պսակելով Ֆիլիփին հետ, զայն հռչակած է հայոց թագաւոր, պայմանով, որ ան հաւատարմօրէն հետեւի հայոց կրօնքին ու աշխարհիկ սովորոյթներուն: Սակայն Ֆիլիփը, հօր սադրանքով, սկսած է չհետեւիլ հայկական աւանդոյթներուն, կարգած է կաթոլիկ պաշտօնեաներ, որուն համար Կոնստանդինը ձերբակալած ու մահապատժի ենթարկած է զայն:
Հետաքրքրական կերպար է Կոնստանդինը՝ կունդստապլ, պայլ, թագաւորահայր եւ աւագ պարոն Կիլիկեան Հայաստանի: Եղած է Լեւոն Բ. թագաւորի քեռիին՝ Պապեռոն բերդի տէր Վասակ իշխանի որդին: Կոնստանդինի հմուտ քաղաքականութեան շնորհիւ յաղթահարուած են ներքին երկպառակութիւնները, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են երկրի տնտեսութեան եւ մշակոյթի վերելքին: Անոր ծաւալուն շինարարական գործունէութեան մասին կը վկայեն հայ պատմիչները եւ իր անունով պահպանուած արձանագրութիւնները: Պետական կառավարումը կեդրոնացնելով իր ընտանիքին՝ Հեթումեաններուն ձեռքը, Կոնստանդին մինչեւ իր մահը եղած է Հեթում Ա.-ի գահակիցն ու իմաստուն խորհրդականը:
Հեթում Ա.-ը նոյնպէս փառաբանուած է շարժապատկերին մէջ. 1226-1269 թուականներուն Կիլիկեան Հայաստանի թագաւոր եղած Հեթում Ա.-ը մեծ դիւանագէտ էր, Հեթումեաններու արքայատան հիմնադիրը: Անոր իշխած տարիները բարդ ժամանակաշրջան էր Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան համար. մէկ կողմէն Արեւմուտքի մէջ տեղի կ՚ունենային խաչակրաց արշաւանքները, որոնց հետեւանքով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած էին եւրոպացի իշխանաւորներու հիմնադրած կոմսութիւններն ու դքսութիւնները, որոնք կը պայքարէին իրարու դէմ, միւս կողմէն հայոց թագաւորութեան կը սպառնային շրջապատող մահմետական պետութիւնները, իսկ Արեւելքի խորքերէն այս տարածքաշրջան կ՚արշաւէին մոնղոլները՝ սպառնալով Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի երկիրներուն: Հոս է, որ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած է հայոց արքան՝ Հեթում Ա.-ը:
Հեթում Ա.-ի աւագ որդին եւ յաջորդը եղած է Լեւոն Գ.-ը՝ Հեթումեան արքայատան երկրորդ գահակալը: Անոր կերպարը նոյնպէս շարժանկարի տպաւորիչ եւ վառ կերպարներնէն է. 1256 թուականին Հեթում Ա.-ը 20-ամեայ Լեւոնին շնորհած է «ձիաւոր ասպետ»ի կոչում եւ հռչակած է գահակից: 1262 թուականին Լեւոնը ամուսնացած է Լամբրոնի տէր Հեթում իշխանի դստեր՝ Կերանին հետ: Լեւոնի ներքին քաղաքականութիւնը նպաստած է երկրի տնտեսութեան ու մշակոյթի զարգացման: 1271 թուականին ան վերանորոգած է վենետիկցիներուն, իսկ 1288 թուականին՝ ճենովացիներուն հետ կնքած առեւտրական պայմանագրերը: Ճենովայի դիւանատան մէջ ցարդ կը պահպանուի 1288 թուականին ճենովացիներուն շնորհած պարգեւագիրը՝ հաստատուած Լեւոնի կնիքով ու ստորագրութեամբ:
Լեւոնը հատած է ոսկեայ, արծաթեայ եւ պղնձեայ դրամներ, որոնք նաեւ օտար երկիրներու մէջ օգտագործուած են: Անոր հովանաւորութեան արժանացած են հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներ Վարդան Մեծը, Ստեփանոս Օրբելեանը, Յովհաննէս Երզնկացին, Վահրամ Րաբունին:
Հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն Թորոս Ռոսլինն ալ «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» շարժապատկերի գլխաւոր դէմքերէն է: 13-րդ դարու 2-րդ կէսի հայ կիլիկեան դպրոցի ակնառու մանրանկարիչին ու գրիչին կերպարը չէր կրնար անմասն մնալ այս պատմական շարժանկարէն: Ռոսլինը ստեղծագործած է Հռոմկլա եւ արուեստագէտերու կողմէ անուանուած է «Վերածննդեան նախակարապետ», «Զարդանկարի վարպետ»: Ռոսլինի ստեղծագործական ողջ գործունէութիւնը ընթացած է Հռոմկլայի մէջ, ուր, այդ ժամանակ կը գտնուէր կաթողիկոսական աթոռանիստը: Հռոմկլայի մէջ պաշտօնավարած կաթողիկոսները մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէին ձեռագրական մշակոյթին, գրչութեան եւ մատենական նկարչութեան զարգացման: Կաթողիկոսական ձեռագրատան մէջ ձեւաւորուած մանրանկարչութեան դպրոցը գլխաւորն էր միւս դպրոցներուն ու վճռական ազդեցութիւն ունեցած է կիլիկեան եւ ոչ միայն կիլիկեան գրքարուեստի յետագայ զարգացման վրայ:
Կիլիկեան հայոց թագաւորներէն Լեւոն Զ. Լուսինեանը շարժանկարի գլխաւոր կերպարներէն է: 1374-1375 թուականներուն Կիլիկիոյ մէջ թագաւորած Լեւոն Զ. Ջիւանի եւ Սուլթանի որդին էր, ծնած է Կիլիկիա, իսկ կեանքին վերջին տարիները ապրած է Փարիզի Սեն-Օուէն պալատին մէջ, որ անոր 1384 թուականին յատկացուցած էր Ֆրանսիայի Շարլ Զ. թագաւորը:
Մարքօ Փոլօ. Իտալացի վաճառական, ճանապարհորդ եւ գրող Մարքօ Փոլօ «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» շարժանկարին մէջ տեղ գտած է իր «Աշխարհի հրաշքներուն մասին» 1300 թուականին շարադրած գիրքին շնորհիւ. այդ աշխատութեան մէջ բացառիկ տեղեկութիւններ կան նաեւ Կիլիկեան Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերեալ: Մարքօ Փոլոյի այս գիրքը նաեւ ոգեշնչած է եւրոպացի քարտէսագիրներուն եւ անոր հիման վրայ ստեղծուած է Ֆրա Մաուրոյի քարտէսը:
Պատմութեան մէջ ամենամեծ կայսրութեան՝ Մոնղոլական կայսրութեան կայսրերուն գերիշխանութիւնը հասած է մինչեւ կիլիկեան հայերուն. վերջիններս ուրիշ քրիստոնէական թագաւորութիւններու հետ ընդունած են մոնղոլներու իշխանութիւնը՝ միանալով անոնց մահմետականներուն դէմ յարձակման ժամանակ: Շարժանկարին մէջ կերպաւորուած է Մոնղոլական կայսրութեան Միոնկէ խանը…
…Քսահինգ վայրկեաննոց այս ակնարկները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին եւ հանդիսատեսը արդէն կը սպասէ ամբողջական ժապաւէնին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ