ՈՐՈՏՈՒՄԸ
Ամպերը առտու դպրոց չեն երթար, ես ալ արեւին հրամայեցի, որ չծագի, բայց ան ինծի չհնազանդեցաւ. որոշեցի իրմէ վրէժ լուծել, երբ ան իր (շողերը) երկնցուցած էր:
Խոժոռած նայեցայ թուաբանութեան ուսուցիչին, որ եռանկիւն դէմք ունէր. տեսաւ զիս եւ բարկացած պոռաց.
-Ոտքի ե՛լ:
Ելայ: Կեցայ: Ան շարունակեց սաստելով եւ զզուանք արտայայտելով ըսել.
-Թեզանիքովդ քիթդ սրբելուն վերջ տո՛ւր:
Սառեցայ: Ուսուցիչը շարունակեց.
-Արագ պատասխանէ՛... տասը միլիոն անձ ունինք, անոնցմէ եօթ միլիոնը խեղդեցինք: Քանի՞ն ողջ մնաց:
Անմիջապէս պատասխանեցի.
-Չեմ գիտեր:
Ուսուցիչը ձանձրացած ըսաւ.
-Օ՜ֆ, մինչեւ ե՞րբ տգէտ աշակերտ պիտի մնաս:
Պաղարիւնութեամբ ըսի.
-Կ՚ատեմ թուաբանութիւնը:
Ուսուցիչին դէմքը կարմրեցաւ եւ սուր շեշտով ըսաւ.
-Հմմ, ուրեմն թուաբանութիւնը կ՚ատե՞ս:
Պահ մը լուռ եւ մտածկոտ մնալէ ետք շարունակեց խօսիլ հեգնական շեշտով.
-Ըսէ՛ մեզի, թէ ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Ձմեռը կ՚ատեմ:
-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Կ՚ատեմ ձմեռը, ամառը, աշունն ու գարունը:
-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Կ՚ատեմ գիշերն ու ցերեկը:
-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Կ՚ատեմ Շաբաթը, Կիրակին, Երկուշաբթին, Երեքշաբթին, Չորեքշաբթին, Հինգշաբթին եւ Ուրբաթը:
-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Կ՚ատեմ արեւը, լուսինն ու աստղերը:
-Ուրիշ ի՞նչ կ՚ատես:
-Կ՚ատեմ երգերը, կատուներն ու թռչունները:
-Ե՛ւ ի՞նչ կ՚ատես...
-Կ՚ատեմ տղամարդիկը, կ՚ատեմ կիները, կ՚ատեմ մանուկները:
Այդ պահուն ուսուցիչը բարկացաւ.
-Լռէ՛: Տգէտ աշակերտ մը պիտի շարունակես մնալ:
... Իսկոյն հիւլէական ռումբ մը ստեղծեցի եւ արձակեցի զայն ամբողջ զօրութեամբս. պայթեցաւ... եւ արեւը ծագեցաւ աւերակներուն վրայ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան