ՇՈՂ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՆԱՅԻՐԱ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆ. ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՉԿԱՅ ԱՒԵԼԻ ԶՕՐԵՂ ԶԳԱՑՈՒՄ ՔԱՆ ԱՅՆ, ՈՐ ԴՈՒՆ ՄԷԿՈՒ ՄԸ ԿԵԱՆՔԸ ՓՐԿԱԾ ԸԼԼԱՍ…

Վերջին տարիներուն Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ իր գործունէութիւնը ծաւալող «Շող» կեդրոնը կարեւորագոյն աշխատանք կը տանի։ 

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ամբողջական նեցուկն ու նիւթական աջակցութիւնը վայելող այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է դասապատրաստման առիթ ստեղծել բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու բերումով զրկուած են տան մէջ իրենց դասերը պատրաստելու հնարաւորութենէն։ 

Տուեալ պարագային կա՛մ անոնց ծնողները աշխատանքի են, կամ ալ բաւարար պայմաններ չունին, որպէսզի երեխաները կարողանան հանգիստ ձեւով իրենց դասապատրաստման աշխատանքները իրականացնել։ 

Ի դէպ «Շող»ի մէջ կը գործեն տարբեր խումբեր սկսած սովորական դասանիւթերէն (թուաբանութիւն, անգլերէն լեզու, հայերէն լեզու) մինչեւ մշակոյթի ոլորտի մէջ ընդգրկուած դասամիջոցներ՝ երգ, պար, ձեռային աշխատանքներ եւ այլն, եւ այլն…

Ուշագրաւ է նաեւ, որ «Շող» կեդրոնը յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այն երեխաներուն, որոնք ունին ընտանեկան խնդիրներ, զանազան տեսակի հոգեբանական հարցեր եւ այդ առումով ալ կեդրոնը այդ սաներուն համար տրամադրած է յատուկ հոգեբան մը, որ արդի մանկավարժութեան դպրոցին հետեւելով կը փորձէ լաւագոյն լուծումները ապահովել հասարակութեան մէջ խոցելի դառնալու միտում ունեցող երեխաներուն։ Հետաքրքրական ու գովելի է նաեւ, որ «Շող» կեդրոնի հովանաւորները ոչ մէկ կերպով կը փորձեն կրօնական ուղղուածութիւն տալ այդ կեդրոնի աշխատանքներուն։

Հայաստանի անապահով խաւերու զաւակներուն համար ապահովութիւն, բարի կամեցողութիւն եւ քրիստոնէական յոյս ներշնչող ջերմ օճախի դեր վերցուցած «Շող» կեդրոնի ետին կը կանգնին սպիտակ ձեռքեր։ 

Այս կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով հարցազրոյց մը ունեցանք «Շող» կեդրոնի Երեւանի մասնաճիւղի տնօրէն Նայիրա Քերով-բեանի հետ։

*

-Կը պատմէ՞ք «Շող»ի մասին:

-«Շող» ցերեկային կեդրոնը բացուած է 2012 թուականին եւ արդէն եօթ տարիէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէ Երեւանի Նոր Նորք շրջանին մէջ: Մենք այս զանգուածին մէջ ճիշդ համարեցինք մեր աշխատանքը, որովհետեւ ծայրամասային հատուածներէն ներս ցաւօք աւելի աղքատ, անապահով ընտանիքները շատ են, քան, ենթադրենք, քաղաքի կեդրոնին մէջ, բնականաբար:

-Ի՞նչ է ձեր աշխատանքին բնոյթը: Ե՞րբ կը սկսի եւ երբ կ՚աւարտի:

-Մեր աշխատանքը կը սկսի առաւօտուն ժամը 9.30-ին եւ կ՚աւարտի երեկոյեան 5.30-ին: Երբեմն, մեր աշխատողներէն ոմանք աւելի երկար կը մնան, որովհետեւ մարզական խմբակը կը գործէ մինչեւ երեկոյեան 7.00-ը։

Իրականութեան մէջ, ընկերային դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքները շատ մեծ թիւ կը կազմեն, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ Հայաստանի ժողովուրդի 50 տոկոսը աղքատ է, իսկ մանկական աղքատութիւնը՝ 41 տոկոս է: Բացի այդ, նախորդ տարի ՄԱԿ-ի սահմանած տուեալներով, երբ աղքատութեան բազմաչափ հաւաքագրման ձեւ մշակեցին, պարզուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ ամէն երկրորդ երեխան կարիքաւոր է եւ ամէն երրորդը՝ աղքատ: Սա աննկարագրելի բարձր ցուցանիշ է, եթէ հաշուի առնենք, որ Հայաստանի մէջ առ առաւելն երկուքուկէս միլիոն մարդ կ՚ապրի, ապա այդ թիւը սարսափելի մեծ է: Կայ նաեւ թերուս մնացած երեխաներու հարցը եւ դարձեալ ՄԱԿ-ի հետազօտութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ Հայաստանի մէջ մինչեւ հինգ տարեկան երեխաներու 9 տոկոսը թերուս է. սա կը նշանակէ, որ այդ երեխան յետոյ ինչքան ալ սնուի, միեւնոյնն է, պիտի ունենայ զարգացման յապաւում: Այսինքն, սա նոյնպէս շատ լուրջ ցուցանիշ է:

-Ինչ է «Շող»ի առաքելութիւնը. կը պատմէ՞ք այդ մասին։

-Մենք թաղապետարանէն, դպրոցներէն կը ճշդենք տուեալները այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք ունին ընկերային դժուարութիւններ: «Շող»ը համայնքային կեդրոն է: «Շող»ը այս համայնքին մէջ ընտանիքի ձեռքը բռնող կեդրոն է: Շատ կան գիշերօթիկ խնամքի հաստատութիւններ, սակայն մեր փորձը ցոյց կու տայ, որ բազմաթիւ ծնողներ, երեխան ուղղակի կը տանին գիշերօթիկ կեդրոնններ, որովհետեւ իրենք առանձին կ՚ապրին, նոյնիսկ շաբաթ, կիրակի օրերը երեխան տուն չեն բերեր, եւ այդպէսով երեխաներու ամբողջ հոգը կը մնայ պետութեան վրայ։ Այդ ընտանիքներուն մեծ օգնութիւններ կը տրամադրուին, որովհետեւ անապահով են եւ այլն. իսկ կան ընտանիքներ, որոնք իրենց երեխան կը պահեն կեանքի գնով, ոչ մէկ տեղ կ՚ուղարկեն, որովհետեւ իրենց համար երեխան արժէք է, բայց այդ ընտանիքին որեւէ աջակցութեան եզր չունի պետութիւնը, թերեւս նպաստի համակարգով կ՚օգնէ, իսկ նպաստի համակարգը յաճախ շատ աւելի կը խոցէ այդ ընտանիքը։

Մենք ընտանիքներու տուեալները կը վերցնենք, կապ կը հաստատենք իրենց հետ, կը ներկայացնենք մեր ծրագիրը, կ՚ըսենք, որ բարեգործական սկզբունքներով աշխատող ծրագիր է, կը ներկայացնենք, թէ ի՛նչ ծառայութիւններ կան, կ՚այցելենք իրենց, կամ զիրենք կը հրաւիրենք մեր կեդրոն, յետոյ համաձայնութեան կու գանք, համաձայնագիր կը կնքուի, թէ այդ ծնողը (խնամակալ ծնողը՝ հայրը կամ մայրը) թոյլ կու տայ, որ իր երեխան իր օրը անցընէ «Շող» կեդրոնէն ներս։ Մենք այդպէսով պատասխանատուութիւնը կը վերցնենք երեխայի խնամքի եւ դաստիարակման գործին մասնակից դառնալու։ Շատ ծնողներ ուղղակի երջանիկ կ՚ըլլան, որ կրնան աշխատիլ, իմանալով, որ երեխան դպրոցէն եկած է «Շող» կեդրոն՝ սնուած է, դասերը ըրած է, հոգեբանի հետ հանդիպած է, ըկերային աշխատողի հետ հանդիպած է, կեանքի հմտութիւններ սորված է, մարզական, պարի, համակարգիչի, նկարչութեան խումբերու մասնակցած է եւ այլն: Բացի այդ, բազմաթիւ ծնողներ կ՚ըսեն, որ իրենց երեխաները մեր մօտ կը սնուին, որովհետեւ տան մէջ անոնց հիմնական սնունդը գետնախնձոր է ու խմորեղէն, իսկ երեխայի աճի համար պարտադիր պայմաններ կան եւ մենք կը փորձենք գոնէ մէկ անգամ զայն ապահովել։

Փոքրերը 12.00-ին «Շող» կը հասնին, յետմիջօրէի ժամը 1.30-ին կը սնուին, անոնք ժամը 5.30 տուն կ՚երթան, իսկ մեծերը, որ ուշ կու գան, 2.30-3.00-ին եւ քիչ մը աւելի երկար կը մնան։

-Գիտենք, որ աւետարանչական համայնքի ճիգերով կը գործէ այս կեդրոնը, որեւէ կրօնական ուղղուածութիւն ունի՞ կեդրոնը:

-Մեր կեդրոնը կրօնական ուղղուածութիւն չունի։ Փոխարէնը մենք ունինք հանդիպումներու շարք, որ համամարդկային եւ մարդասիրական արժէքներ կը սորվեցնէ եւ բնականաբար քրիստոնէական շատ մէջբերումներ կ՚ընենք։ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ՝ AMAA-ը ըմբռնումով կը մօտենայ այս հարցին եւ այդ ամենակարեւոր կէտն է: Այսինքն, եթէ AMAA-ը ըմբռնումով չմօտենար եւ պարտադրէր որեւէ բան, կը նշանակէ շրջապատի շատ մարդիկ, սա կը համարեն հոգեւորչութիւն, եւ կ՚ըսեն՝ ուրեմն իրենք այդքան բան կ՚ընեն, որպէսզի երեխաները տանին իրենց եկեղեցի:

-Իսկ կ՚ըլլա՞ն պահեր, որ ծնողները դժգոհ կը մնան:

-Ծնողը կրնայ դժգոհ ըլլալ, որովհետեւ բոլոր առարկաներու դասապատրաստում չունինք, մենք միայն հիմնական առարկաները կը վերցնենք՝ հայոց լեզու, գրականութիւն, ուսողութիւն, երկրաչափութիւն, անգլերէն, ռուսերէն, բայց չէ որ երեխան կ՚անցնի նաեւ՝ «Ես եւ շրջապատը», ճատրակ, պատմութիւններ եւ այլն, այդ բոլորը մենք չենք կրնար ապահովել: Պէտք է նշեմ նաեւ, որ դասապատրաստումի կողքին մենք կը փորձենք բաւարարել երեխաներու հոգեբանական կարիքները, անշուշտ եթէ այդպիսի կարիքներ կան։ Այս առումով ալ «Շող»ը այն եզակի հաստատութիւններէն մէկն է, որ կրնայ եւ կ՚աշխատի հոգեբանական նեցուկ պէտք ունեցող երեխաներու հետ։ Մենք կ՚աշխատինք երեխայի խորքին հետ, անոր խնդիրը դուրս կը բերենք, այդ խնդրի հետ կ՚աշխատինք, լուծումներ կը գտնենք, ի հարկէ, կ՚ունենանք նաեւ ձախողումներ, բայց կան տղաք, որոնք մեր մօտ հիմա, որ «փողոցի տղաներ» եղած են եւ այսօր անոնք ազգասէր, հայրենասէր տղաք դարձած են եւ սա ինքնին կարեւորագոյն նուաճում է մեզի համար։

-Որքա՞ն է «Շող» կեդրոն յաճախող երեխաներուն թիւը։

-Այս պահուն մեր կեդրոնը յաճախող երեխաներու թիւը 76 է, շուրջ 50 ընտանիք, բայց 50 ընտանիքը քիչ չէ:

-Միւս դպրոցներու վերաբերմունքը ի՞նչ է:

-Կան դպրոցներ, որոնց հետ շատ լաւ կը համագործակցինք: Մեր մօտ եկած կարգ մը երեխաներ իրենց դպրոցներէն զերծ մնացած են զանազան պատճառներով ու այդ առումով ալ մենք կարեւոր աշխատանք տարած ենք, որպէսզի այդ երեխաները ընկերութեան մէջ չանտեսուին ու չմերժուին։ Խորքին մէջ այդ երեխաներու «ակրեսիւ» վարմունքը գոռոց մըն է՛ որուն միջոցաւ ան կ՚ըսէ «փրկեցէ՛ք զիս»։ Եղած է դէպք, որ մեր ամբողջ խումբը մէկ երեխայի ետեւէն ինկած է, որպէսզի փրկենք ու մենք ունեցած ենք այդ արդիւնքը, եւ դպրոցը ուղղակի զարմացած է փոփոխութեան համար, այս մէկը անշուշտ շատ լուրջ եւ մեծ աշխատանքի արդիւնք է:

-Իսկ պետութեան մօտեցումը ի՞նչ է: Առնուազն Կրթութեան նախարարութիւնը գիտէ՞ որ այսպիսի կեդրոն կայ, կը համագործակցի՞ ձեզի հետ։

-Թաղապետարանի կրթութեան եւ ընկերային բաժնի հետ կը համագործակցինք, բայց այդ համագործակցութիւնը միշտ եղած է այսպէս՝ «Շող», ի՞նչ ձեւով կրնաք մեզի օգնել: Այսինքն, իրականութեան մէջ մենք որեւէ նիւթական օգնութիւն չենք ստացած եւ այդ մեզի անկախ կը պահէ։ Մեր նպատակը քաղաքացիական հասարակութեան առողջ սերունդ ձեւաւորելն է եւ մեր նիւթական անկախութիւնը մեզի կ՚օգնէ չշեղուիլ մեր բուն նպատակէն:

Աւետարանչականի հետ մենք այդ սկզբունքով կ՚աշխատինք, այսինքն մենք շատ հեշտ կը համագործակցինք, այդ պարտադրանքը երբեք չէ եղած, ոչ մէկ բանի մէջ: Եթէ պէտք եղած է որեւէ մէկ բան իրականացնել, մենք դիմած ենք AMAA-ին եւ շատ յաճախ եթէ կարողացած ենք այդ նպատակի արդիւնաւէտութիւնը ցոյց տալ, չենք մերժուած, եւ այդ արդէն ամենակարեւոր բանն է աշխատանքի մէջ: Այսինքն, մենք մեր թիկունքին ունինք Աւետարանչականը, որպէս հզօր պատուար եւ անշուշտ մեր գործով մենք AMAA-ի անունը շատ բարձր կը պահենք:

-«Շող»ը միայն մէկ կեդրոն ունի՞։

-«Շող»ը Երեւանի մէջ միայն մէկ կեդրոն ունի։ Մեր ձեռք բերած յաջողութենէն ետք հիմնուած են «Շող»ի Վանաձորի, Կիւմրիի, Շուշիի ու նաեւ Ասկերանի կեդրոնները: Այսպէսով կան «Շող»ի հինգ կեդրոններ, որոնք մեր քոյր կեդրոններն են, եւ ամէն մէկս կարծես մէկ ծաղիկ ըլլանք:

-Կրնա՞ք ձեր ընդհանուր պիւտճէին մասին խօսիլ։

-Մեր տարեկան պիւտճէն մօտաւորապէս 60 հազար ամերիկեան տոլար է: Սնունդէն բացի, ընդհանուր ծախսեր ունինք՝ ջեռուցում, ելեկտրականութիւն, վերանորոգումներ, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներու վճարներ: Ունինք տասնինն աշխատող՝ երկու ընկերային աշխատող, երկու հոգեբան, մէկ ընկերային մանկավարժ, երկու խոհարար, երեք դասվարներ, մարզանքի, նկարչութեան, պարի, համակարգիչի խմբակներու պատասխանատուներ, ունինք նաեւ պահակ:

-Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր վերջին խօսքը։ Ի՞նչ կ՚ուզէիք ըսել մեր ընթերցողներուն։

-Ես գիտեմ մէկ բան, որ ընկերային աշխատանքը կոչում է, դուն չես կրնար օգնել մարդուն, եթէ այդ կոչումը չունիս, մարդը հասկնալը, կարեկցանք ցուցաբերելը շատ դժուար է, մանաւանդ որ դուն ամբողջ օրը կրնաս վատ բաներ լսել:

Այստեղ ցուցանիշներ հրապարակել թերեւս ճիշդ չէ, բայց ես կ՚ուզեմ, որ դուք պատկերացնէք՝ երեխաներու 75 տոկոսը, որ կը յաճախէ «Շող» կեդրոն, ենթարկուած կ՚ըլլայ մարմնական բռնութեան: Մենք, այս առումով, կ՚աշխատինք նաեւ ծնողներու հետ։

-Դրական տեղաշարժ կա՞յ այս առումով։

-Այո՛, անշուշտ, որ կայ, մենք կը հասնինք անոր, որ ծնողը գոնէ կը գիտակցի, եթէ բռնութիւն կը գործադրէ մօր նկատմամբ, միեւնոյնն է, կը տուժէ երեխան։ Տղաքը կը դառնան «ակրեսիւ» բռնարարներ, աղջիկները կը փնտռեն բռնարար ամուսիններ, որովհետեւ եղած բռնութիւնը շատ լուրջ հետեւանքներ կը թողու: Մենք այդ բոլորը կը խօսինք, մայրերը կ՚ուժեղացնենք, որպէսզի փորձենք կանխել բռնութիւնը:

Մեր յաղթանակները դժուար կ՚երեւան, բայց մեր ամէն մէկ յաղթանակը մեզի համար շատ թանկ է, որովհետեւ մէկ մարդու փրկութիւնը աւելի թանկ է, քան նիւթական բոլոր բարիքները։ Եթէ այսօր մենք կանխեցինք, որ այդ երեխան դառնայ յանցագործ կամ մարդասպան, կը նշանակէ մենք նաեւ ապահոված կ՚ըլլանք անոնց խաղաղ ապագայի կերտումը։

Այստեղ կրնամ ըսել, որ մենք մեր յաղթանակներուն համար այնքան փառահեղ զգացողութիւններ կ՚ունենանք, երեւի կեանքի մէջ չկայ աւելի զօրեղ զգացում, քան այն, որ դուն մէկու մը կեանքը փրկած ըլլաս, կամ կեանքը փրկես։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2019