ՕԳՏԱՇԱՏ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ

ՆԱԽ ԵՒ ԱՌԱՋ ՄԱՐԴ ԵՂԻՐ, ՆԱԽՔԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՆԱԼ ԽՆԴՐԵԼԴ

Ինչպէ՞ս, ուրեմն, աստուած պիտի ըլլաս, երբ քեզ մարդ չեն ըրած տակաւին:

Ինչպէ՞ս կատարելութեան կը ձգտիս, մինչ տակաւին նո՛ր սկսած ես:

Ինչպէ՞ս անմահութիւն կը խնդրես, մինչդեռ մահկանացու բնութեամբդ չհնազանդեցար Արարիչին:

Քեզի համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ մարդ ըլլալու մակարդակը ապահովես, ապա՝ մասնակցիս Աստուծոյ փառքին. որովհետեւ, դուն չէ որ զԱստուած ստեղծած ես, այլ՝ Աստուած է, որ քեզ ստեղծած է: Արդարեւ, եթէ դուն Աստուծոյ գործն ես, ապա պէտք է Աստուծոյ ձեռքին սպասես, որ ամէն ինչ իր յարմար ժամանակին կ՚ընէ, յարմար ժամանակին՝ քեզի համար, դուն՝ որ կը շինուի ու կը ձեւաւորուի: Անոր սիրտդ տո՛ւր, փափուկ եւ ճկուն, եւ պահէ այն ձեւը, որ ձեւաւորիչ Արարիչը քեզ ստեղծած է, քու մէջդ պահելով այն ջուրը՝ որ Իրեն կը պատկանի, որպէսզի չոր անձի մը չփոխուիս, որմէ ետք կորսնցնես Անոր մատներուն հետքերը: Այս կազմաւորման գործողութիւնը պահպանելովդ, կատարելութեան պիտի բարձրանաս: Ցեխը, որ մէջդ է, Աստուծոյ վարպետութեան ու արուեստին շնորհիւ պիտի վերցուի մէջէդ:

Անոր ձեռքը քեզի յատուկ նիւթը ստեղծած է, եւ ներսէն ու դուրսէն պիտի ներկուիս՝ ոսկիով ու արծաթով, որով պիտի գեղեցկանաս, ու թագաւորն անգամ պիտի ցանկայ վայելչութիւնդ ու գեղեցկութիւնդ: Սակայն, եթէ սիրտդ կարծրացնես ու մերժես Աստուծոյ արուեստի գործը, առանց երախտապարտ ըլլալու Անոր՝ որ քեզ մարդ ըրաւ, ուրանալով այդ լաւութիւնը, միաժամանակ կորսնցուցած կ՚ըլլաս, ո՛չ միայն Անոր արուեստի գործը, այլ՝ նոյնինքն կեանքը: Արդարեւ, ստեղծելու գործողութիւնը Աստուծոյ արդարութեան յատուկ է, սակայն քեզ ստեղծելն ու ձեւաւորելը, յատուկ է մարդկային բնութեան:

Այդ պատճառով, եթէ Անոր տաս այն ինչ որ քուկդ է, այսինքն Անոր հաւատալն ու Անոր ենթարկուիլը, ապա պիտի ստանաս Անոր արուեստի գործը եւ Աստուծոյ գործին տիպար կտոր մը պիտի ըլլաս: Սակայն, եթէ չես հաւատար Անոր, եւ կը ջանաս Անոր ձեռքերէն փախչիլ, պակասութեան եւ անկատարութեան պատճառը քեզի պիտի վերագրուի, որովհետեւ չհնազանդեցար, եւ ո՛չ թէ Անոր՝ որ քեզ հրաւիրեց: Որովհետեւ, Ան առաքեալներ ուղարկեց, որպէսզի մարդիկ խնջոյքին հրաւիրեն, սակայն անոնք որոնք չհնազանդեցան, իրենք զիրենք զրկեցին Թագաւորական խնջոյքէն (Սուրբ Երանոս, Լիոնի Եպիսկոպոս):

ՀՈՂԷՆ ԱՌՆՈՒԵՑԱՐ…, ՀՈՂԻՆ ՆԱՅԷ

Քաղաքին [Եդեսիոյ] մօտենալով, Եփրեմը Աստուծմէ խնդրեց, որ Ան իրեն հանդիպեցնէ այնպիսի մարդու մը, որուն հետ կրնայ զրուցել Սուրբ Գիրքի թեմաներով՝ իր հոգիին փրկութեան համար: Սակայն, քաղաքի դարպասներուն մօտ, ան հանդիպեցաւ կնոջ մը, որուն արտաքինը կը մատնէր անոր չարակամ կեանքը եւ ամօթալի վարքը:

Այդ հանդիպումէն շփոթած, Եփրեմը մտածեց, որ Աստուած չլսեց իր աղօթքները: Այդ ընթացքին, իր դիմացէն եկող կինը կեցաւ եւ սեւեռուն աչքերով նայեցաւ անոր: Այդ բանը Եփրեմին ստիպեց դիմել անոր կշտամբիչ խօսքերով. «Ինչո՞ւ ամօթը մոռցած, գլուխդ գետին կախած չես նայիր, ինչպէս որ կը վայելէ ամօթխած կնոջ»: Կինը պատասխանեց, որ ինք [կինը] պէտք է նայի իրեն [Եփրեմին], որովհետեւ կինը տղամարդէն առնուած է, իսկ ան ո՛չ թէ իրեն պէտք է նայի, այլ՝ գետնին, որովհետեւ ան՝ որպէս տղամարդ, հողէն առնուած է:

Եփրեմը կնոջ տուած պատասխանին համար զարմացաւ եւ զԱստուած փառաբանեց, որ մեղաւոր կնոջ շուրթերով խրատեց զինք եւ սորվեցուց, որ պէտք չէ քամահրել նաեւ մեղաւորը:

ԱՂՔԱՏ ԿԻՆՆ ՈՒ ԱԹԷԻՍՏԸ

Աղքատ կին մը ռատիոկայանի մը կազմակերպած հաղորդումի մը ընթացքին կը զանգահարէ՝ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելով:

Աթէիստ մը այդ հաղորդումը կը լսէր եւ որոշեց այդ կնոջ վրայ խնդալ: Ապահովելէ ետք այդ կնոջ տան հասցէն, իր քարտուղարուհին կը կանչէ ու կը հրամայէ անոր մեծ քանակութեամբ սննդեղէն գնել ու տանիլ այդ կնոջ: Սակայն, իր քարտուղարուհիին հետեւեալ թելադրութեամբ կ՚ուղարկէ. կ՚ըսէ, երբ այդ կինը հարցնէ, թէ ո՞վ ղրկեց այս ուտելիքները, ըսէ անոր, թէ սատանան ղրկեց:

Քարտուղարուհին երբ այդ կնոջ տուն կը հասնի, կինը շատ կ՚ուրախանայ եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր ստացած օգնութեան համար, եւ կը սկսի իր ստացած ուտելիքները իր փոքր տան մէջ դասաւորել:

Քարտուղարուհին ստիպուած կը հարցնէ անոր, չե՞ս ուզեր գիտնալ, թէ ո՞վ ղրկեց այս ուտելիքները:

Կինը կը պատասխանէ, հոգս չէ, որովհետեւ երբ Աստուած բան մը կը նախախնամէ, անգամ սատանաները կը հնազանդին Անոր (Արաբերէնէ թարգմանուած):

- Երեք երեւոյթներ, որոնք կը ստիպեն ձեզի մտածել.

1) Օր մը գիւղի մը բնակիչները կ՚որոշեն աղօթել, որպէսզի անձրեւ տեղայ։ Անոնցմէ մէկը միայն իր հետ անձրեւանոց կը վերցնէ։ Ատիկա հաւատքն է։

2) Երբ հայրիկը երեխան վեր կը թռցնէ, երեխան կը վախնայ, բայց միաժամանակ կը ժպտայ։ Ատիկա վստահութիւնն է։

3) Ամէն օր, երբ մենք կը պառկինք քնանալու համար, չենք գիտեր՝ վաղը պիտի արթննա՞նք, թէ՞ ոչ. բայց ամէն պարագայի զարթուցիչը կը լարենք։ Ատիկա յոյսն է։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՅ…

Մարդ մը սափրիչի մօտ եկաւ։ Մազերը կտրած ժամանակ, սափրիչը կը խօսէր Աստուծոյ մասին։

Սափրիչը ըսաւ.

-Ինչ ալ ըսէք ինծի, միեւնոյնն է, ես չեմ հաւատար թէ Աստուած կայ։

-Ինչո՞ւ, կը հարցնէ այցելուն։

-Բաւարար է փողոց ելլել, որպէսզի համոզուիս, թէ Աստուած չկայ։ Կը խնդրեմ, ըսէք, եթէ Աստուած կայ, ինչո՞ւ այսքան հիւանդ մարդիկ կան, այսքան անտուն ու փողոցային երեխաներ ու ծերեր։ Եթէ իրապէս Աստուած գոյութիւն ունենար, ապա այսքան ցաւ ու տառապանք չէր ըլլար։ Դժուար է պատկերացնել սիրող Աստուածը, որ թոյլ կու տայ, թէ այս ամէնը կատարուին։

Այցելուն մտահոգուեցաւ։

Երբ սափրիչը աւարտեց աշխատանքը, այցելուն առատօրէն վճառեց։ Փողոց ելլելով տեսաւ չսափրուած ու մազերով լեցուն մարդ մը։ Այն ատեն այեցելուն կրկին վերադարձաւ սափրիչին խանութը, կանչեց սափրիչը պատուհանին մօտ, ցոյց տուաւ այդ մարդը ու ըսաւ.

-Սափրիչներ չկան, ու յարգանքով գլուխը կախեց եւ դուրս ելաւ (Անյայտ հեղինակ)։

ՈՉ ՈՔ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԾԱՂՐԷ

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ հիւանդանոցի մէջ է։

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ պատերազմի մէջ է։

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ հրդեհի կամ ջրհեղեղի մէջ է։

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ օդանաւը զօրաւոր կերպով կը սկսի շարժիլ։

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ մութ անցքի մը մէջ երկու անծանօթներ իր ճամբան կը փակեն։

Սակայն, երբ պարի սրահներէն մէկու մը մէջ ոեւէ գինով մը կատակ կ՚ընէ Աստուծոյ անունով՝ զոր չի՛ ճանչնար, կամ երբ անմիտին մէկը կ՚ըսէ, թէ Աստուած կ՚ատէ զինք, յաճախ իր եզրակացութիւններով այնպէս կ՚ընէ, որ բոլոր ներկաները կը սկսին ծաղրել ու զուարճանալ Աստուծոյ անունով։

Սակայն, Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ իր մահկանացու մարմինին վրայ զգայ մահուան սառն շունչը՝ շատ մօտիկ, թիկունքին ետեւը կամ ալ մահուան դէմքին նայած ժամանակ։

Դատաստանին օրը ոչ ոք կը ծաղրէ զԱստուած։

Ոչ ոք զԱստուած կը ծաղրէ, երբ Աստուած կը ներէ։

Եկէք մենք ալ չծաղրենք զԱստուած։ Աստուած սէր է… (Անյայտ հեղինակ)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020