ԱՊՐԻԼ ՍՈՒՐԲ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Մեր երազները՝ իղձերն ու փափաքները գունեղ են ու փոփոխական:

Կեանքի մը հոլովոյթին, դէպի կշիռքի ծանր նժարը կը թեքուին մարդու երազները: Մեր երազները մեծաւ մասամբ նիւթական են. կը փափաքինք անթիւ ու անհամար կարողութեան մասին: Կ՚ուզենք մեր ձեռքի տակ ունենեալ աշխարհի բոլոր հարստութիւններն ու ոսկիները, անգին գոհարները: Հետաքրքրական է՝ այդ ամէնը ունենալէ վերջ, ինչի՞ մասին պիտի տենչանք...

Իսկ առաւել համեստ մարդիկ կ՚երազեն աւելի զուսպ՝ իրենց ու իրենց մերձաւորներու առողջութեան, երջանկութեան ու աշխարհի խաղաղութեան մասին: Թէպէտ խնդրայարոյց է, թէ իղձերու ո՞ր ցանկն է աւելի սուղ...

Յիրաւի, մենք խճճուած ենք մեր երազներու խաչմերուկի ու միահիւսուած ճանապարհներու անցուղիներու մէջ: Կ՚երազենք ամէն բանի մասին, բացի ամենակարեւորէն՝ հոգեւորէն, հոգիի մաքրութեան ու փրկութեան մասին: Իսկ եթէ կ՚ուզէք ճիշդը գիտնալ՝ նոյնիսկ կարեւորը անկարեւորէն զանազանելու ունակ չենք:

Կարծես Աստուծոյ նմանութեամբ  լոյս աշխարհ եկող էակը կը ծնի կոյր: Եւ մարդը, իր կեանքի ամբողջ հոլովոյթին կը մնայ անկուշտ ու անյագ, միշտ աճապարանքի մէջ: Իսկ ի՞նչ է կեանքը. ակնթարթ մը, որ կ՚ապրիս մահին հանդիպելէ քանի մը վայրկեան առաջ:

Այո՛, մարդ արարածը անկուշտ է, չի յագենար: Մեր ախորժակը սահման չի՛ ճանչնար: Անդադար կը տենչանք աւելիին: Իսկ դէպի մեր տենչանքը տանող ուղին յաճախ կ՚ըլլայ ականապատ, որոգայթներով լի: Ահաւասիկ, աչքածակութիւնն է մեր գլխաւոր թշնամին, զոր մեզ մոլորութեան կը մատնէ: Արդիւնքին կը վերածուինք խամաճիկի մը՝ սատանայի ձեռքին:

Երազելը, ցանկալը, փափաքիլը լաւ բաներ են: Պարզապէս մեր երազներն են սխալ: Այսօր քանի՞ հոգի, քանի՞ հայ մարդ կ՚երազէ սրբանալու, աստուածահաճոյ ապրելու մասին... Այսօր քանի՞ հայ կ՚երազէ Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու մասին... Այսօր քանի՞ հայ կը ցանկայ հանդիպիլ Բարձրեալին, Յիսուս Քրիստոսին... Կամ այսօր քանի՞ հայ կը փափաքի իւր առջինեկը՝ արու զաւակը նուիրաբերել Տիրոջ... Թերեւս քիչեր կը խորհին սուրբ կեանք մը վարելու, սրբանալու մասին: Մինչդեռ Աստուած մեզմէ կը սպասէ այդ: Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Սուրբ եղէք, քանզի սուրբ է ձեր երկնաւոր Հայրը»: Սա լաւագոյն, աստուածահաճոյ փափաքն է, որու համար Տէրը մեզ կ՚օգնէ ի կատար ածել:

Ո՞վ է սուրբ մարդը: Սուրբ մարդը Տիրոջ նուիրեալն է, որ կը վարէ սրբակենցաղ կեանք մը: Սուրբ մարդը կ՚ապրի Ասուտծոյ օրէնքներով, ջանալով չխախտել զանոնք: Իրականութեան մէջ սուրբ դառնալը շատ դիւրին է: Պարզապէս պէտք է մեծ ցանկութիւն ու նուիրում: Ոչ միայն պիտի երգենք՝ կեանքս կու տամ հայրենիքիս, հոգիս Աստուծոյ, պատիւս ինձ, այլեւ պէտք է ի կատար ածենք սա խորունկ միտքը:

Խորհեցէք երկիր մը՝ Հայաստան մը, ուր մարդիկ՝ մեծէն պզտիկ կը ջանան սրբանալու: Ժողովուրդը հոգիով, սիրտով ու մտքով կապուած է Բարձրեալին: Երբ մարդիկ իրենց հեռաձայնները  «քչփորելու» փոխարէն,  իրենց թանկագին ժամանակը կը տրամադրեն Սուրբ Երրորդութեան փառաբանութեան, երկրպագութեան ու աղօթքի: Կը պահեն Տիրոջ բոլոր պատուիրանները:  Շաբաթ օրերը սուրբ կը պահեն, նուիրելով Աստուծոյ ու իրենց հանգիստին: Շաբաթ օրերը սուրբ պահելով ո՛չ միայն մարդը կը հանգչի, այլեւ՝ բնութիւնը: Այդ օրը հայոց աշխարհի մէջ կը լսուին միայն եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջները, այլ ոչ ինքնաշարժներու սուլոցն ու ազդանշաններու ձայները: Մարդու հետ միասին կը հանգչի նաեւ բնութիւնը, երկիրը: Դառնալով սրբակենցաղ, ջանալով սրբանալու՝ մենք երկրի վրայ կը ստեղծենք մեր դրախտը, որու քովէն սատանան անգամ չի կրնար անցնիլ, ուր մնաց թշնամին:

Աւա՜ղ, սուրբերու մասին մեր պատկերացումները այլ են: Շատերու կարծիքով՝ սուրբերը յանուն Սուրբ Երրորդութեան տառապանքներու ու չարչարանքներու ուղին ինքնակամ ընտրողներն են:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021