ԾԱՌՍ
Աշխարհը ծառերը զարդարեց:
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.
Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ, շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս կը փնտռեմ:
Ահա՛ այս է... գտայ..., մօտենալով դպայ իրեն, գլուխը վեր առնելով, հեգնանքով չափչփեց զիս.
սխալած եմ, այս չէ, հեռացայ.
հեռուէն տեսայ աւելի համեստ ծառ մը, որ զիս կը կանչէր. նիհար, պզտիկ, խեղճ.
մօտեցայ, ակնարկ մը նետելով հեռացայ, ներէ ինծի, երբեք յարմար չես հայու նկարագրին:
Սկսայ երեւակայել ծառս:
Հաստարմատ, բարձրացօղուն, բազմաճիւղ, հպարտ, արի, մեղմ նայուածքով,
հոտաւէտ, դարերէ ի վեր չսասանող, հուժկու, խիզախ ծառս ո՞ւր ես:
Օտար հողի վրայ, անարմատ, անտէր, լացող, գաղթական, հօրենական, հայրենի ծառս կը փնտռեմ:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Տէն-Հաակ