ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆ ԵՒ ՍԻՊԻԼԻՆ ՎԱՌ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՐ ՀՆՉԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Յա­ճախ կը խօ­սուի Հա­յաս­տան-Թուր­քիա մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թեան անհ­րաժշ­տու­թեան մա­սին, որ պի­տի ըլ­լայ նաեւ մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­մախմ­բե­լու եւ ա­րուես­տի խա­ղա­ղա­րար ու­ժի շնոր­հիւ նոր պատ­գամ­ներ յղե­լու նոր սե­րունդ­նե­րուն: Այդ ա­ռու­մով ո­րոշ յա­ջո­ղուած ծրագ­րեր ար­դէն կեան­քի կո­չուած են, իսկ վեր­ջի­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս շաբ­թուան սկիզ­բը՝ 14 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, թէ՛ շա­րու­նա­կու­թիւնն է ո­րոշ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սկսած երկ­խօ­սու­թեան եւ թէ իր ձե­ւի մէջ նո­րու­թիւն է: Նո­րու­թիւն է այն ա­ռու­մով, որ ա­ռա­ջին ան­գամ դի­ւա­նա­գի­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով կազ­մա­կերպուած էր մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թիւ­նը: Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն էր՝ կեան­քի կո­չել «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» ծրա­գի­րը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը հայ եւ թուրք ե­րա­ժիշտ­ներ են:

Հա­մեր­գէն տա­կա­ւին օ­րեր ա­ռաջ ծա­նու­ցում­ներ կա­տա­րուած էին, հայ ե­րաժշ­տա­սէր հան­րու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ դի­ւա­նա­գէտ­ներ ստա­ցած էին հրա­ւի­րա­տոմ­սե­րը, իսկ հա­մեր­գը ունկնդ­րել փա­փա­քող­նե­րը այն­քան շատ էին, որ հրա­ւի­րա­տոմ­սե­րով մար­դոց մուտ­քէն ետք ա­զատ ներս ձգուե­ցան թատ­րո­նի դռնե­րուն մօտ խմբուած բո­լոր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը:

«Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» խո­րագ­րեալ ծրագ­րին սկսե­լէ ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Միլս լրագ­րող­նե­րուն փո­խան­ցե­լով կարճ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, նշեց, թէ դես­պա­նա­տու­նը մշտա­պէս կանգ­նած է այն­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կող­քին, ո­րոնք խա­ղա­ղա­րար պատ­գամ­ներ կը փո­խան­ցեն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: Այդ­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն ալ ան նկա­տեց «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի»ն, որ կա­րե­ւոր հա­մա­րեց հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար, ո­րոնց մի­ջեւ շփում­ներ կան, բայց բա­ւա­րար չա­փով չեն: «Իսկ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, որ ընտ­րուած է իբ­րեւ այդ պա­կա­սը լրաց­նե­լու մի­ջոց­նե­րէն մին, պա­տա­հա­կան չէ, քա­նի որ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը բա­նայ սիր­տե­րը եւ կը մօ­տեց­նէ հո­գի­նե­րը: Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կո­չուած է վե­րաց­նե­լու ար­գելք­ներն ու սահ­ման­նե­րը», ը­սաւ դես­պան Ռի­չըրտ Միլս:

Դես­պա­նի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք լրագ­րող­նե­րուն ի­րենց ապ­րում­նե­րը փո­խան­ցե­ցին նա­խագ­ծի մաս­նա­կից­նե­րը՝ պոլ­սա­հայ երգ­չու­հի Սի­պիլ, քա­նո­նա­հար Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր, ու­տա­հար Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճան, նէյ գոր­ծի­քի վրայ նուա­գող Պու­րաք Մալ­չոք եւ հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու կա­տա­րող Մերթ Էլ­մաս:

Ե­ՐԱ­ԺԻՇՏ­ՆԵ­ՐԸ

Հայ հան­դի­սա­կա­նին Սի­պի­լը ներ­կա­յաց­նե­լու կա­րիք չկար, քա­նի որ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան ճանչ­ցուած ա­նուն մըն է, ինչ­պէս իր եր­գե­րով ու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րով, այն­պէս ալ՝ ու­նե­ցած ե­լոյթ­նե­րով: Այս նա­խագ­ծին Սի­պիլ ներ­կա­յա­ցուց իր ծա­նօթ եր­գե­րը՝ «Բա­րի ա­րա­գիլ»ը, «Կի­լի­կիա»ն, «Նա­մակ»ը եւ «Միայն դու»ն:

Իսկ խօ­սե­լով թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հար­ցու­մին ի պա­տաս­խան երգ­չու­հին ը­սաւ, որ ա­նոնց­մէ եր­կու­քի հետ ու­նի սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, իսկ վեր­ջերս ալ Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճա­նի հրա­ւէ­րով հա­մեր­գի մը մաս­նակ­ցած է, ո­րուն Իս­րա­յէ­լէն եւ Յու­նաս­տա­նէն ժա­մա­նած ե­րա­ժիշտ­նե­րու մէջ ինք ե­ղած է միակ երգ­չու­հին, որ հա­յե­րէն երգ մը կա­տա­րած է: Երգ­չու­հին ը­սաւ, որ այդ հա­մեր­գին հիմ­նա­կա­նը թուր­քեր մաս­նակ­ցած են, եւ ինք առ­հա­սա­րակ, նպա­տակ ու­նի հայ եր­գը ներ­կա­յաց­նե­լու թրքա­խօս հա­սա­րա­կու­թեան եւ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ այդ գոր­ծին մէջ ինչ-ինչ քայ­լեր յա­ռաջ տա­րած է:

«Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» ե­րաժշ­տա­կան ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած ե­րա­ժիշտ­նե­րէն է Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր: Ան ծնած է 1966 թուա­կա­նին՝ Քըրք­լա­րէ­լիի մէջ եւ ութ տա­րե­կա­նէն ստա­ցած է ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն: Ու­նի ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն: Աշ­խար­հին մէջ ան ճանչ­ցուած է իբ­րեւ յա­ռա­ջա­տար քա­նո­նա­հար, եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րուե­ցաւ, որ իր ա­նու­նը ծա­նօթ ե­ղած է ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տի հա­յաս­տան­ցի ե­րա­ժիշտ­նե­րուն: Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր ու­նի կարգ մը պար­գեւ­ներ, իսկ 2000 թուա­կա­նին ա­նոր Ա­րե­ւել­քի քա­մի ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նուած է Թուրք հե­ղի­նակ­նե­րու միու­թեան կող­մէ եւ 2004 թուա­կա­նին Զուի­ցե­րիոյ մէջ ար­ժա­նա­ցած է Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հիմ­նադ­րա­մի Տա­րուան ե­րաժշ­տու­թիւն մրցա­նա­կին: Սկսեալ 1984 թուա­կա­նէն՝ Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր կը զար­գաց­նէ ձախ ձեռ­քով նուա­գե­լու իր ինք­նա­տիպ ո­ճը՝ կի­րա­ռե­լով նաեւ քա­նոն նուա­գե­լու ա­ւան­դա­կան ու­ղի­նե­րը: Թուրք յայտ­նի քա­նո­նա­հա­րը հան­դէս ե­կած է զա­նա­զան նուա­գա­խում­բե­րու հետ եւ կազ­մա­կեր­պած է քա­նո­նի դա­սըն­թացք­ներ՝ աշ­խար­հով մէկ: Ան մաս­նակ­ցած է Եուր­տալ Թոք­ճա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ձայ­նագր­ման, ինչ որ ալ գոր­ծա­ծուած է «Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րը» շար­ժան­կա­րին մէջ: Պաք­տա­կիր նաեւ գիր­քե­րու հե­ղի­նակ է, կը դա­սա­ւան­դէ Մի­մար Սի­նան հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րեւմ­տեան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ եւ Հա­լիչ հա­մալ­սա­րա­նի Թրքա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ:

Կէօք­սէլ Պաք­տա­կի­րի քա­նո­նով նուա­գակ­ցու­թիւ­նը՝ «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» ծրագ­րի ըն­թաց­քին, ըն­դու­նուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ: Ա­նոր քա­նո­նի նուա­գը ներ­դաշ­նա­կած էր միւս ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու կա­տար­ման եւ ռաք խում­բի ե­լոյ­թին հետ՝ ստեղ­ծե­լով եւ­րո­պա­կան ու ա­րե­ւե­լեան ա­րուեստ­նե­րու գե­ղե­ցիկ երկ­խօ­սու­թիւն մը՝ բե­մին վրայ:

Հա­մեր­գին մաս­նա­կից միւս ե­րա­ժիշ­տը նոյն­պէս իր աս­պա­րէ­զին մէջ ծա­նօթ ա­նուն մըն է: Ան՝ Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճան ծա­նօթ է իբ­րեւ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն ու­տա­հար­նե­րէն մին: Ե­րա­ժիշ­տը ծա­նօթ է այդ գոր­ծի­քը նուա­գե­լու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ո­ճով մը, ո­րու մի­ջո­ցաւ ան կը հա­մադ­րէ ա­ւան­դա­կանն ու ժա­մա­նա­կա­կից հնչե­րանգ­նե­րը: Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճան ծնած է 1966 թուա­կա­նին՝ Օր­տու քա­ղա­քը, ա­ւար­տած է Թրքա­կան ե­րաժշ­տու­թեան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը՝ 1988 թուա­կա­նին, իսկ 1990 թուա­կա­նին որ­պէս ու­տա­հար աշ­խա­տան­քի ան­ցած է Թուր­քիոյ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Իս­թան­պու­լի պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­կան նուա­գա­խում­բին մէջ: Այս ե­րա­ժիշ­տը ու­նի նաեւ մատ­նա­տե­ղեր չու­նե­ցող կի­թառ նուա­գե­լու ինք­նա­տիպ ոճ եւ իր բազ­մա­թիւ գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում­նե­րուն մէջ կը հա­մադ­րէ ա­ւան­դա­կան հա­րուստ մե­ղե­դիա­կա­նու­թիւնն ու բազ­մա­ձայն ե­րաժշ­տու­թիւ­նը: Ներ­կա­յիս ան կ՚աշ­խա­տի որ­պէս գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Թուր­քիոյ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ներ­քոյ: Թոք­ճան հան­դէս կու գայ İstanbul Sazendeleri (Իս­թան­պու­լի ե­րա­ժիշտ­ներ) խում­բին մէջ, որ ստեղ­ծուած է թրքա­կան գոր­ծի­քա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով: Ան նոյն­պէս մաս­նակ­ցած է բազ­մա­թիւ ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րու, հան­դէս ե­կած է աշ­խար­հի զա­նա­զան բե­մե­րու վրայ: Օսման Եուրտալ Թոք­ճան նաեւ մէկն է այն ե­րա­ժիշտ-կա­տա­րող­նե­րէն, ո­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հնչած է «Երկ­նա­յին ար­քա­յու­թիւն» շար­ժան­կա­րին մէջ:

Լրագ­րող­նե­րուն ան յայտ­նեց, որ շու­տով Թուր­քիոյ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ալ­պոմ մը թո­ղար­կէ: Ան նաեւ ը­սաւ, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը սեր­տօ­րէն կա­պուած են մէ­կը միւ­սին, նկա­տի առ­նե­լով, որ եր­կուքն ալ նոյն տա­րած­քաշր­ջա­նէն սե­րող ե­րաժշ­տու­թիւն են:

«Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» նա­խագ­ծի հա­մե­մա­տա­բար ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ե­րա­ժիշտ Պու­րաք Մալ­չոք ծնած է Ան­գա­րա, 1987 թուա­կա­նին: Ան թրքա­կան ժո­ղովր­դա­կան նէյ գոր­ծի­քի վար­պետ-կա­տա­րող է: 2010 թուա­կա­նին գե­րա­զան­ցու­թեամբ ա­ւար­տած է Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն թրքա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բա­ժի­նը, ա­պա մա­գիստ­րո­սի կո­չում ստա­ցած է Եըլ­տըզ ու Հա­լիչ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ: 2013 թուա­կա­նին Մալ­չոք հիմ­նած է իր Yekpare խում­բը, որ նոյն տա­րին ալ թո­ղար­կած է իր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը: Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ հան­դէս ե­կած է գոր­ծի­քա­յին կա­տար­մամբ, իսկ 2007 թուա­կա­նին Մալ­չոք նաեւ մաս­նակ­ցած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կազ­մա­կեր­պած Նէ­յա­հար­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ժո­ղո­վին, ուր նաեւ նուա­գած է: Ներ­կա­յիս, ան, որ­պէս ե­րա­ժիշտ կա­տա­րող եւ ձայ­նա­յին մաս­նա­գէտ ներ­կա­յա­նա­լէ զատ, կը դա­սա­ւան­դէ նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի մէջ (Օս­մա­նեան ե­րաժշ­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ու կա­տա­րում­նե­րու կեդ­րո­նը):

Այս նա­խագ­ծի ա­մե­նէն ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­կի­ցը՝ հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րու կա­տա­րող Մերթ Էլ­մաս, ծնած է 1997 թուա­կա­նին՝ Իս­թան­պու­լի մէջ, իսկ հա­րուա­ծա­յին գոր­ծիք­ներ նուա­գել սկսած է չորս տա­րե­կա­նին: Ներ­կա­յիս ան ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ է Cemal Reşit Rey ա­ր-ւես­տի դպրո­ցին մէջ:

Ինչ­պէս հայ հան­դի­սա­կա­նը ծա­նօ­թա­ցաւ թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րու բարձր կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուես­տին, այն­պէս ալ ի­րենք՝ թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րը վա­յե­լե­ցին հայ­կա­կան The Beautified Project ռաք խում­բի անկրկ­նե­լի կա­տա­րում­նե­րը, որ հա­մա­տե­ղուե­ցան ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թեան հետ՝ դառ­նա­լով ինք­նա­տիպ ե­րաժշ­տա­կան խառ­նուրդ մը, ինչ որ թար­մու­թիւն եւ հիաց­մունք պատ­ճա­ռեց հան­դի­սա­կա­նին:

The Beautified Project խում­բը այ­սօր կը նկա­տուի հա­յաս­տա­նեան միակ անգ­լիա­լե­զու ռաք խում­բը, որ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նի: Խում­բը հիմ­նած են Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած ե­րեք ի­րա­նա­հա­յեր՝ Անտ­րէ Սի­մո­նեա­նը, Ար­մէն եւ Առ­լէն Շահ­վեր­տեան­նե­րը, ո­րոնք եր­կուո­րեակ եղ­բայր­ներ են: Այս տա­րի խում­բը նշեց հիմ­նադր­ման 10-ա­մեա­կը եւ մի քա­նի ան­գամ ճանչ­ցուած է իբ­րեւ հայ­կա­կան լա­ւա­գոյն ռաք խումբ: Լոն­տո­նի մէջ հիմ­նուած խում­բը մի­ջազ­գա­յին հա­մեր­գա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցած է, սի­ր-ւած եւ ըն­դու­նուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ: The Beautified Project խում­բի հիմ­նա­դիր Անտ­րէ Սի­մո­նեանն ալ, բա­նա­լով «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» նա­խագ­ծի ե­րե­ւա­նեան հա­մեր­գը, ը­սաւ. «Շնոր­հա­կա­լու­թիւն, որ ե­կած էք, դուք մեծ սիր­տե­րու եւ լայն հո­գի­նե­րու տէր էք»:

Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ Don’t blame me եր­գի ա­ռա­ջին կա­տա­րու­մը, որ հնչեց նա­խագ­ծին մաս­նա­կից բո­լոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Նոյն հա­մեր­գը, նոյն ծրագ­րով եւ նոյն ե­րա­ժիշտ­նե­րով յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ 22 Դեկ­տեմ­բե­րին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ: The Beautified Project խում­բը, Սի­պի­լը եւ չորս թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րը, ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով ի­րենց խա­ղա­ղու­թեան յա­ջոր­դա­կան պատ­գամ­նե­րը կը յղեն:

 Իսկ թուրք ե­րա­ժիշտ­նե­րը ի­րենց մէկ­շաբա­թեայ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րը, կը ծա­նօ­թա­նան Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին՝ ի­րենց հետ տա­նե­լով մշա­կու­թա­յին Հա­յաս­տա­նի հա­րուստ շուն­չը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015