Գոհար Գասպարեան (Խաչատուրեան). Հայ Երգի Ու Երաժշտութեան Առինքնող «Սոխակը»

Դեկ­տեմ­բերի 14-ին, սի­րոյ ու հպար­տու­թեան ան­խառն յոյ­զե­րով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան 92-րդ ­տա­րե­դար­ձը հայ­կեան հան­ճա­րին անն­ման ձայ­նա­ւո­րին, հայ եր­գի ու ա­ռինք­նող սո­խա­կին՝ ­Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի (1924-2007)։

Իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն ա­ռաս­պե­լի վե­րա­ծո­ւած էր ձայ­նա­յին ու կա­տա­րո­ղա­կան մեծ ա­րուես­տի տէր աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հին, որ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ զարդն ու իս­կա­կան գո­հա­րը դար­ձաւ հայ­րե­նա­կան թէ սփիւռ­քեան, խորհր­դա­յին թէ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր բե­մե­րուն։

Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի շնչա­ւո­րած ու կեր­պա­ւո­րած անկրկ­նե­լի Ա­նուշն ու ­Շու­շա­նը (Ա. Տիգ­րա­նեա­նի «Ա­նուշ»ին եւ «­Դա­ւիթ ­Բէկ»ին մէջ), ­Կա­րի­նէն եւ Օ­լիմ­պիան (Տ. ­Չու­խա­ճեա­նի «­Լեպ­լե­պի­ճի»ին ու «Ար­շակ Ա.»ի մէջ), ­Ռո­սի­նիի «­Ռո­զի­նա»ն­ եւ ­Տե­լի­պի «­Լակ­մէ»ն, ­Մար­գա­րիտն ու ­Լու­չիան (­Կու­նո­յի «­Ֆաուստ»ին եւ ­Տո­նի­ցեթ­թիի «­Լու­չիա տի ­Լա­մեր­մուբ»ի), ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի քան քսաներեք օ­փե­րա­յին իր դե­րերգ­նե­րուն միւս հե­րոս­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի երկր­պա­գու­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Գո­հար ­Խա­չա­տու­րեան-Գաս­-պա­րեան ծնած էր 14 ­Դեկ­տեմ­բեր 1924-ին, ­Գա­հի­րէ (Ե­գիպ­տոս), ուր եւ ստա­ցած էր ե­րաժշ­տա­կան իր ու­սու­մը՝ Է. ­Ֆելտ­մա­նի եւ Վ. ­Կար­րո­յի ո­րա­կով մե­ծար­ժէք ե­րա­ժիշտ­նե­րու շուն­չին տակ։ Ար­դէն ե­րաժշ­տա­կան-բե­մա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տած երգ­չու­հի էր, երբ 1948-ին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան, ուր ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ գուր­գու­րան­քի եւ գնա­հա­տան­քի։

1949-էն սկսեալ ե­ղաւ Ալեքսանդր Ս­­պեն­դիա­րեա­նի ա­նո­ւան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի թատ­րո­նի մե­ներգ­չու­հի։ 1964-ին նաեւ դա­սա­խօս նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ, իսկ 1973-ին ար­ժա­նա­ցաւ փրո­ֆէ­սէօ­րի տիտ­ղո­սին։

Մաս­նա­գէտ­նե­րու միա­հա­մուռ ար­ժե­ւո­րու­մով՝ ­Գո­հար Գաս­պա­րեան օժ­տո­ւած էր «ձայ­նա­յին լայն տիա­փա­զոն»ով («փոքր օք­տա­ւա­յի սոլ հնչիւ­նէն մին­չեւ եր­րորդ օքտա­ւա­յի լա-ն») եւ «ան­բա­սիր թեքնի­կով»։

Քն­նա­դատ­նե­րը նոյն­պէս հա­մա­կար­ծիք են, որ ­Գո­հար Գաս­պա­րեա­նի ձայ­նը կը յատ­կան­ըշ-ւէր մեծ ճկու­նու­թեամբ, ե­րանգ­նե­րու ճո­խու­թեամբ եւ ան­ցում­նե­րու թե­թե­ւու­թեամբ, իսկ հան­ճա­րեղ երգ­չու­հիին կա­տա­րում­նե­րը կ­­՚ա­ռանձ­նա­նա­յին տուեալ դե­րերգ­նե­րու խոր­քա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ըն­կա­լու­մով ու դրսե­ւո­րու­մով։

Ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ ­Գո­հար ­Գաս­պա­րեան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն դար­ձաւ հայ եր­գի եւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բե­մա­հար­թակ­նե­րուն վրայ։ Ա­նոր եր­գա­ցան­կը մե­ծա­պէս ընդգր­կուն ե­ղաւ եւ ան­մո­ռա­նա­լի մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցուց ­Պա­խի ու ­Հեն­տե­լի, ­Մո­ցար­թի եւ ­Ռախ­մա­նի­նո­վի, Շթ­­րաու­սի եւ ­Չայ­քովս­կիի տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծա­գոյն վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը։ ­Հան­դէս ե­կաւ թե­մա­թիք հա­մերգ­նե­րով՝ ի­տա­լա­ցի վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րէն մին­չեւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւն, ­Կո­մի­տաս ու ­Շէյքս­փի­րեան նիւ­թե­րով կազմո­ւած հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր։

Իր բարձ­րո­րակ տա­ղան­դով ու հա­մեր­գա­յին ընդգր­կուն ծրա­գիր­նե­րով՝ «­Հա­յոց ­սո­խակ»ի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած երգ­չու­հին աշ­խար­հով մէկ շրջե­ցաւ եւ իր ե­զա­կի ձայ­նով ու ա­րո­ւես­տով գրա­ւեց մե­ծա­գոյն բե­մեր՝ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, Միացեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ ­Ճա­բոն, մերձաւորա­րե­ւե­լեան հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն մին­չեւ խորհր­դա­յին հա­մա­միու­թե­նա­կան կեդ­րոն­ներ։

Գո­հար ­Գաս­պա­րեան ար­ժա­նա­ցաւ պե­տա­կան թէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րա­գոյն տիտ­ղոս­նե­րու եւ շքան­շան­նե­րու։ Խորհրդային ­Միու­թեան «ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ»ի եւ «աշ­խա­տան­քի հե­րոս»ի կո­չու­մին տի­րա­ցաւ, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան «­Մես­րոպ Մաշ­տոց»ի բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցաւ։ ­Բայց ա­մէն բա­նէ վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտին մէջ գրա­ւեց «Հա­յոց ­սո­խակ»ի բարձ­րա­գոյն պա­տո­ւան­դա­նը։

Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, ­Գո­հար ­Գաս­պա­րեան տա­րի­նե­րով պայ­քա­րե­ցաւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ, ու­ղե­ղի կա­թո­ւած ու­նե­ցաւ եւ 16 ­Մա­յիս 2007-ին առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն՝ հա­յոց մե­ծա­մեծ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւած ու սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ նո­ւա­ճած հայ եր­գի ու դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան անն­ման վար­պե­տի յա­ւեր­ժու­թեան ի­րա­ւունքն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա­հա՛ վկա­յու­թիւն­նե­րը հա­յոց մե­ծե­րուն.

- Հայ քնա­րեր­գու­թեան վար­պե­տին՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ար­ժե­ւո­րու­մով, «թռչուն­նե­րը ­Գո­հար Գաս­պա­րեա­նին սո­վո­րեց­րել են եր­գել, իսկ նա թռչուն­նե­րին՝ ծլո­ւը­լալ»։

- Մե­ծա­տա­ղանդ երգ­չու­հի ­Զա­րու­հի ­Տո­լու­խա­նեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «նման տի­տան­ներ, ինչ­պի­սին ­Գո­հար ­Գաս­պա­րեանն է, ծնւում են հա­րիւր տա­րին մէկ։ Հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կան­նե­րի ա­մե­նա­բարդ գոր­ծե­րը, ո­րոնք, թւում է, թէ անհ­նար է կա­տա­րել, գաս­պա­րեա­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թեամբ նոր կեանք են ստա­նում։ ­Գո­հա­րը վո­կա­լա­յին աստղ է»։

­- Մե­ծա­նուն խմբա­վար Ա­լեք­սանդր ­Մե­լիք-­Փա­շա­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ «­Գո­հար ­Գաս­պա­րեա­նի եր­գը ա­րո­ւես­տի ժպիտն է, զար­դա­րում է կեան­քը: ­Մեծ երգ­չու­հու ա­նու­նը բո­լոր հա­յե­րի մէջ մշտա­պէս ա­ռա­ջաց­նում է մեծ հպար­տու­թեան եւ հիաց­մուն­քի զգա­ցո­ղու­թիւն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016