ԹԷ՛ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԵՒ ԹԷ՛ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՍԿԵԶՕԾԸ՝ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳԱՆՁԱՏՈՒՆԸ

Երբ առիթը պիտի ունենայի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատուն-թանգարանը շրջելու, առաջին հերթին նախ ուզած էի «գանձատուն» եւ կամ «գանձարան» բառերու նշանակութիւնը ստուգել։ Զանազան առիթներով քանիցս գործածուած «գանձ» բառէն սերած էին այս նորակերտ բառերը որոնց նշանակութիւնը, թէ՛ Ստեփան Մալխասեանց եւ թէ՛ Հրաչեայ Աճառեան իրենց ոճով գեղեցկօրէն կը ներկայացնէին։ Գանձատուն կը նշանակէ գանձի տուն եւ կամ շինութիւն, որուն մէջ կը պահպանուի ոսկի, արծաթ եւ այլ դրամական արժէքներ։ Այլ խօսքով, ան հարստութիւն պարունակող վայրն է։ Իսկ ի՞նչ էր այդ հարստութիւնը, եթէ ոչ՝ նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը։

Բառերը երբեմն իրենց պարզ տեսքով, թէկուզ տկար երեւնան,  շատ բաներ կրնան խօսիլ գաղափարներու եւ կամ խորհուրդներու մասին, որոնցմէ մին է «գանձ» բառը։ Քանի անգամներ գործածուած է նիւթական հարստութիւն մը բնութագրելու համար, հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր։ Եւ կամ քանի անգամներ ռամիկ հաւատացեալի մը կողմէ հոլովուած է հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտադրելու համար։ Չեմ գիտեր քանի անգամներ այս բառը գործածելով, առաւօտեան մեր աղօթքներուն մէջ միացած ենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ներշնչանքին ու ըսած՝ «Գանձդ ողորմութեան, գանձիդ ծածկելոյ, գտող զիս արա, Դուռն ողորմութեան, դաւանողիս բաց, դասեցո վերնոցն»։ Եւ կամ չե՞նք լսած Տէր Յիսուս Քրիստոսի բազմիցս կրկնած խորհուրդը. «Վասն զի ուր որ են ձեր գանձերը, հոն պիտի ըլլան նաեւ սրտերը»։ (Մտթ. 6.21)։ Հետեւաբար այս կարճ սակայն իմաստալից այցելութեան ընթացքին, պէտք էր յիշատակէի գանձ բառին միացած նիւթական եւ կամ բարոյական եւ ա՛լ աւելին սուրբգրային երեսակները, որովհետեւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատուն-թանգարանը այն վայրն էր, որուն մէջ թէ՛ նիւթականը առաւել եւս արժէք կը ստանար բարոյական ու պատմական իմաստով եւ թէ՛ բարոյականը կը պճնազարդուէր ու փայլէր շողշողուն ոսկիներով եւ կամ ձեռագործին շաղախուած արդար աշխատութեան քրտինքով։ 

Նախքան թանգարան մուտք գործելս, պիտի ուզէի նաեւ գանձատուն-թանգարանի մասին Մայր Աթոռոյ մէջ լոյս տեսած պաշտօնական տեղեկութիւններէն հատուած մը բաժնել։ Գանձատուն-թանգարանը բացուած է 11 հոկտեմբեր 1982-ին, երանաշնորհ Վազգեն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառի հայրապետութեան շրջանին, բարերարութեամբ՝ ամերիկահայ ազգային բարերարներ Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու։ Գանձատան-թանգարանի ճարտարապետն է Պաղտասար Արզումանեան, որ հայ դասական ճարտարապետութեան նոր եւ իւրայատուկ գիծերով կառուցած է շէնքը։ Գանձատան մէջ ցուցադրուած նմոյշները ժամանակի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած են հայկական տարբեր համայնքներէ։ Այս նմոյշները կը վկայեն տարբեր դարաշրջաններու հայ վարպետներու հմտութեան եւ բարձր ստեղծագործական ոգիին։ Իսկ հուսկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հոգածութեան արժանանալով, գանձատունը առաւել եւս կանոնաւորուիլ սկսած է վերջին տարիներու ընթացքին եւ ըստ կարելւոյն նոր գոյքերով ու բաժանմունքներով կ՚ընդարձակէ իր առաքելութիւնը։

Գանձատուն-թանգարան երթալու համար նախ պէտք է անցնիլ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի դիմացի Ս. Տրդատի Դուռէն եւ պէտք է ընթանալ դէպի նորակերտ Վեհարանը։ Ես ալ Տ. Թէոդիկ Քահանայ Հօր հետ միատեղ այդպէս կատարեցի եւ միատեղ կամաց, սակայն ամուր քայլերով ընթացանք դէպի գանձատուն։ Քիչ մը եւս շարժելէ յետոյ Վեհարանի շէնքէն դէպի ձախ ուղղուեցանք եւ գանձատունը արդէն իսկ իր աւանդական կառուցուածքով դիմաւորեց մեզ։ Շէնքը շրջապատուած էր հիանալի ճաշակով զարդարուած կանաչագեղ խոտերով եւ ծաղիկներով, որոնց շրջակայքը կը գտնուէին տուֆի քարերով պատրաստուած խաչքարեր։ Կանոնաւոր ձեւով իրարու մօտ կանգնած խաչքարերու երեսներու վրայ քանդակուած էին գրեթէ իրերանման մոթիֆներ, իսկ անոնց ետեւը արձանգրուած՝ յիշատակարաններ, որոնց մէջ տեղ գտած էին երանաշնորհ Վազգեն եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ այժմու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի շրջանին բարերարութիւն կատարած անձերու եւ իրենց գաղութներու անունները։ Ցանկագրութիւնը ինքնին կը վկայէր, թէ Մայր Աթոռը տասնամեակներու ընթացքին արժանացած էր սփիւռքեան զանազան օճախներու վստահութեան եւ օժանդակութեան։ Իսկ այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանար Ալեք եւ Մարի Մանուկեան ամոլին շիրիմը, զոր գանձատան առջեւ կառուցուած է իրենց աճիւններուն 2007-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամփոփուելէն յետոյ։

Յաջորդաբար բարձրացանք գանձատան մուտքի աստիճաններէն եւ արդէն իսկ մայր դրան ճակատը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հայկական նաշխերով շրջապատուած «ԳԱՆՁԱՏՈՒՆ ԱԼԵՔ ԵՒ ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, ՌՆԼԱ» գրութիւնը։ Անցնելով այս կամարանման մուտքէն, առաջին հերթին տեսանք, թէ երկյարկանի կառոյցի վերի յարկին մէջ կը շարունակուէին նորոգութեան աշխատութիւնները եւ կը նախատեսուէր աշխատութեանց աւարտին վերստին օգտագործել այդ բաժինը, որպէսզի առաւել եւս գոյքերը ցուցադրելու հնարաւորութիւնը ստեղծուէր։ Բաց աստի, ինչպէս շէնքի արտաքին տեսքը, նոյնպէս ալ ներքին կառոյցը եւս իր հայկական աւանդական ճարտարապետութենէ բխած շունչով կը ներկայանար այցելուներուն։

Երբ գանձատան սրահէն մուտք գործեցինք, դիմաւորուեցանք տեղւոյն պատասխանատուներէն միոյն կողմէ, որ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ գանձատան մասին։ Ինչպէս ինք եւս վերյիշեցուց, գանձատան մէջ կը ցուցադրուէին զգեստներ, դպրական շապիկներ, սկիհներ, խորանի վարագոյրներ, մասունքակիր աջեր, մասունքներ, ջահեր, խաչեր, աւետարաններ եւ պէս-պէս արժէքաւոր իրեր: Զանազան գոյքեր բոլորուած էին ապակեայ պահպանակներով եւ այցելուներ կարգաւ կանգ առնելով իրենց առջեւ, նայուածքով կը շօշափէին պատմական արժէք ներկայացնող այս գանձերը։ Ես ալ նման բոլոր այցելուներուն՝ մեծ հետաքրքրութեամբ սկսայ շրջիլ եւ տեսնել, թէ ինչպիտի գանձեր փրկուած են պատմութեան քայքայումէն եւ ձեւով մը հասած՝ մերօրեայ ժամանակներուն։ Պատմական ընթացքը որովհետեւ, թէ՛ պատճառ եղած է, որ պատրաստուին բազմապիսի գոյքեր, սակայն նոյն ընթացքը պատճառ եղած է, որ նման գոյքերը կորսուին եւ կամ փճանան։ Փառք Աստուծոյ, որ ընդարձակ սրահի մը մէջ մենք կը վայելէինք փրկուածները, փոխանակ՝ կորստեան մատնուածներուն։

Եւ ահա, այս տեսքն է, որ մտածել կու տայ «գանձ» բառի խորունկ նշանակութեան մասին, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ իրականութենէն ներս։ Պատգամը խոր իմաստներ կը փոխանցէ, նկատելով, որ առաջին հերթին Յիսուս Քրիստոսի «Վասն զի ուր որ են ձեր գանձերը, հոն պիտի ըլլան նաեւ սրտերը» խօսքը կը վերյիշեցնէ։ Իւրաքանչիւր գոյք ցոյց կու տար, թէ հարիւրաւոր տարիներ առաջուց Հայ Եկեղեցին իր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն մէջ տեղ գտած է եւ նոյն ժողովուրդը իր թէ՛ նիւթական հարստութիւնը եւ թէ՛ ձեռագործ աշխատութիւնը ի սպաս դրած է Հայ Եկեղեցիին։ Այս մէկը առիթ էր, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյս Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը վերյիշելով, Մայր Աթոռոյ իրականութեան մէջ անգամ մը եւս տեսնելու փորձը կատարեմ հայ ժողովուրդի եկեղեցասիրութեան երակին։ Գոյքերու բոլորն ալ, ճիշդ է, թէ որպէս պատմական հնութիւն եւ ոսկեպատ գանձերը մեծ հարստութիւն կ՚արժէին, սակայն նախ կը ներկայացնէին, թէ Հայ Եկեղեցւոյ արուեստագէտ վարպետները իւրացուցած ըլլալով «Մարդ է որ գործէ զերկիր» աստուածաշնչական սիրուած արտայայտութիւնը, սկսած էին գործել ի սիրոյն Հայ Եկեղեցւոյ։ Գործած էին մեր ժողովուրդի վարպետները եւ գեղեցկութիւնը աճեցուցած էին, որովհետեւ անոնք հետեւողը եղած էին Ս. Սողոմոն իմաստուն թագաւորին, որ ոսկիով պատած էր Աստուծոյ տաճարը, իր ունեցած նիւթականը օգտագործելով։ Եւ կամ անոնք հետեւորդներն էին Ս. Մովսէս մարգարէին, որ Աստուածային պատուիրանին հնազանդելով պատրաստեց «ոսկի» տապանակ, որուն մէջ դրաւ հոգեւոր գանձերը։ Այլապէս, Աստուածաշնչական օրինակները, հայոց մօտ եւս շատ ատեններ վերակենդանացած են ու անոնք իրենց սիրտը դնելով իրենց Տիրոջ՝ փափաքած են նիւթական հարստութիւն եւ կամ վարպետութիւն ի սպաս դնել։ Այլապէս եղեր են հաւատացեալ անձինք, որոնք փորձեր են ժամանակին մէջ անժամանակ արժէքներու գանձարան՝ Եկեղեցիին նժարը ծանրացնել իրենց ստեղծագործութեամբ եւ կամ բարերարութեամբ, վերստին յիշատակելով Աստուածային գրութիւնը. «Երանի որ ունիցի յիշատակ ի Սիոն»։ Ներկայիս եւս շատ ատեններ անհասկնալի դարձած այս նուիրեալ ընծայումը, յատկապէս անցեալին մեր արուեստագէտ վարպետներու մօտ դարձեր է ծառայութեան եղանակ ու անոնք ուզեր են նիւթական աշխարհի մէջ, նիւթական փայլով ցուցադրել Աստուածային փառքը յաչս ժողովրդեան։

Գանձատան մէջ, անշուշտ, թէ բազմապիսի գոյքեր կան եւ անոնց բոլորին մասին կ՚արժէ առանձնապէս գրել եւ կամ տեղեկութիւններ փոխանցել։ Իսկ եթէ այս մէկը կատարուի, համայնագիտարան մը կազմելու աստիճան գիտելիքներով ճոխ գանձեր կը գտնուին առնուազն այս գանձարանին մէջ։ Բայց ես անհատաբար պիտի ուզէի այս բոլորին մէջէն առաձնացնել քանի մը գոյքերը, որոնց տէրերուն մասին մտածելը իսկ բաւականին կ՚ոգեւորէր այցելուներս։

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԹԱԳԸ

Անոնցմէ առաջինն էր, Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի սաղաւարտը։ Մոխրագոյն թաւիշի վրայ աշխատուած քահանայական թագը, 19-րդ դարուն պատրաստուած էր Կ.Պոլսոյ ոճով եւ շրջապատուած՝ աւանդական տեսքով կազմուած ծաղիկներու նաշխերով ու զարդարանքով։ Թագի վերեւէն դէպի վար աշխատուած էին ճառագայթներ։ Իսկ սաղաւարտին գագաթը կը կենար Ս. Խաչը։ 

Եթէ միայն առանձինն սաղաւարտ մը ըլլար այս մէկը՝ պիտի ըսուէր, թէ պատմական հնութիւն մըն էր մօտաւորապէս հարիւրամեայ պատմութեամբ։ Որպէս գանձ, իրաւ է, թէ պիտի ունենար իր արժէքը։ Սակայն այս միոյն վրայ երբ կը բեռցուէր Կոմիտաս Վարդապետի կողմէ գործածուած ըլլալու հանգամանքը, գանձը կը վերածուէր անգտանելի յիշատակարանի մը եւ իր բարոյական արժէքը կը գերիշխէր նիւթականին։ Որքա՜ն խորհրդաւոր յիշատակ մը, որ դարձած է Կոմիտաս Վարդապետէն հասած սրբազան գանձ։ Ան կը գտնուէր այն վայրին մէջ, ուր մտած էր Սողոմոն Սողոմոնեան, ապա՝ ձեռնադրուած էր քահանայ, դառնալով՝ Կոմիտաս Վարդապետ։ Այս սաղաւարտը ո՞վ գիտէ քանի անգամներ իր գլխուն վրայ դնելով մատուցած էր սուրբ պատարագներ եւ իր այնքան հանճարեղ ձայնով գրաւած՝ հաւատացելոց ուշադրութիւնը։  Իսկ ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ իր գլխուն վերեւ կրած եւ Քրիստոսի խաչելութեան փուշէ պսակը խորհրդանշող այդ սաղաւարտը, նաեւ խորհրդանիշը պիտի դառնար՝ հանճարեղ վարդապետին ապագայի վիշտերուն ու ողբերգութեան։

Այս խոհը առաւել եւս նշանակալից կը դառնար նուաստիս մօտ, քանի խաւարամած գիշերուայ ժամերուն, իր վերջին աղօքթը արտասանած Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղւոյս մէջ, քանի-քանի անգամներ մտածած եմ, որպէս երաժշտապետ ի Պոլիս իր վերջաբանին մասին։ Երեւակայած եմ իր ծնկաչոք աղօթքի ու երգած՝ «Տէր ողորմեայ»ին մասին եւ խաչելութիւնը տեսած եմ իր երաժշտական կեանքէն ներս։ Իսկ միւս կողմէ նոյն օրուան մէջ էր, որ Կոմիտաս Վարդապետի յօրինած «Առ գետս Բաբելացոց» խմբերգի մասին կը զրուցէինք, քարոզխօսութեան մը առիթով։ Այն հոգեւոր երգին մասին, որ Սաղմոս ՃԼԶ-ի տողերու օգտագործութեամբ գրի առնուած էր եւ դարձած՝ Կոմիտաս Վրդ.ի գլուխ գործոցներէն միոյն։ Այս սաղաւարտի խաչելութեան պսակի խորհուրդին մէջ, քնարը կախած երգ երգելէ դադրած սոխակին խաչելութեան դիմանկարը եւս յայտնի կը դառնար նուաստիս մօտ։ Հետեւաբար, այս պահը առիթ եղաւ կրկնելու նոյն սաղմոսին տողերէն պատշաճուած ուխտադրութիւնը. «Կոմիտա՜ս, եթէ քեզ մոռնանք, մեր լեզուն չորնայ»։

Հիմայ հարց կու տամ հարազատներուն, արդեօք ո՞ր նիւթական արժէքով կրնանք չափել այս պատմական սաղաւարտը։ Ո՞ր ոսկին կամ արծաթը կրնայ հաւասարիլ Կոմիտաս Վրդ.ի անմահ յիշատակին։ Իսկ ես նուաստաբար իր առջեւ կանգնած, որպէս ընծայ կը մատուցանէի պոլսական իր հաճելի եւ դառն յիշատակները, իրեն մէջ խառնելով աղօթախառն մրմունջ մը։ Ուստի, գանձարանի այս բարոյական գանձին առջեւ կանգնած կը խոնարհիմ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական հանճարին առջեւ ու կը շարունակեմ ուղեւորութիւնս։

ՊԷԶՃԵԱՆ ԱՄԻՐԱՅԷ ՇԱՊԻԿ

Յաջորդաբար ուշադրութիւնս գրաւեց դպրական շապիկ մը եւ ուրար մը, որոնք բաւականին հարազատ էին նուաստիս, նկատի ունենալով՝ որ յիշատակն էր 19-րդ դարու ազգային բարերար Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի։ Յատկապէս վերեւի բաժինը ծանր արծաթամած թելերով աշխատուած, զուտ ծաղիկներու նաշխերով ձեռագործուած շապիկները, Պոլսոյ պատմութեան հետ նոյնացած շապիկներու կարգին կը դասուին։ Այս շապիկները նաեւ ունին լուրջ ծանրութիւն մը, նկատի ունենալով՝ որ պատրաստուած են ծանր թաւիշներով։ Նոյն ոճով որպէս ամբողջացուցիչ տարր պատրաստուած են նաեւ սարկաւագական ուրարները, որոնցմէ օրինակ մը եւս հասած էր գանձատունը։ Տէր Թէոդիկը, որ մօտէն կը հետաքրքրուի նման նաշխերով ու աշխատութեամբ, ինք եւս հիացմունքը յայտնած է ի դիմաց եզակի աշխատութեան։

Պոլսոյ մէջ յատկապէս Աթոռանիստ Մայր տաճարի գանձատան գլուխ գործոցներէն են այս շապիկները, որոնք գրեթէ միայն հանդիսաւոր արարողութեանց առթիւ յատուկ արտօնութեամբ դուրս կը բերուին։ Աստուածավախ մեծ բարերարը ժամանակօք ասեղնագործութեան գործարաններ հաստատած է իգական սերունդի համար ու անոնց պատուիրած՝ որ իրենց շնորհքը ի սպաս բերեն ի փառս եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ։ Ներկայիս, աւա՜ղ որ, նման աշխատութիւն մը կատարելը գրեթէ անհնարին է եւ մենք կը շարունակենք վայելել անցեալէն փոխանցուած այս հիանալի գանձը։ Այլապէս, ոսկի մը չէ այս մէկը այլ զգեստ մը միայն, սակայն ան թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս բաւականին կ՚արժէ ըստ մեր տեսութեան, նկատի ունենալով, թէ ինք խորհրդանշական վկայութիւններէն միոյն վերածուած է Յարութիւն ամիրայի եւ իր մէջ խառնուած՝ եկեղեցի, հաւատք եւ բարերարութիւն բուրող պատմութիւն մը։ 

Հետեւաբար, գանձարանի այս գանձը, առիթ է, որ վերյիշենք Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի խօսուն հաւատքն ու աննախընթաց գործունէութիւնը եւ դպրական շապիկին օրինակով իրեն քանիցս կրկնած սաղմոսը. «Աղաղակեցէ՛ք առ Տէր, ամենա՛յն երկիր, ծառայեցէ՛ք Տեառն ուրախութեամբ»։ Եւ կամ ինչպէ՞ս չյիշել Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Գանձեր դիզեցէ՛ք ձեզի երկնքի մէջ, ուր ո՛չ ցեց եւ ո՛չ ուտիճ կը փճացնեն եւ ո՛չ ալ գողերը ծակ կը բանան ու կը գողնան» (Մատթ. 6.21) խօսքին այնքան հաւատարմութեամբ փաթթուած ու հանուր կեանքի ընթացքին իր նիւթականով թէ՛ եկեղեցին շէնցուցած եւ թէ՛ Աստուծոյ փառքը երգած երջանկայիշատակը։ Այս առթիւ հանգստեան աղօթքով կը յիշատակեմ զինք եւ խոնարհելով իր վաստակին առջեւ կը շարունակեմ ուղեւորութիւնս։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐ

Ոսկեպատ գոյքերուն մէջ, առանձաբար հիացումով մօտեցայ նաեւ այն գանձերուն, որոնց արտաքինը ոսկի եւ կամ արծաթ ըլլալով հանդերձ, իրենց մէջի գանձը անփոխարինելի էր, նկատի ունենալով՝ որ անոնք մասունքակիր գանձեր էին։ Իրարմէ տարբեր դարերուն պատրաստուած այս գանձանակներուն մէջ կը գտնուէին այնպիսի արժէքներ, որոնք թէ՛ համաքրիստոնէական արժէք կը ներկայացնէին եւ թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ կը դառնային բարեխօսութեան դիմելու սրբութիւններ։ Նոյեան տապանի, Ս. Մինասի, Ս. Յովհաննէս Կարապետի, Ս. Գէորգ զօրավարի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի, Ս. Սարգիսի, Ս. Ստեփաննոսի, Ս. Անանիա առաքեալի, Ս. Ղուկաս աւետարանիչի եւ տակաւին բազմաթիւ սուրբերու մասունքներ պահպանուած են մասունքակիր գանձատուփերու մէջ։ Այս գանձատուփերը կը տարբերէին որեւէ սկիհէ, խաչէ, զգեստէ եւ կամ գոյքէ, որովհետեւ իրենց մէջ ուղղակիօրէն մաս եւ բաժինը կը գտնուէր սուրբերու։ Հետեւաբար, անոնց մօտ թէ՛ յիշատակ մը կար բարոյական եւ մշակութային, թէ՛ նիւթական արժէք մը՝ արտաքին ոսկիէն եւ կամ արծաթէն բղխած։ Սակայն այս բոլորին մէջ գերիշխողն էր անշուշտ՝ օրհնութեան գանձարանները, բարեխօսական մասնատուփերը, որոնց մէջ ուղղակիօրէն կային յիշեալ սուրբի մը ներկայութիւնը։ Իսկ անոնցմէ ոմանք միայն ու միայն կը գտնուէին Մայր Աթոռոյ գանձատան մէջ։

Անշուշտ, թէ այս բոլորին մէջ կ՚առանձնանար Ս. Գեղարդի մասունքը, որուն մէջ խառնուած էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար եւ պատուական սուրբ արիւնը։ Տակաւին երկու շաբաթ առաջ էր, որ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ դուրս բերուած էր գանձատունէն, որպէսզի ժողովուրդը երկրպագելու համար մօտենար այս սուրբ գանձին։ Տակաւին թարմ են յիշատակներս, որով ականատեսը եղած էի, թէ լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր ձեռամբ վերաբերուած Ս. Գեղարդի մասունքին մօտենալու համար ժողովուրդը որքան մեծ ոգեւորութիւն մը ունէր։ Մօտէն ականատեսը եղած էի, թէ որքան մեծ ուշադրութեամբ եւ գուրգուրանքով զայն վերստին ծրարած ու վերադարձուցած էին գանձատունը։ Պատասխանատու հոգեւորականներ ուշադրութիւն կ՚ընէին, թէկուզ փոշի մը անգամ վնաս չհասցնէր այս սրբազան աւանդին։

Կրնամ ըսել, թէ բազմաթիւ են մասունքակիր գանձատուփերը եւ իւրաքանչիւրը ունի իր եզակի պատմութիւնը եւ պատրաստութեան փուլը։ Ո՞վ գիտէ, քանի հաւատացեալներ սուրբերու բարեխօսութեան դիմելու տրամադրութեամբ երկիւղով մօտեցած է մէն մի մասնատուփին։ Չենք գիտեր, թէ ինչ հրաշքներ իրականացած են այս սրբազան մասունքներու ներգործութեամբ հաւատացելոց կեանքերէն ներս։ Սակայն, կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւրը առանձնաբար ներշնչանքի աղբիւրի կը վերածուին առաջի հաւատացելոց։ Իսկ որքա՜ն լաւ սովորութեան վերածուած է, թէ սրբոց այս մասունքները, յատուկ տօնակատարութեանց առիթներով դուրս կը  բերուին գանձատունէն եւ կ՚արժանանան հաւատացելոց երկրպագութեան։ Թէկուզ անարժէք մասնատուփի մը մէջ իսկ ըլլայ, այդ մասունքը պիտի արժանանայ հաւատացելոց գնահատանքին եւ երկրպագութեան։ Հետեւաբար, կարելի՞ է նիւթականով չափել այս գանձատուփերու արժէքը։ Սակայն, անոնք նաեւ նիւթական աշխարհի նիւթական կանոններուն մէջ ըսել կ՚ուզեն, թէ օրհնութիւնը այն արժէքն է, որ թանկ է ոսկիի նման։ Այնուհետեւ, կը տեսնենք նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը այս գանձատուփերու մէջ։

Ուստի, այցելուներս եւս անմասն չէինք կրնար մնալ այս սրբութիւններու ներկայութենէն, հետեւաբար խաչակնքեցինք իրենց առջեւ եւ բարեխօսութեան դիմեցինք սուրբերուն, որպէսզի անոնք պայծառազարդեն մեր եկեղեցին եւ հաւատաւոր զաւակները։

ԳԱՆՁԱՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Այցելութեան աւարտին, տեսած ըլլալով գանձատան գոյքերու տակաւին միայն մէկ մասը, արդէն իսկ ոգեւորուած կը զգայի տէր հօր հետ միատեղ։ Հիասքանչ նկարներ, գոյքեր, զգեստներ, գորգեր, ձեռագործներ, խաչեր, գաւազաններ կը ցուցադրուէին, իսկ միւս կողմէ տակաւին դասաւորման գործընթացի մէջ էին տակաւին ինչ-ինչ գոյքեր։

Մինչ այդ, թանգարանի տեսուչ Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի հետ զրուցելու եւ թանգարանի մասին ամփոփիչ տեղեկութիւններ ստանալու առիթն ունեցանք։ Թանգարան-գանձատունը յետ վերաշինութեան աշխատութիւններու ընդարձակուելով, առաւել եւս ճոխ նմոյշներով պիտի շարունակէ ներկայանալ այցելուներուն։ Այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս կրկնեցի, թէ արժան եւ իրաւ են այն բոլոր ծախսերը, որոնց շնորհիւ այս գանձերը կը ներկայանային թէ՛ օտար եւ թէ՛ հայազգի այցելուներուն։ Առ հասարակ, այս այցը առիթ եղաւ, որ «գանձ» բառի տարբեր երեսակները արժեւորեմ եւ այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս յիշեմ, թէ մեր նախնիք Աստուծոյ ընծայման մէջ գտեր են իրենց գանձը։ Անոնք գործեր են իրենց ձեռքերով նիւթականը եւ վերածեր են զայն աննիւթականը պատմող իրեղէնի՝ ի սպաս դնելով տաղանդն ու ոսկին։ Ուստի, կը մնայ կատարել բարեմաղթութիւն ըսելով. «Տէր, անսասան պահէ քու փառքդ պատմող այս գանձատունը եւ կանգուն պահէ իր մէջ ամփոփուած բոլոր գանձերը»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

16 դեկտեմբեր 2021, հինգշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021