ԲՆԱԳԻՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքի պատրաստութեան մասին։ «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Հայաստանի ազգային արխիւը վերոյիշեալ գիրքը պիտի հրատարակէ ընթացիկ տարուան տեւողութեան։ Իր խօսքերով, այս գործը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայկական կալուածներու վերաբերեալ պահանջներուն տեսակէտէ։ Գիրքին բովանդակած փաստաթուղթերը կրնան օգտագործուիլ պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն միշտ օրակարգի վրայ կը գտնուին անցեալի հայկական կալուածներու, մանաւանդ եկեղեցապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձին կամ համապատասխան հատուցման հարցերը, նոյնիսկ դատական նախաձեռնութիւններ կը կատարուին այս մասին։
«Անոնք բնագիր փաստաթուղթեր են, թրքական մուրհակներ օսմաներէնով գրուած եւ կնքուած։ Մանրամասն կը ներկայացուի, թէ ո՛ր եկեղեցին ի՛նչ կալուած ունի։ Սա կրնայ ըլլալ շէնք-շինութիւն, խանութ, հողատարածք, դպրոց եւ այլն։ Այդ բոլորին վերաբերեալ բնագիր փաստաթուղթերը կը պահուին մեր մօտ», ըսաւ Ամանտունի Վիրաբեան եւ աւելցուց, որ իրենք կը կազմեն շտեմարան մը՝ 1915 թուականին Օսմանեան պետութեան տարածքէն ներս հայ ընտանիքներու ստացուածքի մասին։ Տնօրէնի խօսքերով, իրենց մօտ ի պահ դրուած են ընդամէնը 300 հազար մարդու ստացուածքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, սակայն հասկնալի է, որ այդ տուեալները աւելի շատ են։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ամատունի Վիրաբեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ազգային արխիւէն ներս ի պահ դրուած փաստաթուղթերը առարկայ կը դառնան նաեւ թուրք ուսումնասիրողներու հետաքրքրութեան։ Ամէն տարի շուրջ տասնհիգ օտարերկրեայ ուսումնասիրող կ՚աշխատի Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս։ Սկզբնական շրջանին օտար մասնագէտները ըստ էութեան կը հետաքրքրուէին անցեալ դարասկիզբի իրադարձութիւններուն մասին փաստաթուղթերով։ Սակայն վերջին երկու տարիներուն կը նկատուի, որ հետաքրքրութիւնը աճած է Հայաստանի խորհրդային շրջանի մասին փաստաթուղթերուն նկատմամբ։ «Կը փափաքին տեսնել, թէ Մոսկուայի իրադարձութիւններն ու զարգացումները ինչպէս ազդած են ծայրամասային Հանրապետութեան՝ Հայաստանի վրայ», ըսաւ Վիրաբեան եւ աւելցուց, որ ամէն տարի կ՚ունենան մէկ կամ երկու թուրք հետազօտող։ Անոնք առաւել չափով կը հետաքրքրուին 1915-ի վերաբերեալ փաստաթուղթերով։ Բաց աստի, թուրք ուսումնասիրողները շատ կը հետաքրքրուին Կարսով։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն նաեւ Էրզրումի, ընդհանրապէս Կարինի շրջանի եւ Սեբաստիոյ մասին փաստաթուղթերուն վրայ։