ԳԻՆԻԻ ՇՔԵՂ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՆՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Անցեալ տարեվերջը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի մէջ թանգարանի մը եւս հիմնադրումով: Արագածոտնի մարզի Սասունիկ բնակավայրին մէջ արդէն կը գործէ Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարանը, որուն պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 2022-ին: Այս ինքնատիպ թանգարանին մէջ մէկտեղուած է հայկական գինեգործութեան 6000-ամեայ եւ խաղողագործութեան 8000-ամեայ պատմութիւնը։ Այս տարուընէ սկսեալ թանգարանը կը սկսի հանրահռչակել հայկական գինին՝ որպէս ազգային արժէք, սկիզբ կը դնէ Հայաստանի մէջ գինիի զբօսաշրջութեան՝ մեր երկիրը դարձնելով տարածաշրջանի այդօրինակ երթուղիներէն մէկը:

Գինիի թանգարանին մուտքը ուրոյն յղացում մըն է: Փայտեայ մեծ դարպասները պատրաստուած են Մհերի դրան նմանութեամբ: Վանայ բերդին մօտակայքը կը գտնուի Մհերի Դուռը կամ Ագռաւաքարը։ Ըստ աւանդութեան՝ այդ սրբազան քարայրին մէջ փակուած է «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի վերջին հերոսը՝ Փոքր Մհերը՝ աշխարհի անարդարութիւններէն խռոված:

Աւանդազրոյցը կ՚ըսէ, թէ ամէն տարի, Համբարձման ու Վարդավառի գիշերները, երբ երկինքն ու երկիրը զիրար կը համբուրեն, Մհեր իր հրեղէն նժոյգով դուրս կ՚ելլէ, կը շրջի երկինքի եւ երկրի մէջ, բայց համոզուելով, որ դեռ «գետինը չի կրնար դիմանալ իր ծանրութեան», դարձեալ կը վերադառնայ իր տեղը։

Կ՚ըսուի, թէ օր մը Մհեր դուրս պիտի ելլէ հոնկէ՝ ազատելու «հայուն աշխարհը» չար ուժերէն եւ հիմնելու երջանիկ թագաւորութիւն մը: Ահաւասիկ այս խորհուրդով այցելուն կը բանայ թանգարանին դռները եւ ներս կը մտնէ:

Գինիի պատմութեան թանգարանը ստորգետնեայ է: Երթուղիին կը յաջորդէ ուրարտական պալատը, ապա ցուցասրահը, որ իր կարգին ունի 10 բաժին՝ գինիի պատմութենէն, կիրարկութենէն, բժշկութենէն, առեւտուրէն մինչեւ կրօնքի մէջ անոր դերը:

Ժայռերուն մէջ փորուած ստորգետնեայ թանգարանը իմաստ կը հաղորդէ գինիի գաղափարին, քանի որ ամենալաւ գինիները կը պահուին մառաններու, քարայրներու եւ նման խորհրդաւոր վայրերու մէջ:

Տարածքը ընդհանրապէս պաղ է, ինչպէս մառանը: Բարձրորակ գինիին բոյրը տարածուած է ամէն կողմ, ծածուկ վայրերէն երեւցող լոյսերը եւ ստուերները կ՚առաջնորդեն դէպի գաղտնիքներով լի աշխարհ մը, որ դուռ առ դուռ կը բացուի այցելուին առջեւ: Այս վայրին մէջ հազարամեակներ ետ կ՚երթաս եւ կը յայտնուիս անցեալի պատկերներուն մէջ, որ անծանօթ զգացում մը կը հաղորդէ: Թանգարանին հերոսներն են հայկական բնաշխարհը, որ ուժ տուած է հայ մարդուն դարեր շարունակ եւ այսօր ալ ամուր կը պահէ այս տարածքին վրայ ապրող հայը:

Թանգարանին ճարտարապետութիւնը յարիր է անոր մէջ ցուցադրուող նիւթերուն:

Շէնքին կառուցումը մօտ չորս տարի տեւած է: Ճարտարապետ Տիգրան Պօղոսեան մտածած է թանգարանին ամէն մէկ անկիւնը իմաստով լեցնել, որպէսզի երեւի գինիի եւ խաղողագործութեան հազարամեակներու պատմութիւնը: Բացառիկ ցուցանմոյշները ձեռք բերուած են տարիներու ընթացքին, իսկ մէկ մասը բերուած է Հայաստանի միւս թանգարաններէն:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՆՁԱՆԸ

Գինիի պատմութեան թանգարանի ժայռակերտ սրահին մէջ, խորհրդաւոր լոյսի տակ, ցուցադրուած է գինիի՝ աշխարհի առաջին հնձանէն՝ Արէնիի հնավայրերէն յայտնաբերուած 5500 տարեկան կաշիէ կօշիկը: Այս ոտնամանը կը թուագրուի Նախքան Քրիստոս 3600-3500 թուականներ: 2008 թուականին Արէնի հնավայրէն, գերազանց վիճակի մէջ յայտնաբերուած կօշիկը ժամանակին մեծ արձագանգ գտաւ աշխարհի մէջ:

Գալիֆորնիայի եւ Օքսֆորտի համալսարաններու քննութիւններուն հետեւանքով գիտնականները այս գտածոն նկատեցին աշխարհի հնագոյն կաշիէ ոտնամանը: Կօշիկը կը պահուէր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը եւ քանի որ անիկա յայտնաբերուած է հնագոյն գինիի հնձանէն, Գինիի թանգարանի հիմնումէն ետք, աւելի քան տասն ցուցանմոյշներու հետ, մէկ տարիով փոխադրուած է հոն: Նոյն քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած էին նաեւ գինիի պատրաստման հնագոյն գործիքներ: Պատմութեան թանգարանէն հոն տարուած են նաեւ ուրարտական ժամանակաշրջանի կարասներ, սափորներ, տաշտեր եւ պաշտամունքային իրեր:

Թանգարանին մէջ կը ներկայացուի նաեւ Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած 8000 տարեկան խաղողի կուտին պատմութիւնը: Այդ պզտիկ կուտը տակաւին կը պահուի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, իսկ Գինիի թանգարանին մէջ կը պատմեն անոր մասին եւ կը ցուցադրեն նիւթեր. կուտը գտած են 2000-ականներուն՝ Արմաւիրի մարզի Առատաշէնի հնավայրէն՝ հայ-ֆրանսական գիտական համագործակցութեան միջոցով: Այդ տարածքին հնագոյն մարդը զբաղած է խաղողի հաւաքչութեամբ, որ նախադրեալ եղած է յետագային խաղողի ընտելացման համար։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Շքեղ մշակոյթ է գինիի մշակոյթը, իսկ երբ անիկա կը վերաբերի նաեւ քու անցեալիդ, պատմութեանդ եւ նախնեաց, յոյժ հետաքրքրութեան եւ հպարտութեան զգացումը չի լքեր քեզ ոչ մէկ վայրկեան: Թանգարանին մէջ կը զգաս քանի մը դարաշրջաններու շունչը, կարծես մեր պատմութեան մայրուղին ըլլայ, ուր իւրաքանչիւր խաչմերուկի վրայ կարեւոր բան մը զետեղուած է: Եթէ ուրիշ թանգարան մը չըլլար, միայն Գինիի թանգարանին միջոցով կարելի է պատկերացում կազմել մեր անցեալին մասին:

Աքեմենեան ժամանակաշրջանը բնութագրող պտեակի բացառիկ օրինակ մը ցուցադրուած է Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարանին մէջ: Եղջիւրի տեսքով պտեակը՝ խմելու անօթը, ոչ միայն զուտ գաւաթ է, այլ կը պատկերէ հին աշխարհի առաջին հսկայածաւալ կայսրութեան՝ Աքեմենեան պետութեան արուեստը, քանի որ անօթը այդ հնագոյն ժամանակներուն բնորոշ զարդանախշեր ունի: Ուրիշ եղջերագաւաթներ, որոնք գտնուած են Հայաստանի հնավայրերէն, նոյնպէս տեղ գտած են անօթներու կարգին:

Երեւանի մէջ գտնուող Կարմիր բլուրը Հայաստանի կարեւորագոյն հնավայրերէն մէկն է: Հոն բացուած է ուրարտական Թէյշեպաին (Կարմիր բլուր) քաղաքի ամրոցին մնացորդները եւ հնագիտական պեղումներով գտնուած են գինիի մառաններ եւ կէսը հողին մէջ թաղուած, համապատասխան դասաւորութեամբ հարիւրաւոր կարասներ:

Այդ գինիի կարասներուն վերի մասի սեպագիր փորագրութիւնները կը պատմեն կարասին տարողութեան մասին, ծաւալները նշուած են ուրարտական չափերով: Թանգարանին մէջ կան նաեւ Նախքան Քրիստոսի ժամանակներուն վերագրուող այդ կարասներէն: Ուրարտական շրջանի գինեգործութեան վերաբերեալ բազում վկայութիւններ Կարմիր բլուրէն գտնուած են 1939-1970 թուականներուն:

«Օյնախոյա» սափորները նոյնպէս ցուցանմոյշներու կարգին են: Այդպէս կը կոչուին այն սափորները, որոնք ունին եռատերեւ պսակ։ Գնդաձեւ իրանով, կարմիր փայլեցուած այս միականթ սափորը նոյնպէս Կարմիր բլուրէն գտնուած է:

Թանգարանի բաժիններէն մէկուն մէջ նախատեսուած է ցուցադրել Մատենադարանէն տարուած ձեռագրեր, որոնց մէջ գինիի մասին կարեւոր յիշատակումներ կան՝ աւանդական դեղատոմսերէն մինչեւ գինիի իրաւարարութեան վերաբերող նիւթեր:

Գինիի պատմութիւնը նաեւ ջուրի պատմութիւնն է: Կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս հայերը պաշտած են ջուրը, որ կեանք տուած է հողերուն, որուն վրայ խաղող եւ այլ բարիքներ կ՚աճէին: Նոյնիսկ կ՚երեւի, թէ մեր նախնիք ինչպէս ոռոգած եւ խնամած են խաղողի վազերը եւ այնպիսի կատարելութեան հասցուցած են խաղողագործութիւնն ու գինեգործութիւնը, որ օտար աղբիւրներ վկայած են, թէ հայոց հողին վրայ խաղողը կը թափուէր հանց անձրեւ, իսկ գինին կը հոսէր վարարուն գետի պէս:

ՀՆԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի մէջ կան շատ գեղեցիկ պատմութիւններ գինիի գիւտին մասին, բայց ամենահինը Աստուածաշնչեան պատմութիւնն է: Ըստ Աստուածաշնչեան յայտնի պատմութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հայրենիքը Հայաստանն է։

Կրկին ըստ Աստուածաշունչի, Նոյի համար խաղողէն գինի պատրաստելու գաղտնիքը բացայայտած է Նոյին այծը, որ ուտելով խաղողին վայրի պտուղները, գինովցած ու հրմշտկելու սկսած է միւս կենդանիները: Աստուածաշնչեան պատմութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ մարդկութիւնը բացայայտեց գինիին համը այն ժամանակ, երբ Նոյ նահապետը ջրհեղեղէն յետոյ Արարատ լերան ստորոտին տնկեց խաղողի առաջին որթը։ Ղեոնդ Ալիշանն ալ կը նշէ, որ Նոյը խաղող տնկած է Ակոռի գիւղին մօտ՝ Գինեբլուր, Գինեհովիտ, Գինեգետ տարածաշրջաններուն մէջ։

Հայաստանի մէջ գինեգործութեան զարգացման մասին կը վկայեն նաեւ յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի եւ յոյն իմաստասէր Ստրապոնի աշխատութիւնները։ Ուրիշ աղբիրներ կը փաստեն, որ աշխարհի տարածքին եղած մօտաւորապէս 7000 խաղողի տեսակներէն շուրջ 2000-ը գտնուած են Հայաստանի մէջ: Թանգարանին մէջ նաեւ այդ տեսակներու անուանումներուն կարելի է ծանօթանալ, ինչպէս՝ Ոսկեհատ, Գառան դմակ, Սեւ Արէնի, Կարմրահիւթ, Նռնենի, Ազատենի, Մսխալի, Մեղրաբոյր, Ներկառատ, Արարատ, Շահումեան, Անահիտ, Հայաստան, Սեւ Քիշմիշ, Նազելի եւ այլն:

Թանգարանը ցոյց կու տայ հնագոյն ժամանակներու եւ մեր օրերու խաղողագործութեան տարածուածութիւնը՝ Արարատի, Վասպուրականի, Աղձնիքի, Փոքր Հայքի, Արցախի, Սիւնիքի եւ Հայաստանի այլ վայրերուն մէջ։ 19-20-րդ դարերուն որոշ գաւառներու մէջ (Արցախ, Գողթն եւ այլն) խաղողի որթերը կը բարձրանային մարդու հասակէն վեր՝ փայտեայ բարակ յենասիւներով յարմարանքներու վրայ:

Խորհրդային ժամանակներուն նոյնպէս Հայաստանը նշանաւոր էր գինիի արտադրութեամբ:

Ժամանակակից ոճով կառուցուած ցուցասրահին վերի մասը Փարաճանովի «Նռան գոյնը» շարժանկարէն դուրս մնացած մասերու ցուցադրութիւնն է, իսկ շարժանկարին ձայները կը լսուին ամէն կողմէ: Թանգարանը տակաւին ամբողջացած չէ. հոս նաեւ պէտք է կառուցուի հնագոյն հնձաններու տեսք ունեցող հնձան մը, որ տեղակայուած պիտի ըլլայ յարակից «Արմենիա Ուայն» գործարանի այգիներէն մէկուն մէջ, եւ ուր այցելուն կրնայ տեսնել գինի պատրաստելու ձեւը:

Նախատեսուած է թանգարանին մէջ կազմակերպել գիտաժողովներ, ձեռնարկներ, ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ, համերգներ, միջազգային բնոյթով ձեռնարկներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան գինին եւ թանգարանը աւելի հռչակելու: Գինիի հայկական թանգարանին տնօրէնը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտաշխատող, երիտասարդ հնագէտ Հայկ Գիւլամիրեանն է:

Այս նորակերտ թանգարանին տարածքը պատահական չէ ընտրուած՝ Արագածի ստորոտը խաղողագործութեան հնագոյն կեդրոններէն եղած է:

«ԿԱՏԱՐՕ» ԳԻՆԻՆԵՐԸ

Հայկական գինիի պատմութիւնը եւ ներկան պատմող ցուցանակներէն ամէն մէկուն մօտ դրուած են Հայաստանի գինեգործներուն արտադրած ամենալաւ գինիները։ Այցելուները անտարբեր չեն կրնար անցնիլ մանաւանդ «Կատարօ» գինիներուն քովէն: Արցախի Տող գիւղին մէջ, խնդողնի դիմակայուն խաղողի տեսակէն արտադրուած նշանաւոր գինին այսօրուայ մեր տխուր օրերու պատմութիւնը կը խորհրդանշէ: Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, Տող գիւղը, ինչպէս նաեւ «Կատարօ»ի գործարանը անցած է Ատրպէյճանին: Այս գինին եւ գործարանը անուանակոչուած էին Դիզափայտ սարին վրայ 17-րդ դարուն կառուցուած Կատարօ վանքի պատուին…

Այսօր «Կատարօ» գինիները հազուագիւտ գտնուող նմոյշներ դարձած են, Արցախի կորսուած հողին վրայ արտադրուած եւ հոնկէ փրկուած գինիները կը վաճառուին ահռելի գումարներով: Անցեալէն մինչեւ ներկայ ձգուող մեր պատմութեան նաեւ տխուր դրուագները կը ցուցադրէ թանգարանը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022