ՉԱՐՈՒԿՆ ՈՒ ԲԱՐՈՒԿԸ

Ան ամէն անգամ ծածուկ կը բանայ գաղտնարանը: Սեւ արկղի մը մէջ պահած է իր բոլոր բացթողումները: Ոմանց համար ակնյայտ, շատերու համար անհաւատալի: Բոլորէն լաւ կը ճանչնայ ան ինքզինքը: Ամենէն շատ ան կը կարօտնայ ինքզինքը:

Բաւական ատեն անցաւ այն ժամանակներէն, երբ կը ժամադրուէր ինքզինքին հետ: Արցունքներով կը հեռանար ինքզինքէն: Նախանձութեան զգացումը խորթ է անոր սրտին: Սակայն ամէն անգամ կը վշտանայ առերեսուելով իր սեփական մանրութեան հետ: Գիտէ, որ աւելին չի կրնար, միեւնոյն ժամանակ՝ չի համակերպիր: Միտքը անդադար կ՚ընթանայ առաջ:

Իր մայրիկի հակառակ պատկերն է: Մայրը ունի խելք ու ոսկի ձեռքեր: Սակայն վերջինիս մօտ ի սպառ կը բացակայի համարձակութիւնը: Ինքզինքին չի վստահիր: Կը վախնայ ինքնուրոյն քայլ ընելէ: Գերազանց շնորհներով օժտուած է, սակայն կը մաշեցնէ իր ընդունակութիւնները:

Աստուած Չարուկը զրկեց շնորհներէ. ոչ մէկ ասպարէզի մէջ կը փայլի, սակայն ամէնուր ներկայ է: Միշտ կը ցանկայ աւելիին՝ ուժերը չեն ներեր: Այս հանգամանքն է, որ կը վշտացնէ ինքզինքին հետ անհաշտը: Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններն ալ երկմտելի են. շահի հոտ կը բուրէ: Վերջերս խոստովանած է ինքն իրեն:

Գրիչը ծուռ է, միտքը թերի, հաւատքը տկար: Կ՚ուզէ հասնիլ կատարելութեան, սակայն կատարեալ չէ: Կ՚ուզէ բոլոր դասերը լաւ սերտել՝ ուժերը չեն ներեր: Չարուկը չի յուսահատիր՝ դժուարութիւններէն կ՚առնէ ուժ:

Չարուկը շատեր կը սիրեն, սակայն ոչ մէկը կը հասկնայ զայն: Ան մինակ է: Ինքզինքին այդպէս կը դիմէ՝ միայն ինքը՝ շշուկով, որպէսզի մէկը չիմանայ: Օրերս կրկին վշտացաւ: Պատճառը՝ թերութիւնն է: Պատեհ-անպատեհ առիթներով իր մէջ գլուխ կը բարձրացնէ չարը՝ զգօն պահելով յիշաչարութիւնը:

Ներողութիւն, դուք սխալ հասկցաք: Չարուկը չար չէ, պարզապէս յիշաչար է: Պարզապէս չի կրնար ներել՝ վատութիւն ալ չ՚ըներ: Պարզապէս հեռու կը մնայ իրեն ցաւ պատճառողներէն:

Վերջին բացայայտումի համաձայն՝ չէ կողմնորոշուած, թէ յստակ ինչ կ՚ուզէ: Անհանգիստ մարդը, կքած ծանրութեան տակ, մշտապէս կը բռնէ տասն ձմերուկ: Ճամբան կը յոգնի, կը փնթփնթայ ու կը շարունակէ յառաջանալ:

Անկոտրուն է մեր Չարուկը, քիչ մըն ալ տարօրինակ: Երբեմն կը յոգնի կենդանի արարածներէն: Կ՚ուզէ փախչիլ ամայի տեղ մը՝ համարձակութիւնը չի ներեր: Ինքն ալ հարցի մը մէջ կատարեալ ըլլայ կ՚ուզէ։ Աւա՜ղ...

Այդ գիշեր Չարուկին ընկերակցեցաւ մութը: Ներքին ու արտաքին աշխարհները համահունչ էին: Այդ գիշեր խաւարը անոր դիմաց բացաւ իր ներաշխարհի մութ անկիւնները: Այդ օրը ուսուցիչը գովեց դասընկերը, թէ ինչ պարտաճանաչ եւ ընդունակ աշակերտ մըն է: Չարուկը մթագնեց. ինք երբեք պիտի չկարենայ արժանանալ այդպիսի գովասանքի:

Անկատար կատարեալ:

Անկատար կատարեալ է: Համարձակօրէն ներս կը մտնէ իր առջեւ բացուած դռներէն: Չ՚ախորժիր մարդիկը մերժելէ: Կը վախնայ դիմացինը ցաւցնելէ: Մշտապէս կը զսպէ ինքզինք: Ո՛չ սկիզբն է, ո՛չ ալ վերջերը, նոյնիսկ մէջտեղի շարքերուն մէջ չ՚երեւիր: Դեգերելու ժամանակ կը հանդիպի Բարուկին: Հաճելի զրոյցի կը բռնուին: Ինչպէս միշտ, Բարուկը կը յուսադրէ վերջինս: Կը փոխանցէ լոյս ու կը հեռանայ: Լոյսը կը մարի թեթեւ հովէ մը: Լոյսը երբեք չի լքեր Չարուկը: Այսպէս՝ Չարուկն ու Բարուկը, մշտապէս, ձեռք ձեռքի կը փորձեն բացայայտել անբացատրելին՝ հոգին, սիրտը: Կ՚ուզեն գտնել ճիշդ բառեր՝ իրենց ներքին աշխարհը նկարագրելու համար:

Չարուկը կը շարունակէ տխրիլ: Բարուկը դրան ետեւը կը սպասէ, թէ արդեօք ե՛րբ պիտի ձայնէ իրեն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023