ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ «Ի՞նչ ապագայ ունի հայ-թրքական երկխօսութիւնը Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայկական Սփիւռքի դիտանկիւնէն» նիւթին շուրջ։ Այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիայէն յայտնի հասարակական գործիչ Ալի Պայրամօղլու։
Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ մատնանշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է տարածքաշրջանի կայունացման եւ Հայաստանի զարգացման համար։ «Սա տարածքաշրջանէ ներս մեր առաջնահերթութիւններէն մին է։ Երկար ժամանակ հայ-թրքական երկխօսութիւնը եղած է անհնար, սակայն արդէն 2000-ական թուականներէն սկսեալ իրավիճակը քիչ-քիչ փոխուած է թէ՛ պետութիւններու միջեւ եւ թէ քաղաքացիական հասարակութիւններու մակարդակին վրայ», ըսաւ Շարփանթիէ։
Հաւաքոյթի ընթացքին ֆրանսացի դեսպանը մատնանշեց նաեւ, որ պէտք չէ դառնալ անցեալի պատանդը, պէտք չէ պարփակուիլ անցեալի մէջ եւ այս բոլորը ընելու լաւագոյն միջոցը արտայայտուիլն է։ «Մենք կ՚արժեւորենք գաղափարներու փոխանակումը. մենք կը փափաքինք, որ այդ երկխօսութեան շուրջ հաւաքուին եւ խօսին Ֆրանսայի հայկական Սփիւռքի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները, որպէսզի բոլորը կարենան իրենց հարցերը փոխանակել այն հարցերուն շուրջ, որոնք միջազգային յարաբերութիւններու խաչմերուկին կը գտնուին։ Յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեսքին մէջ նոյնը կրնամ ըսել Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ պարագային։ Մենք որոշեցինք զիրար լսել, խօսիլ մեր վէրքերուն, պատմական ցաւերուն մասին, այլապէս այսօր գոյութիւն չէր ունենար Եւրոմիութիւնը», յայտնեց Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։