ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՒՇԵՐ

Կ՚ըսեն, թէ մարդ ինքզինք կրնայ յիշել մանուկ տարքէն, բայց ոչ օրօրոցէն: Կը նշանակէ՝ ես բացառութիւն եմ, կամ ալ ինծի պէս բացառութիւններ կան, պարզապէս ես չեմ ճանչնար:

Քանի ամսական էի՝ չեմ յիշեր, սակայն այսօրուայ պէս պարզ ու վճիտ կը յիշեմ ինքզինքս բարուրի մէջ: 90-ական թուականներ, պատերազմի շեմին գտնուող մի երկիր: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի արուարձաններէն մէկուն՝ Հին Արմէնաւան թաղամասի լայնարձակ երկյարկանի առանձնատուներէն մէկուն մէջ, երկրորդ յարկի վրայ, հիւրասենեակի ճիշդ կեդրոնը, պզտիկ սեղանի մը վրայ անպաշտպան մանուկ մը: Մեր տան սեւ պատերը:

Բարձր առաստաղներով երկյարկանի առանձնատան խոշոր հիւրասենեակը պարապ կը կենար: Հին պահարան մը, որու մէջ խնամքով կը պահուէին տան գաւաթները, դանակ-պատառաքաղները... չափերով մեծ, քառակուսի փայտէ սեղան մը եւ վեց աթոռ: Բազմոց ու բազկաթոռները կը բացակայէին, նստելու համար փափուկ ու յարմարաւէտ տեղ մը չկար: Նմանատիպ համեստ կահաւորումը ես այժմ կը պատկերացնեմ, քանզի մինչեւ իմ տասն տարեկան դառնալը աչքս ասոնք տեսած էր:

Մեր լայնարձակ հիւրասենեակէն գեղեցիկ տեսարան կը բացուէր դէպի սարեր: Վաղորդեան արեւը երկփեղկ չորս պատուհաններէն ներս կը թափանցէր: Մեր հիւրասենեակը այնքան մէծ էր, որ ունէր նոյնիսկ հինգերորդ պատուհանի տեղ, սակայն երրորդ՝ մէջտեղի պատուհանը բաց թողուած էր: Հնարաւոր պատուհանի տեղը մեծ հայրս պատ հիւսած էր: Եւ հենց այդ պատի տակ կը պառկէի ես: Օր մը կամ միշտ՝ չեմ յիշեր:

Այդ բարուր ըսուածը շատ անյարմար բան մըն էր: Ընդհանրապէս չէի կրնար մարմինիս ոչ մէկ մասը շարժել: Գլուխս անգամ չէի կրնար շարժել: Միշտ նոյն կէտին կը նայէի՝ մեր գորշ առաստաղին: Կը յիշեմ շատ կը նեղուէի: Սակայն լեզու չունէի, որ խօսիմ, կամքս յայտնեմ: Կը ջանայի խօսիլ, սակայն անկարող էի: Բառերը կարծես մինչեւ կոկորդս անգամ չէին հասներ: Տաղտուկ վիճակ մըն էր: Այնուհանդերձ, արտասովոր հանգստութիւն մը պատած էր զիս: Վստահ էի, որ օր մը պիտի ձեռբազատուիմ սա տանջալից կապանքներէն: Օր մը պիտի բացուի իմ լեզուն: Տնեցիներու խօսակցութիւները չեմ յիշեր: Թերեւս չէի հասկնար:

Իսկ երբ մայրս կամ մեծ մայրս կ՚արձակէին իմ բարուրի կապանքները, կը զգայի ազատութեան շունչը: Կը վայելէի այդ մի քանի վայրկեանները, մինչեւ որ անոնցմէ մին կը դպչէր ինծի: Այդ պահուն կ՚ամչնայի, կ՚ուզէի քօղարկուիլ: Ամօթի զգացում, որ մարդու հետ է ծննունդէն ի վեր: Ոտքերս իրարու կը սեղմէի, կ՚ուզէի իմ մերկութիւնը ծածկել, սակայն անկարող էի: Իմ պայքարը կը շարունակուէր: Օդի մէջ անդադար կը շարժէի իմ փոքրիկ ոտքերն ու ձեռքեր: Այնուհետեւ նորէն զիս կը բարուրէին: Կը փորձէի դիմադրել՝ ապարդիւն: Երբեմն մայրս առանց զգալու կը սեղմէր իմ ձեռքը կամ ոտքը, ժամերով անյարմար դիրքի մը մատնելով զիս:

Գիտեմ իմ պատմածները անհաւատալի են, սակայն ես կը յիշեմ: Կը յիշեմ բարուրի մէջ ունեցած իմ զգացումներն ու ապրումները: Ասոնց մասին ինձ ոչ մէկը պատմած է: Օր մը որոշեցի մայրիկիս պատմել՝ չհաւատաց:

Իսկ դո՞ւք... քանի՞ տարեկանէն կը յիշէք ինքզինքնիդ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021