ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ
Օրին, սփիւռքահայը միշտ իր մտքով եւ հոգիով կապուած ըլլալով իր հայրենիքին, անոր դժուարութիւններուն, հարցերուն, վերիվայրումներուն եւ յառաջդիմութեան, լեցուցած է իր օրերու մթնոլորտը: Ապրած է հայրենիքին հետ եւ հայրենիքին համար: Այս մէկը՝ ոչ մէկ կասկած:
Մայրենի հողէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող ոեւէ հայ, միշտ ուզած եւ ցանկացած է, որ այդ պապենական եւ սրբազան տարածքը, զոր հայրենիք կոչած է եւ որուն վրայ դարերէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է, եւ միշտ՝ ուզած է, որ մնայ եւ անոր վրայ հայ քաղաքացին ապրի խաղաղ, ազատ եւ անկաշկանդ, իր հզօր բանակով եւ ամուր պետականութեամբ:
Անոր համար, հայրենիքէն հասնող ամէն տեսակի «ձայն», աղմուկ, կամ հարց, սփիւռքահայուն համար դարձած է էական, հետաքրքիր, կարեւոր եւ յաճախ ալ՝ մտահոգութիւն:
Սակայն ինչո՞ւ այս նախաբանը: Անկեղծօրէն եւ նոյնքան ալ համարձակ ըսեմ, որ գրեթէ ամէն օր, սփիւռքահայը միշտ մօտէն կը հետեւի, հայրենիքի ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններուն, արտագաղթի տխուր պատկերներուն եւ ամէնօրեայ բազմաշերտ տագնապներուն, բացայայտումներուն եւ մանաւանդ այս օրերուն հայ-թրքական բանակցութիւններու փուլին:
Ու տակաւին այս բոլորին վրայ պէտք է անպայման աւելցնել, նոյն այդ պապենական հողէն հասնող մարդոց հասկնալի եւ անհասկնալի բառերուն եւ յաճախ ալ ամօթալի մակդիրներուն: Բառեր, որոնք կու գան խանգարել արդէն մտահոգ հայուն առօրեան:
Այսպէս՝ «դատավարութեան տանիլ», «կալանաւորել», «բերման ենթարկել», «մեղադրանք յառաջացնել», «նախաքննութեան ենթարկել», «լիազօրութիւնը դադրեցնել», «մանդատը վար դնել տալ», «հետախուզել», իբրեւ պատիժ՝ «բանտարկել տալ», «կաշառակերութեան համար բերման ենթարկել», «էթիկային նորմերի խախտում» նկատել...: Եւ տակաւին՝ «կեանքի սղութիւն», «անգործութիւն», «զեղծարարութիւն», ամէնօրեայ զանազան ցոյց-բողոքներ, ոճիրներ եւ գողութիւններ, ճանապարհներու փակումներ եւ «նոր բացայայտումներ» եւ ձերբակալութիւններ: Ուղղակի ճգնաժամ եւ քաոս:
Չմոռնանք նաեւ, 44-օրեայ պատերազմի զոհերու եւ վիշտերու պարագաները, հայ գերիներու հարցերով միատեղ: Իսկ ամենէն ահաւորն ու ցաւալին, վերջին քանի մը օրերուն՝ լրտեսական ցանցերու բացայայտումները՝ Երեւանի եւ Արցախի մէջ:
Ալ մնացեալը, դուք շարունակեցէ՛ք:
Ու նման անուններուն, ածականներուն եւ կամ բայերուն դիմաց, պարզ անհատն ալ պիտի յանգի այն եզրակացութեան, թէ այս օրերուն Հայաստանէն ներս իրապէս, որ վստահելի մարդ չկայ: Չէ մնացած: Բոլորն ալ «խաբեբաներ» են: Բոլոր բանտերը լեցուն են «անօրէն» նկատուած մարդոցմով: Այս իսկ պատճառով, դատարաններն ու դատաւորն ալ «գլուխ քերելու» ժամանակ իսկ չունին...: Եկուր եւ հաւատա՛...: Վրաս գրէ՛...:
Շատեր նոյնիսկ կ՚ըսեն, մեղքը ըսողներուն վիզը, թէ «ամբաստանեալ» կարծուածը, եթէ «բանտ մտնէ», յաջորդ օրն իսկ «անպարտ» արձակուած է արդէն...: Ահա «արդարութիւն»:
Թէեւ քաղաքական վերլուծումներ կատարողի մը սահմաններէն հեռու եմ, շա՛տ հեռու, բայց նման կէտեր յիշելն ու զանոնք թուելը կը կարծեմ, որ «քաղաքականագէտի» հետ կապ չունին: Գիտնալը ուրիշ բան է, իսկ հասկնալը՝ ուրիշ:
Որովհետեւ տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս եւ ամէն օր մեր հայրենիքի գլխուն տեսակաւոր սպառնալիքներ «կը տեղան»: Չորս կողմերէն: Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն: Այս բոլորը թէ՛ տեսանելի են եւ թէ՛ լսելի: Բազմաձայն եւ աղմկոտ: Վտանգաւոր եւ ցաւալի: Կարծես մարդիկ չեն ալ անդրադառնար իրենց «ըսածին» եւ «գործածին» կամ «կատարածին»:
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայրենի հողին վրայ ապրող մեր հայրենակիցներուն երազները օրէ օր սկսած են փլիլ: Կարծես հայրենի «երէկը», իր երազներով միատեղ, կէս ճամբան մնացած ըլլայ: Յստակ է, թէ «բան» մը փուլ եկած է: Եւ այդ «մէկը» վստահութիւնն է: Համատարած ներքին եւ արտաքին անվստահութեան մթնոլորտով մը շրջապատուած է մեր երկիրը: Որո՞ւ հաւատաս: Որո՞ւ վստահիս: Ամէն սխալ կամ խաբկանք, ուրիշին վրայ նետելը լաւ միջոց չէ: Առողջ որդեգրում մը չէ:
Վստահութիւնն է, որ բնականոն կը դարձնէ մարդոց կեանքը:
Ներկայիս, Հայաստանի եւ համայն սփիւռքի տարածքին ապրողներուս համար էական է գիտնալ, որ մեր հայրենիքը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ դուրս գալ իր այս խառնակ եւ անօրինակ եւ անբարունակ իրավիճակէն: Ինչպէ՞ս պիտի գտնէ իր կեանքի նոր եւ առողջ ձեւը: Հազար անգամ կրկնած ենք հետեւեալ հարցումը.- մինչեւ ե՞րբ այսքան անստոյգ կեանք: Հազար անգամ մտահոգ գրիչներ անդրադարձած են մեր հայրենիքի ներքին այս անօրինակ իրավիճակի մասին եւ զգուշացուցած: Հազար անգամ մեր բոլորին աչքերը կրկին երկինք յառած ենք, յոյս եւ լոյս աղօթելով եւ խնդրելով: Եւ եթէ այս ընթացքը այսպէս շարունակուի, հաստատապէս իբրեւ երկիր եւ անկախ պետութիւն, ճակատաբաց պիտի չկարենանք շարունակել աշխարհի քարտէսին վրայ:
Անձնապէս, բոլոր մտահոգներուն նման, ես ալ շուարած եմ, որովհետեւ յստակ պատասխան մը չունիմ իմ այս հարցումներուս: Որովհետեւ պատասխանները մօտս չեն: Հարցերու լուծման բանալիները հոն են. հայրենիքի մէջ եւ ոչ՝ սփիւռքի տարածքին:
Ու կը կարծեմ, որ այս իրավիճակին վերջնական լուծման համար, անհրաժեշտ է ունենալ արդար եւ ուղղամիտ ղեկավարութիւն, որուն յատկապէս այս օրերուն այնքա՜ն կարօտը ունինք բոլորս ալ: Այլ խօսքով՝ առողջ եւ դրական հեռանկար ունեցող մարդոց համախմբուած ղեկավարութիւն: Քաջութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ զինուած եւ հայրենի հարցերուն ու բոլոր սպառնալիքներուն քաջածանօթ ու մանաւանդ անկաշառ մօտեցող եւ արդար լուծում որոնող մարդոց:
Այնպէս կ՚երեւի, որ ոչ միայն սփիւռքահայը, այլ նաեւ հայրենի պարզ քաղաքացին նոյնիսկ իր եւ իր մեծերուն նկատմամբ ունեցած հաւատքն ալ կորսըն-ցուցած է:
Ահա, յոյսերու քայքայում: Ինչպէս կրնայ նման երկիր մը «շնչել»: Զարմանալի...:
Ու մտահոգ նաեւ խոստովանիմ, որ այս իրավիճակը եթէ քիչ մըն ալ այսպէս երկար շարունակուի, կը կարծեմ, որ հայրենի ժողովուրդի կեանքը կամաց-կամաց պիտի սկսի «փտիլ» եւ ահա քեզի... ազգային ողբերգութիւն:
Ու այն ժամանակ... վա՜յ քե՛զ, հայ ժողովուրդ...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ