ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՐՁԱՆԸ

Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը զե­տե­ղուի ե­րա­նաշ­նորհ Մա­ղա­քիա Պատ­րիարք Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Գում­գա­բուի ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ յայտ­նի քան­դա­կա­գործ Է­րօլ Սա­րա­ֆեան, որ ստեղ­ծա­գոր­ծած է Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի ար­ձա­նը։

Ս. Զատ­կի մե­ռե­լո­ցին օ­րը հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի ար­ձա­նին բա­ցու­մը։ Է­րօլ Սա­րա­ֆեան, որ ցարդ բազ­մա­թիւ տի­րա­կան դէմ­քեր ան­մա­հա­ցու­ցած է, հեր­թա­կան ան­գամ մեր հա­մայն­քին կը ձօ­նէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը, ո­րով պի­տի յա­ւեր­ժա­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի մեծ գա­հա­կալ­նե­րէն մին։ Ար­դա­րեւ, Օր­մա­նեան Պատ­րիարք Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­նուն դէմ­քե­րէն մին է եւ պատ­մու­թեան մէջ թո­ղած է անջն­ջե­լի հետք մը՝ ինչ­պէս իր վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ մտա­ւո­րա­կան ար­տադ­րու­թեան շնոր­հիւ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս պի­տի զե­տե­ղուի Մա­ղա­քիա Պատ­րիարք Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նը, մա­նա­ւանդ, որ մեր պատ­րիարք­նե­րուն դամ­բա­րան­ներն ալ կը գտնուին այդ նոյն գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բարձր գնա­հա­տեց Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­նոր տե­սած գոր­ծին բե­րու­մով։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց նաեւ, թէ պի­տի նա­խա­գա­հէ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի կի­սանդ­րիի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

 

 

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016