ԻՆՉԵ՛Ր ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻՆ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ. ԻՐԱՏԵ՞Ս ԹԷ ԵՐԱԶԱՅԻՆ…

1998-ին Kodak ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­նէր 170.000 աշ­խա­տա­ւոր­ներ եւ աշ­խար­հի լու­սան­կար­չա­կան թուղ­թե­րուն 85 տո­կո­սը ինք կը վա­ճա­ռէր: Բժշկա­կան X շ­­ո­ղար­ձակ­ողն­ե­րուն գրեթ­է ամբ­ողջ­ութ­իւն­ը Ko­dak ֆիլմ­եր­իզն­եր­ը կը գոր­ծա­ծէին: Ա­մէն տե­սա­կի շարժ­ուն թէ ան­շարժ, ա­ռեւտ­րա­կան, ճար­տա­րարու­ես­տա­կան թէ գե­ղա­րու­ես­տա­կան նկա­րա­հան­ման սար­քա­ւոր­ումն­եր­ը նոյն ընկ­եր­ութ­եան տ­­ես­եր­իզն­եր­ը կը սպառ­էին: Քան­ի մը տար­ուան ըն­թացք­ին ա­նոնց գործ­ուն­էութիւն­ը ան­հե­տա­ցաւ եւ այդ հսկայ ընկ­եր­ու­թիւն­ը սնան­կա­ցաւ:

Այն ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ Kodak-ին, վստա­հա­բար պիտ­ի պա­տա­հի կարգ մը այլ ընկ­եր­ութ­իւնն­եր­ուն յա­ռա­ջի­կայ տասը տար­ին­եր­ու ըն­թաց­քին եւ մար­դոց մե­ծա­մասն­ութ­իւ­ն­ը նոյն­իսկ պիտ­ի չանդ­րա­դառ­նայ այդ վտան­գին մօտ­եց­ում­ը իր­ենց դրան սեմ­ին: 1998 թուա­կա­նին քան­ին­ե՞ր կար­ող էին նա­խատե­ս­ել, թէ արդ­էն եր­եք տար­ի յե­տոյ ֆիլմ­ե­ր­ու վրայ նկա­րա­հա­նում­ը պիտ­ի ան­հե­տա­նար:

1975 թուա­կան­ին է, որ լոյս կը տեսն­էին թուա­յին պաս­տառ­նե­րը, որ­ոնց ա­ռաջ­ինն­եր­ը հազ­իւ 10.000 pixel-ի յստակ­ութ­իւն ու­նէին: Սա­կայն հ­­ետ­եւ­ել­ով Moore-ի օր­էնքին* շուտ­ով պիտ­ի զար­գա­նայ­ին՝ բազ­մա­պատ­կել­ով pixel-նե­րու քա­նա­կը, հասն­ել­ով այ­սօր­ուան մ­­իլիո­նա­ւոր թուա­քա­նա­կին: Մեծ հա­ւա­նա­կա­նութ­եամբ նոյն բա­նը պիտ­ի պա­տա­հի «ա­րու­ես­տա­կան ու­նա­կութ­եան», ա­ռողջ­ութ­եան, ինք­նաշ­խատ սարք­եր­ուն, ե­լեկտ­րա­կան կառք­եր­ուն, կրթա­կան ոլոր-­տին, ե­ռա­տա­րած (3D) տպագր­իչն­ե­րուն, երկ­րա­գործ­ութ­եան եւ շարք մը այլ աս­պար­էզ­ներ­ուն:

Բա­րի գալ­ուստ «Չոր­րորդ ճարտ­ար­արու­ես­տակ­ան յեղ­աշրջ­ում­»ին: Բա­րի գա­լուստ բազ­մա­պատ­կե­­ալ ա­ճի եւ զար­գա­ցու­մի շրջա­նին: Տե­ղե­­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գը ա­պա­գայ 15-10 տա­րի­­նե­րու ըն­թաց­քի­­ն բո­լո­­րո­վի­ն յե­ղաշր­ջու­մի պի­տի են­թար­կէ ա­ւան­դա­կան ճար­տա­րա­րուե­­ստը­: Uber թաք­սի­­ի հա­մա­կար­գը­­, որ սե­փա­կան ո­րե­­ւէ ինք­նա­շար­ժի տէ­րը չէ, ներ­կա­յիս աշ­խար­հի թաք­սի­­ի մե­ծա­գոյն ըն­կե­րու­թի­­ւնը կը նկա­տուի­­: Airbnb հաս­տա­տու­թի­­ւնը այ­սօր աշ­խար­հի պան­դո­կի մե­ծա­գոյն ըն­կե­­րութիւնն է­, ա­ռանց սե­փա­կան հիւ­րա­նոց ու­նե­­նա­լու: Հա­մա­կար­գի­­չնե­րու կա­րո­­ղու­թիւնն ու հա­շուի­­չ ուժգ­նու­թի­­ւնը ան­սահ­ման վե­­րե­լք կ­՚ար­ձա­նագ­րէ ա­մէն անց­նող օր: Անց­նող տա­րուան մէ­­ջ է­ր, որ հա­մա­կար­գի­­չ մը Go խա­ղի աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն վար­պե­­տը պար­տու­թե­­ան մատ­նեց, նա­խա­տե­սուած թուա­­կա­նէ­­ն տա­սը տա­րի ա­ռաջ:

Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­­րու մէջ ե­րի­­տա­սարդ փաս­տա­բան­նե­րը ար­դէ­­ն սկ­սած ե­ն ան­գործ մնալ: Պատ­ճա­ռը IBM Watson տե­ղե­­կա­տուա­կան հա­մա­կարգն է, ո­րու շնոր­հի­­ւ կա­րե­լի է ստա­նալ ի­­րա­ւա­բա­նա­կան վայր­կենա­կան խորհուրդ 90 առ հա­րիւր ճշգրտու­թեամբ, մարդ­կա­յի­­ն խո­րհուրդ­նե­րու վստա­հե­­լի­ու­թե­­ան 70 առ հա­րիւ­րին փո­խա­րէն: Հե­տե­­ւա­բար, ե­թէ ձեր զա­ւա­կը ի­րա­ւա­բա­նու­թի­­ւն կ­՚ու­սա­նի ներ­կա­յիս, խոր­հուրդ կը տրուի դադ­րեց­նե­­լ ան­մի­ջա­պէս: Այս ընթաց­քո­վ ա­պա­գա­յին փաս­տա­բան­նե­րու քա­նա­կը պի­տի պակ­սի 90 առ հա­րիւր, աս­պա­րէ­զի դաշ­տը թո­ղե­­լո­վ մի­մի­­այն մաս­նա­գէտ­նե­րուն: IBM Watson-ը կ՚օգ­նէ նաե­­ւ բժշ­կա­կան ախ­տա­ճա­նա­չու­մի ոլո­­րտի­ն, մարդ­կա­յի­­ն քաղց­կե­ղի ախ­տո­րո­­շում­նե­­րը չորս ան­գամ ա­ւե­լի ա­րագ եւ ա­ւե­լի ճշգրիտ ձե­ւո­­վ լու­սա­բա­նե­լո­­վ: Մէկ խօս­քո­­վ՝ 2030 թուա­կա­նին հա­մա­կար­գի­­չնե­րը մար­դոց­մէ ա­ւե­լի խե­լա­ցի կրնան դառ­նալ:

Հե­ռա­­վա­ր ի­նքնա­­շա­րժնե­ր. 2018 թուա­կա­նին պի­տի սկսին ե­րե­­ւի­լ հան­րու­թե­­ան մատ­չե­լի հե­ռա­վար ինք­նա­շարժ­նե­­րը: Իսկ 2020 թուա­կա­նին ամ­բո­ղջ ճար­տա­րա­րուեստն է, որ պի­տի են­թար­կուի այդ նո­րու­թե­ան: Ալ անձ­նա­կան ի­նքնա­շարժ ու­նե­նա­լու պա­հանջ­քը պի­տի չզգաք, ո­րո­վհե­տե­ւ ձեր առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նո­վ պի­տի կա­րե­նաք կան­չել կառք մը, որ պի­տի ներ­կա­յա­նայ վար­ձա­տե­ղի­ն, ձեզ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար ձե­ր պա­տուի­րած հաս­ցէին: Կառ­քը կա­յա­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թի­ւնը ան­հե­տա­ցած պի­տի ըլ­լայ, ձե­զի պի­տի մնայ միայն ճամ­բու ծախ­սը վճա­րե­լ, ձե­զի նոյ­նի­սկ հ­նա­րա­ւո­րու­թի­ւն ըն­ծա­յե­լո­վ կա­ռքին մէջ աշ­խա­տե­լու: Մեր ե­րա­խա­նե­րը այ­լեւս վա­րո­րդի ար­տօ­նա­գիր ստա­նա­լու հո­գե­րէ­ն եւ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ­ն նաե­ւ ինք­նա­շար­ժի տէր դառ­նա­լու պար­տադ­րան­քէ­ն զե­րծ պի­տի մնան:

Քա­ղաք­նե­րը պի­տի կեր­պա­րա­նա­փո­խուի­ն, ո­րո­վհե­տե­ւ 90-95 առ հա­րիւր նուազ ինք­նա­շարժ­նե­ր պի­տի շրջին հրա­պա­րա­կի վրայ: Այս­պէ­սով, նախ­կի­ն կա­ռա­տու­նե­րը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ վե­րա­ծել իս­կա­կան հան­րա­յին պար­տէ­զնե­րու: Աշ­խար­հի տա­րած­քին վրայ, ինք­նա­շար­ժի ար­կած­նե­րը ա­մէն տա­րի մէկ  մի­լի­ոն 200 հա­զար զո­հե­ր կը խլեն: Ներ­կա­յի իւ­րա­քան­չի­ւր 100.000 քի­լօ­մեթ­րի դի­մաց մէկ ար­կա­ծի փո­խա­րէն, պի­տի ու­նե­նանք մի­մի­այն մէկ ար­կած 1.000.000 քի­լօ­մեթ­րի դի­մաց, թարգ­մա­նի տա­րի­ն մէկ մի­լի­ոն զո­հե­րու փրկու­թի­ւն: Այս մէ­կը երկ­րա­գուն­տի բնակ­չու­թե­ան թի­ւը պի­տի ա­ւելց­նէ­:

Ինք­նա­շար­ժի ըն­կե­րու­թի­ւննե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը պի­տի փա­կէ իր դռնե­րը­: Ա­ւան­դա­կան ինք­նա­շար­ժի ըն­կե­րու­թի­ւննե­րը ար­դէ­ն կը ջա­նան յե­ղաշր­ջու­մա­յին մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­լ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­կարգ կառ­քե­ր ար­տադ­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ, մինչ Tesla, apple, Google-ի նման հաս­տա­տու­թի­ւննե­ր ի­րե­նց գոր­ծու­նէ­ու­թիւ­նը պի­տի կեդ­րո­նաց­նեն բո­լո­րո­վին յե­ղա­փո­խա­կան մօ­տե­ցում մը որ­դեգ­րե­լո­վ, կառ­քի ա­նիւ­նե­րուն մէջ տե­ղա­ւո­րե­լո­վ հա­մա­կար­գիչ­նե­ր: VW եւ audi-ի նման ըն­կե­րու­թի­ւննե­րը ար­դէն զար­հու­րած ե­ն ի տես Tesla-ի վեր­ջի­ն քայ­լե­րուն:

Ա­պա­հո­վու­թե­ան ը­նկե­րու­թիւն­նե­րը զան­գուա­ծա­յի­ն լուրջ հար­ցե­ր պի­տի ու­նե­նան, ար­կած­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թե­ան պատ­ճա­ռաւ, ուս­տի ա­պա­հո­վագ­րու­թի­ւնը պի­տի ար­ժէ 100 ան­գամ ա­ւե­լի ա­ժան: Մէկ խօս­քո­վ՝ ի­րե­նց աշ­խա­տան­քա­յի­ն ներ­կայ հա­մա­կար­գը պի­տի ան­հե­տա­նայ:

Բնա­կու­թեան հա­մա­կարգն­
ալ կա­րե­ւո­ր փո­փո­խու­թե­ան
­պի­տի են­թար­կուի­: Փո­խադ­րու­թե­ան ըն­թաց­քին աշ­խա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը աշ­խա­տո­ղ դա­սա­կար­գին մէջ կա­րե­լի­ու­թի­ւն եւ ցան­կու­թի­ւն պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ քա­ղա­քէ­ն բա­ւա­կան հե­ռու, շատ ա­ւե­լի հանգս­տա­ւէտ բնա­կա­րան­նե­րու մէջ ապ­րե­լու:

2020 թուա­կա­նի շուրջ ե­լե­կտրա­կան ինք­նա­շա­րժնե­րը մեծ ըն­դու­նե­լու­թի­ւն պի­տի գտնեն: Քա­ղաք­նե­րը նուազ ա­պա­կա­նած եւ նուազ աղմ­կոտ պի­տի ըլ­լան, քա­նի որ շրջուն կառ­քե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թի­ւնը ե­լեկտ­րա­վար պի­տի ըլ­լայ: Տրուած ը­լլա­լով, որ ա­րե­գակ­նա­յի­ն ու­ժա­նիւ­թը բազ­մա­պատ­կեալ աճ պի­տի ար­ձա­նագ­րէ յա­ռա­ջի­կայ երեսուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ ե­լե­կտրա­կան ու­ժա­նիւթն ալ ի­ր կար­գի­ն չա­փա­զանց ա­ժան պի­տի դառ­նայ եւ մա­քուր:

Ան­ցեալ տա­րի, ա­րե­գակ­նա­յի­ն ու­ժա­նի­ւթի­ն վ­րայ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­ր քա­նա­կո­վ ներդ­րում կա­տա­րուե­ցաւ ած­խա­յի­ն ու­ժա­նիւ­թի բաղ­դատ­մամբ: Ու­ժա­նիւ­թի մեծ հաս­տա­տու­թի­ւննե­րը յու­սա­հա­տօ­րէ­ն կը ջա­նան ար­գելք հան­դի­սա­նալ ա­րե­գակ­նա­յի­ն ու­ժա­նիւ­թի տա­րած­ման գոր­ծը­նթա­ցին, սա­կայն չե­ն կր­նար եր­կա­րաձ­գել այս ը­նդդի­մու­թի­ւնը­: Ար­հես­տա­գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րը ի­րե­նց վե­րահս­կո­ղութեան տակ կը պա­հե­ն այդ ռազ­մա­վա­րու­թի­ւնը­:

Ա­ժան ե­լե­կտրա­կա­նու­թի­ւնը պի­տի բե­րէ նաե­ւ ա­ռատ ջուր: Այ­սօր ա­ղի ջու­րի ա­ղա­զե­րծու­մը կը պա­հան­ջէ մէկ խո­րա­նարդ մեթ­րի հա­մար 2 քի­լօ­վաթ/ժամ ու­ժա­նիւթ, ո­րու գինն է մօ­տա­ւո­րա­պէս 2 սենթ (տո­լա­րի): Մենք ընդ­հան­րա­պէս ջու­րի պա­կաս չե­նք զ­գար (բա­ցի ափ­րի­կե­ան ո­չ-­զար­գա­ցած ե­րկի­ր­նե­րէ­), այլ՝ ըմ­պե­լի ջու­րի ան­բա­ւա­րար քա­նակն է գլխա­ւո­ր հար­ցը­: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ­՛ք՝ ա­պա­գա­յին մար­դիկ գրե­թէ ո­չի­նչ գի­նո­վ ի­րե­նց ու­զա­ծին չափ ըմ­պե­լի ջու­րի պի­տի տի­րա­նան:

Ա­ռող­ջու­թե­ան բնա­գա­ւա­ռի­ն մէջ զգա­յա­ցունց նո­րու­թի­ւննե­ր կը նա­խա­տե­սուի­ն: Tricorder X բժշկա­կան հա­մա­կա­րգը­, որ հե­ռա­ձայ­նո­վ պի­տի բա­նի, կա­րո­ղ է ձեր աչ­քի ցան­ցե­նի­ին պատ­կե­րա­հա­նու­մը­, ա­րեան քննու­թի­ւնը կա­տա­րե­լու. ան կա­րող է նաե­ւ ըն­դու­նե­լու ձեր շուն­չը­: Այս­պէ­սո­վ, ան կրնայ վե­ր­լու­ծու­մի են­թար­կել 54 կեն­սա­չա­փո­րո­շի­չնե­րը­, ախ­տո­րո­շե­լու հա­մար ո­րե­ւէ հի­ւան­դու­թի­ւն: Հա­մա­կար­գը գի­տա­մատ­չե­լի է, ա­ժան եւ քա­նի մը տա­րի յե­տո­յ երկ­րա­գուն­տի իւ­րա­քան­չիւր բնա­կի­չ պի­տի կա­րե­նայ բժշկա­կան վե­րլու­ծում կա­տա­րել գրե­թէ ո­չի­նչ գի­նո­վ: Մնաք բա­րով, բժշկա­կան հաս­տա­տու­թի­ւննե­ր եւ յա­ճախ ա­նի­մաստ բժշկա­կան ծախ­սեր:

Ե­ռա­տա­րա­ծ տ­պագ­րի­չնե­րը­. գի­տա­մատ­չե­լի ե­ռա­տա­րած սար­քա­ւո­րում­նե­րու գի­նե­րը մօտ տա­սը տա­րի­էն ներ­կայ 18.000 տո­լա­րէն պի­տի իջ­նե­ն 400 տո­լա­րի: Միեւ­նոյն ա­տեն ա­նոնց ա­րա­գու­թի­ւնը պի­տի հա­րի­ւրա­պատ­կուի­: Կօ­շի­կի ար­տադ­րու­թե­ան գլխա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը ար­դէ­ն սկ­սած են փոր­ձե­ր կա­տա­րել ե­ռա­տա­րած տպագ­րի­չով կօ­շի­կի ար­տադ­րութե­ան: Օ­դա­նա­ւա­շի­նու­թե­ան ո­րո­շ պա­հե­ստի կտոր­նե­րը ար­դէն կ՚ար­տադ­րուի­ն ե­ռա­տա­րած տպի­չի ե­ղա­նա­կով: Իսկ անջր­պե­տա­յին կա­յա­նը ու­նի տպագ­րիչ սար­քա­ւո­րում մը, որ ժա­մա­նա­կավ­րէ­պ դար­ձու­ցած է ան­ցեա­լին մեծ քա­նա­կու­թե­ամբ մթե­րուո­ղ պա­հես­տի ո­րո­շ կ­տոր­նե­րու դա­սա­կան ե­ղա­նա­կո­վ ար­տադ­րու­թիւ­նը­:

Այս տա­րուան ա­ւար­տի­ն նո­րա­գո­յն smartphone-նե­րը ե­ռա­տա­րած նկա­րա­հա­նու­մի կա­րե­լի­ու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռե­ն: Այս­պէ­սո­վ, զո­ր օ­րի­նակ՝ պի­տի կա­րե­նաք պատ­կե­րա­հա­նե­լ ձեր ոտ­քը ե­ռա­տա­րած, յար­մա­րա­գոյն կօ­շի­կը ընտ­րե­լէ ա­ռաջ: Ան­ցեա­լին զար­մա­նա­լի թուող ե­րե­ւո­յթնե­րը ար­դէ­ն ա­րա­գօ­րէ­ն մաս կը կազ­մե­ն մեր ա­ռօ­րեայ կե­նցա­ղին: Չի­նաս­տա­նի մէջ վեց­յար­կա­նի շէն­քի մը ե­ռա­տա­րած պատ­կե­րա­հա­նու­մը եւ ա­նոր յա-­ջո­րդող կա­ռու­ցու­մը ար­դէն ի­րա­գոր­ծուած է­: 2027 թուա­կա­նին ի­րա­գոր­ծե­լի ա­մէն ին­չի տա­սը տո­կո­սը ե­ռա­տա­րած հա­մա­կար­գով պի­տի կա­տա­րուի­:

Որ­պէ­ս եզ­րա­կա­ցու­թի­ւն կա­րե­լի է ա­ռա­ջադ­րել, որ յա­ռա­ջի­կայ քսան  տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այ­սօ­րուան աշ­խա­տու­թե­ան ո­լո­րտնե­րու 70-80 առ հա­րիւ­րը դա­տա­պար­տուած է ան­հե­տա­նա­լու: Փո­խա­րէ­նը­՝ աշ­խա­տու­թեան շարք մը նոր բնա­գա­ւառ­նե­ր լոյս աշ­խարհ պի­տի գան: Հար­ցը այն է­, թէ ա­նոնց թի­ւը բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լա՞յ թէ ոչ:

Այս­պէս, երկ­րա­գո­րծու­թե­ան մար­զին մէջ ա­պա­գա­յին կը նա­խա­տե­սուի հա­մա­կարգ­չա­յին հա­մա­կարգ, ո­րու շնոր­հի­ւ ա­պա­գայ երկրա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հի­ն մէջ երկ­րա­գործ­նե­րը հա­մա­կար­գի­չի մը ե­տի­ն նս­տող վա­րիչ­նե­ր պի­տի ըլ­լան ի­րե­նց ար­տը հե­ռուէ­ն մ­շա­կո­ղ, եւ ոչ թէ այն հո­ղա­գոր­ծը­, որ իր ար­տին մէջ շա­րու­նա­կա­կան նե­րկա­յու­թի­ւն ու­նի այ­սօր: Ա­րուես­տա­կան բեղմ­նա­ւո­րու­մը ար­դէ­ն մուտք գոր­ծած է վեր­ջի­ն տա­րի­նե­րուն ա­նաս­նա­բու­ծու­թե­ան մար­զին մէջ, ո­րու որ­պէ­ս ար­դի­ւնք՝ մօտ եր­կու տա­րի­էն՝ այդ ե­ղա­նա­կո­վ աշ­խարհ ե­կած հո­րթ մը, կո­վէ­ն բ­նա­կան բեղմ­նա­ւո­րու­մով ծնած հոր­թէ­ն շատ ա­ւե­լի քիչ ծախ­սի պի­տի նստի: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ­՛ք հե­տե­ւանք­նե­րը­. նուազ ա­զատ հո­ղա­տա­րած­քի կա­րի­ք՝ ա­նա­սու­նի սերն­դա­փո­խու­թե­ան հա­մար:

Ար­դէ­ն գո­յու­թի­ւն ու­նի­ն շարք մը նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­ր, ո­րո­նց շ­նոր­հի­ւ մօտ օ­րէ­ն հ­րա­պա­րակ պի­տի իջ­նէ մի­ջա­տա­յի­ն փ­րո­թէ­ի­նը­: Այս վե­րջի­նը մի­սէ­ն ա­ւե­լի փրո­թէ­ին կը պա­րու­նա­կէ: Ան պի­տի բե­րէ «փրո­թէ­ի­նի աղ­բիւ­րի նոր տար­բե­րակ», ո­րո­վհե­տե­ւ մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թի­ւնը դեռ կը մեր­ժէ որ­թե­ր ճա­շա­կել:

Եր­կա­րա­կե­ցու­թի­ւն. ներ­կա­յիս մարդ­կա­յի­ն կեան­քի մի­ջի­ն տե­ւո­ղու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չի­ւր տա­րի ե­րե­ք ա­միս կ՚եր­կա­րաձ­գուի­, այլ խօսքո­վ՝ չորս տա­րի ա­ռաջ 79 տա­րի հա­շուո­ղ կեան­քի մի­ջի­ն տե­ւո­ղու­թի­ւնը դար­ձած է 80 տա­րի­: Եր­կա­րա­կե­ցու­թեան աճն ալ ի­ր կար­գի­ն պի­տի ա­ճի եւ ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թե­ամբ 2036 թուա­կա­նի­ն բ­նակ­չու­թե­ան մէ­ջ հա­րի­ւրա­մեա­նե­րու թի­ւը զգա­լի կեր­պով պի­տի շատ­նայ: Սա­կայն բնակ­չու­թե­ան ա­ճը սննդա­ռու­թե­ան լուրջ հար­ցե­ր պի­տի ստեղ­ծէ­:

Կրթա­կա­ն մարզ. 2020 թուա­կա­նին մար­դոց 70 տո­կո­սը smartphone պի­տի ու­նե­նայ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ ու­նե­նալ նո­յն հ­նա­րա­ւո­րու­թի­ւնը բարձր մա­կար­դա­կի կրթու­թի­ւն ս­տա­նա­լու ի­մաս­տով:

Նո­րաս­տեղծ «Եր­րո­րդ աշ­խարհ» հա­մա­կար­գի­ն մէջ Չի­նաս­տան պի­տի գրա­ւէ ա­ռա­ջի­ն տե­ղը­, իսկ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը պի­տի նա­հան­ջէ երկ­րո­րդ տեղ:

Հա­ւա­նա­կան է­, որ ա­նոնք ո­րո­նք 65-էն վար տա­րի­ք ու­նի­ն այ­սօր՝ ապ­րին վե­րե­ւ յի­շուած յե­ղաշր­ջում­նե­րու կա­րե­ւո­ր մէկ մա­սը­:

Թարգ­մա­նա­բա­ր՝

­ՍՈՒ­ՐԷՆ ՇԷ­ՐԻՔ

«Նոր Յառաջ», Փարիզ

* lntel հաս­տա­տու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր Gordon Moore-ի հա­մա­ձայն՝ հա­մա­կար­գի­չի հա­շուիչ ա­րա­գու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կեալ աճ պի­տի ար­ձա­նագ­րէ, ինչ որ ար­դէն հաս­տա­տուե­ցաւ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն եւ ըն­դու­նուե­ցաւ որ­պէս օ­րէնք:

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017