ՈՉ ԹԷ ԶԷՆՔՈՎ՝ ԱՅԼ ԺՊԻՏՈՎ ԿՐԱԿԷ

Բազմիցս իմացած եմ մեծն հայոց բանաստեղծ Գէորգ Էմինի խօսքերը. «Խօսքդ զէնքի պէս զգոյշ գործածէ»։ Սակայն երբեւէ չէի իմացած, նոյնիսկ չէի խորհած, թէ կարելի է զէնքի փոխարէն կրակել ժպիտով։

Առհասարակ, Հայաստանի մէջ մանչ երեխաները շատ կը սիրեն խաղալ զէնք-զինամթերքով՝ անշուշտ խաղալիք։ Մեր փորքրիկներու նախընտրելի խաղերէն մին է պատերազմիլը։ Անոնք ինքզինքնին կը պատկերացնեն երեւակայական ռազմադաշտի մէջ ու խումբ մը ընկերներով կը մարտնչին յօրինեալ թշնամիներու դէմ։

Կը կարծեմ, թէ մեր զինուորները իրենց քաջութեան առիւծի բաժինը ձեռք կը բերեն մանկութեան տարիներուն խաղացած ռազմախաղերէն։

Վերջերս կարդացի հետաքրքրական ու ուսուցողական պատմութիւն մը, որ տեղի ունեցած էր երեւանեան մեթրոյին մէջ։ Պատահական ուղեւոր մը այնքան ազդուած էր այս դէպքով, որ շտապած էր կիսուիլ հանրութեան հետ։

*

Երեւանեան մեթրոյի գնացքին մէջ գրեթէ վեց տարեկան մանչուկ մը կ՚երթեւեկէր իր մայրիկի հետ։ Փոքրիկ տղեկի ձեռքին կար խաղալիք ատրճանակ մը։ Մէկ աչքը կկոցած ատրճանակը կը պահէր գնացքի ուղեւորներու վրայ ու կը փորձէր ընտրել թիրախ մը։

-Մայրիկ, մայրիկ, որո՞ւ կրակեմ։

-Չեմ գիտեր զաւակս,- մանչուկի գլուխը շոյելով պատասխանեց մայրը։- Սա պարոնին հարցուր։

Երեխայի քովը նստած էր զինւորական տարազով 60 տարեկանն անց տղամարդ մը։

-Ներողութիւն, խօսքը կը վերաբերի ինծի՞,- անոնց երկուքին նայելով հարցուց տղամարդը։

Երիտասարդ մայրիկը բարեհամբոյր ժպտաց ու գլուխի շարժումով մը ըսաւ՝ այո։

Տղամարդը.

-Հրամէ փոքրիկ։

Տղան.

-Զինուորակա՞ն էք։

-Գեներալ-գնդապետ։

-Ես չեմ գիտեր, թէ այդ ինչ է։

-Աւելի փորձառու զինուոր,- ժպտաց տղամարդը։

-Դուք ալ ունի՞ք ատրճանակ։

-Այո, ունիմ։

-Ուրեմն կրակել ալ գիտէ՞ք։

-Անշուշտ, գիտեմ։

-Դէ ուրեմն, որպէս գեներալ-գնդապետ հրամայեցէ՛ք, սա պահուն որո՞ւն կրակեմ,- կրկին իւր խաղալիք զէնքն ուղեւորներու վրայ պահելով հարցուց փոքրիկը։

Մեղմ շարժումով մը տղամարդը բռնեց երեխայի դաստակը եւ իջեցուց անոր ձեռքը, որով կը պահէր խաղալիք ատրճանակը։

-Զաւակս, կը հրամայեմ, որպէսզի միշտ յիշես. երբեք, երբեք, երբեք չպահես զէնքը որեւէ անզէն մարդու մը վրայ խաղաղ պայմաններու մէջ…

-Բայց… այս խաղալիք մըն է։

-Թէկուզ այն ըլլայ խաղալիք զէնք մը։ Կարելի չէ։ Սխալ է։ Ասիկա քեզի կ՚ըսեմ որպէս զինուորական մը։ Զէնքէն առաւել զարհուրելի չարիք մը չկայ։ Անոր գործածութիւնը թոյլատրելի է միմիայն ծայրայեղ պատերազմական իրավիճակներու պարագային։

-Եթէ այդպէս է, հիմա ինչո՞վ պիտի կրակեմ,- տխրեցաւ տղան։

-Զոր օրինակ՝ ժպիտով։ Ճիշդ այսպէս,- գեներալ-գնդապետի դէմքին յայտնուեցաւ բարի ժպիտ մը։- Տես, քեզի կը կրակեմ իմ ժպիտով։

Փոքրիկ մանչուկը ժպտաց։

-Ես հասկցայ, հասկցայ. երբ կը կրակես ժպիտով, կրակած անձդ ալ փոխադարձաբար քեզի կը ժպտայ։

-Ճիշդ ես փոքրիկ։ Ահաւասիկ, այսպէս կրնաս իմանալ, թէ յաղթանակած ես։

Փոքրիկը սկսաւ կարգով նայիլ իրեն տեսադաշտի մէջ գտնուող ուղեւորներուն ու ժպտիլ։ Ինծի ալ նայեցաւ ժպիտով մը։ Բնականաբար ես ալ անոր ժպտեցայ։ Նշմարելով շատերու փոխադարձ ու անկեղծ ժպիտները, դարձաւ դէպի գեներալ-գնդապետը ու ըսաւ ոգեւորած.

-Հիմա քանի՞ հոգիի յաղթեցի։

-Ապրիս տղաս. զէնքով չէ՝ ժպիտով կրակէ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2020