ՔԱՐԱՑԱԾ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԻՉԸ

Այսօր ծննդեան 157-ամեակն է հայ նշանաւոր ճարտարապետ, հնագէտ Թորոս Թորամանեանի: Հայ ճարտարապետութեան պատմութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրն է ան: Իր կեանքի շուրջ երեսուն տարիները նուիրաբերած է Հայաստանի ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ մինչ օրս անոր կատարած աշխատանքը մնացած է անգերազանցելի: Մանաւանդ անգին է Թորոս Թորամանեանի դերը Զուարթնոց տաճարի պեղումներուն եւ յետագայ գիտական ուսումնասիրութիւններուն գործին մէջ:

Թորամանեան ճարտարապետին, հետազօտողին շնորհիւ էր, որ հայկական վաղ միջնադարեան ճարտարապետութեան գլուխ գործոց Զուարթնոցը վերակենդանացաւ ու վեր յառնեցաւ աւերակներէն։ Թորամանեանի մասին կ՚ըսեն, որ ան քարացած ճարտարապետութիւնը վերածած է երգի: Ինքը՝ Թորամանեանն ալ առիթով մը ըսած է. «Մեր ճարտարապետները քերթողներ են, որոնք իրենց կառուցածները միշտ կը կապեն հին, գեղեցիկ տեսարաններու հետ»:

Հայ ճարտարապետութեան այս անզուգական նուիրեալին ծննդեան օրուան առթիւ, անցեալի մամուլէն եւ գրականութենէն քաղելով եւ զատելով կը ներկայացնեմ Թորոս Թորամանեանի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ, ինչպէս նաեւ ժամանակակիցներուն խօսքերը անոր մասին:

ԹՈՐԱՄԱՆԵԱՆԻ «ԹՆԴԱՆՕԹՆԵՐԸ»

Մեր երախտաշատներէն Յովհաննէս Թումանեան ունի յօդուած մը, որ խորագրուած է «Թորամանեանի թնդանօթները»: 1914 թուականին լոյս տեսած այդ յօդուածին մէջ Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ, որ եւրոպացի նշանաւոր գիտնական մը մասնաւոր նամակ յղելով, գրած է. «Մենք Թորամանեանի թնդանօթներուն համար ճանապարհ կը բանանք»։ Թումանեան կը պարզաբանէ, որ յարգելի գիտնականը թնդանօթներ կ՚անուանէ Թորամանեանի ուսումնասիրած ու հաւաքած հայկական ճարտարապետութեան այն նմոյշները, որոնք մօտ ապագային իրենց լուսաբանութիւններով լոյս պիտի տեսնեն Եւրոպայի մէջ։ Գիտնականը կ՚ըսէ, թէ անոնք նորութիւններ են Եւրոպայի համար եւ առայժմ անոնց մասին ծանօթութիւններ կու տան եւրոպացիներուն, այսինքն՝ ճանապարհ կը բանան «Թորամանեանի թնդանօթներ»ուն։ Յովհաննէս Թումանեան մեկնաբանելով՝ կ՚ըսէ, որ այո՛, անոնք թնդանօթներ են, հայկական թնդանօթներ, եւ թնդանօթներէն ամենաազնիւն ու ամենաուժեղը, որ երբեւէ յօրինած է մարդը: «Իրենց հետ կը տանին հայ ժողովուրդի ստեղծագործական հանճարն ու կարողութիւնը, կ՚երթան հայերուն համար նուաճելու լուսաւոր ազգերուն սէրն ու համակրութիւնը, յարգանքն ու հիացումը։

«Յիրաւի, գործիչները նման են զօրավարներու եւ անոնց գործերը թնդանօթներ են, որոնք կը հասնին հեռաւոր տարածութիւններ ու ժամանակներե»։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թորոս Թորամանեան ծնած է Փոքր Հայքի Շապինգարահիսար քաղաքին մէջ, 1864 թուականին, հողագործի ընտանիքի մը մէջ։ Տասնչորս տարեկանին զրկուած է ծնողքէն։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Մուշեղեան վարժարանին մէջ։ 1883 թուականին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, աշխատած է նախ որպէս քարակոփի, ապա՝ ատաղձագործի աշակերտ: 1888-1893 թուականներուն ուսանած է Պոլսոյ Կայսերական գեղարուեստից ճեմարանի ճարտարապետական բաժնին մէջ։ Աւարտելէն ետք Պոլսոյ մէջ որոշ շրջան մը աշխատած է իբրեւ ճարտարապետ: 1896-1900-ին ապրած է Պուլկարիա, զբաղած է շինարարութեամբ, գլխաւորապէս համայնքի հարուստ հայերուն՝ Մանուկեաններուն, Սարգիս Ֆատեանին, Դանիէլ Պուլկարացիին եւ այլոց համար շէնքեր նախագծելով: Կարճ ժամանակ մը Թորամանեան ապրած է նաեւ Ռումանիա։

Հակառակ որ միշտ զբաղած է գործնական ճարտարապետութեամբ, բայց ան աւելի հետաքրքրուած է ճարտարապետութեան տեսութեամբ եւ պատմութեամբ: 1900 թուականին կը մեկնի Յունաստան, ապա Եգիպտոս եւ Իտալիա: 1902 թուականին գտնուած է Փարիզ, ուր ունկնդրած է արուեստի մասին դասախօսութիւններ, զբաղած է արեւելեան հնագիտական առարկաներու ուսումնասիրութեամբ: 1903, 1905-1909 թուականներուն յայտնի հնէաբան Նիկողայոս Մառին հետ մասնակցած է Անիի մէջ տարուող պեղումներուն, կատարելով անոր աւերակներու ողջ ճարտարապետական նիւթին յատակագիծերը, նկարները, կտրուածքները եւ վերակազմութիւնները:

20-րդ դարու սկիզբը Թորոս Թորամանեանի ջանքերով Զուարթնոցի աւերակները դուրս բերուած են հողի դարաւոր շերտերուն տակէն եւ ուսումնասիրութիւններով վերականգնեցուած է տաճարին իսկական պատկերը: Յայտնի դարձաւ, որ տաճարը եղած է բոլորակ, եռայարկ, հայկական թմբուկով, գմբէթաշէն ինքնատիպ կոթող մը: Երբ պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուեցաւ Գագիկ թագաւորին արձանը՝ Գագիկաշէն Ս. Գրիգոր տաճարին մանրակերտը ձեռքին, հաստատուեցաւ, որ Թորամանեան յաջողած էր Զուարթնոցի յատակագիծի ուսումնասիրութեամբ ճշգրտօրէն յայտնաբերել շինութեան տեսքն ու ձեւը, քանի որ, պատմիչին համաձայն, Գագիկաշէնը Զուարթնոցի կրկնութիւնն էր:

Թորոս Թորամանեան 1921 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ դասախօսութիւններ տուած է Հին Հայաստանի ճարտարապետութեան պատմութեան մասին:

Տաղանդաւոր ճարտարապետը մահացած է 1934 թուականին Երեւանի մէջ։ Մահէն մէկ ամիս առաջ՝ 1934-ի փետրուարին, Հայաստանի մէջ նշուած է անոր գիտական գործունէութեան 30-ամեակը եւ շնորհուած գիտութեան վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչում:

ԱՆԻԻ ՄԷՋ

Դժուար է պատկերացնել Թորոս Թորամանեանի մասին ըսուած որեւէ խօսք, առանց անդրադառնալու Անիի մէջ անոր գործունէութեան:

Թորամանեան 1903 թուականին կարճ ժամանակով մը կը վերադառնայ Պուլկարիա, սակայն նոյն թուականի գարնան, փարիզաբնակ հայագէտ Կարապետ Պասմաճեանի առաջարկով եւ անոր հետ, երեք ամիսով կ՚երթայ Անի՝ ուսումնասիրութիւններ կատարելու: Անին մեծ անակնկալ կ՚ըլլայ անոր համար։ Իր մէկ յօդուածին մէջ գրած է. «Ես այս ամէնը տեսայ, երբ երկու տարի առաջ այցելեցի Անի։ Զարմանքով կը դիտէի չորս կողմս եւ չէի ուզեր հաւատալ տեսածներուս իրականութեան»։

Այս տողերով Թորամանեան ակնարկած է, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հայկական ճարտարապետութիւնը ճանչցուած չէր որպէս ինքնուրոյն ճարատարապետական ոճ ունեցող առանձին դպրոց։ Այս մասին ըսած է. «Դժբախտաբար, ոչ մէկ տեղ, ոճերու ուսումնասիրութեանց շարքին մէջ, «Հայկական ճարտարապետութիւն» խորագրին տակ բացուած բաժինի մը հանդիպեցայ։ Հետեւաբար հայ ոճի մը գոյութիւնը չէի երեւակայեր իսկ»։ Ճիշդ այս պատճառով Թորամանեան որոշած է մնալ Անի եւ անձամբ ուսումնասիրել հայ ժողովուրդի քարակերտ ժառանգութիւնը։ Այդ որոշման իրականացման նպաստած է ծանօթ հնագէտ Նիկողայոս Մառի՝ Անիի մէջ ըլլալը, ուր գացած էր երկրորդ անգամ՝ պեղումներ կատարելու։ Թորամանեան ունեցած է Մառի նիւթական աջակցութիւնը։ Ճարտարապետը մշակած է Անիի կարգ մը կիսականգուն եւ աւերակ յուշարձաններու վերակազմութեան նախագիծերը, գրած է անոնց պատմութիւնն ու պատրաստած՝ հրատարակութեան: Հայաստանի անկախութենէն ետք այդ գործերէն որոշները հրատարակուեցան: Իր կեանքի ընթացքին ան հրատարակած էր տասնեակ գիրքեր, մամուլի մէջ պարբերաբար հանդէս եկած էր յօդուածներով:

ԶՈՒԱՐԹՆՈՑԻ ՄԷՋ

1904 թուականին ան վաղ միջնադարեան հայ ճարտարապետութեան յուշարձանները ուսումնասիրելու նպատակով մեկնած է Էջմիածին: Այդպէսով, ան հասած է Զուարթնոց, ուր 1900 թուականին պեղումներու սկսած էր Խաչիկ Վարդապետ Դադեան։ Խաչիկ Վարդապետը, ըստ ժամանակագիրներուն, չունենալով այն մասնագիտական որակաւորումը, որ ունէր Թորամանեան, առանց գործը աւարտին հասցնելու պեղումները դադրեցուցած էր, երբ Թորամանեան հասաւ հոն։ Պեղումներէն առաջ, Զուարթնոց տաճարի աւերակները թաղուած էին հողի թանձր շերտին տակ։ Տաճարը, ինքնատիպ կոթող մը ըլլալով եւ գրեթէ աւերակ վիճակով մեզի հասած իսկական հանելուկ մըն էր զայն տեսնողներուն համար։ Կառոյցին սկզբնական տեսքը, ինչպէս նաեւ յատակագիծին վրայ երեւցող իւրայատուկ ձեւերուն իմաստը ոչ ոք կրցած էր հասկնալ։

Թորամանեանի գլխաւորութեամբ պեղումները վերսկսած են։ Ան լծուած է տաճարի յօրինուածքի մանրամասն ուսումնասիրութեան գործին, որուն արդիւնքները 1905 թուականին տպագրած է Թիֆլիզ հրատարակուող «Մուրճ» ամսագրին մէջ՝ «Զուարթնոց եկեղեցին» խորագրուած յօդուածով: Այս գրութեան մէջ Թորամանեան առաջարկած է տաճարի իր վերակազմութիւնը, ըստ որուն անիկա եղած է բոլորակաձեւ յատակագիծով եռայարկ գմբէթաւոր կառոյց մը։ Թորամանեանի տեսութիւնը կասկածանքով ընդունուած է հայ հասարակութեան կողմէ եւ բազմաթիւ վէճերու առիթ հանդիսացած՝ այն պարզ պատճառավ, որ այն ժամանակուան համար ատիկա չափազանց անսովոր բան մըն էր. «Բիւզանդիան ունի աշխարհահռչակ Ս. Սոֆիան, իսկ Հայաստանը անոր դէմ կեցեր է Զուարթնոցով, որ բարձր գլուխ կը պարզէ իբրեւ ճարտարապետական գոհար բոլոր բիւզանդական շինութիւններուն մէջ», այսպէս գնահատած է Թորոս Թորամանեան՝ Զուարթնոց տաճարը:

Թորամանեան ոչ միայն Անիին ու Զուարթնոցին նուիրած է իր կեանքը, այլեւ անոր ամբողջ գիտական ժառանգութիւնը նուիրուած էր Հայաստանին՝ մանաւանդ 5-7-րդ դարերու ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան:

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

1913 թուականին Թորամանեան աւստրիացի պատմաբան, արուեստի տեսաբան Եոզէֆ Ստրժիկովսքիի հրաւէրով կը մեկնի Վիեննա, հայկական ճարտարապետութեան մասին համատեղ աշխատութիւն մը գրելու նպատակով։ Որոշ ժամանակ անց ան որոշ լրացումներ կատարելու համար կ՚որոշէ Հայաստան վերադառնալ, սակայն Առաջին աշխարհամարտը սկսած էր եւ ետ Վիեննա չի կրնար հասնիլ: Մինչ այդ Թորամանեան իրեն հետ տարած էր իր հսկայական արխիւը՝ գծագիրներ, լուսանկարներ, գրառումներ եւ այլն, անոնք հոն՝ Ստրժիկովսքիին մօտ մնացած են:

1918 թուականին Ստրժիկովսքի ինքնուրոյն կ՚որոշէ հրատարակել «Հայերու ճարտարապետութիւնը եւ Եւրոպան» իր երկհատոր աշխատութիւնը, ամբողջութեամբ հիմնուելով Թորամանեանի նիւթերուն վրայ, անշուշտ, յիշելով Թորամանեանը որպէս նիւթերու հեղինակ: Իբրեւ յիշատակ հայ մեծ ճարտարապետին, 1969 թուականին Հայաստանի մէջ սահմանուած է Թորոս Թորամանեանի անուան մրցանք: Անոր անունով կը կոչուի Երեւանի փողոցներէն մէկը։

«Եթէ ճարտարապետութիւնը քարացած երաժշտութիւն է, ապա Թորոս ճարտարապետը այդ քարացածը վերածած է կենդանի երգի։ Ան մեր հոյակապ աւերակներու եւ յուշարձաններու նոյնքան հոյակապ երգիչն է», անոր մասին ըսած է Աւետիք Իսահակեան:

«Թորամանեանը հայ ճարտարապետութեան Կոմիտասն է», Թորամանեանը այսպէս բնորոշած է Արշակ Չօպանեան:

Թորամանեանի կիսանդրին այսօր դըր-ւած է Զուարթնոց տաճարի տարածքին: Այլ դիմաքանդակ մըն ալ (հեղինակ՝ Արա Սարգսեան) կը պահուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը: Մարտիրոս Սարեանի վրձնած Թորամանեանի դիմանկարն ալ կը գումարուի այս արուեստի գործերու կարգին:

*

Այսօր, տաղտուկ քաղաքական թոհուբոհի մէջ եւ անորոշութիւն տանող օրերու խառնակութիւնը մեր սիրտներուն վրայ, անցեալին վերադառնալը, անցեալի յիշատակներով ապրիլն ու հայ մեծերը ոգեկոչելը ամենամեծ ամոքումն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021