ՕՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳԱՅ

Անցեալ աշունը արիւնոտ էր: Նռան գոյնը խանգարեց ըմբոշխնելու աշնան խորհրդաւոր օդն ու ոսկեզօծ երանգները: Ձմեռը պաղ էր ու սառնամանիք: Այս ձմեռ աւելի շատ մսեցանք, ամէն կողմէ կը փչէր սաստիկ հով մը: Գարունը... Գարունը տակաւին չբացուեցաւ: Բնութիւնն անգամ չարթնցաւ: Իսկ ինչպէս արթննայ մայր բնութիւնը, երբ իր գիրկին մէջ կը քնանան անթիւ ու անհամար, իրենց կեանքի գարունը չապրած որդիներ: Ան մօր պէս կը հսկէ իւր զաւկի անուշ քունը:

Անցեալը արիւնոտ, ներկան պարուրուած թախիծով ու անկայունութեամբ, ապագայի գլուխին ալ այսօրուայ պէս կուտակուած ամպեր: Միեւնոյն ժամանակ կեանքը կը շարունակուի: Կը լսուի մանկան ճիչը: Ձնծաղիկներն ու մանուշակները հողի տակէն հանած են իրենց հեզ գլխիկները: Ծաղիկները կ՚արթննան, իսկ գարունը տակաւին կը յապաղի:

Երեւանէն Ստեփանակերտ տանող ճանապարհի վրայ կարելի էր տեսնել տարուայ բոլոր եղանակները՝ գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ… Իսկ այսօր այդ չորս եղանակները ես կը տեսնեմ մայրաքաղաքիս բնակչութեան աչքերուն մէջ: Շատերէ կը բուրէ արիւնոտ աշուն ու խստաշունչ ձմեռ: Անոնց հայեացքն ալ միշտ թախծոտ է. աշնան անձրեւի պէս անոնց աչքերը տամուկ: Այդ մարդիկ հազիւ կը զսպեն իրենց ցաւը: Կը թափառին ազատութեան մէջ, բայց այլեւս վանդակի մէջ յայտնուած թռչունի մը կը նմանին: Հայաստանը մոմի պէս կը հալի: Մինչդեռ ամբոխի հայեացքը խաղաղ է ու ինքնաբաւ: Վերջապէս ազատ շունչ կը քաշեն: Ահաւասիկ, իրենց սրտի վարչապետը կրցած է ազատուիլ կարեւոր «գլխացաւանքէ» մը: Վերջապէս ոչ մէկը կրնայ խախտել իրենց իրաւունքները, կամարտայայտումը: Վերջապէս իրենք զարկ տուած են իրենց մտքին ու լեզուին: Այլեւս ազատ կրնան արտայայտել իրենց կարծիքն ու նողկանքը հայութեան մէկ մասի նկատմամբ։ Այն մասի, որ ամենէն շատ տառապած է ու կը շարունակէ տառապնլ: Այն մասի, որ այսօր ոսոխի թուրի տակ կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել մանկան բուռ մը դարձած իր սուրբ հայրենիքը: Եւ բնաւ կարեւոր չէ, որ Հայաստան այսօր յայտնուած է կործանման եզրին, հայոց պետականութիւնը կախուած է մազի թելէ մը, որ երկիրը տնտեսական ճգնաժամի մէջ է. չորս կողմէ կը յօշոտուի: Կարեւորը վերականգնումն է ազատ կամարտայայտութեան... կարեւորը հայոց լեզուն խեղաթիւրելը սովորական երեւոյթ դառնալն է: Այլեւս պարտաւոր չես ուշադրութիւն դարձնել բառերուդ ու արտայայտութիւններուդ ընտրութեանը... Իսկ գլխաւոր յաղթանակը այն է, որ կրնաս դուն որոշել որդիդ իր ծառայութիւնը Արցախի մէջ անցընէ՞, թէ ոչ: Այս զանգուածը՝ մեծաւ մասանբ հնամաշ կօշիկներով, ցնցոտիներով, կիսակուշտ փորով լիովին գոհ է ստեղծուած վիճակէն: Իսկ անոնք, որոնք գոհ չեն՝ երկիրը պախարակելով՝ պարտքով կը գնեն եռապատկուած, քառապատկուած… աստղաբաշխական թիւերու հասնող, դէպի Ռուսաստան տանող առաջին իսկ օդանաւի տոմսը ու ընդմիշտ կը լքեն իրենց մասին միշտ հոգացած վիրաւոր հայրենիքը: Ռուսաստանէն ալ գոհ չեն: Յարմար առիթի պարագային կը փնովեն ռուսն ու Ռուսաստանը:

Իսկ դէպի Երեւանի սիրտ տանող՝ ժամանակակից ու նորաոճ պողոտաներէն՝ Հիւսիսայինի վրայ կը հանդիպինք անտարբեր եւ ուրախ աչքերու: Այս պողոտան երիտասարդներու ժամադրավայրն ու ճեմատեղին է: Բոլոր ժամերուն լեցուն է: Մեծամասնութիւնը երիտասարդներ:

Կը սարսափիմ անոնց աչքերուն մէջ նայելէ, քանզի անմիջապէս կ՚ընկղմիմ անոնց դատարկ հոգիներու յատակը, ուր եղանակը գրեթէ չի փոխուիր. միշտ ամառ է: Այդ հայեացքները դատարկ են ու անխօս, իսկ հոգիները անսնունդ. առանց հաւատքի, սիրոյ, հայրենասիրութեան, կարեկցանքի, առանց երազներու ու գոյներու. անտարբեր ու սառը հայեացքներ: Կ՚ապրին տուեալ օրով ու կը մսխեն զայն: Անոնց հայ ըլլալը կը փաստուի միայն թուղթի վրայ. ազգանունի «եան» վերջածանցով:

Հիմնականին կը պտտին խումբերով, կամ մէկ-երկու ընկերներով: Կեանքի միակ հաճոյքը թերեւս գաւաթ մը սուրճն է, որու խանութի դիմաց քսանչորս ժամ կը գոյանան հերթեր: Իրենց ժամանցը կը սիրեն կազմակերպել Երեւանի բազմաթիւ ու բազմազան գեղեցիկ սրճարաններու ու ճաշարաններու մէջ, կամ Երեւանի նոյնքան գեղեցիկ փողոցները չափելով: Անոնք Երեւանը չեն սիրեր: Կը ձանձրանան: Այստեղ կ՚ապրին այլընտրանք չունենալու պատճառաւ: Իսկ հնարաւորութեան պարագային նախապատուութիւը կու տան եւրոպական երկիրներուն կամ Միացեալ Նահանգներուն: Գիրք կարդալէն անոնց մրմինը կը քերուի, մինչդեռ օր ու գիշեր դիմատետրի կամ ընկերային որեւէ այլ հարթակի մէջ կը կարդան պզտիկ գրութիւններ ու լուրեր: Իսկ այդ գրութիւններն ու լուրերը կը նմանին մեր այսօրուայ ուտելիքներուն՝ քիմիական յաւելումներով շաղախուած: Ոչ մէկ օգուտ կու տան վնասէ զատ: Ցաւալի է հետեւիլ աննպատակ քայլող սա զոյգ ամուր ու պինդ ոտքերուն:

Սակայն այսպէս չի մնայ: Օր մը նորէն Հայաստանի համար կու գայ գարուն, կը բացուի վարդը: Ազգի սերուցքը գլուխ կը բարձրացնէ եւ լոյս կը սփռէ իւր շուրջբոլորը:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանն ու Արցախը:

Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր երկու հայրենիքներու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021