ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՊԱՀՔԻ ԵՒ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այսօր, դարձեալ մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներ պահքի ու ծոմապահութեան մասին, քաղուած Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերէն:

Հայր Պիմէն կը գրէ.

- Հոգին ո՛չ մէկ բանով այնքան չի խոնարհիր, ինչքան՝ երբ մէկը ինքզինք կերակուրէն կը զսպէ:

- Պահեցողութիւնը հոգիին հարստութիւնն է:

- Երբ Դաւիթը առիւծին դէմ կը կռուէր, զայն իր կոկորդէն բռնեց: Մենք ալ, եթէ մեր կոկորդն ու որովայնը զսպենք, ապա Աստուծմով անտեսանելի թշնամիին կը յաղթենք:

Սուրբ Անտոն Անապատականը կը գրէ.

- Պահեցողութիւնը պէտք է զգուշութեամբ գործել, որովհետեւ սատանան կրնայ թէ՛ պահեցողութիւնը եւ թէ՛ պահողը կորուստի մատնել՝ վերջինս անպարկեշտ բամբասանքներու մղելով՝ ինքզինք միւսներէն գերադասելով:

- Հացդ լռութեամբ եւ չափաւորութեամբ կե՛ր, նաեւ տե՛ս, որ կերակուրդ համեստ ըլլայ:

- Այնքան մի՛ ուտեր՝ որ կշտանաս:

- Եթէ երիտասարդ ես, ձեռքդ միւսներէն առաջ ուտելիքներուն մի՛ մեկներ:

- Ձեռք անմիջապէս մի՛ երկարեր քեզի առաջարկուած ուտելիքին:

Սուրբ Եփրեմ Ասորի կը գրէ.

- Եթէ որկրամոլութեան յաղթել կ՚ուզես, սիրէ՛ չափաւորութիւնը, Աստուծոյ վախը ունեցիր ու կը յաղթես:

- Կերակուրին եւ խմիչքին չափէն աւելի օգտագործումը միայն տուեալ պահին հաճելի է, իսկ յաջորդ օրը տհաճութեամբ կը մտածենք այդ մասին:

- Մաքուր պահքը թանկագին է Աստուծոյ առջեւ եւ այն գանձի նման պահուած է երկինքին մէջ: Պահքը զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով թշնամիին նետերուն դէմ կը պատերազմինք:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

- Մարմինին պահքը հոգիին սնունդն է:

- Ճարպակալած որովայնը նուրբ միտքեր չի՛ ծնիր:

- Փորձութիւններու ժամանակ պէտք է պահեցողութեան դիմել:

- Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուցուած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք, եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ:

Սուրբ Եւագր Պոնտացի.

- Հացը կշիռով կեր, իսկ ջուրը՝ չափով, եւ շնութիւնը կը փախչի քեզմէ:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ.

- Անցեալի սուրբերը երբ Աստուծոյ մօտենալ ուզէին, նախ պահքով կը մաքրուէին, ապա Մաքուրին կը մօտենային ու աստուածատեսներ կ՚ըլլային: Իսկ անոնք որոնք պահքէն հեռացան, Աստուծոյ շնորհներէն հեռացան եւ բազմաթիւ չարիքներով չարչարուեցան: Ահա՝ ադամը պահքի պնդութենէն հեռացաւ եւ Դրախտէն դուրս ելաւ՝ դէպի տատասկոտ երկիր: Նոյի ժամանակաշրջանի ազգի որդիները պահքի պնդութենէն հեռացան ու համաջինջ ջրհեղեղով սպաննուեցան ու խեղդուեցան: Եբրայեցի ժողովուրդը պահքի պնդութենէն հեռացաւ, եւ ընտիրները սպաննուեցան (Սղ 67.31): Սոդոմի բնակիչները պահքէն հեռացան, ու կայծակներու հրացայտ անձրեւ տեղաց անոնց վրայ: Եւ տուժեցին բոլոր անոնք, որոնք Աստուծմէ արհամարհուեցան եւ Անոր ողորմութենէն հեռացան:

- Անոնք որոնք որովայնին կը ծառայեն, հնարաւոր չէ, որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ ըլլան, քանի որ անոնք որոնք պահքով կը սրբանան ու կը սրբուին, ո՛չ միայն անօրէնութիւններու պղծութիւնները կը սրբեն, այլ՝ Սուրբ Աստուածը իրենց մէջ կը բնակեցնեն:

- Այս է սուրբ եւ աստուածահաճոյ պահքը, եւ ասով ընդունելի կ՚ըլլան բոլոր վշտաբեր ճգնութիւնները, որ մեղքերով վիրաւորուածներն ու սատանայէն գերի ինկածները կը բժշկեն, անօրէնութեամբ կործանածները կը կանգնեցնեն, ամբարշտութեամբ հիւանդացածներուն յարութիւն կու տան, պղծութեամբ աղտոտածները կը սրբեն, կը մաքրեն ու կ՚արդարացնեն պահողներուն եւ մեծապայծառ լոյսով Աստուծոյ ահաւոր եւ լուսաւոր Բեմին դիմաց կը կանգնեցնեն. եւ պահեցողները Անոր հետ կը ժառանգեն անանց բարութեան վայելչութիւնները ի Քրիստոս Յիսուս՝ ի Տէր մեր: Անոր փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ.

- Ես ամէն օր որկրամոլութեան դէմ կը պայքարիմ: Այս պարագային կարելի չէ այնպէս վարուիլ, ինչպէս ես կրնամ մարմնաւոր այլ կապերու հետ վարուիլ՝ մէկ անգամ ընդ միշտ զայն կտրել հեռացնելով ու այլեւս ատոր չվերադառնալով: Պէտք է սանձել կոկորդը, եւ ըստ չափի՝ սանձը սեղմել ու թուլցնել:

Պահեցողութիւնը հոգին կը մաքրէ, միտքը կը բարձրացնէ, կիրքերը չափի եւ հակակշիռի տակ կը պահէ, ցանկութեան ամպերը կը ցրուէ, սեռական կրակը կը մարէ, ժուժկալութիւնը կ՚արծարծէ եւ ճշմարտութեան լոյսը կը վառէ:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի.

- Հետեւաբար, կ՚աղաչեմ, եթէ նոյնիսկ շատ ուտելիք եւ խմելիք ունենաք ձեր ձեռքին ու ձեր տուներուն մէջ, ձեր հոգիները խնայելով՝ ագահութեամբ եւ որկրամոլութեամբ մի՛ վարուիք ատոնց հետ, այլ… պարկեշտութեամբ եւ օրինաւոր կերպով: Եւ ինչ որ ըստ Աստուծոյ պատուիրանին կը նուազեցնէք՝ ի սէր կարօտեալ եւ չքաւոր եղբայրներու, ծերերու եւ տկարներու, անո՛նց տուէք եւ ձեր հոգիներուն համար կրկնակի բարիք կ՚ամբարէք:

Յովհաննէս Սանդուխք կը գրէ.

- Իմացիր, որ դեւը յաճախ ստամոքսը կը գրգռէ եւ թոյլ չի տար մարդուն կշտանալ, եթէ նոյնիսկ մարդ կուլ տայ Եգիպտոսի ամբողջ ուտելիքը ու խմէ Նեղոսի ամբողջ ջուրը:

Որկրամոլը պահքի ժամանակ կը հաշուէ, թէ մինչեւ Զատիկ ինչքան ժամանակ մնացած է, եւ շատ օրեր առաջ ուտեստեղէն կը պատրաստէ: Որկրամոլութեան ծառան կը խորհի, թէ ինչ ուտելիքներով պիտի մեծարէ տօնը, իսկ Աստուծոյ ծառան կը մտածէ, թէ ինչ շնորհքներով ինք կը հարստանայ:

- Երբ օտարական մը կու գայ, որկրամոլը՝ որկրամոլութեան կիրքէն մղուած, ամբողջովին սիրոյ վրայ կը ծանրաբեռնուի: Ուրիշներուն գալը ան գինի գործածելու արտօնութիւն կը համարէ եւ որպէս թէ դիմացինէն իր պահեցողութիւնը ծածկելով՝ այդպիսով որկորի ստրուկ կը դառնայ:

- Դեւերուն պետը՝ ինկած արուսեակն է, իսկ կիրքերուն գլուխը՝ որկրամոլութիւնը:

- Թշնամին կշտացած որովայններուն միջոցով հզօր պատերազմ կը մղէ մեզի դէմ:

Յովհաննէս Երզնկացի.

- Աստուծոյ Ադամին տուած առաջին պատուիրանը պահքն է՝ ըսելով. «Բոլոր պտուղներէն կեր», ասիկա ուտիքի համար էր: «Բայց միայն մէկ պտուղէ մի՛ ուտեր» (Ծն 2.16-17), այս ալ պահքի համար էր: Ադամ, քանի որ պահեցողութիւն չըրաւ, զրկուեցաւ Դրախտէն եւ չարչարանքներու այս աշխարհը ժառանգեց: Հետեւաբար, եթէ մենք սրբութեամբ պահք պահենք, Դրախտ կը վերադառնանք՝ մեր հայրենի տունը:

Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարք.

- Բոլորին վրայ պարտաւորութիւն դրուած է Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգած կանոնական պահեցողութիւնները ամբողջութեամբ պահելու: Իսկ եթէ մէկը, պահքը աւելորդ ու անօգուտ նեղութիւն համարելով, կը գայթակղի եւ ուրիշներն ալ կը գայթակղեցնէ, մեծապէս կը մեղանչէ, որովհետեւ կը դատէ այն սուրբ հայրերը, որոնք Սուրբ Հոգիով Եկեղեցւոյ կանոնները սահմանեցին:

- Մարդը Աստուծոյ հանդէպ իր մարմինին պարտքը պահեցողութեամբ կը հատուցէ ու արդարութեան գործ կը կատարէ: Որովհետեւ Աստուած՝ որպէս գերագոյն Տէր, ինչ բարիքներ որ տուած է մեզի, ատոնցմէ տասանորդներ կը պահանջէ, ինչ բան Անոր իշխանութեան նշան է, քանի որ երկրի տէրերը իրենց հպատակներէն իրաւունքով հասոյթներ կամ հարկ կը պահանջեն, եւ անոնք որոնք կը զլանան տալ՝ ապստամբ կը համարուին:

Այդ պատճառով ալ պէտք է մարմինին հասոյթը կամ հարկը, որ պահեցողութիւնն է, Աստուծոյ մատուցել, Ով մեր Տէրն ու Բարերարն է՝ ըստ այսմ. «Ի՞նչ ունիս որ առած չըլլաս, իսկ եթէ առած ես, ինչո՞ւ չառնողի մը նման կը պարծենաս» (տե՛ս Ա. Կր 4.7):

- Պահեցողութեամբ նաեւ սիրոյ գործ կը կատարուի. երբ մէկը կամաւոր յօժարութեամբ մարմինը կը ճնշէ, իր մէջ ցոյց կու տայ Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ սէրը: Իսկ ասիկա նախ պահքով կ՚ըլլայ, ապա մարմինի այլ ծառայութիւններով:

- Պահեցողութիւնը միայն հոգիին անհրաժեշտ չէ, այլեւ մարմինին ալ օգտակար ու պիտանի է, ինչ բանի պատճառով բժիշկները մարմինի առողջութեան համար պահք պահել կը պատուիրեն: Հետեւաբար, ով որ Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնական պահքէն կը տրտնջայ ու զեխութեամբ անձնատուր կ՚ըլլայ կերակուրներ ու խմելիքներ գործածելուն ո՛չ միայն հոգիին կը վնասէ,՝ զօրաւոր կիրքերուն հպատակ դարձնելով, այլեւ մարմինին՝ զանազան ախտերու ու հիւանդութիւններու ենթարկելով:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան կը գրէ.

- Պահեցողութիւնը երբ նիհարնալու եւ առողջութիւնը վերականգնելու նպատակով կը կատարուի, ինչքան ալ օգտակար ըլլայ, այն կրօնական արժէք չի՛ ներկայացներ:

- Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարութիւնը պահեցողութենէն պէտք է անբաժան ըլլան, քանի որ ատոնք են հիմնական պայմանները, ուր Աստուծոյ բուժիչ եւ քաւիչ զօրութիւնը կը գործէ:

Շնուտա Գ. Հայրապետ.

- Պահքը ուտելիք փոխել չէ, այլ՝ կեանքը փոխել է:

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐՔԷՆ

- Տկար եւ որկրամոլ միայնակեաց մը, մշտական կը գողնար ծեր միայնակեացին ձմրան հացի պաշարէն: Ծերը, այդ տեսնելով, ոչինչ կ՚ըսէր. երբ պաշարը վերջացաւ, ծերը, ուժասպառ ըլլալով, պառկեցաւ՝ մահուան պատրաստուելով: Այն ատեն եղբայրները շրջապատեցին զինք, որպէսզի հրաժեշտ տան անոր: Ան այդ միայնակեացը կանչեց ու անոր ձեռքերը համբուրելով ըսաւ. «Ասոնց շնորհիւ ես ժամանակէն շուտ Տիրոջս քով կ՚երթամ»:

Հայր Յովսէփը Հայր Պիմէնին հարցուց.

-Ինչպէ՞ս պէտք է պահք պահել:

Հայր Պիմէնը պատասխանեց.

-Ես նախապատուութիւնը անոնց կու տամ, որոնք ամէն օր կերակուր կ՚օգտագործեն, բայց քիչ կշտացած կը մնան: Ես կերակուր օգտագործած եմ թէ՛ երեք օրը անգամ մը եւ թէ չորս օրը անգամ մը, նաեւ՝ շաբաթը մէկ անգամ, բայց զօրաւոր բոլոր հայրերը ամենաօգտակարը փորձեցին եւ ընդունեցին՝ ամէնօրեայ կերակուրի օգտագործումը, բայց՝ չկշտանալով, մեզի տալով արքայական ուղին՝ ամենէն յարմարը:

- Հայր Պախոմի մասին կ՚ըսէին, թէ անգամ մը, երբ մահացածի մը դիակը կը տանէին, ճանապարհին անոնց հանդիպելով՝ Հայր Պախոմը երկու հրեշտակներ տեսաւ, որոնք մահացածին կ՚ուղեկցէին թափօրին ետեւէն երթալով: Այս մասին մտածելով ծերը Աստուծմէ խնդրեց, որպէսզի Ան բանայ իրեն համար այս խորհուրդը:

Այդ ատեն հրեշտակները մօտեցան անոր. Հայր Պախոմը անոնց ըսաւ.

-Ինչո՞ւ մահացածին կ՚ուղեկցիք:

Հրեշտակները պատասխանեցին անոր.

-Մեզմէ մէկը չորեքշաբթի օրուան հրեշտակն է, իսկ միւսը՝ ուրբաթ օրուան: Իսկ ան, մինչեւ իր մահանալը երբեք չդադրեցաւ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահք պահելէ, ատոր համար ալ մենք անոր աճիւնին կ՚ուղեկցինք: Մահուան մահիճին մէջ իսկ ան չզլացաւ պահքերը պահել, մենք ալ հիմա կը փառաւորենք զինք՝ իր ջանքերուն համար, որ յանուն Աստուծոյ կատարեց:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

11 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 18, 2023