ՏԱՃԱՐԸ՝ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔՈՅ

Մինչ Փարիզը տօնական հանդերձանք առած կը նշէր քաղաքի խորհրդանիշները դարձած Էյֆէլ աշտարակի 130 եւ Լուվր բուրգի 30-ամեակները, Փարիզի միւս գեղեցկուհին՝ Նոթրը Տամ տաճարը կրակի լեզուակներու մէջ կ՚այրէր ողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի աչքին առջեւ: Մարդիկ՝ արցունքն աչքերուն անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը…

Աւագ շաբաթը Ֆրանսային եւ ողջ քաղաքակրթական աշխարհին համար սկսաւ Փարիզի քրիստոնէական խորհրդանիշին անկումով… Ոմանք այս հանգամանքին մէջ չարագուշակ իմաստներ փնտռեցին, մինչ շատեր խոհեմութեամբ զինուեցան՝ յոյսով, որ տաճարը կը վերականգնի, այնպէս ինչպէս վերականգնած են պատմութեան ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած բազմաթիւ կառոյցներ…

Այն հանգամանքը, որ նախորդ շաբաթ տաճարէն իջեցուցած էին սուրբերու որոշ քանդակներ եւ տարած նորոգութեան՝ մարդոց սնահաւատութեան առիթ տուաւ, բայց փաստ է, որ ութ դարեր կանգուն մնացած տաճարը կարիքն ունէր նորոգման, որ ըստ տեղեկութիւններուն, հրդեհին պատճառ դարձած էր…

Տաճարը առաջին անգամ չէ, որ նորոգումի եւ վերականգնումի կ՚ենթարկուի, բայց առաջին անգամն է, որ անփթութիւն դրսեւորուած է եւ հրդեհն ալ, հաւանաբար, անուշադրութեան հետեւանք էր:

1963 թուականի սկզբին տաճարին ճակատային հատուածը մաքրուած է դարերու ծուխէն եւ մուրէն եւ վերագտած իր իսկական գոյնը: Ուրիշ մաքրման եւ վերականգնման արշաւ մըն ալ սկսած է 1991-2000 թուականներուն եւ բարեյաջող աւարտ ունեցած… Այսօր արդէն տաճարը ոչ թէ մաքրուելու, այլ կառուցուելու հրամայականին առջեւ կեցած է:

Տաճարին վերականգնումին հաւատքը տարածեցին Փարիզի կրօնական իշխանութիւնները եւ երկրին բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ անձամբ նախագահ Մաքրոն, որ հրդեհի պահուն տաճար մտած եւ սրտի յուզումով տեսած է տարածուող կրակը: Մաքրոն տաճարին հրապարակէն անմիջապէս յայտարարած է ֆրանսացիներուն եւ ողջ աշխարհին, որ ուշի ուշով կը հետեւէր Փարիզի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն: Մաքրոն մասնաւորապէս ըսած է, որ տաճարը՝ Ֆրանսայի հպարտութիւնը, անպայման կը վերակառուցուի, եւ ինք այդ մէկը հանդիսաւոր կերպով կը խոստանայ ողջ աշխարհին:

«Մենք կը վերականգնենք Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը. այդ է, որ մեզմէ կը սպասեն ֆրանսացիները, այդ է, որ մեզմէ կը պահանջեն մեր պատմութիւնն ու մեր ճակատագիրը», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: Ան Թուիթըրի վրայ անմիջապէս գրած է. «Ինչպէս մեր բոլոր հայրենակիցները, ես եւս մեծ տխրութեամբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս մեր մէկ մասնիկը կ՚այրի»: Ժողովուրդին դիմած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ իշխանութեան ուրիշ ներկայացուցիչներ:

Աւելի ուշ, տաճարին պատմական աշտարակը ամբողջութեամբ փուլ եկած է, սակայն բարեբախտաբար, փրկուած է հիմնական շինութիւնը:

Փարիզի եւ ողջ աշխարհի համար գոհար նկատուող Նոթրը Տամ տաճարը կառուցուած է 12-րդ դարուն եւ մօտ երկու հարիւր տարի տեւած է անոր շինարարութիւնը: Ան տարեկան աշխարհի զանազան երկիրներէն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայրն է՝ կը խօսուի տարեկան 12 միլիոն զբօսաշրջիկի այցին մասին: Փարիզի քրիստոնէական պատմութեան վկայութիւնն իր մէջ ամփոփող այս տաճարը զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ ո՛չ միայն իր շքեղ տեսքով, այլեւ՝ իր բացառիկ պատմութեամբ: Անոր տեղը եղած է Փարիզի առաջին քրիստոնէական եկեղեցին՝ Սուրբ Ստեփանոսի պազիլիքը, որ իր կարգին կառուցուած է կալա-հռոմէական Ժուփիթէր Աստուծոյ տաճարին հիմքերուն վրայ:

Կոթիկ ճարտարապետութեան գլուխ գործոց Նոթր Տամը կառուցուած է Փարիզի եպիսկոպոս Մորիս տը Սիւլիի նախաձեռնութեամբ՝ 1163-էն 1345 թուականներուն միջեւ: Տաճարին խորանի հատուածը օծուած է 1182 թուականին: Արեւմտեան ճակատին եւ աշտարակներուն կառուցումը աւարտած է 13-րդ դարու երկրորդ քառորդին: 1235 թուականին մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է. նաւի որմնանեցուկներուն միջեւ կառուցուած են մատուռներ, մեծցուած են որմածքին՝ շարուածքին չափերը, աւելցուած են դասի մատուռները եւ այլ կցակառոյցներ: Իր պատմութեան ընթացքին տաճարը քանիցս տուժած է, ինչպէս՝ ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ, բայց յետագային վերականգնուած է, նորոգուած են նաւի վարդակ պատուհանները եւ նոր ծայրաձող մը տեղադրուած է:

Մինչեւ 15 ապրիլի հրդեհը, տաճարին մուտքը երեք կամարներու տեսք ունէր, մէջտեղի կամարը կը պատկերէր Ահեղ դատաստանը: Բարձրութեան վրայ պատկերուած էր Յիսուսը առաքեալներուն մէջտեղ կանգնած: Ձախ կամարը նուիրուած է Տիրամօր, աջը՝ Սուրբ Աննային: Տաճարին վերի մասը Բիբլիական թագաւորներն են, իսկ Կեդրոնը Վարդն է, Տիրամայրը՝ Սուրբերուն հետ…

Իր պատմութեան ընթացքին Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը 1871 թուականին հազիւ փրկուած է հրդեհէն:

2012-ին Ֆրանսան մեծ շուքով, զանազան հանդիսութիւններով, նշեց տաճարին 850-ամեակը եւ այն ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ տաճարին մէջ կը պահուի աշխարհի ամենէն մեծ երգեհոնը: Երգեհոնը նոյնպէս փրկուած է վերջին աղէտէն:

Սակայն տաճարին սրբազան մասունքը, անշուշտ, Փշէ պսակն է, որ, յուրախութիւն հաւատացեալներուն, փրկուած է հրդեհէն եւ ապահով դուրս հանուած է տաճարէն: Հրշէջները յաջողած են փրկել նաեւ բոլոր այն մասուքները, որոնք եղած են տաճարին մէջ, այդ կարգին՝ խորանին խաչը:

ՓՇԷ ՊՍԱԿԸ

Փշոտ բոյսերէ պատրաստուած պատմական այս պսակը, Աւետարանին համաձայն, հռոմէացի զինուորները, Յիսուս Քրիստոսը ծաղրած միջոցին, դրած են Անոր գլխուն: Աւետարանին մէջ չի նշուիր, թէ պսակը ե՛րբ հանած են Յիսուս Քրիստոսի գլուխէն եւ ծանօթ է, որ բազմաթիւ նկարիչներ, երբ խաչելութեան տեսարանը կը մեկնաբանեն, Քրիստոսը նկարած են Փշէ պսակը գլխուն եւ մինչեւ հիմա յաճախ այդպէս կը պատկերեն Քրիստոսը: Եփեսոսի թեմի առաջնորդ Նիքոլայ Մեսարիտ (12-րդ դար, 13-րդ դարու սկիզբ), որ աստուածաբան, եկեղեցական եւ քաղաքական գործիչ էր, կը յայտնէ, որ 1201-ին Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ, Աստուածածնայ անունը կրող եկեղեցիէն ներս, ուր նախատեսուած էր կայսեր եւ անոր ընտանիքին ներկայութեամբ պատարագներ կատարել, ինչպէս նաեւ տօնական պատարագներ՝ Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրերուն համար, կը պահպանուէին Քրիստոսի Փշէ պսակը, Քրիստոսի թիկնոցանման զգեստը, Քրիստոսի գաւազանը, Անոր խարազանանման մտրակը, սուրբ մեխը, նիզակը, Քրիստոսի ոտնամաններէն կտորներ, որոնք Յովհաննէս կայսր Չմշկիկ 975-ին բերած էր Պաղեստինէն:

1204-ին՝ 4-րդ խաչակրաց արշաւանքին ժամանակ, Կոստանդնուպոլիսը թալանուած է: Այնտեղ եղած մասունքները դուրս բերուած են խաչակիրներուն կողմէ, այդ կարգին նաեւ՝ Փշէ պսակը: 1239-ին Լիւտովիկոս Սրբազանը Պալտուին Բ. լատին կայսրէն գնած է պսակը, ըստ որոշ տուեալներու, հսկայական գումար վճարելով անոր համար՝ 135 հազար լիրա: Աւելի ստոյգ տեղեկութեան մը համաձայն՝ Փշէ պսակը գրաւ դրուած էր վենետիկցիներուն, որոնց քովէն զայն գնած է Լիւտովիկոս Սրբազանը: 1239 թուականի օգոստոսին Փշէ պսակը բերուած է Փարիզ, իսկ աւելի ուշ Փարիզ տարուած են Տիրոջ Խաչափայտը, նիզակը, Հին ու Նոր կտակարաններուն մէջ յիշատակուող ուրիշ իրեր: Սրբազան մասունքներուն պահպանութեան համար Լիւտովիկոս արքան հրամայած է առանձնայատուկ եկեղեցի մը կառուցել եւ կառուցուած է Սեն-Շափէլ եկեղեցին, որ արքայական պալատին մատուռն է, որուն հիմքը դրուած է 1242-ին: Մինչ այդ, նոյն 1239-ին, Փշէ պսակը ժամանակաւորապէս դրուած է քաղաքային տաճարին մէջ:

1543-ին Ժան Կալվին գրած է «Մասունքներու մասին շարադրանք» աստուածաբանական աշխատութիւնը, ուր նկարագրուած Փշէ պսակի կտորները այնքան շատ են, որ, ըստ մասնագէտներու գնահատման, եթէ հաւաքուին, ապա չորսէ աւելի պսակ կը դառնան: Այդ նկարագրութեան մէջ նշուած են Սեն-Շափէլի մէջ պահուող պսակի մէկ երրորդը, Հռոմէական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ 3 փուշը եւ այլն: Այսօր այն մասունքը, որ կը նկատուի Տիրոջ Փշէ պսակը, ամբողջական տեսքով Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարին մէջ եղածն է: Հաւատացեալներու եւ քրիստոնեական արժէքներու հետեւորդներուն համար, տաճարին հրդեհէն այս պսակին փրկուիլը շատ մեծ խորհուրդ ունի, մանաւանդ՝ Աւագ շաբթուան ընթացքին:

ՎԷՊԸ՝ ՆՈՅՆՊԷՍ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ

Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը, գլուխ գործոց ըլլալով, ծնունդ տուած է իր անունով ուրիշ գլուխ գործոցներու, ինչպէս՝ նոյնանուն շարժանկարը՝ նկարահանուած 1956 թուականին, (շարժանկար մըն ալ 1905-ին նկարահանուած է, բայց 1956-ինը աւելի հռչակաւոր է), երաժշտական բեմադրութիւնը՝ ստեղծուած 1998-ին, որ Կինէսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ նշուած է, քանի որ ութ լեզուներով զայն դիտած է աւելի քան 11 միլիոն հանդիսատես: Ուրիշ գործեր ալ ստեղծուած են Նոթր Տամ անունով, բայց գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն գլխաւորը, անշուշտ, ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը» վէպն է: 1831 թուականին, վէպի հրապարակումէն ետք, տաճարին հանրաճանաչութիւնը վերածնած եւ տարածուած է ողջ աշխարհի մէջ: Առաջին անգամ վէպը տպագրուած է 1831-ի մարտին, իսկ հայերէնի թարգմանուած է 1953-ին, հայերէն թարգմանութիւն մըն ալ լոյս տեսած է 2012 թուականին՝ նախորդ թարգմանութեան հիման վրայ, որոշ սրբագրումներով:

Վէպը գրելու աշխատանքներուն Հիւկօ սկսած է 1828-ին: Մասնագէտները կ՚ըսեն, թէ հնարաւոր է, որ այսպիսի վէպ մը գրելու միտքը գրողը ունեցած է 1823-ին, երբ լոյս տեսած է բրիտանացի գրող Վալթէր Սքոթի «Քվենտին Տորվարթ» վէպը, ուր նկարագրուած է 15-րդ դարու Ֆրանսան: Այդ վէպին վերաբերեալ երիտասարդ Հիւկոն «Ֆրանսական մուզա» ամսագրին յուլիսեան թիւին մէջ տպագրուած իր յօդուածով ոչ միայն պարզաբանած է փառաբանուած անգլիացի գրողին վէպը, այլ նաեւ շարադրած է իր հայեացքները պատմական վէպին վերաբերեալ: «Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը» վէպը, Հիւկոյի առաջին պատմական վէպն է, որ գրելու ժամանակ գրողը գործածած է բազմաթիւ պատմական աղբիւրներ, ինչպէս՝ «Փարիզ քաղաքի հնութիւններու ուսումնասիրումը եւ պատմութիւնը», «Փարիզի հնութիւններուն վերանայումը» Միջնադարեան «Ժամանակագրութիւնները» եւ այլն:

Հետաքրքական է նաեւ այն ընթացքը, որ վէպը ունեցած է մինչեւ տպագրութիւնը եւ տարածումը:

15 նոյեմբեր 1812-ին Հիւկօ պայմանագիր մը կնքած է հրատարակիչ Կոսլէնի հետ, ըստ որուն ան կը պարտաւորուէր 15 ապրիլ 1829-ին ներկայացնել «Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը»ի ձեռագիրը: Այդ ժամկէտը չէ պահպանուած եւ 5 յունիս 1830-ին կնքուած նոր պայմանագիրը կը պարտաւորեցնէր վէպը աւարտել մինչեւ 1 դեկտեմբեր:

Վէպին առաջին տողերը գրուած են յուլիս 25-ին, ընդամէնը երկու օր անց տեղի ունեցող յեղափոխութեան պոռթկումը դադրեցուցած է վէպին աշխատանքները: Հիւկօ ստիպուած էր լքել Ժան Կուժոն փողոցին վրայ գտնուող իր տունը, որ կռիւներուն շատ մօտ էր: Այս հապճեպ տեղափոխման ժամանակ ան կորսնցուցած է նախապատրաստական նշումներուն տետրակը, եւ այդ ժամանակ հրատարակիչը տուած է վերջին յետաձգումը՝ մինչեւ 1 փետրուար, 1831-ը:

Դուստրը՝ Ատէլ Հիւկոն ձգած է պատմութիւն մը, աշնան եւ ձմրան ամիսներուն գրողին շարունակական աշխատանքներուն մասին.

«Այժմ կարելի չէր յետաձգման վրայ յոյս դնել, անհրաժեշտ էր ժամանակին հասցնել: Ան գնեց թանաքով շիշ մը եւ մոխրագոյն բուրդէ մեծ հագուստ մը եւ բանտ մտածի պէս «մտաւ» վէպին մէջ: Ան տխուր էր: Այդուհետեւ կը լքէր իր գրասենեակը միայն ուտելու եւ քնանալու համար: Անոր միակ զուարճութիւնը ընկերներուն հետ մէկ ժամնոց զրոյցն էր, ընկերները կու գային անոր այցելութեան, երբեմն Հիւկօ անոնց կը կարդար իր այդ օրուան գրածները:

«Առաջին երկու գլուխը գրելէ ետք, տխրութիւնը անհետացաւ, ան ամբողջովին ստեղծագործութեան իշխանութեան մէջն էր, չէր զգար ո՛չ յոգնութիւն, ո՛չ ցուրտ. դեկտեմբերին ան կ՚աշխատէր պատուհանները բաց: Յունուար 14-ին գիրքը աւարտած էր: Թանաքով լի մէկ շիշը, զոր Հիւկոն գնած էր աշխատանքի սկսելուն առաջին օրը, վերջացած էր. հասած էր վերջին տողին եւ վերջին կաթիլին, միտք ունէր նոյնիսկ գիրքը վերանուանել եւ խորագրել՝ «Ի՞նչ կը պարունակէ մէկ շիշ թանաքը»»:

«Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը» վէպը լոյս տեսած է 16 մարտ 1831-ին եւ մինչեւ տարուան վերջաւորութիւնը լոյս տեսած են եօթ հրատարակութիւններ եւս, ապա հեղինակային իրաւունքները փոխանցուած է հրատարակչին, որ 1832-ին թողարկած է ութերորդ հրատարակութիւնը, աւելցուած երեք գլուխներով:

Վէպին գլխաւոր հերոսներէն Քլոտ Ֆրոլլոյի նախատիպը իրական կերպար է, եղած է վանահայր Էկժէն՝ տաճարին առաջին փոխանորդը:

Յատկանշական է, որ վէպին մէջ նշուած է միայն մէկ պատմական իրադարձութիւն (1482 յունուարին դեսպաններու ժամանումը՝ Մարգարիտա Ֆլանտսկայի եւ Տոֆինի ամուսնութենէն ետք), որոշ պատմական կերպարներ իրական են (թագաւոր Լիւտովիկոս 13, կարտինալ Պուրպոնսկի), իսկ մնացածները, ընդհանրապէս, յօրինուած են:

Այս վէպին մէջ ցնցողը թերեւս այն է, որ գեղարուեստական գրականութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ տաճարը ներկայացուած է որպէս գլխաւոր հերոս: Վէպը գրուած է տաճարը 19-րդ դարու սկիզբէն քանդումէն եւ արդիականացումէն փրկելու համար, եւ ծառայած է իր նպատակին: Երբ որոշուեցաւ քանդել տաճարը եւ նոր կառոյց մը շինել՝ ծնաւ այս տաղանդաւոր վէպը, որ նոր ծնունդ տուաւ տաճարին: Այսօր, թերեւս, նոր վէպի մը կարիք կայ՝ տաճարը անգամ մը եւս փրկելու եւ պատմութեան մէջ յաւերժացնելու համար...

ՆՈՐՈԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Տակաւին անցեալ տարի յայտարարուեցաւ, որ տաճարը կը փլուզուի աչքի առջեւ: Տաճարին պատասխանատուները ցոյց տուին, որ տաճար-յուշարձանին տանիքը կը քանդուի, պատերը տխուր տեսք ունին եւ թեթեւ հպումի մը պարագային զբօսաշրջիկներուն գլխուն պատերէն ծեփեր կը թափին: Վերականգնման համար նշուեցաւ պահանջուող գումարը՝ առնուազն 185 միլիոն եւրօ: Ֆրանսայի կառավարութիւնը խոստացաւ տալ գումարին մէկ մասը, որոշուեցաւ միւս մասը ապահովել հիմնադրամներու օգնութեամբ: Տաճարին բարեկամները դիմեցին մասնաւոր նուիրատուներու եւ այդ ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ օգնութեան առումով մեծ յոյսեր կը կապեն Միացեալ Նահանգներուն:

Տաճարին հոգեւորականները ըսին, որ Միացեալ Նահանգներու հարուստները պէտք է յիշեն, որ այս տաճարին մէջ ամերիկեան զօրքերը նշած են Ֆրանսան մենատիրական Գերմանիայէն ազատագրուելուն հանգամանքը: Բայց այդ տրամաբանութիւնը կարծես, ովկիանոսին այն կողմը, լաւ արձագանգ չունեցաւ:

Տաճարին մուտքը, ինչպէս ծանօթ է, անվճար էր, բայց հարցումներու հետեւանքով պարզ դարձած է, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պատրաստ են վճարելու, միայն թէ պահպանուի պատմական կառոյցը, որ համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոցներէն մին է: Վերանորոգման համար դրամները սակայն հայթայթած է Կաթոլիկ եկեղեցին, եւ նպատակ կար աւելցնել պիւճէն, սակայն հրդեհը կանխեց բոլոր ծրագիրները...

Այժմ աշխարհի բարեգթութենէն կախեալ է տաճարին յետագայ ճակատագիրը եւ բազմաթիւ հարուստ ընտանիքներ, ընկերութիւններ, կառավարութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն յայտարարած են այն խոշոր դրամական միջոցներու մասին, որոնք պիտի յատկացնեն՝ տաճարը ոտքի հանելու համար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019