ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՀԱՅ ՀԻՒԼԷԱԳԷՏԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Տարրաբանական տարրերու պարբերական աղիւսակին՝ Մենտելիեւի աղիւսակին մէջ յեղափոխական փոփոխութիւններ կատարած եւ այդ աղիւսակին նոր տարրեր ներմուծած աշխարհահռչակ հիւլէական բնագէտ Եուրի Յովհաննիսեանն այս օրերուն կրկին Հայաստան էր: Չնայած ան կը բնակի Ռուսաստան, բայց յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան, որուն հետ կապուած է մանկութեան յուշերով եւ գիտական ծրագիրներով:

Հոս տօնուեցաւ հայ գիտնականին 89-րդ տարեդարձը: Տօնական կարկանդակին վրայ գրուած էր այն տարրաբանական տարրին անունը, որ 2016 թուականին ներմուծուած է Մենտելիեւի պարբերական աղիւսակին մէջ: Յովհաննիսեան մականուան ռուսական արտասանութեան (Օկաննեսեան) առաջին երկու տառերով 118-րդ տարրը աշխարհին յայտնի է «Օկանեսոն» անունով, աղիւսակին մէջ անոր նշանն է՝ Og: Պարբերական աղիւսակին մէջ 115-րդ տարրը՝ «Մոսկովիում»ը (նշանը՝ Mc) նոյնպէս յայտնաբերած է մեր հայրենակից գիտնականին մասնակցութեամբ: Տարրաբանական տարրը «Մոսկովիում» կոչուած է ի պատիւ Մերձմոսկովեան շրջանի Տուպնա քաղաքին մէջ գտնուող Կորիզային հետազօտութիւններու միացեալ գիտական հիմնարկի, ուր կ՚աշխատի Եուրի Յովհաննիսեան: Ան իր գիտական հետազօտութիւնները կ՚իրականացնէ այդ հիմնարկին մէջ, մասնաւորապէս մեծ ներդրում ունի գերծանր տարրաբանական տարրեր յայտնաբերելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ: Հիմնարկը նախկին Խորհրդային Միութեան, իսկ այսօր՝ Ռուսաստանի ռազմավարական նշանակութեանմբ կառոյցներէն մին է:

Տուպնան ռուսական գիտական քաղաք մըն է՝ Մոսկուայէն 120 քիլօմեթր դէպի հիւսիս: 1956 թուականին Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակուայ ղեկավար Նիքիթա Խրուշչեւը հրամանագիր ստորագրեց՝ այնտեղ հիմնելու միջազգային նշանակութեամբ գիտական հիմնարկ, որ ունի 18 անդամ պետութիւններ: Հիմնարկը հիւլէական բարդ աշխատանքներ կը կատարէ, իսկ քաղաքականութիւնը կը մշակէ գիտական խորհուրդը, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են յայտնի բնագէտներ Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Կորիզային հետազօտութիւններու եւրոպական կազմակերպութենէն: Մեր հայրենակից Եուրի Յովհաննիսեան այդ հիմնարկի ամենահին աշխատողներէն է եւ գիտական հանրութեան մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ: Անցեալ տարի ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Մենտելիեւի անուան միջազգային մրցանակը շնորհեց Եուրի Յովհաննիսեանին: Գիտնականը մրցանակը ստացաւ պարբերական աղիւսակի սահմանները ընդլայնող յայտնագործութիւններու եւ բնական գիտութիւններու զարգացման գործին մէջ նշանակալից աւանդին համար: Ռուսահայ գիտնականը սակայն, միջազգային մրցանակներու, գիտական կոչումներու, պատուաւոր պարգեւատրումներու պակաս չունի: 2019 թուականին արժանացած է նաեւ գիտնականներու համար Ռուսաստանի ամենահեղինակաւոր՝ Տեմիտովի անուան մրցանակին: Տուպնայի կորիզային փոխազդակներու տարրալուծարանին մէջ ան կարեւորագոյն աշխատանքներ կը ղեկավարէ, վերջին տարիներուն տարրալուծարանը ստեղծած է նոր սարքաւորումներ եւ արագացուցիչներ, որոնք անփոխարինելի նշանակութիւն ունին գիտութեան զարգացման համար: Արդէն ընթացքի մէջ են պարբերական աղիւսակին մէջ 119-րդ եւ 120-րդ տարրերու որոնման աշխատանքները, եւ Եուրի Յովհաննիսեանի ղեկավարած խումբը յոյսեր ունի, որ իրենց ստեղծած գերծանր տարրերու գործարանը ատոր մէջ լուրջ ներդրում կ՚ունենայ: 118-րդ տարրին բացայայտումը անոր կեանքէն յիսուն տարի խլած է: Յիսուն տարի առաջ ան մտածած է, թէ հնարաւոր է նման գերծանր տարրեր գոյութիւն ունենան եւ հինգ տասնամեակ աշխատելով այդ ուղղութեամբ՝ ստացած է ատոնք: Բաւականին բարդ աշխատանք եւ կէս դարու պրպտումներ, որոնք լիուլի փոխհատուցուած են: Անոր կարծիքով, Մենտելիեւի աղիւսակը տակաւին կը փոխուի եւ ինք՝ Մենտելիեւ, 150 տարի առաջ նոյնպէս կանխատեսած էր այդ մէկը: 2019 թուականին աշխարհի մէջ նշուեցաւ պարբերական աղիւսակի 150-ամեակը եւ Եուրի Յովհաննիսեան այն գիտնականներէն էր, որ աշխարհի կարգ մը համալսարաններու եւ ակադեմիաներու կողմէ հրաւիրուեցաւ այդ առիթով դասախօսելու:

«ՊԱՐՈՆ 118»Ը

Ռուս նշանաւոր գիտնական, երկրաբան, տնտեսագէտ, սարքաշինարար եւ գիւտարար Տմիթրի Մենտելիեւ 1869 թուականին բացայայտած է տարրաբանական տարրերու պարբերականութեան օրէնքը, որ դարձած է բնագիտութեան հիմնական եւ կարեւորագոյն օրենքներէն մէկը։ Այսօր բնագիտութիւնը անհնար է պատկերացնել առանց այդ աղիւսակի, որուն հետ պարզ մարդուն ծանօթութիւնը կը սկսի դպրոցէն, իսկ բնական գիտութեամբ զբաղողները արդէն աւելի լուրջ կ՚ուսումնասիրեն զայն: Այդ աղիւսակը կը հանդիսանայ տարրաբանական տարրերու աղիւսակային արտապատկերը, եւ Մենտելիեւէն ետք, անցնող դարերուն, գիտնականներ ընդլայնած են աղիւսակի սահմանները՝ յայտնաբերելով բնութեան մէջ հանդիպող եւ չհանդիպող տարրաբանական տարրեր: Եուրի Յովհաննիսեանի յայտնաբերած տարրը գիտնականները անուանած են «Պարոն 118»՝ մեծ արժէք տալով այն ճարտարապետական կառուցուածքին, որ 118-րդ տարրին շնորհիւ ստացած է պարբերական աղիւսակը, քանի որ անով կ՚եզրափակուի Մենտելիեւի աղիւսակի եօթներորդ պարբերութիւնը: «Օկանեսոն»ը ցարդ յայտնաբերուած ամենածանր տարրը կը հանդիսանայ, իսկ Եուրի Յովհաննիսեան՝ աշխարհի մէջ երկրորդ գիտնականն է, որուն կենդանութեան իր անունով կը մկրտուի տարրաբանական նոր տարր մը: «Օկանեսոն»ը անգործ կազ է, սակայն ատոր ֆիզիքական, հնարաւոր է նաեւ՝ տարրաբանական յատկութիւնները, այդ խումբին պատկանող այլ տարրերէ խիստ կը տարբերուին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Իր ծննդեան օրը Եուրի Յովհաննիսեան յուզուած էր՝ հայրենիքի մէջ, գիտնականներու, երիտասարդներու եւ զինք գնահատողներու շրջապատին մէջ պարուրուած էր անսահման ուշադրութեամբ եւ սիրով: Կը խօսի հայերէն, ցած լսուող, համեստ ձայն մը ունի, փալուն ճերմակ մազերը միշտ դէպի հետ սանտրուած են, ինչ որ կ՚աւելցնէ անոր գիտական ու մարդկային հմայքը: Երեւանի մէջ ան պատմեց, թէ շատ մեծ փափաք ունէր, որ իր յայտնաբերած տարրը կոչուէր «Արմենիում», իսկ աղիւսակին մէջ անոր նշանը ըլլար՝ Ar, սակայն այդ մէկը հնարաւոր չեղաւ, քանի որ պարբերական աղիւսակին մէջ արդէն մէկ ուրիշ նիւթի համար կայ այդ նշանը: Ջանացած է այլ ձեւ գտնել, բայց «Արմենիում» բառի կրճատ տառերը (Am, Ar եւ այլն) ի սկզբանէ կային պարբերական աղիւսակին մէջ…

Երեւանի մէջ Եուրի Յովհաննիսեան հրաւիրուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարան, ուր անոր շնորհուեցաւ համալսարանի փրոֆեսէօրի կոչում: Գիտնականը Երեւան եկած էր Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի հրաւէրով: Անոր հետ էր Տուպնայի կորիզային հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի պատուիրակութիւնը՝ երիտասարդ տնօրէն Տրուպնիկովի գլխաւորութեամբ: Վերջինս Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ նոր աշխատանքներ կը կատարեն՝ կորիզային թաղանթները «Քովիտ-19»ի եւ այլ ժահրերու դէմ պայքարի մէջ կիրառելու համար: Հիմնարկը կը ջանայ կորիզային բժշկութեան նորանոր ուղղութիւններ կիրառելու, հետազօտելու ուղեղային հիւանդութիւններ եւ ուրիշ բարդագոյն ախտեր, որոնց բուժումը խնդիր է ժամանակակից բժշկութեան համար: Երեւանի մէջ յուշագիր մը ստորագրուեցաւ, որպէսզի այդ աշխատանքներուն ներգրաւուին նաեւ հայ գիտնականներ:

Միւս կողմէ, ապրիլի 14-ին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է «Օկանեսոն» (Og) տարրաբանական տարրին նուիրուած արծաթեայ յուշադրամը: Այդ առիթով Կեդրոնական դրամատան մէջ հիւրընկալած են աշխարհահռչակ գիտնականը, որ ստորագրած է առաջին նմոյշներու յուշաթերթիկին վրայ: Անցեալին «Հայփոսթ»ն ալ դրոշմաթուղթ թողարկած էր անոր եւ «Օկանեսոն» տարրի պատուին՝ «Աշխարհահռչակ հայեր» խորագրի ներքոյ: Ուղիղ կէս դար Յովհաննիսեան տիրացած է գիտական բազմաթիւ մրցանակներու, պատուոգրերու, կոչումներու, «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանակիր է, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր քաղաքացի: Վերջին մրցանակներէն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մրցանակը կը կարեւորուի այն հանգամանքով, որ Մենտելիեւի մրցանակը առհասարակ նպատակ ունի հանրահռչակել այս մեծ գիտնականի յայտնագործութիւններուն նշանակութիւնը համաշխարհային գիտութեան համար, նաեւ ընդգծել հիմնարար գիտութիւններու դերը եւ միջազգային ազդեցութեան կարեւորութիւնը ժամանակակից ամենասուր, համամարդկային խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

*

Եուրի Յովհաննիսեան ծնած է 1933 թուականի ապրիլի 14-ին՝ Ռուսաստանի Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ: Մանկութիւնը եւ դպրոցական տարիները անցած են Երեւանի մէջ: 1956 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Ճարտարագիտաբնագիտական համալսարանը: 1976-1989 թուականներուն եղած է Տուպնայի միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի միջուկային հակազդեցութիւններու տարրալուծարանի փոխ-տնօրէն, 1989-1997 թուականներուն՝ տնօրէն, 1997 թուականին՝ գիտական ղեկավար, միաժամանակ, 1971 թուականին՝ նոյն տարրալուծարանի ծանր միջուկներու հետազօտման բաժնի պետ։ 1969-1970 թուականներուն ան Փարիզի համալսարանի դասախօս էր, Երեւանի Պետական համալսարանի, Ֆրանքֆուրթի (Գերմանիա), Մեսինայի (Իտալիա) համալսարաններու պատուաւոր տոքթոր։ Անդամ է միջազգային գիտական ակադեմիաներու:

Եուրի Յովհաննիսեանի աշխատանքները կը վերաբերին փորձարարական միջուկային բնագիտական եւ արագացուցչային սարքաշինութեան: Անոր ղեկավարութեամբ կատարուած են գերծանր տարրաբանական տարրերու համադրութեան բազմաթիւ փորձեր, մշակուած են այդ տարրերու յատկութիւններու հետազօտման փորձարարական ինքնատիպ կայանքներ։ Նոր տարրերու արհեստական համադրոյթի բնագաւառին մէջ կատարուած տասնմէկ յայտնագործութիւններու համահեղինակ է։ Ղեկավարած է ծանր միջուկներու արագացուցիչներու ստեղծման աշխատանքները եւ հետազօտած՝ այդ միջուկներու շարժումներու մեքանիզմը, տրոհման շարժառիթները, տարաշխարհիկ միջուկներու յատկութիւնները։

Ղեկավարած է կիրառական նշանակութեամբ հետազօտութիւններ՝ միջուկային թաղանթներու ստացման արհեստագիտութեան, ռատիօբժշկական ախտորոշման համար մաքուր զուգաթիւերու արտադրութեան մշակման բնագաւառներուն մէջ, նախագծած եւ կառուցած է պարփակ ելեկտրոնային արագացուցիչներ՝ կարճ կեանքի տեւողութեամբ զուգաթիւերու արտադրութեան համար։

Յաջորդ տարի կը լրանայ Եուրի Ցոլակի Յովհաննիսեանի ծննդեան 90-ամեակը։ Միջազգային գիտական աշխարհը, վստահ, առանձնակի շուքով կը նշէ կենդանի առասպելին յոբելեանը. այսօր ան միակ ողջ գիտնականն է, որուն անունը դրոշմուած է «բնագէտներու սրբապատկերին» վրայ՝ պարբերական աղիւսակին մէջ: Ան իր կենդանութեան օրօք տեսած է գիտնականի մը համար փառքի բոլոր դրսեւորումները, ինչ որ վաստկած է ծանր ու ամէնժամեայ աշխատանքով եւ աննկարագրելի նուիրումով առ գիտութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022