Աբրահամ Լինքընի Նամակը՝ Ուղղուած Իր Տղուն Ուսուցչին
Աբրահամ Լինքընը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահն էր: Լինքընը ազգային հերոս էր, անոր հետ կը կապուի ստրկատիրական համակարգի վերացումը եւ Սպիտակ տան մէջ միասնութեան եւ ազնուութեան մթնոլորտի հաստատումը:
Լինքըն «Ամերիկեան երազանք»ի մարմնացումն էր: Աղքատ ընտանիքի զաւակ՝ փոքր տարիքէն ծանր աշխատանքի լծուած էր իր ընտանիքին օգնելու համար:
Ընտանիքին նիւթական ծանր վիճակին պատճառով ան ընդամէնը մէկ տարի դպրոց յաճախեց, սակայն շարունակեց ինքնուրոյն սորվիլ տառերը եւ գիրքեր կարդալ: Յամառութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ շարունակեց ինքնազարգացումը եւ հասաւ աննախադէպ բարձունքներու եւ դարձաւ երկրի նախագահ:
Աբրահամ Լինքըն ունէր չորս տղայ, որոնցմէ երեքը 4, 11 եւ 18 տարեկանին մահացան թոքախտէ եւ տիֆթերիայէ: Միայն աւագ որդին՝ Ռոպըրթը ապրեցաւ մինչեւ 82 տարեկան:
1855-ին Լինքըն գրած է իր նշանաւոր նամակը՝ ուղղուած Ուիլիըմի ուսուցիչին: Ուիլիըմ 11 տարեկանին մեռաւ եւ չկրցաւ իրագործել հօր պատգամները: Լինքըն կը խօսի չափազանց կարեւոր բաներու մասին, իսկ մենք դժբախտաբար պէտք եղած կարեւորութիւնը, չենք տար անոնց: Ստորեւ նամակէն բաժիններ.
«… Ես կը հասկնամ, որ ան պէտք է իմանայ, որ բոլոր մարդիկ արդար չեն, բոլորը անկեղծ չեն: Բայց անոր սորվեցուցէք, որ իւրաքանչիւր սրիկայի կողքին կայ նաեւ հերոս, որ՝ իւրաքանչիւր եսասէր քաղաքական գործիչի դիմաց կը գտնուի նաեւ նուիրուած առաջնորդ:
«Անոր սորվեցուցէք, որ եթէ թշնամի կայ, նաեւ ընկեր կը գտնուի: Անոր սորվեցուցէք, որ շահած մէկ տոլարը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան՝ գտած հինգը:
«Անոր սորվեցուցէք ընդունիլ պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ վայելել յաղթանակները: Եթէ կրնաք, զինք հեռու պահեցէք նախանձէն: Օգնեցէք անոր, որ մեծամիտներուն եւ գոռոզներուն յաղթելը ամենադիւրին գործն է: Եթէ կրնաք, սորվեցուցէք անոր հետաքրքրուիլ գիրքերով:
«Անոր ազատ ժամանակ տուէք, որպէսզի կարենայ մտածել յաւերժ գաղտնիքներուն՝ երկինքի թռչուններուն, արեւի շողերուն մէջ թռչող մեղուներուն եւ բլուրներուն կանաչ լանջերուն ծաղկող ծաղիկներուն մասին:
«Անոր սորվեցուցէք, որ դպրոցին մէջ անյաջողութիւն կրելը շատ աւելի պատ-ւաբեր է, քան՝ խարդախութեան դիմելը: Անոր սորվեցուցէք վստահիլ իր սեփական միտքերուն, եթէ նոյնիսկ մէկը իրեն ըսէ, թէ կը սխալի: Անոր սորվեցուցէք մեղմ վարուիլ մեղմ մարդոց հետ եւ դաժան՝ դաժաններու հետ:
«Փորձեցէք տղուս ուժ տալ, որպէսզի ան չհետեւի ամբոխին: Սորվեցուցէք անոր, որ լացը ամօթ չէ: Եթէ կրնաք, նաեւ սորվեցուցէք ծիծաղիլ տխրութեան մէջ:
«Սորվեցուցէք անոր, իր ուղեղն ու մկաններուն ուժը վաճառել ամենաբարձր գինով, բայց երբեք վաճառքի չհանել ո՛չ սիրտը, ո՛չ ալ հոգին:
«Անոր հետ մեղմ վարուեցէք, բայց՝ առանց աւելորդ քնքշութեան, որովհետեւ միայն կրակի մէջէն անցնելու փորձութենէն ետք կը բացայայտուին պողպատի լաւագոյն յատկանիշները:
«Թոյլ տուէք անոր քաջ ըլլալ, որպէսզի ան դառնայ անհանդուրժող վատ բաներու հանդէպ: Թոյլ տուէք, որ ան համբերատար ըլլայ, որպէսզի դառնայ խիզախ:
«Սորվեցուցէք անոր հաւատալ ինքն իրեն, որովհետեւ այդ պարագային ան միշտ հաւատք կ՚ունենայ մարդկութեան հանդէպ:
«Ասիկա դիւրին գործ չէ, բայց տեսէք, թէ ինչ ի՛նչ կրնաք ընել… Իմ տղաս այնքան լաւ տղայ է»:
1855