Շամխորի Ճակատամարտը ԵՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԱԴԱԹՈՎ
Սեպտեմբեր 3-ին, 187 տարի առաջ, ներկայիս իբրեւ Ատրպէյճան ճանչցուած երկրին հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Շամխոր քաղաքին մէջ, իր աւարտին հասաւ 18-րդ դարուն սկսած եւ մինչեւ 1829 թուականը շարունակուած ռուս-պարսկական երկարատեւ պատերազմին կարեւորագոյն ու վճռորոշ ճակատամարտներէն մէկը՝ ռուսական զօրքերու եւ անոնց յառաջապահ ուժը կազմող հայ կամաւորականներու փայլուն յաղթանակով։
Շամխորի ճակատամարտը իրողապէս վերջակէտ դրաւ Հայաստանի վրայ դարեր տեւած պարսկական տիրապետութեան։ Ցարական Ռուսաստանը փաստօրէն իր տիրապետութիւնը հաստատեց Անդրկովկասի վրայ։
Շամխորի ճակատամարտը կրկնակի առումով բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար։
Առաջի՛ն. հայութեան հետագայ կեանքը կապեց ռուսական տիրապետութեան ու ցարական ծաւալապաշտութեան վերիվայրումներուն։ Երկրո՛րդ. դարաւոր գերութեան հետեւանքով ազգային-ռազմական իր մարտունակութենէն պարպուած հայութեան մէջ վերստին արծարծեց սեփական ճակատագրին՝ անկախ հայրենիքին ու պետականութեան տէր կանգնելու վճռականութիւնը։
Շամխորի ճակատամարտին պատմակերտ յաղթանակը փաստօրէն հնարաւոր դարձաւ ռուսական բանակի հայազգի մեծ զօրավարներէն Վալերիան (Ռոստոմ) Գրիգորի Մադաթովի (1782-1829) ռազմական տաղանդին շնորհիւ, որ իր հրամանատարութեան տակ ունէր հայ կամաւորներէ բաղկացած փոքրաթիւ, բայց քաջարի զօրաբաժին մը։
Շամխորը կամ Շամքորը հայոց պատմութեան մէջ յայտնի է 5-րդ դարէն սկսեալ։ Պատմականօրէն ան կը գտնուէր Մեծ Հայքի Ուտիք աշխարհի Գարդման կամ Շակաշէն (ըստ տարբեր տուեալներու) գաւառներու կազմին մէջ։ Թէեւ Շամխորը ի սկզբանէ հայաբնակ քաղաք էր (եւ իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ ուշ միջնադար), այդուհանդերձ՝ պատմութեան ընթացքին Շամխորը բազմիցս ասպատակուած է սկիւթներու, ալաններու եւ այլ լեռնցիներու կողմէ, որոնց մէկ մասը նաեւ բնակութիւն հաստատած է քաղաքին մէջ կամ անոր յարակից տարածքներուն վրայ։
Թիֆլիզ քաղաքի արեւելեան դարպասը հանդիսացող Շամխորը, Արաբական արշաւանքի ժամանակ՝ 652 թուականին, գրաւ-ւեցաւ արաբներու կողմէ եւ ինկաւ Շետտիտեաններու շուրջ հինգ դար տեւած արաբական տիրապետութեան ներքեւ։
1195 թուին հայ-վրացական միացեալ բանակը՝ Զաքարեաններ եւ Վահրամեաններ իշխաններու հրամանատարութեան տակ, ազատագրեց Շամխորը։ Քաղաքը միացուեցաւ Գագի Վահրամեաններու (Վահրամեան-Գագեցի) հայոց իշխանութեան։ Շամխորի մէջ տեղաւորուեցաւ Վահրամեաններու իշխանութեան մաքսատուն-կամուրջը, որ հայոց պատմութեան յայտնի է Դրունք Հայոց անուանումով։
Շամխորը մնաց Վահրամեաններու իշխանութեան կազմին մէջ մինչեւ թաթար-մոնկոլական 13-րդ դարու աւերիչ արշաւանքները Հայքի վրայ։ Թաթար-մոնկոլներու գործած թալանէն յետոյ, Շամխորը կորսնցուց իր նախկին փառքը եւ դարձաւ գաւառական աւան։
18-րդ դարէն սկսեալ, երբ ցարական Ռուսաստանը ձեռնարկեց Անդրկովկասի վրայ իր տիրապետութիւնը հաստատելու արշաւանքներուն, Շամխորի ռազմավարական դիրքը յատուկ կարեւորութիւն ստացաւ։ Թիֆլիզին տիրացած ռուսական զօրքը երկարատեւ պատերազմներ մղեց Շահի Պարսկաստանին դէմ։
Ռուս-պարսկական պատերազմները 1806-ին նոր սաստկացում արձանագրեցին։ Մեծն Բրիտանիան իր կարգին կը փորձէր պատերազմի դաշտ մղել Պարսկաստանի Շահը, որ չէր մարսած ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին իր կրած պարտութիւնն ու իր տիրապետութեան ենթակայ Անդրկովկասի կորուստը՝ ռուսական զօրքի յաղթական գրոհներուն հետեւանքով։ Անգլիական դիւանագիտութիւնը ի վերջոյ յաջողեցաւ եւ պարսկական 60 հազարնոց բանակը, թագաժառանգ Ապպաս Միրզայի գլխաւորութեամբ, 1826-ի Յուլիսին, խախտելով 1813-ին կնքուած ռուս-պարսկական Կիւլիստանի պայմանագիրը, ներխուժեց Ռուսաստանի սահմանները: Սկսաւ ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմը: Պարսկական բանակին անսպասելի յարձակումը ծանր դրութեան մատնեց ռուսական փոքրաքանակ զօրամասերն ու անոնց կողմէ նուաճ-ւած շրջաններու բնակչութիւնը:
Պարսկական զօրքերը Յուլիս 1826-ի վերջերուն պաշարեցին Ղարաբաղի Շուշիի բերդը: Բերդի 1700 հոգինոց կայազօրը եւ հոն ապաստանած շրջակայ գիւղերու բնակիչները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Պարսիկները անգլիացի մասնագէտներու գլխաւորութեամբ ականապատեցին բերդի պարիսպները եւ քանի մը անգամ գրոհի ձեռնարկեցին, բայց յաջողութեան չհասան: Շուշիի 47 օր տեւած պաշտպանութիւնը մեծապէս ձախողութեան մատնեց Թիֆլիզի վրայ յարձակելու պարսկական ծրագիրները:
Իսկ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կազ-մըւեցան կամաւորական ջոկատներ, որոնք խիզախօրէն մարտնչեցան պարսկական զօրքին դէմ: Լոռի-Փամբակի ճակատին վրայ քաջաբար կռուեցաւ Մարտիրոս Վեքիլեանի ջոկատը։ Իսկ Ղազախ-Շամշադինի ճակատին վրայ, յատկապէս Դիլիջանի մէջ, հերոսական գրոհներ իրագործեց վարդապետ Գրիգոր Մանուչարեանի հեծեալ ջոկատը։
Երկու տարի տեւած ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմին վճռորոշ ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 1828-ի Սեպտեմբեր 3-ին, երբ Ցարական Ռուսաստանի անդրկովկասեան զօրքերու հրամանատարը՝ հայազգի նշանաւոր զօրավար Վալերիան Մադաթովի 2000 հոգինոց զօրաջոկատը Շամխորի մօտ ծանր պարտութեան մատնեց Ապպաս Միրզայի 10 հազար հոգինոց զօրամասը:
Մադաթովը ռուսական բանակի հեղինակաւոր զօրավարներէն էր: Անոր ռազմական տաղանդին բնորոշ գիծը արագութիւնն էր. ոչ միայն արագօրէն վճիռ կայացնելու, այլեւ նոյնքան արագութեամբ զայն իրագործելու առումով։ Մադաթովի զօրաջոկատին յանձնարարուած էր պաշտպանական դիրքեր գրաւել Խրամ գետի երկայնքով եւ ամէն կերպ կասեցնել պարսկական զօրքերու յառաջխաղացքը դէպի Թիֆլիզ:
Արագօրէն առաջանալով Ղազախի ուղղութեամբ՝ Մադաթով տեղւոյն հայերէն տեղեկացաւ, որ Շամխորի լեռներուն մէջ դարանակալ սպասող պարսկական մեծաթիւ զօրամաս մը կը պատրաստուի անակնկալ յարձակում գործելու իր զօրաջոկատին վրայ: Իրեն բնորոշ գործելաոճով՝ Մադաթով նախաձեռնութիւնը ինք վերցուց եւ, առանց յապաղելու, նախայարձակ դառնալով՝ կրցաւ ցիրուցան ընել պարսկական ջոկատը, հող նախապատրաստելով դէպի Շամխոր յառաջխաղացքի համար:
Սեպտեմբեր 3-ի լուսաբացին, իր հետեւազօրը դասաւորելով երեք ոչ-մեծ զօրասիւներով, Մադաթով արձակեց գրոհի հրամանը: Ի պատասխան ռուսական զօրքի յառաջխաղացքին՝ պարսկական զօրքը հուժկու կրակ բացաւ, սակայն Մադաթովը անդրդուելի էր ու վճռակամ. հեծնելով իր ղարաբաղեան ոսկեգոյն նժոյգը՝ Մադաթով իր զօրաջոկատը անձամբ առաջնորդեց սրընթաց գրոհի: Հայազգի տաղանդաւոր զօրավարը միաժամանակ իր ջոկատին առաջին զինուորն էր եւ գրոհի հրաման տալով՝ ամենէն առաջ ինք նետուեցաւ թշնամի գնդակներու տարափին դէմ: Իսկ երբ զինք փորձեցին ետ պահել՝ ըսելով, թէ՝ «Ձեզ նկատել են, Ձերդ բարեծնութիւն, Ձեզ վրայ են նշան բռնում», Մադաթով անվրդով պատասխանած է. «Աւելի լաւ, որ ինձ տեսնում են. աւելի շուտ կը փախչեն»:
Շամխորի ճակատամարտին յաղթական աւարտը դափնեպսակը դարձաւ հայազգի մեծանուն զօրավարին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ