«ԿՈՄԻՏԱՍ» ՊԱՏՈՒՈՅ ՄԵՏԱՅԼ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական կեանքի արժէքաւոր ու համակրելի արուեստագէտներէն Արթիւր Պաղտասարեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Արդարեւ, հայրենի իշխանութիւնները բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցած են իր կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութիւնը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլը։ Համապատասխան վկայականը ստորագրուած է Բաբգէն Տէր-Գրիգորեանի կողմէ, որ կը կատարէ նախարարի պարտականութիւնները։
Երէկ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան հիւրընկալեց Արթիւր Պաղտասարեանը։ Ջերմ գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան արտայայտութիւններով ան յանձնեց մեծարեալ արուեստագէտի մետայլն ու վկայականը։
Արթիւր Պաղտասարեան պոլսահայ երաժշտական կեանքէն ներս իր սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը։ Որպէս մեներգիչ արդէն ունի համբաւ թէ՛ քաղաքիս եւ թէ արտասահմանի մէջ տուած համերգներով։ Իր գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ կրթադաստիարակչական ոլորտը։ Արդարեւ, համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ ան կը դասաւանդէ՝ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ։ Սպասարկութիւն կը բերէ նաեւ մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսինքն հաւասարապէս կը ծառայէ հայկական աշխարհիկ եւ հոգեւոր երաժշտութեան։ Ան այս բոլորը կ՚ընէ յանձնառութեան ոգիով, արհեստավարժ նախանձախնդրութեամբ, համեստութեամբ ու նուիրումով։
Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրեցեալ արուեստագէտ բարեկամ Արթիւր Պաղտասարեանը, որուն կը մաղթեանք նորանոր նուաճումներ։
Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ, յիշեալ նախարարութեան կողմէ ուղարկուած մետայլներ յանձնուեցան նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչին եւ վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանին։ Կը շնորհաւորենք։