ԷՎԵՐԵՍՏԻ ԱՆԼՈՅԾ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Էվերեստը 8848 մեթր բարձրութեամբ աշխարհի ամենաբարձր լեռն է, որ կը գտնուի Նեփալի եւ Չինաստանի սահմանագծին վրայ։ Թէեւ ամբողջ աշխարհին այս հզօրագոյն լեռը ծանօթ է Էվերեստ անունով, սակայն ան ունի այլ անուններ. թիպետցիներ լեռը անուանած են Չոմոլունկմա, որ կը նշանակէ «ձիւներու մայր աստուածուհի», իսկ նեփալցիներ լեռը կոչած են Սակարմաթհա՝ «Տիեզերքի մայրը»։

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Էվերեստ բարձրանալու ժամանակ զոհուած է աւելի քան 200 մարդ, որոնք այդպէս մնացած են սառոյցներով պատուած լերան լանջերուն, որովհետեւ անոնք կարելի չէ իջեցնել Էվերեստի կլիմայական դժուարին պայմաններուն ներքեւ։ Լերան որոշ ուղիներուն վրայ կարելի է տեսնել անշունչ մարմիններ, որոնք նաեւ ուղեցոյց կ՚ըլլան լեռ բարձրացողներուն՝ գտնելու համար գագաթ տանող ուղին։

Բրիտանացի հետազօտող Ճորճ Մելըրին եղած է Էվերեստի մագլցողներու դժբախտներէն մին, որ զոհուած է այդտեղ: Ան մահացած է 1924 թուականին, մինչդեռ մարմինը գտնուած է 1999-ին: Մելըրիի դիակը յայտնաբերուած է ամերիկեան հետազօտութեան արշաւախումբի անդամներուն կողմէ՝ 8100 մեթր բարձրութեան վրայ։ Մելըրիի մօտ գտնուած են շարք մը իրեր՝ արեւապաշտպան ակնոց, թթուածինի սարքի դիմակ, նամակներ, որոնցմով կարելի եղած է եզրակացնել, թէ ան ինկած է վեցերորդ հաւաքատեղի իջնելու ճանապարհին, ուրկէ ան սկսած էր վերելքին դէպի գագաթ։ Սակայն իրերու մէջ չեն գտնուած անոր կնոջ լուսանկարը եւ Մեծն Բրիտանիոյ դրօշը, որոնք ան մտադրած էր թողուլ լերան գագաթը։ Այս հանգամանքը ծնունդ տուած է այն վարկածին, թէ Մելըրին ըլլայ Էվերեստի գագաթը հասած առաջին անձը։

1920-ական թուականներու պայմաններով հնարաւոր չէր Էվերեստի բարձրութեամբ լերան մը գագաթը հասնիլը, սակայն Մելըրին չէր համաձայնած այս գաղափարին։ 

Մելըրիի մասնակցութեամբ 1921 թուականին դէպի Էվերեստ առաջին բրիտանական արշաւի հիմնական նպատակը եղած է ձեւաւորել լերան շրջակայքի տեղագրական նկարը եւ որոնել հիւսիսէն դէպի գագաթ տանող ուղի մը։ Այդ արշաւի ընթացքին գտնուած է գագաթ տանող ուղի մը։ Արշաւախումբը կրցած է մօտենալ լերան 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան, բայց այդ հեռաւորութենէն նոյնիսկ լեռը կը ներկայանար իր հսկայ կերպարանքով։ Արշաւախումբի միւս անդամներու վկայութեամբ՝ Մելըրին սարսափ ապրած է՝ առաջին անգամ տեսնելով Էվերեստը։ Ժամեր շարունակ ան չէ կրցած աչքերը զատել այդ զարհուրելի տեսարանէն՝ սառցապատեր, սառած լանջեր, անվերջ թուացող լեռնային շարք ու անոնցմէ ամենասարսափելին՝ սուր ու անհասանելի երեւցող բուրգաձեւ գագաթ...

1922 թուականին Մելըրին վերադարձած է Հիմալայաներ եւ միացած՝ Էվերեստ ուղեւորուող բրիտանական երկրորդ արշաւախումբի կազմին։ Արշաւի ընթացքին Մելըրին եւ խումբի միւս անդամները յաջողած են աւելի առաջ գտնուած ուղիով բարձրանալ մինչեւ 8300 մեթր։ Արշաւախումբը հիմնական ճամբար (base camp) վերադարձած է տեղի ունեցած ձիւնակոյտի պատճառով, որու հետեւանքով մահացած է եօթ հոգի։ Արշաւախումբը մեծ կորուստներ ունեցած է, բայց պարզ դարձած է, որ Էվերեստի նուաճումը կը պահանջէ շատ աւելի լուրջ նախապատրաստութիւն։ 

Բրիտանական երրորդ արշաւը դէպի Էվերեստ տեղի ունեցած է 1924 թուականին։ Մելըրին դարձեալ հիմնաւորած է ճամբարներու շարքը, սակայն այս անգամ դէմ յանդիման եկած են անսպասելի սաստիկ ցուրտով ու ակնկալուածէն աւելի հաստ ձիւնաշերտով։ Արշաւի ընթացքին կատարուած է գագաթ հասնելու երեք փորձ։ Առաջին փորձը ձեռնարկուած է յունիսի 1-ին՝ Մելըրիի եւ Ճեֆրի Պրուսի կողմէ, որոնք յաջողած են բարձրանալ մինչեւ 7700 մեթր։ Երկրորդը տեղի ունեցաւ յաջորդ օր՝ Էտուըր Ֆելիքս Նորթընի եւ Հաուըրտ Սամըրուէլի կողմէ, որոնք յունիսի 4-ին 8570 մեթր բարձրութեան հասնելով՝ արձանագրեցին այդ ժամանակուայ մրցանիշը, որ յետագայ շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին չգերազանցուեցաւ։ Վերջին փորձը իրականացուած է Ճորճ Մելըրիի եւ Էնտրու Այրվինի կողմէ։ Յունիսի 8-ին գագաթ բարձրանալու ընթացքին զանոնք վերջին անգամ տեսած է արշաւի մասնակիցներէն երկրաբան Նոէլ Օտելը։ Մի քանի ժամ սպասելէ յետոյ Օտել դուրս կու գայ վեցերորդ ճամբարէն ու կ՚իջնէ դէպի հինգերորդ ճամբար այն միտումով, որ Մելըրին եւ Այրվինը վերադարձին տեղ ունենան գիշերելու համար։ Սակայն անոնք չվերադարձան։ Այդ օրէն իսկ անոնք ոչ ոք տեսած է։ Արշաւի ղեկավար Էտուըրտ Նորթընի որոշմամբ՝ Մելըրիի եւ Այրվինի որոնման աշխատանքները եղած են ապարդիւն եւ յունիսի 10-ին արշաւախումբը սկսած է վերադառնալ։ 

Անհետացումէն 75 տարի անց՝ 1999 թուականին, ամերիկացի արշաւախումբի մը կողմէ գտնուած է Մելըրիի սառած մարմինը՝ 8100 մեթր բարձրութեան վրայ։ Լեռնագնացներ յայտած են, որ Մելըրիի հանդերձանքով ու հագուստներով կարելի չէ անոնց նոյնիսկ ժամ մը դիմանալը լերան սառնամանիքին եւ սաստիկ քամիին։ 

Մինչ օրս ոչ ոք կրցած է պարզել, թէ ինչ պատահեցաւ անոնց։ Ոչ ոք կրցած է պատասխանել, թէ անոնք գագաթ հասա՞ծ են, թէ՞ ոչ։ Սակայն Մելըրիի կամքը դարձաւ շարժիչ ուժ՝ մարդկութեան ներշնչելով անվարան յոյս, թէ Էվերեստի գագաթը հասանելի է ի վերջոյ։

*

Էվերեստի գագաթը առաջին անգամ 1953 թուականին հասած են նորզելանտացի լեռնագնաց Էտմոնտ Հիլըրին եւ իրեն ուղեկցող շերփան՝ Տենցինկ Նորկէյը։ Հարկ է նշել, որ Հիլըրին Էվերեստի գագաթը բարձրացած է՝ օգտագործելով աւելի առաջ Մելըրիի կողմէ գտնուած ուղին։ 

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020