ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)
Այսօր կու գանք աւարտին հասցնելու Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքը հանդիսացող գրութիւններուն ծանօթացումը, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով անոր «Դիտումներ եւ դատումներ. (Էջեր օրագրէս)» գիրքը, որ լոյս տեսած է 1932-ին, Պէյրութի մէջ, Մուշեղ Սրբազանի եկեղեցական կարգը ձգելէն ետք:
Մուշեղ Սերոբեանը գիրքը ձօնած է իր վաղամեռիկ զաւակներուն անմոռանալի յիշատակին՝ Արսէն-Մուշեղին (17 նոյեմբեր 1927-21 յունուար 1929) եւ Լեդային (4 մայիս 1930-14 յունուար 1931):
Սոյն հատորը կը բացուի Յառաջաբանի տեղ գրութեամբ, ուր Սերոբեան կը գրէ.
• Սոյն հատորին մէջ մի՛ փնտռէք ո՛չ նիւթի եւ ո՛չ ալ մտածումի դասաւորում: Անիկա հաւաքածոն է կեանքի մը օրըստօրէական մտածումներուն, գրական քմայքներուն, ընկերային գործունէութեան (ո՛չ լիակատար անշուշտ), դիտումներուն (observation), եւ դատումներուն (jugement):
Գործիս ընթացքին ընթերցողը պիտի հանդիպի ժամանակագրական ընդհատներու (lacune): Պատճառը սա է, որ 1892-1900 եւ 1909-1912 տարիներու օրագրութիւններս այրեցան, մատենադարանիս եւ հրատարակելի ձեռագիրներուս հետ, 1922-ի Իզմիրի հրդեհին մէջ:
Այս հատորը, եթէ ուզուի, կարելի է նկատել տեսակ մը փորձ (essai) ներքին կեանքի մը պատմութեան. տեսակ մը ինքնակենսագրութիւն մտածումի, զգացողութեան, հոգեբանական հակումի զիկզակներու: Եւ իրերու կամ դէպերու բերմամբ, ան բնականօրէն բաժնուած է երեք շրջաններու. ամուրիութեան, ամուսնութեան եւ հայրութեան:
…Օրական նօթերու եւ խորհրդածութիւններու մեծագոյն մասը առնուած են օրագրէս, եւ ցրքուն թուղթերէս, այնպէս ինչպէս գրուած են օրը օրին, առանց յաւելումներու կամ փոփոխութիւններու: Շատ քիչերն են, որ ընդօրինակուած պահուն պզտիկ սրբագրութիւններու, գրական պզտիկ retoucheներու ենթարկուած են: Այս պարագան աչքի առջեւ ունենալով, ընթերցողը սոյն հատորը թղթատած պահուն, պիտի կրնայ քայլ առ քայլ հետեւիլ այն յեղանակաւորումին եւ եղաշրջութեան, որուն ենթարկուած է աստիճանաբար, հեղինակին միտքը («Դիտումներ եւ դատումներ. (Էջեր օրագրէս)», Պէյրութ 1932, էջ 3 եւ 5):
Գիրքին մէջ ընթերցողը կրնայ հանդիպիլ բազմաթիւ մտածումներու՝ տարբեր նիւթերու մասին: Այսօր այդ մտածումներէն պիտի փորձենք ամփոփ ծաղկաքաղ մը կազմել: Այսպէս.
• Անգործ օրերու յոգնածութիւնը շա՛տ աւելի անտանելի է քան աշխատանքէ քրտնաթոր օրերու տաժանքը: Վերջինին ի վարձ լրիւ կը վայելենք հանգիստին ախորժանքը, իսկ առաջինին ըմբոշխնել տուած հանգիստին մէջ կեանքին զզուանքը միայն կայ: Անգործութիւնը կը ժանգոտէ հոգին, սիրտդ, եւ ալ թոյլ չի տար բարձրագոյն իտէալի մը տենչանքին: Կեանքը խորտակուած ու տիղմի մէջ նետուած բիւրեղի մը փշրուքին պէս կը կորսուի յամրօրէն. 16-8-901 («Դիտումներ եւ դատումներ. (Էջեր օրագրէս)», Պէյրութ 1932, էջ 9):
• Այրերը մարդկային շարադրութեան միջակէտերն են, իսկ կիները վերջակէտերը. անոնք են որ նախադասութիւն մը կ՚ամբողջացնեն: Մարդկութիւնը տրուած նիւթ (sujet) մըն է: Ամէն դար միեւնոյն նիւթը կրկնած է իր տարեգրութիւններուն մէջ: Ոճի գեղեցկութիւնը միայն կը տարբերի դարերու ընթացքին. 23-2-902 (Նոյն անդ, էջ 10):
• Կինը անսահման փեթակ մըն է. իր աչքերէն, շրթներէն ու վարսերէն մեղր է որ կը հոսի շարունակ, մանաւանդ իր կեանքի գարունին: Քաղցրութիւնը, սակայն, զոր ան ըմբողշխնել կու տայ մեզի, անխառն ու սննդարար չէ միշտ: Թունաւոր ծաղիկներու խառնուրդ մը կայ այդ մեղրին մէջ, որ մեզ կը զգլխէ, կը գինովցնէ, յիմարութեան երթալու աստիճան. 26-2-902 (Նոյն անդ, էջ 10):
• Բարոյախօսները կ՚ըսեն մեզի. «Յարգեցէք ծերերը»: Մենք պէտք է յարգենք ծերութիւնը, առանց նկատողութեան առնելու ենթական: Պէտք է յարգենք, միայն անոր համար, որ ծերութիւնը վայրէջքն է կեանքին, տեսակ մը յամր օրհասական, որ օրէ օր գերեզմանին կը մօտենայ: Ո՞վ պիտի համարձակէր ծաղրել տառապագին օրհասը անկողնին գամուած մահամերձին: Միեւնոյնն է նաեւ ծերութիւնը. երկուքն ալ մեծ ու խորհրդաւոր վերջաւորութիւններ կեանքին, որոնցմէ մին կը հատնի անկողնին մէջ, եւ միւսը ցուպին կռթնած. 2-3-902 (Նոյն անդ, էջ 10):
• Համբոյրը սիրոյ անգիր դաշնադրութեան սկիզբն է ու փակումը: Մին կամ միւսը այդ երկու դաշնակիցներէն չեն կրնար եղծել այդ կնիքը, առանց տառապանքի, երկուստեք համահաճութեամբ դրոշմուած՝ դէմք մագաղաթին վրայ, երկու օրինակ, փոխադարձ ստորագրութեամբ: Մատնութեան համբոյրները, իբր ցուցանիշ, խարդախուած կնիքներու կը նմանին: Պատիժը խիստ է անոնց հեղինակներուն համար. 12-3-902 (Նոյն անդ, էջ 12-13):
• Եկեղեցին շուկայ մըն է, ուր ի վաճառ կը հանուին խիղճերը, խարդախուած ու կեղծ ապրանքներու նման: Հոն ամենէն բանուկ առուտուրը կը կատարուի, սակարանական դրութեամբ, ամենէն ապօրէն գործերու վրայ: Յաճախորդ ու խանութպան հոն թաքուն համաձայնութիւն մը ունին. քահանան իր խիղճը կը փակէ, եթէ ունի, եւ յաճախորդը իր աչքը, յանցանքին մեղսակցութիւնը հաւասարապէս բաժնելու համար. 16-3-902 (Նոյն անդ, էջ 13):
• Քահանան շուկայիկ մըն է, որուն շահաստանն է եկեղեցին: Սափրիչի կը նմանի: Սափրիչը յաճախորդին երկնցած մազերը կը ծայրատէ, առանց կարենալ անոր արմատը խլելու: Քահանան ալ իբր թէ մեղքին տգեղութիւնները կը սրբէ, քանի մը մրմունջ աղօթքով, ժամանակի մը համար գէթ խիղճը մաքրած ըլլալու հաճոյքը պատճառելով իր յաճախորդին: Սափրիչին ու քահանային տարբերութիւնը սա է, որ առաջինը մկրտաը կ՚երկնցնէ գլխուն, միւսը՝ խաչը, քահանային զգեստը սեւ է իսկ սափրիչինը ճերմակ. 15-3-902 (Նոյն անդ, էջ 14):
• Խունկին բուրումնաւէտութիւնը ռամիկին աչքին, աղտոտ, ապականուած հոգիներու համար կը կատարէ այն դերը, զոր հականեխիչ դեղ մըն պիտի կատարէր, նեխած մարմինի մը, այսինքն իր կենսականութենէն զրկուած գործարանաւորութեան մը վրայ: Երկուքն ալ գարշահոտութիւնը չեն ջնջեր, զայն կը չէզոքացնեն միայն ժամանակի մը համար. 19-3-902 (Նոյն անդ, էջ 14):
• Հաւատալ կը նշանակէ վստահիլ: Ոչ ոք կրնայ առանց վնասուելու իր կենսական շահերը վստահիլ անոր, որու մասին որոշ գաղափար եւ ծանօթութիւն չունի: Կրօնքը ամէն դարու մէջ նուիրական ազդակն ու շահը պիտի կազմէ անվիճելիօրէն: Բայց կրօնքի մէջ, հաւատալ վկայութիւններու, որոնց ծագումը շփոթ է, եւ գոյութիւնը խնդրական, պիտի նշանակէր կա՛մ կրօնքը հասկցած չըլլալ, եւ կամ ապուշի մը պէս իր մեծագոյն շահը ծախել ուրիշին, անիրականանալի եւ անստոյդ խոստումներու փոխարէն. 7-4-902 (Նոյն անդ, էջ 17):
• Կինը մեքենայ մըն է բարդ ու կնճռոտ: Զինքը շարժման մէջ դնող ուժերն են սէր, շահ, նախանձ: Շահը զինքը կը մղէ գործելու, որոնք արտօնուած չեն ընկալեալ սովորութիւններէ. սէրը ամենէն յիմար անձնատուութիւններու եւ ընդվզումներու կը մղէ զինքը անվախ եւ համարձակ. իսկ նախանձը նմանասեռ մը իր վայելած սիրոյն մէջ ջախջախելու, ընդոտնելու նախանձը կինը կրնայ նոյն իսկ ամենէն ստորին անբարոյականութեան մղել: Եթէ կնոջ սէրը վերլուծուի, շատ անգամ պիտի հանդիպինք այդ երեքի խառնուրդին. 11-4-902 (Նոյն անդ, էջ 17):
• Եթէ հարցնէին ինծի, «կ՚ուզե՞ս ամուսնանալ», պիտի պատասխանէի. այո՛, պայմանով, որ պիտի ուզէի ունենալ կին մը, որուն աչքերը զուրկ ըլլային լալու յարմարութենէն, որուն լեարդը անգղներուն կտուցին տակն անգամ հառաչանք չը փսխէր, որուն միտքը ընդունակ չ՚ըլլար երազներու խանձարուրք ըլլալու, եւ սիրտը զգացումներու համը չը ճաշակէր բնաւ. 15-4-902 (Նոյն անդ, էջ 17-18):
• Դրամը գործօն մըն է, ուժ մը, որուն փրկարար կարողութիւնը կապ ունենալով հանդերձ իր մետաղական արժէքին հետ, չը դադրիր աղտոտ մեքենականութեան մը ծնունդը ըլլալէն: Մանաւանդ կիներուն եւ կառավարութիւններուն փորձիչն է -ինքն ալ կիներուն պէս փորձիչ- աշխարհի խաղաղութիւնը վրդովելու համար: Դրամը մուկի կը նմանի. երկուքն ալ կը կրծեն, մին տախտակները, միւսը քսակն ու սրտերը. մին մտնելու եւ միւսը փախչելու ծակ մը գտնելու համար: Դրամը մատնութեան մը կամ պոռնկութեան վարձագինը ըլլալով հանդերձ, չը դադրիր հսկայ բարեգործութիւններու եւ լուսաւոր յառաջդիմութիւններու գերագոյն պատճառներէն մին ըլլալէ: Դրամին ծնցուցած տխուր կամ երջանիկ արդիւնքները կախումն ունին զայն շահող ու բաշխող ձեռքերէն. 21-4-902 (Նոյն անդ, էջ 19):
• Մատենադարան մը հազարաւոր միտքերու արտադրութեան ցուցահանդէս մըն է: Ամենէն հոյակապ մտածումներէն ամենէն աննշան խորհուրդը, ամենէն փառակազմ գրքէն ամենէն տարտղնուած տետրակը իրենց տեղերը բռնած են մատենադարանի մը գրախորշերուն մէջ: Մարդերէ ոմանք հատորներու մեծութենէն եւ գեղակազմութենէն հրապուրուած, կը խորհին, թէ անմահութեան մը ստեղծումին համար այդ մեծ հատորներուն արտադրութիւնը անհրաժեշտ է; Այս չէ, սակայն, ճշմարտութիւնը: Մատենադարանին մեծ հատորները հազիւ երբեմն վար կը բերուին իրենց տեղերէն, անոնցմէ խորհուրդ մը կամ գաղափար մը առնելու համար. մինչ փոքր հատորներ ու տետրակներ կան, որոնք շարունակ ձեռքէ ձեռք կը պտտին իբրեւ ամէնուն ամէն ժամանակի օգտակար խրատատուներ: Ծաւալը չէ որ բան մը կ՚արժէ, եւ ոչ ալ զինք շրջապատող լիւքսը (Նոյն անդ, էջ 26-27):
• Պարտէզիս մէջ ծաղիկներու թագաւորութիւն մը կը տիրապետէ. անոնցմէ ոմանք զուարթ կարմիր են հագած, եւ ոմանք թախիծի դեղնութիւնը: Շատեր ալ կան, որոնք գոյներու խառնուրդէն զերծ, կոյսի մը ճերմակ ամբծութիւնովը կը ժպտին: Բնութիւնը միեւնոյն չափով կը ցօղէ ամէնուն բաժակները, որոնք՝ հազիւ բացուած, ակնդէտ կը սպասեն թիթեռնիկներու սիրային այցին: Տիեզերքին մէկ փոքրանկարն է պարտէզս. հոս բնութիւնը կը խօսի ծաղիկներուն գունագեղ շրթներով, աւելի համեստ գուցէ, քան մարդերու բերնով: Երկուքն ալ միեւնոյն երգն ունին: Մարդն ու ծաղիկը, մերթ տխուր, եւ մերթ զուարթ: Տարբերութիւնը սա է, որ ծաղիկը աղբէն բոյր կը շինէ, եւ մարդը բոյրէն աղբ. 3-9-902 (Նոյն անդ, էջ 35):
• Կեանքը արագ ճամբորդութիւն մըն է: Անոր բուն կայարանքը գերեզմանն է միայն, ուր կանգ կ՚առնու կեանքին վայրաշարժը: Ճամբորդած ժամանակնիս, հոս ու հոն կը հանդիպինք մերթ գեղածիծաղ ու յաճախ ճախունտ հովիտներու. ո՛չ մէկին մէջ կանգ կ՚առնունք, սակայն: Այդ վայրերուն աղօտ տպաւորութիւնները հազիւ թէ հետք մը կը թողուն մեր ճամբորդի յիշատակներուն մէջ: Ամէն վայրկեան, այդ ճամբորդութեան միջոցին, կը ծծենք ումպ մը ժպիտ, կամ կաթիլ մը արցունք. եւ այդ ուրախութեան ումպերը կամ տրտմութեան կաթիլներն են, որ մեր կեանքին սնունդը կը կազմեն: Բայց այդ փոխնիփոխութեան մէջ է նաեւ մեր կեանքին անյագ վայելքը. 14-1-903 (Նոյն անդ, էջ 43-44):
• Չեմ ուզեր վերլուծել զգացումներուս կնճռոտութիւնները: Չեմ ուզեր նոյն իսկ վիշտերուս աղբիւրը փնտռել գտնել, վախնալով թէ մի՛ գուցէ զայն չորցնելու ձեռնարկեմ: Տառապանքներ կան, զորս կը նախընտրեմ երջանիկ հանգիստէ մը: Զգայնութեան տառապանքներս են անոնք, չյագեցած ու յարատենչ սրտի մը խորքէն ծնած (Նոյն անդ, էջ 59):
• Կ՚անցնիմ գրասեղանիս գլուխը: Ան իմ կինս է. գիշերը միայն կը բաժնուինք իրարմէ, ցերեկը գրկուելու համար: Խորհուրդիս բեռին տակ կը նիրհէ հանդարտիկ, եւ գրիչիս համբոյրները չեն խռովեր իր քունը: Անձայն եւ անշշուկ կը ծնի իր զաւակը -մեր զաւակը- երբ գիրք մը կամ յօդուած մը կ՚աւարտեմ: Հաւատարիմ է ան, չը խաբեր զիս եւ իր ծոցը կը պահէ զգացումներուս, սէրերուս, յուզումներուս եւ արցունքներուս յիշատակը. 12-1-917 (Նոյն անդ, էջ 87):
• Ժպիտ. ի՛նչ տարօրինակ շարժում դէմքի, որ իբր արտայայտութիւն կը ծառայէ բազմազան զգացումներու: Երբեմն շատ քիչ բացառութեամբ, զգացուած հաճոյքի մը, կամ երջանկութեան մը թարգմանն է. մերթ նողկանքի մը հեգնական բացատրութիւնը, եւ յաճախ զսպուած կատաղութեան մը, խորունկ զզուանքի մը, խմուած արցունքի մը ոսկեզօծ քօղը: Քանինե՜ր կը տեսնես ժպիտը իրենց շրթներուն վրայ. ապուշները միայն պիտի խաբուէին այդ ժպիտներէն: Ո՞վ պիտի պատմէ քեզի փոթորիկները այն հոգիներուն, որոնց դէմքին վրայ ժպիտին ծիածանը կը փայլի: Մարդկային կեղծիքը ժպիտէն աւելի գեղեցիկ շպար պիտի չկրնար գործածել իր հոգիին ձեւազեղծումները պարտկելու համար: Մանուկներու շրթունքին վրայ լուսաթեւ թիթեռնիկի մը պէս ոստոստող ժպիտը միայն կրնայ մեզի տալ անմեղութեան հրապոյրը: Կիներու ժպիտը, յաճախ, մատնութեան մը քաղաքավար շարժումն է, եւ վա՜յ անոր որ կը հրապուրուի անկէ. 19-1-917 (Նոյն անդ, էջ 89):
• Ի՞նչ է զաւակը: Եթէ աշխարհի վրայ շնութիւն բառը գոյութիւն եւ նշանակութիւն ունենալու իրաւունքն ունի, զաւակը պաշտօնականացած շնութեան մը պտուղն է յանուն սերունդի յաւերժացման: Զաւկի մը հարազատութիւնը յաճախ խնդրական է ու կասկածելի, որչափ ատեն գոյութիւն ունի ամուսնական կեղծիքը: Ամենէն մաքուր եւ հարազատ զաւակները մտքի զաւակներն են, գրական գործերը, որոնք երկնողին հոգեբանական եւ բարոյական հարազատութիւնը կը կրեն իրենց մէջ1: Նոյն իսկ բանագողութիւններու մէջ մտցուած անձնական աշխատանքը կը սրբէ այդ զաւկին անհարազատութեան աղտը. 23-1-917 (Նոյն անդ, էջ 89-90):
• Թափառումները դատարկապորտներու սովորական զբաղումներն են, որոնցմով անոնք իրենց ժամանակը կը սպաննեն: Միտքն ալ, սակայն, իր թափառումները ունի, եւ երջանիկ հակասութեամբ մը, երբ պարապ միտքերը կանգ կ՚առնուն իրենց հանգիստին մէջ, մտածումով յուռթի միտքերն են, որ ամենէն շատ թափառումներ կ՚ունենան: Խորհուրդի անսահման դաշտին մէջ մտածկոտ միտքը կը դեգերի իր թափառումները շալկած, բնութեան տեսարաններէն, հոգիներու հայելացումէն, դէմքերու նուաղկոտութենէն, սէրերէն, ատելութիւններէն, վերջապէս կեանքի ու բնութեան դրուագներու պէսպիսութենէն կարենայ քաղելու համար, վերլուծումի ճամբով, իր մտածումներուն պաշարը: Այսօր ալ միտքս այդ թափառումներով ապրեցաւ, այն տարտամ եւ անորոշ հմայքովը, զոր քրմապետ մը պիտի ունենար իր դիցուհիներուն հանդէպ. 27-1-917 (Նոյն անդ, էջ 91):
• Կեանքի ալիքները շարժման մէջ են շարունակ. խելխօլ վազք մը դէպի ափերը, ու անդադրում խուսափում մը խարակներէն, որոնց վրայ կը ծեծուին: Յաւիտենական պայքար, յաւիտենական ընկրկում, որոնց ընդմէջէն մերթ կոծն է որ կը լսուի, մերթ ժպիտին հնչունութիւնը: Կ՚ըսեն, թէ ուրախութիւնները շուտով կը ցնդին, ու տրտմութիւնները կը մնան: Իմ մէջս, սակայն, ընդհակառակն, ցաւերն ու վիշտերը կը շոգիանան ջուրերու նման, թողլով որ աղը քրքուր աւազի նման մնայ յատակը, կեանքի մնացորդ մասը համեմելու համար. 30-1-918 (Նոյն անդ, էջ 105):
• Կանխաւ եղած կարգադրութեան համաձայն Վեհափառին (Սահակ Խապայեան) հետ կը ճամբորդենք դէպի Սիս: Հրճուանքի ցոյցեր Սիսի կամուրջին վրայ ժողովրդական եւ կառավարական: Ամբոխային խանդավառ ալիք մը, ուրախութենէ արբշիռ, երգ ու ցնծութիւն ամէն շրթներու վրայ, ամէն աչքի խորը: Ուղղակի վանք կ՚ելլենք: Հէ՜ք Մայրավանք: Վանդալական ձեռք մը քանդած է ամէն ինչ: Եկեղեցին աւերակներու կոյտ մ՚է. սեղանները փշրուած, կաթողիկոսական աթոռը կտորներու վերածուած, ու պղծուած ամէն նուիրականութիւն: Ու նոյն իսկ չէ՛ խնայուած կաթողիկոսական գերեզմաններուն: Քանդումի ուրուականը համբուրած է ամէն ինչ, եւ իր հետքերն է դրոշմած քարին ու փայտին վրայ, ապրող կեանքերը դէպի աքսորանք, դէպի մահ առաջնորդելէ վերջ. 18-10-919 (Նոյն անդ, էջ 137):
• Տարեգլուխ է… այս ամանորին մեռելութիւն մը կայ մեր հոգիներուն խորը, ու դուրսը: Աշխարհ աղէտքի մը ծանրութիւնը ունի իր ուսերուն վրայ: Քաղաքական եւ ընկերական մթնոլորտը թունաւորուած է կարծես, նոյն իսկ քաղաքակրթութիւնը բորբոս կը հոտի: Սէվրի դաշնագիրը ուրացուած, եւ Էնկիւրիի համաձայնութիւնը ոճիր սերմանած է ամէն կողմ եւ քանդում: Շէնշող եւ զուարթ օրերու յիշատակը աւելի կը շեշտէ ներկային տգեղութիւնն ու բորոտութիւնը: Ցաւագար աշխարհ… ան է որ մեզի հիւսել կուտայ մեր ոսկի երազները, եւ ան է որ առանց հասունցընելու զանոնք, մեզ կը հարկադրէ գերեզմանափորը ըլլալ այդ մեր երազներուն. 1-1-923 (Նոյն անդ, էջ 191):
• Խաբուսիկ վայրկեաններ կուգան ու կ՚երթան, կեանքին ունայնութիւնը հիւսելու համար: Ճառագայթ մը աւելի կամ պակաս, խաւար մը աւելի կամ պակաս, պէտք չէ որ մեծ տարբերութիւն մը դնէ կեանքի պէսպիսութեան տեսակէտով: Բայց մարդկութեան ամբողջ ջանքը լարուած է ճառագայթ մը աւելի գողնալու երկինքի խորերէն ի նպաստ իր կեանքին, անով իր անմահութեան վերելքի սանդուխը շինելու համար: Հաճոյքի ամէն մէկ վայրկեան իրականութեան նմանող սուտով մը շինուած է, եւ այդ իրականանման սուտերն են եղած մեր կեանքին աղբիւրը, ակերը մեր ուրախութիւններուն: Այդ սուտը ահաւոր իրականութիւններու վրայ նետուած շղարշն է, վարագուրելու համար անոնց գռեհիկ տգեղութիւնները։ Ահա թէ ինչո՞ւ համար սուտ մը աւելի հաւատացող կը գտնէ, քան իրականութիւն մը, ճշմարտութիւն մը. 27-8-923 (Նոյն անդ, էջ 206-207):
• Երջանիկ ըլլալ կ՚ուզե՞ս. բայց ի՞նչ է կարծիքդ երջանկութեան եւ ապերջանկութեան մասին: Կատարեալ երջանիկ մի՛ փնտռեր աշխարհի վրայ: Ապերջանիկ երջանիկներ կան, ինչպէս երջանիկ ապերջանիկներ: Ո՞ր դասակարգին պիտի ուզէիր պատկանած ըլլալ (Նոյն անդ, էջ 271):
• Մէկու մը սիրահարուած ես եւ կը տառապիս: Սիրային խնդիրներու մէջ պէտք չէ լուրջ նկատել սրտի բաբախումները: Վաղուան զգացումդ տարբեր պիտի ըլլայ այսօրուանէն, եւ թերեւս վաղը պիտի խնդաս երէկի սիրահարի ապշութեանդ վրայ: Բայց խնդուքդ պիտի չկրնայ փարատել երէկի տառապանքդ. 24-3-928 (Նոյն անդ, էջ 273):
• Վերջին անգամ ըլլալով բանալ կուտամ զաւկիս դագաղը, իր գերեզմանին եզերքը. վերջին համբո՜յր մը երկարաձիգ, արտասուաթոր համբոյր մը, իր սառած շրթներուն եւ փակ աչերուն, եւ ափ մը հող կը նետեմ իր վրայ: Այս մահէն յետոյ, ալ ի՛նչ պէտք կայ ապրելու, գոնէ ինծի համար: Կեանքիս միակ յոյսն է, որ հողին կը յանձնեմ. ապագայ հանճար մը. մեր աստղը որ կը մարի: Բայց կնոջս գոյութիւնը, այդ խանդակաթ եւ բոլորանուէր մօր, եւ անձնուէր կնոջ գոյութիւնը, ալ միակ պատճառն է ապրելուս պէտքին: Մենաւոր, աշխարհի վրայ, առանց ինծի ա՛ն ալ դիակ մը պիտի ըլլայ ապահովաբար, եթէ զիս իր մօտը չը տեսնէ: Պէտք է ապրիլ զիրար մխիթարելու համար. պէտք է ապրիլ մեր հոգիներուն մէջ ապրեցնելու համար մեր միամօր եւ վաղամեռիկ զաւկին սիրական յիշատակը. 22-1-929 (Նոյն անդ, էջ 281):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Ամուրիի այս դաւանդութիւնս հիմնական յեղանակաւորումներ կրեց, ամուսնութենէս վերջ, երբ ունեցայ իմ զաւակս, որ իր մէջ մարմնացուց ֆիզիքական, բնախօսական, հոգեբանական եւ բարոյական հարազատութիւնը: Անոր մէկ ժպիտը հատորներ արժեց ինձ համար: