Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ԲՈԼՈՐԱՆՈՒԷՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս Վատիկանի կողմէ Մխիթարեան միաբանութեան համար նշանակուեցաւ պապական պատուիրակ։ Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ գտած է հայաշխարհէն ներս։ Վերջին օրերուն նոյն կապակցութեամբ Երեւանէն ստացանք նամակ մը, որ ստորագրուած է Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տեմիրճեանի կողմէ։ Ստորեւ այս նամակը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
Մեծ ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ վաստակաշատ հայագէտ եւ փիլիսոփայ, Գերապայծառ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանը՝ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապի կողմէն Մխիթարեան միաբանութեան մէջ նշանակուած է պապական պատուիրակ: Ի մտի ունենալով, որ ան բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վենետիկի ակադեմիաներու անդամ, Իսթանպուլի համալսարանի փրոֆէսէօր եւ միաժամանակ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ երիցս գնահատելի կը համարենք, որ իր անմիջական ջանքերով, 2015-ին Հռոմի Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց՝ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»:
Պապական պատուիրակի կոչումը լիարժէք պատկերացնելու համար տեղին է թերթատել պատմութեան էջերը, վերյիշել հայ-իտալական միջնադարեան կապերը եւ Արք. Զէքիեանի անուան զուգահեռել նուիրական այլ անուն մը եւս, որ լոյս կը սփռէ թէ՛ հին, թէ՛ նոր օրերուն վրայ:
16-րդ դարու պայծառ հայորդիներէն Սուլթանշահ Աբգարեանը (Սուլթանշահ Մարք-Անթոնիօ), որ ծնած է Կիլիկիոյ Թոքատ քաղաքին մէջ, դարերէ ի վեր առաւելապէս կը յիշուի որպէս հայ տպագրութեան սկզբնաւորողներէն մէկը: Ո՞վ էր, սակայն, այս մարդը եւ ինչպէ՞ս դարձաւ Մարք-Աանթոնիօ…
Սուլթանշահ իր հօր՝ տպագրիչ Աբգար Թոխատեցիին հետ Սեբաստիայէն Հռոմ տեղափոխուած է 1562-ին, երբ 12 տարեկան էր, երկու տարի ետք դարձած՝ Պիոս Դ. Պապի սիրելին ու որդեգիրը: Հայաստանը երբեք չտեսնելով հանդերձ՝ պատանի տարիքէն նուիրուած է իր հեռաւոր հայրենիքին, երիտասարդ տարիքին նշանակուած՝ Հռոմի հայոց տան կառավարիչ եւ դարձած Էջմիածնի ու Կիլիկիոյ հայոց կաթողկոսներու նուիրակը Վատիկանէն ներս: Իր խնամակալ Պիոս Պապին աղերսած է ազատագրել Հայաստանը եւ անասելի ջանքեր գործադրած է, որպէսզի վերականգնէ հայոց պետականութիւնը: 1583-ին ան նամակ մը կը յղէ Էջմիածին, խնդրելով հաստատել իր թագաւորական ծագումը՝ Հռոմի Պապէն բերդեր ստանալու, եւ զանոնք ի սպաս դնելու պանդուխտ հայերու օգնութեան համար, ան մասամբ կը յաջողի իրականացնել սոյն ծրագիրը:
Շատ լաւ տիրապետելով հօր արուեստին՝ 1579-ին Սուլթանշահ դրած է տպագրական սեփական գործունէութեան սկիզբը: Ան յորդորած է Գրիգոր ԺԳ. Պապին՝ բանալ հայկական տպարան մը: Պապի կարգադրութեամբ հայերէն նոր տառատեսակներ ձուլուած են Հռոմի մէջ հայալեզու տպագրութեան սկսելու համար: Ֆրանսացի գրաձուլող Ռոպերթ Կրանժոնի հետ, Սուլթանշահ ստեղծած է 10 եւ 16 կէտաչափի մեծութեամբ այնպիսի գեղեցիկ բոլորգիր տառեր, որոնք դարձած են հայերէնի ամենատարածուած տպագրական տառերու նախանմոյշները, եւ որոնցմով Հռոմի մէջ մօտ 200 տարի հայերէն գիրքեր տպուած են …
Կաթողիկոսական ու պապական նուիրակներուն զուգահեռները այսքանով սահմանափակելով՝ նկատենք, որ դարեր շարունակ անոնց այս առաքելութիւնը պարծանքով ո՛չ միայն կը յիշատակուի, այլեւ օրինակ կը ծառայէ, որովհետև քաղաքակիրթ աշխարհին հետ խօսելու եւ հայոց հոգեւոր գանձերը ներկայացնելու պահանջը մեծ է նաեւ այսօր, ինչպէս՝ դարեր առաջ: Փառք Աստուծոյ, որ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանի բոլորանուէր աշխատանքը կ՚արձագանգէ ի լուր աշխարհին եւ մարդկութեան սրտին կը հասցնէ մեր նուիրական իղձերը: