ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԻՆ ԿԱՊՈՅՏ ՀՄԱՅՔԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ, յառաջիկայ սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի բացառիկ ցուցահանդէս մը, նուիրուած Երուսաղէմի նշանաւոր Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի հիմնումի 100-ամեակին: Մօտիկ անցեալին եւս՝ 2017 թուականին, Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ Պալեաններու ընտանեկան ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած էր: Վայրը պատահական չէր ընտրուած. Կուտինայի՝ խեցեգործ վարպետներու քաղաքին մէջ ծնած է մեծն Կոմիտաս:
Սեպտեմբերին կազմակերպուելիք ցուցահանդէսը աւելի ամբողջական պատկերացում պիտի տայ Պալեաններու անցած ճանապարհին եւ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի աւանդութեան, ինչպէս նաեւ այն ընտանեկան ամուր ժառանգութեան մասին, որ այսօր կը պահեն Պալեաններուն սերունդները՝ հասցուցած ըլլալով մինչեւ Հայաստան:
Պալեանները, երկու ուրիշ հայ ընտանիքներու հետ, Երուսաղէմի մէջ հիմնած եւ պահած են Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը։ Մանաւա՛նդ Պալեանները մինչեւ հիմա սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն Թուրքիոյ Կուտինա քաղաքէն Երուսաղէմ հասած հայ վարպետներուն այս բացառիկ գործը, որ առանձին հմայք մը հաղորդած է Սուրբ Քաղաքին:
Ուրախութեամբ նշենք, որ Երուսաղէմի հայկական ճենապակին այսօր հասած է Հայաստան: Պալեան ընտանիքը վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ հիմնած է խեցեգործութեան արհեստանոց:
Պալեաններու անցած ճանապարհին եւ ցուցահանդէսին մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ը Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ Կուտինայէն Երուսաղէմ գացած Նշան Պալեանի գործը շարունակող անոր թորան՝ Նշան Պալեանին հետ: Հարցազրոյցի ժամանակ ան պատմեց նաեւ իր մօր՝ նշանաւոր արուեստագիտուհի Մարի Պալեանին մասին, որ իր ինքնատիպ ձեռագիրը ձգած է Երուսաղէմի հայկական յախճապակեգործութեան վրայ:
Ֆրանսայէն ամուսնանալու նպատակով Երուսաղէմ գացած նկարչուհի Մարի Պալեան կեանքէն հեռացած է 2017 թուականին: Անոր գործերը կը պահուին Երուսաղէմի թանգարանին եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ: Սեպտեմբերի ցուցահանդէսը ձեւով մը նաեւ տուրք մըն է Պալեաններու արուեստանոցէն անցած բոլոր երախտաւորներուն:
-Պարոն Պալեան, ինչպէ՞ս եղած է Պալեաններուն մուտքը Երուսաղէմ:
-1919 թուականին իմ մեծ հայրս՝ Նշան Պալեանը, Կուտինայէն Երուսաղէմ գացած է: Անգլիացիները երեք հայ ընտանիք՝ Պալեան, Յովհաննէսեան եւ Քարաքաշեան, տարած են Երուսաղէմ, որպէսզի Երուսաղէմի իսլամական «Ժայռի վմբէթ» սրբավայրին շրջակայքի սալիկները նորոգեն: Յովհաննէսեան ընտանիքը յախճապակիի գործը Երուսաղէմի մէջ շարունակած է մինչեւ 1948 թուականը, յետոյ, պատերազմի ընթացքին, փակած է իր աշխատանոցը ու գացած է Պէյրութ: Հոն Յովհաննէսեանը մահացած է՝ առանց գործը շարունակելու: Ան խելացի մարդ էր, ինքը հաստատած է կապը՝ անգլիացի գործիչ Մարք Սայսքին հետ, որ այս երեք ընտանիքները Երուսաղէմ տարած է:
1922 թուականին Պալեան եւ Քարաքաշեան ընտանիքները հիմնած են հայկական յախճապակիի իրենց աշխատանոցը Երուսաղէմի մէջ, բայց զայն կոչած են «Պաղեստինեան խեցեղէն» (Palestinian pottery): Այն ատեն Պաղեստինի իշխանութեան տակ կը բնակէին:
1963-1964 թուականներուն Պալեան եւ Քարաքաշեան ընտանիքները բաժնուած են, Քարաքաշեան ընտանիքը գացած է Երուսաղէմի Հին քաղաքը եւ հոն հիմնադրած «Երուսաղէմեան խեցեղէն» անունով գործ մը: Մեր գործը կը տարբերի անոնցմէ, քանի որ մեր ապրանքները գրեթէ հարիւր տոկոսով ձեռակերտ են:
-Ցուցահանդէսին ի՞նչ գործեր պիտի ցուցադրուին:
-Երուսաղէմի թանգարանէն գործեր պիտի բերեմ, նաեւ Հայաստանի մէջ եղած քանի մը կտոր գործերը պիտի ցուցադրուին, ինչպէս նաեւ իմ մօրս՝ Մարի Պալեանի աշխատանքները: Ան նշանաւոր որմնանկարիչ էր, իր գործերը այսօր տարածուած են աշխարհի մէջ: Ցուցահանդէսին ուղեկից պիտի ըլլայ անշուշտ մեր ընտանիքին պատմութիւնը: Այսպիսի ցուցահանդէս մը նախատեսուած է նաեւ Իսրայէլի թանգարանին մէջ՝ Հայկական յախճապակիի պատմութիւնը, որ երեք ընտանիքներու՝ Յովհաննէսեան, Պալեան եւ Քարաքաշեան պատմութիւնը կը ներկայացնէ: Բայց Էջմիածնի ցուցահանդէսը, անշուշտ, Պալեաններուն նուիրուած է:
Մեր պատմութիւնը վերապրումի պատմութիւն է, որ ինչպէ՛ս այս պատերազմներու եւ դժուարութիւններու մէջ հարիւր տարի բարձր որակով շարունակած ենք այս գործը:
-Ի՞նչ կը զգաք, ըլլալով հարիւր տարուան նշանաւոր գործի մը շարունակողը:
-Ես հպարտ եմ այս պատմութեամբ եւ հպարտ եմ, որ բուն հայկական խեցեգործութեան սկսած է իմ մայրս: Ան ֆրանսահայ էր, իմ հօրս հետ 1952 թուականին ամուսնացած է: Հայրս՝ Սեդրակ Պալեանը, Անգլիա գացած է, որպէսզի կաւագործի անիւին վրայ աշխատանքը աւելի լաւ սորվի, հոն ուսանած է վեց ամիս. ճամբուն հանդիպած է Լիոն, ուր ազգական ունէինք: Լիոնի մէջ մայրս տեսած է ու Անգլիայէն վերադարձին նշանուած։ Անոնք եկած են Երուսաղէմ ու ամուսնացած: Մայրս արդէն Ֆրանսայի մէջ գեղանկարիչի ուսում ստացած էր, եւ միշտ առաջին մրցանակները կը ստանար նկարչութեան կապակցութեամբ: Երբ ան Պալեաններու ընտանիքին մաս կազմած է, սկզիբը, իրեն համար, դժուար եղած է աշխատիլը, քանի որ Պալեան եւ Քարաքաշեան ընտանիքները միասին կ՚աշխատէին այդ ժամանակ եւ Քարաքաշեանները գործին գծագրութեան պատասխանատուն էին, իսկ Պալեանները՝ կաւագործութեան: Իրենց համաձայնութիւնն էր, որ մէկը միւսին պիտի չմիջամտէ, այդ պատճառաւ մայրս, ըլլալով տաղանդաւոր գծագրիչ, դժուարութիւն ունեցած է աշխատելու: Երբ ընտանիքը բաժնուած են գործընկերութենէ, մայրս իր տաղանդը ի գործ դրած է: Ան այս գործին մէջ ներդրած է իր ինքնատիպ ոճը, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի:
Այսօր Երուսաղէմի մէջ շատ են խեցեգործութեամբ զբաղողները, բայց բոլորն ալ գրեթէ կը պատճէնահանեն: Մեր գործը, մանաւանդ, մօրս կատարած աշխատանքները, արուեստի շունչով ստեղծուած են: Անոր մասին շատ գրած են, իր գործերուն մասին «Նիւ Եորք Թայմզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Ճերուսալէմ Փոսթ» եւ ուրիշ թերթեր գրած են:
Պալեաններու առաջին ցուցահանդէսը կազմակերպեցինք 1982 թուականին, Թել Աւիւի Հրէական թանգարանին մէջ. ամենակարեւոր ցուցահանդէսը 1992 թուականին էր՝ Ուաշինկթընի «Սուիթսոնեան» թանգարանին մէջ: Երեք ամիս շարունակուեցաւ այդ ցուցահանդէսը, երեք ամիս ալ հանրութեան պահանջքով, երկարաձգուեցաւ: 2003 թուականին Սպանիոյ մէջ նոյնպէս մեծ ցուցահանդէս մը ունեցած ենք, Թել Աւիւի մէջ ալ ցուցահանդէսներ ունեցած ենք քանի մը անգամ: Հիմա Էջմիածնի մէջ պիտի ըլլայ եւ ատիկա ամենամեծ հպարտութիւնն է մեզի համար:
-Ինչպէ՞ս որոշեցիք Հայաստանի մէջ ալ հիմնել գործը:
-Նախ գործակցութիւն ունեցանք «Կրանտ հոթել Երեւան»ի հետ եւ այսօր պանդոկին բոլոր յարկերուն մէջ մեր գործերը տեղադրուած են, ինչպէս նաեւ մուտքասրահը, պատին վրայ, զատ ցուցատախտակով ցուցադրուած են: Այս պանդոկը ունի շատ բարձր որակով յաճախորդներ, որոնք կը գնահատեն մեր գործերը, պանդոկը ինքն ալ, ծանօթ ըլալլով հայկական խեցեգործութեան երուսաղէմեան աւանդոյթներուն, չեղեալ յայտարարած է միջազգային խեցեգործական նշանաւոր ընկերութիւնններուն հետ իր գործակցութիւնը եւ միայն մեզի հետ կը գործակցի:
Իմ մեծ երազս է, որ այս գործը Հայաստանի մէջ շարունակուի: Աշտարակի տանս մէջ արհեստանոց կը պատրաստուի, արդէն թրծարանները բերած ենք եւ փափաք ունիմ հաւաքել տաղանդաւոր աղջիկներ եւ գործը շարունակել նաեւ հոս: Մենք միշտ աղջիկներու հետ աշխատած ենք, որովհետեւ իրենք աւելի համբերատար են, իսկ այս գործին մէջ համբերատարութիւնը շատ կարեւոր է: Մեր ամենալաւ գծագրիչները եղած են իգական սեռէն, իսկ Երուսաղէմի մէջ մեր ամենալաւ գծագրիչը խուլ եւ համր հայուհի մըն է, որ վաղ տարիքէն մեզի հետ աշխատած է եւ իր տաղանդով նպաստած է գործին: Բայց քանի որ հայ գաղութը նօսրացած է, այսօր աւելի շատ պաղեստինցիներու հետ կ՚աշխատինք: Մենք Հայաստանի մէջ մտադիր ենք զերոյէն սորվեցնել գործը, թող գան, ազատօրէն աշխատին, խաղան սալիկներուն հետ, թրծեն, սորվին:
-Ինչո՞ւ ուզեցիք Հայաստան բերել գործը, չէ՞ որ դուք ճանչցուած էք նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ:
-Երկու կարեւոր պատճառներով: Առաջինը, որ հայրենիքի մէջ կան շատ-շատ տաղանդաւոր երիտասարդ արուեստագէտներ, որոնք անկարելի է Երուսաղէմի կամ որեւէ արաբական երկրի մը մէջ գտնել: Երկրորդ պատճառը՝ տնտեսական է, հոս կրնանք աւելի յարմար գիներով հիմնել մեր աշխատանքը: Նպատակը, ի հարկէ, մարդիկը ցած ամսավճարներով շահագործելը չէ, բայց ամսականները այստեղ, բոլորն ալ գիտեն, որ կը տարբերին այլ երկիրներու ամսականներէն: Միւս կողմէ ալ, այն երիտասարդները, որոնք մեզի հետ պիտի աշխատին, մենք անոնց հետ կը վերաբերինք ընտանիքի պէս, անոնք ալ լաւ կը զգան, հանգիստ պայմաններով կ՚աշխատին: Մեր նպատակն է, որ հայկական խեցեգործութիւնը Հայաստանէ՛ն դուրս գայ, այսպէսով ան անցած կ՚ըլլայ Կուտինա-Երուսաղէմ-Երեւան ճանապարհը: Մայրս շատ սիրած է Հայաստանը, քանի անգամ եկած է Խորհրդային Միութեան տարիներուն, բայց ասիկա աւելի շատ իմ երազս է:
-Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին փոփոխութիւնները աւելի նպաստեցի՞ն ձեր երազին:
-Մենք շատ ուրախ ենք տեղի ունեցած փոփոխութիւններով: Ճիշդ է՝ երկու-երեք միլիոն տոլարի ներդրում չէ, որ պիտի ընենք, այսինքն նախկին իշխանութեան ժամանակ ալ վախ չկար, որ մեր ներդրումը խանգարէին, բայց հիմա շատ աւելի հանգիստ սիրտով եւ միտքով կու գանք: Առանց ցաւցնելու ներկայ ու նախկին իշխանութիւնները, ըսեմ, որ մենք հայ ժողովուրդին յեղափոխութեան հետ ենք: Երբ ժողովուրդը փողոց իջաւ, մենք հոն ուրախացանք եւ ամէն վայրկեան կը հետեւէինք: Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է իշխանութեան գլուխը, մենք անունի ետեւէն չենք երթար, մենք կ՚երթանք այն անձին ետեւէն, որ մաքուր կառավարութիւն կը բերէ այս երկրին, չեն կողոպտեր… այս է սփիւռքահայութեան մօտեցումը: Իսրայէլի մէջ ալ կառավարութիւնը բազմաթիւ հարցեր ունի, մենք այդ խնդիրներուն ծանօթ ենք:
-Ինչպէ՞ս է ձեր համայնքին վիճակը այսօր:
-Համայնքը օրէ օր կը նօսրանայ: Քաղաքական հարցերն են պատճառը: Մենք, իբրեւ փոքրամասնութիւն, յայտնուած ենք արաբ-իսրայէլական հարցերուն մէջտեղը: Շատ դժուար է ապրիլ իբրեւ փոքրամասնութիւն: Հարիւր տարիէ ի վեր Երուսաղէմի մէջ ենք եւ տակաւին, երբ, ըսենք, օդակայանէն ելլեմ, քանի որ հրեայ չեմ, քանի որ արաբական Երուսաղէմին մէջ կ՚ապրիմ, պէտք է յատուկ ապահովական կէտերէ անցնիմ, մանրամասն ստուգման ենթարկուիմ եւ այլն: Չես կրնար ինքզինքդ այդ երկրին քաղաքացին զգալ: Իսկ երբ Հայաստան ոտք դնեմ, նոյնիսկ պատռուած անձնագրով, հայ մաքսաւորը ինծի կը նայի եւ կ՚ըսէ՝ «Եղբայր ճան, գնա՛, նորոգէ՛ անձնագիրդ. հայրենիք մտար, բայց ուրիշ երկիր ինչպէ՞ս պիտի մտնես»… Ասիկա արդէն մեծ բան է, կը զգաս, որ քու տունդ ես: Ատենին, որ դրսեցի եւ տեղացի հայերուն մէջ պատնէշ մը կար, հիմա շատ մեղմացած է, մնացած է թերեւս մտածելակերպի պատնէշը, ան ալ կը փոխուի, երիտասարդներուն մօտ տեսայ, որ արդէն անհետացած է:
Տղաս հոս կ՚ուսանի, իսկ աղջիկս՝ Մատրիտ, կ՚ուզէ հոս գալ եւ մէկ տարի հոս աշխատիլ: Մեր համայնքին մէջ ալ կան հայեր, որոնք զզուած են այնտեղի կացութենէն եւ կ՚ուզեն ելլել ու Հայաստան գալ:
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱԽՃԱՊԱԿԻԻ ՄԱՍԻՆ
Լոնտոն բնակող արուեստաբան Եոլանտ Քրոյին համաձայն, հայկական յախճապակին իւրայատուկ է: Ան ուսումնասիրութիւն ունի՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդավայր Կուտինայի հայ վարպետներուն եւ 18-րդ դարու յախճապակիին, երկու տարի առաջ դասախօսութեամբ ալ հանդէս եկած է Երեւանի մէջ:
«Կ՚ուսումնասիրէի 17-18-րդ դարերու Պարսկաստանը: Պատկերագիրքերէն մէկուն մէջ զետեղուած էին յախճապակիի հինգ հարիւր նմոյշներ, որոնցմէ երեքին վրայ հայերէն տառեր կային: Անոնք սպիտակ եւ կապոյտ ծաղիկներով էին: Կ՚ուզէի հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս հայերէն տառերը յայտնուած են պարսկական յախճապակիի վրայ: Երկար փնտռտուքներէ ու ուսումնասիրութիւններէ վերջ զիս տարին Կուտինա», կ՚ըսէ Եոլանտ Քրոյին: Իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ան կը շեշտէ, որ 18-րդ դարու սկիզբին Պարսկաստանի մէջ հայերու կեանքը բաւականին բարդ եղած է, եւ անոնցմէ շատեր, այդ կարգին բրուտագործները, հաւանաբար, գացած են Կուտինա, ուր քրիստոնեաներու կեցութեան համար աւելի բարենպաստ պայմաններ կային: «Կուտինայի մէջ ապրած են հայեր, յոյներ եւ մահմետականներ: Անոնք միասին ստեղծագործած են, գուցէ այդ է պատճառը, որ յաճախ յախճապակիի հայկական ըլլալու վերաբերեալ բանավէճեր կ՚ըլլան: Երբ նոր սկսած էի ուսումնասիրել այդ ամէնը, կը կարծէի, որ տեղւոյն բոլոր բրուտագործները հայեր են, բայց տեսայ, որ կան նաեւ արաբական տառերով գործեր», կը նշէ արուեստաբանը:
Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը (16-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ) կ՚առանձնանայ գեղարուեստական եւ ստեղծագործական ինքնատիպութեամբ: Կուտինայի յախճապակիի արդիւնաբերութիւնը ծաղկած է շուրջ չորրորդ դարու ընթացքին: Մեր օրերուն Կուտինայի յախճապակիի բազմաթիւ նմոյշներ կը պահուին աշխարհի մասնաւոր եւ հանրային հաւաքածոներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ