ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԶԱՆԱԶԱՆ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վաղը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածինի տօնը:

Օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Առակաց գիրքէն 9.1-6:

Զաքարիայի մարգարէութենէն 3.7-4.9:

Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն 9.1-10:

Յովհաննէս առաքեալի Աւետարանէն 10.22-30:

Առակաց 9.1-ին մէջ այսպէս կ՚ըսէ առակագիրը. «Իմաստութիւնը իր տունը շինեց ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց»:

Եկեղեցւոյ Հայրերը Սողոմոն Իմաստունի այս արտայայտութեան մէջ նշմարած են ակնարկութիւն Տէր Յիսուսի մասին, այլ խօսքով՝ Քրիստոսի մարմնանալու մասին:

Սուրբ Աթանաս այսպէս կը մեկնէ. «Երանի՜ թէ Յիսուսի երկու կողմէ նայինք. աստուածային Բանը, որ մէկ եղաւ Մարիամին մէջ Մարիամէն առածին հետ: Արդարեւ, Ան Մարիամին արգանդին մէջ Ինքն Իրեն համար տուն ձեւաւորեց, ինչպէս որ սկիզբը Ադամին հողէն ձեւաւորեց, կամ աւելի ճիշդ, ինչպէս որ յստակ կերպով Սողոմոն Իմաստունը ըսաւ, որովհետեւ գիտէր թէ Բանը իմաստութիւն կոչուեցաւ. “Իմաստութիւնը իր տունը շինեց”, եւ Առաքեալը բացատրեց զայն, ըսելով. “Եւ մենք անոր բնակարանն ենք”, իսկ ուրիշ տեղ մը մեզ տաճար կը կոչէ: Արդարեւ, վայել էր Աստուծոյ, որ որոշ տեսք [պատկեր] ունեցող տաճարի մը մէջ բնակէր, որ քարերէ շինուած ըլլար, որով Սողոմոնի միջոցով հին ժողովուրդին հրամայեց որ կառուցէ զայն, սակայն երբ ճշմարտութիւնը երեւցաւ, պատկերը [նմանութիւնը] դադրեցաւ (երբ ճշմարտութիւնը երեւցաւ)»:

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի այսպէս կը գրէ. «Սակայն կ՚ըսենք, որ առաջին մասին մէջ ուր գիրքը կ՚ըսէ, թէ՝ “Իմաստութիւնը իր տունը շինեց”, այս բառերուն միջոցով ծածուկ կերպով կը մատնանշէ Տիրոջ մարմինի պատրաստութեան: Գերագոյն Իմաստութիւնը բնակարանէ ուրիշ բնակարան պիտի չապրէր, այլ՝ Ինքն Իրեն համար Կոյսին մարմինէն բնակարան շինեց…: Այսպիսով, կը տեսնենք, որ այս նախադասութեամբ Սողոմոնը մարգարէական ոգիով կ՚առաջնորդուի, որով մեզի կը փոխանցէ կատարեալ մարդեղացումի խորհուրդը»:

«Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց»:

Սուրբ Հիպպողիտոս կը գրէ. «“Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց”, այսինքն՝ անոյշ բոյրը որ Ամենասուրբ Հոգիինն է, Եսայիի ըսածին համաձայն. “Եւ Աստուծոյ եօթը հոգիները կը հանգչին անոր վրայ”: Ոմանք նկատել կու տան, թէ սիւները այն եօթը կարգերն են, որոնց վրայ կը կանգնի արարչագործութիւնը իր աստուածային սուրբ վարդապետութեամբ, այսինքն՝ մարգարէները, առաքեալները, նահատակները, քահանաները, միայնակեացները, սուրբերն ու արդարները»:

Եւ. «Ան Նոր Երուսաղէմը եւ Սուրբ Մարմինը կը մատնանշէ: Իսկ եօթը սիւներով ըսել կ՚ուզէ Սուրբ Հոգիին եօթնարփեան միութիւնը որ իր վրայ հաստատուած է»:

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացի կը գրէ. «7-ը թիւին պատիւին մասին մենք բազմաթիւ վկայութիւններ ունինք, սակայն քիչով կը բաւարարուինք։ Օրինակ. եօթ թանկարժէք հոգիներ անուանուեցան: Ես կը կարծեմ, որ Եսային կը սիրէ Հոգիին գործունէութիւնները հոգիներ անուանել, իսկ Տիրոջ ուսմունքները եօթ անգամ զտուած են, Դաւիթին ըսածին համաձայն (Սղ 12.6): Արդարը վեց նեղութիւններէ կը փրկուի, իսկ եօթներորդով չի՛ զարնուիր: Իսկ մեղաւորը ո՛չ թէ միայն եօթ անգամ կը ներուի անոր, այլ՝ եօթանասուն անգամ եօթ անգամ։ Տակաւին, մենք կրնանք նոյն հակառակ կողմէն տեսնել, (որովհետեւ ամբարիշտներուն պատիժը կը գովաբանուի), ուստի Կայէնէն եօթ անգամ վրէժ առնուեցաւ, նաեւ, իր եղբայրը սպաննելու պատիժը իրականացաւ, Ղամէքը անոր պատճառով եօթանասուն անգամ եօթ պատժուեցաւ, քանի որ ըստ Օրէնքին ան մարդասպան էր ու պէտք էր դատապարտուէր։ Իսկ ամբարիշտ հարազատները եօթնապատիկ աւելի կը ստանան իրենց ծոցերուն մէջ: Իմաստութեան տունը եօթ սիւներու վրայ կը հաստատուի: Զորաբաբէլին քարը եօթ աչքերով զարդարուած է: Աստուած օրը եօթ անգամ կը գովաբանուի, իսկ ամուլը նոյնպէս եօթ անգամ յղի կը մնայ, կատարեալ թիւը, հակառակ անոր որ իր զաւակները կատարեալ չեն»:

Զաքարիայի մարգարէութեան 3.7-ին մէջ կը կարդանք. «Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես: Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ պիտի տամ»: Այս խօսքը Տիրոջ հրեշտակին միջոցով փոխանցուած է Յեսուին: Այս նախադասութիւնը կարելի է երկու կերպով հասկնալ: Առաջին, ծածուկ կերպով այս նախադասութիւնը դարձեալ կը մատնանշէ Տէր Յիսուսը, որ ամէն ինչի Տէրն ու տիրականն է, առանց որուն ոչինչ կրնանք ընել: Երկրորդ, խօսքը ուղղուած ըլլալով Յեսուին՝ կը հասկնանք, որ եթէ հոգեւոր առաջնորդները Տիրոջ ճամբաներուն մէջէն քալեն եւ Անոր հրամանները պահեն, ապա անոնք արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ Տիրոջ տունն ու սրահները պիտի կառավարեն ու պահեն, իսկ Տէրը տեսնելով անոնց հաւատարմութիւնն ու նուիրուածութիւնը, զիրենք այդ գործին մէջ առանձինն պիտի չձգէ, այլ՝ իրենց չորս կողմը եղող ներկաներուն մէջէն գործակիցներ պիտի տամ: Այս երկու կէտերը լաւ հասկնալու համար, պէտք է չմոռնանք, թէ Յեսուն այստեղ զՔրիստոս է, որ կը խորհրդանշէ: Ոմանք կը հարցնեն, լաւ Քրիստոս ի՞նչ կարիք ունէր գործակիցներու, երբ Ինք տէրերու Տէրն է եւ ամէն ինչի Տէրն ու Արարիչը: Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է. պահ մը անդրադարձ կատարենք Տիրոջ ընտրած աշակերտներուն գործունէութեան, թէ անոնք ինչպէս Անոր յարութիւն առնելէն, երկինք համբառնալէն եւ Սուրբ Հոգին ուղարկելէն ետք աշխարհով մէկ տարածուեցան եւ Իր խօսքը քարոզեցին համայն մարդկութեան, ապա յստակ կը դառնայ գործակիցներ տալու հանգամանքը:

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին 9-րդ գլուխին 1-10 համարներուն մէջ կը խօսի երկրաւոր եւ երկնաւոր սրբարաններուն մասին, գրելով. «Արդարեւ, առաջին Ուխտը եւս իրեն յատուկ պաշտամունքի կանոններ եւ երկրաւոր սրբարան մը ունէր, երկու մասերէ բաղկացած: Նախ կար վրանին առաջին սրահը, Սրբութիւն կոչուած, ուր կային աշտանակը եւ առաջաւորութեան հացերուն սեղանը: Ապա, երկրորդ վարագոյրին ետին՝ կար վրանին միւս սրահը, Սրբութիւն Սրբութեանց կոչուածը, ուր կային ոսկեայ սեղանը՝ խունկ ծխելու համար եւ Ուխտի Տապանակը՝ ներսէն ու դուրսէն ոսկեպատ: Այս Տապանակին մէջ կը պահուէին մանանայով լեցուն ոսկեայ սափորը, Ահարոնի ծաղկած գաւազանը եւ Ուխտի տասնաբանեայ պատուիրաններուն քարէ տախտակները: Տապանակին վրայ կային Աստուծոյ փառքը ներկայացնող քերովբէները, որոնք իրենց թեւերով հովանի կ՚ընէին Քաւութիւն կոչուած կափարիչին վրայ: Ուրիշ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ չեմ ուզեր հիմա:

Սրբարանը այդպէս յարդարուած էր ուրեմն: Քահանաներ պաշտամունքը կատարելու համար մշտականօրէն կը մտնէին վրանին առաջին սրահը: Բայց երկրորդ սրահը միայն քահանայապետը կը մտնէր, տարին մէկ անգամ, այն ալ՝ իր եւ ժողովուրդին անգիտութեամբ գործած մեղքերուն փոխարէն՝ զոհի արիւնը մատուցանելու համար Աստուծոյ: Այդ բոլորով Սուրբ Հոգին ցոյց կու տայ, թէ որքան ատեն որ վրանին առաջին սրահը կանգուն կը մնար՝ բուն Սրբարանին մուտքը մեր առջեւ փակ էր, ինչ որ խորհրդանշականօրէն կը ցուցնէ՝ թէ ներկայիս այդ Սրբարանը բաց է մեր առջեւ: Այնտեղ մատուցուած նուէրներն ու զոհերը չէին կրնար մաքրել պաշտամունքը մատուցանողին խղճմտանքը, որովհետեւ միայն ուտելիքի, խմելիքի եւ ծիսական պէսպէս լուացումներու կապուած էին: Եւ այդ մարմնական կարգերը ի զօրու էին մինչեւ ուղղութեան, այսինքն նոր կարգերու հաստատման ժամանակը»: Իսկ շարունակութիւնը ձեւով մը բացատրութիւնն է այս տասը համարներուն մէջ գրուածին: Այսպէս. «Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, որպէս գալիք նոր կարգերուն Քահանայապետը, մտաւ մեծ, կատարեալ խորանը, որ մարդկային ձեռքերով չէ շինուած. այսինքն՝ այն նիւթեղէն աշխարհին մաս չի կազմեր: Անիկա միանգամընդմիշտ մտաւ Սրբարանը, ո՛չ թէ նոխազներու եւ ցուլերու արիւնով, այլ՝ Ի՛ր իսկ սեփական արիւնով, անով մեզի համար յաւիտենական փրկութիւն ապահովելով: Եթէ ցուլերուն եւ նոխազներուն արիւնը սրսկելը, կամ երինջներուն մոխիրը ցանելը կը բաւեն՝ ծիսականօրէն պիղծ մէկը սրբելու համար մարմնական մաքրութեամբ, Քրիստոսի արիւնը շատ աւելին պիտի չընէ՞ միթէ: Արդարեւ, յաւիտենական Հոգիին միջոցաւ Քրիստոս Ինքզինք որպէս անարատ զոհ Աստուծոյ մատուցանեց, որպէսզի Իր արիւնով մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռելական գործերէ, եւ դուք կարենաք կենդանի Աստուածը պաշտել: Ատով իսկ Քրիստոս Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ, քանի Իր մահով քաւեց այն յանցանքները, որոնք առաջին Ուխտի ժամանակաշրջանին գործուեցան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած մարդիկը խոստացուած յաւիտենական կեանքը ժառանգեն» (Եբր 9.11-15):

Յովհաննէսի Աւետարանին 10-րդ գլուխին 25-30 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Յիսուս պատասխանեց.

-Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար։ Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ Ես։ Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ Իմ ոչխարներէս չէք։ Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին Ինծի, եւ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կրնայ զանոնք յափշտակել Իմ ձեռքէս։ Հայրս այդ ոչխարները Ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել Իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն մեծ է։ Ես եւ Հայրս մէկ ենք»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի այսպէս կը մեկնէ այս համարները.

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. այստեղ նախ կը ցուցնէ հրեաներուն չարութիւնը եւ ապա աշակերտներուն հեզութիւնը:

Խօսք. «Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. եւ ո՞ւր ըսաւ, երբ հացը կերան եւ դարձեալ կը փափաքէին, կ՚ըսէ՝ գացէք աշխատեցէք կենաց կերակուրին համար: Իսկ անոնք կ՚ըսեն՝ ի՞նչ աշխատինք, անոնց ըսաւ, թէ՝ հաւատացէ՛ք այն բանին, որ Հայրը ղրկեց զԻս, այսինքն՝ Հօրս հաւատացէք եւ Ինծի՝ որ Անոր կողմէն ղրկուած եմ: Իսկ երբ կրկնեց, թէ մարմինս ճշմարիտ կերակուր ըմպելիք է, ու երբ ըսաւ՝ «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը», եւ այլն, բազմաթիւ անգամներ խօսքով վկայեց, բայց անոնք չէին հաւատար, [իսկ] հիմա գործով կը վկայէ:

Խօսք. «Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ» (Յհ 10.25):

Մեկնութիւն. Հօրը չորս պատճառով կը յիշէ. նախ՝ որովհետեւ պատճառ է: Երկրորդ. որպէսզի դիւրութեամբ լսեն: Երրորդ. Ինքզինք Որդի կը ցուցնէ: Չորրորդ. Անոր միակամութիւնը: Եւ ինչպէս երրորդ գլուխին մէջ ըսուեցաւ, թէ ճշմարտութիւն, որ գեր ի վեր է մեր բնական հանճարի իմացումէն, բաւարար կը ցուցնէ հրաշքներուն գործը: Իսկ անոնք հրաշքներուն չէին հաւատար, որ Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը յայտնէին:

Անհաւատութեան պատճառէն ետք կը ցուցնէ.

Խօսք. «Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ Իմ ոչխարներէս չէք» (Յհ 10.26):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ խոնարհ եւ անմեղ չէք, այլ՝ ամբարտաւան եւ նենգաւոր: Դարձեալ՝ ո՛չ թէ անարժանութեան կամ ստութեան, կամ խօսքերուն փոքրութեան համար չէք հաւատար, այլ՝ ձեր չկամենալուն համար, ինչպէս կ՚ըսէ՝ չէք, այսինքն՝ չէք կամենար, կամ հաւատացեալներէն չէք ուզեր ըլլալ, քանի որ այս հրաժարականը հրամայական չէր, այլ՝ յետագան պատմելով:

Իսկ ոչխար կը կոչէ աշակերտներն ու բոլոր հաւատացեալները բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ քանի որ ոչխարը անմեղ է, երկրորդ՝ խոնարհ, երրորդ՝ սուրբ [մաքուր, անարատ], չորրորդ՝ պատարագելի, հինգերորդ՝ ծննդական, վեցերորդ՝ բազմաշահ, եօթներորդ՝ պարկեշտ կերպով կը ծածկէ ամօթոյքը, ութերորդ՝ գայլերէն կը վախնայ, իններորդ՝ զիրար կը պաշտպանեն, տասներորդ՝ կը ճանչնան ու կը լսեն հովիւին: Եւ այլ բազմաթիւ յատկութիւններ ըսուեցաւ Մատթէոսի մեկնութեան երրորդ հատորին տասնմէկերորդ համարին մէջ. «Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ» (Մտ 10.16):

Ասկէ ետք ցոյց կու տայ աշակերտներուն հեզութիւնը եւ անոնց պարգեւները:

Խօսք. «Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն» (Յհ 10.27):

Մեկնութիւն. լսելը սիրտով հաւատալն ու բերանով խոստովանիլն է, եւ զանոնք է որ Քրիստոս կը ճանչնայ ո՛չ միայն տեսական ճանաչմամբ, որ հասարակաց է, այլ՝ սիրողական եւ գութով:

Խօսք. «Եւ ետեւէս կու գան» (տե՛ս Յհ 10.27):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ բարի գործերով մինչեւ վերջ կը համբերեն եւ ո՛չ թէ որոշ ժամանակ մը, քանի որ «կու գան» կ՚ըսէ, եւ ո՛չ թէ՝ եկան:

Խօսք. «Եւ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. ան որ մինչեւ վերջ բարիք կը գործէ իր կեանքի ընթացքին, Քրիստոս անոր կը հատուցէ իր կեանքը:

Եւ յաւիտենական կ՚ըսէ, նախ՝ քանի որ փոփոխական չէ, երկրորդ՝ որովհետեւ անմահ է, երրորդ՝ երկնաւոր, չորրորդ՝ հրեշտակներու եւ աստուածային կեանք, քանի որ այստեղի կեանքը փոփոխական, անցաւոր, երկրաւոր եւ նիւթական է:

Խօսք. «Անոնք բնաւ [յաւիտեան] պիտի չկորսուին» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի հաւատքին համար:

Խօսք. «Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել Իմ ձեռքէս» (Յհ 10.28):

Մեկնութիւն. բարի գործերուն համար: Իսկ յափշտակուիլը երեք բաներէ կ՚ըլլայ. նախ՝ պահողին տկարութենէն, երկրորդ՝ յափշտակողին զօրութենէն, երրորդ՝ յափշտակուողին կամքէն: Արդ, ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք ազատ կամքին եւ Քրիստոսի անչափ կարողութեան համար: Իսկ յափշտակողը կամ սատանան է, կամ մեղքը, կամ մարմինը, կամ բռնաւորները, եւ ասոնք տկարներ են եւ ո՛չ թէ զօրաւորներ:

Խօսք. «Որ Հայրս Ինծի տուաւ: [Հայրս] բոլորէն մեծ է» (տե՛ս Յհ 10.29):

Մեկնութիւն. նախ՝ կ՚ըսէ, թէ ըստ ճառին Հայրը բոլորէն մեծ է: Դարձեալ՝ Աստուածութիւնը, որ Հօրմէն ունիմ, բոլորէն մեծ է, քանի որ անչափ է: Է եւ ըստ այսմ կը հետեւի, թէ Քրիստոսի մարմինին կարողութիւնը անչափ է՝ Աստուծոյ Բանին հետ միաւորութեամբ:

Խօսք. «Եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք Իմ Հօրս ձեռքէն: …Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.29-30):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ մէկ բնութիւն եւ կարողութիւն ունինք, այդ պատճառով ինչպէս որ Հօրմէն ո՛չ ոք կրնայ յափշտակել ոչխարները, այդպէս ալ Ինձմէ ո՛չ ոք կրնայ յափշտակել: Իսկ Մեկնիչէդ յայտնի է: Եւ այս է երրորդ պատճառը, որ ցոյց կու տայ Հօր Աստուծոյ հետ հաւասար մեծութիւնը եւ էութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հայրս, որ զանոնք Ինծի տուաւ, բոլորէն ալ մեծ է» (տե՛ս Յհ 10.29), այս է Աստուածութիւնը: Եւ չորրորդը Իր վկայութեամբ է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30): Եւ գիտելի է, որովհետեւ այս խօսքերով, որ Տէրը ըսաւ, կը վերանան կրկին ներհակ մոլորութիւնները, որովհետեւ Սաբէլ Լիպիացին ըսաւ մէկ անձը Աստուած է, ինչպէս նաեւ մէկ բնութիւն, եւ այս մոլորութիւնը կը վերացնէ, երբ կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք», քանի որ մէկ անձը չի կրնար ինքն իրեն հայր ըլլալ եւ ծնունդ, այդ պատճառով՝ Ես եւ Հայր, կը ցուցնէ անձերուն զանազանութիւնը: Նոյնպէս յոգնակի ըսելը, թէ՝ ենք, քանի որ եթէ Հայրն ու Որդին նոյն անձն էին, պէտք էր ըսել՝ եմ: Ասոր հակառակ ըսաւ Արիոսը, թէ ինչպէս Երրորդութեան երեք անձերը, այդպէս ալ երեք բնութիւններ: Եւ այս մոլորութիւնը կը վերացնէ, երբ կ՚ըսէ՝ մէկ ենք, այսինքն՝ բնութեամբ, զօրութեամբ, հաւասարութեամբ եւ ամէն ինչ մէ՛կ է Երրորդութեան համար, բացի առանձնութիւններէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 յունիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 18, 2022