«Մենք Խոնարհ Ժողովուրդ Ենք»

«Կը սիրեմ իմ երկիրս, ժողովուրդը, եկեղեցին եւ մեր երաժշտութիւնը»: Խոէլ Օրթեկան երիտասարդ հոգեւորական-կղերական մըն է եւ Քուպայի Եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղարն է: Այս խորհուրդն է, որ միեւնոյն ժամանակ կը դասաւորէ եւ կը տնօրինէ Աստուածաշունչի բաժանումը ամբողջ Քուպայի տարածքին: Այս իմաստով, որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւններ, կը գործակցինք Եկեղեցիներու խորհուրդին հետ, որպէսզի, ըստ պատշաճի, աստուածաշունչերը բաժնուին ամբողջ երկրի տարածքին իրենց մայրենիով՝ սպաներէն լեզուով:

Խոէլը հանգիստ եւ հաղորդական մարդ է: Այս ներաշխարհային բնագիծը քիչ մը ամէն քուպացիի մէջ կը տեսնես՝ անկախ այն երեւոյթէն, որ Քուպան միջազգային ընտանիքին կողմէ մեկուսացուած երկիր մըն է… Ասիկա արդէն զարմանալի հակասական իրականութիւն մըն է, նկատի ունենալով, որ երկիրը բաւական ողողուած է զբօսաշրջիկներով՝ քիչ մը ամէն ցամաքամասերէ եւ ի մասնաւորի Հիւսիսային Ամերիկայէն…

1-11 յունիս 2018, Հաւանա-Քուպա: Եթէ մէկ կողմէն պիտի մասնակցէինք միջազգային մեր ընկերութեան համագումարին, բայց նաեւ պիտի տօնախմբէինք աւելի քան մէկ միլիոն Աստուածաշունչի բաժանմունքի յաջող գործընթացը՝ վերջին քանի մը տարիներուն վրայ երկարած: Յարմար առիթ էր նաեւ մասնակցելու այլ յայտագիրներու եւ տեսնելու երկիրը իր հարազատութեամբ: Պէտք էր փորձէինք «ընկալել» Քուպան՝ ապրելով տեղական իրավիճակին մէջ, հասկնալու համար զայն իր իրականութեան մէջ, եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս որ կը գծուի միջազգային քաղաքական խճանկարին մէջ: Պէտք է տեսնել եւ ապրիլ Քուպան «Ֆիտէլ Քասթրոյէն առաջ եւ վերջ», ինչպէս որ կարգախօսները կը նշեն:

«Մեր երկրին մէջ համայնավար-ընկերվար վարչակարգը չի նմանիր Խորհրդային Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի նման օրինակներուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ մենք լատինամերիկեան երկիր ենք եւ պետական վարչամեքենան չի կրնար խափանել մեր մշակոյթը եւ կենցաղը», Խոէլն է խօսողը: «Այս իմաստով, մենք կը տարբերինք եւ լաւ կ՚ըլլայ, որ կրնաս տեսնել այս իրավիճակը»: Խոէլ ոչ թէ կը ներկայացնէր իր երկիրը ինծի, բայց նաեւ որոշ ձեւով կը փորձէր օգնել, որպէսզի տեսնէի Քուպան իր հարազատութեամբ եւ ոչ թէ՝ այն պատկերը, որ կազմուած է արտաքին տպաւորութիւններուն մէջ:

Խոէլ կը հաւատայ, որ եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունի իր երկրի ընկերային-քաղաքական արժեչափերու զարգացման եւ բարօրութեան մէջ: «Ռաուլ Քասթրոն եկեղեցական առաջնորդները հրաւիրելով խնդրեց ու նաեւ պահանջեց, որ եկեղեցին աշխոյժ ներդրում ունենայ մեր ազգին մէջ արժէքներ կերտելու իրականութեան համար», ըսաւ ան: Խոէլ կ՚աշխատի այս արժէքին համար եւ կը հաւատայ, որ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը կարեւոր դեր ունի այս արժէքի համակարգը ստեղծելու երկրին մէջ:

Քուպան ունի շատ գեղեցիկ բնութիւն: Կեդրոնական Ամերիկային պէս երկիրը կանաչ է, եւ ովկիանոսը՝ գեղեցիկ, թէեւ երկիրը տնտեսական տագնապի մէջ է, որ ծանր կը ճնշէ ժողովուրդին վրայ: «Միջին հաշուով, աշխատողի մը օրապահիկը 15 ամերիկեան տոլար է», ըսաւ Ճոանտրան, որ միջին տարիքի ընկերային ծառայող կին մըն է: «Մեր ընկերային ծառայութիւնը կը հիմնենք Աստուածաշունչի բաժանումին եւ դաստիարակութեան հետ,- ըսաւ ան,- որովհետեւ Աստուածաշունչը մարդոց սրտերը կը փոխէ, եւ մենք կ՚ուզենք մեր երկիրը կերտել նոր հոգիով»: Եւ չուշացաւ Ճոանտրայի հաստատումը. «Մենք մեր երկիրը կը սիրենք եւ կ՚ուզենք անոր համար ապրիլ»:

Բայց այդ «սիրելուն» մէջ կայ երկրին ազգային մշակոյթը, որ ճամբայ կը հարթէ սիրոյ զգացումին: Եւ սէրը կու գայ իրենց երաժշտութեան միջոցով… Երաժշտութիւնը, որ քիչ մը ամէն տեղ է եւ քուպացին կը մղէ ըլլալու լաւատես եւ սիրելու իր իսկ ապրած կեանքը իր երկրին մէջ, նոյնիսկ երբ այդ այդքան ալ դիւրին չէ… Եւ երաժշտութիւնը ոչ միայն հանրային կեանքին մէջ է, այլ նաեւ՝ եկեղեցական: Հոն, ուր կը տեսնես, թէ ինչպէ՛ս անոնք իրենց սէրը կը յայտնեն Աստուծոյ իրենց երաժշտութեան ընդմէջէն: Պատանիներ, որոնք պաշտամունքի ընթացքին երգեցին եւ պարեցին… Երեւի քիչ մը տարօրինակ էր ինծի-մեզի համար, բայց անոնք կ՚արտայայտէին իրենց սէրը… Եւ սէրը Աստուծոյ, իրենց կեանքերուն, բայց նաեւ՝ իրենց երկրին: Այն երկիրը, ուր անոնք կ՚ապրին եւ կ՚ուզեն ապրիլ… Ես ալ ապրեցայ այդ օր զգացումը: Երաժշտութիւնը որքան կը հարստացնէ մարդու հոգին, եւ ան՝ նոյն մարդը, կ՚ապրի այդ հարստութիւնը՝ սիրելով կեանքը եւ հողը… Եւ վերջապէս, որքա՛ն ճիշդ է եղեր հայ բանաստեղծը, որ սիրած է երաժշտութիւնը այն աստիճան, որ ուզած է նոյնիսկ «երգելով մեռնիլ»…

Քուպան խաղաղ երկիր է ու նաեւ՝ ապահով: «Մենք խոնարհ ժողովուրդ ենք,- ըսաւ Խոէլ:- Քուպացին կը սիրէ ընտանիքը, բարեկամը եւ հաղորդակցութիւնը»: «Եւ ասոր համար ալ կը բաւարարուի իր ունեցածովը», եզրափակեց ան:

Եւ այս արդէն զգայացունց այն իրականութիւնն էր, որուն հանդիպեցայ եւ, աւելի ճիշդ, ընտելացայ իմ կեցութեանս ընթացքին: Բայց նաեւ այս երեւոյթը տեսայ մանուկներուն եւ անոնց ուրախութեան մէջէն…

Կիրակի, 10 յունիս: Քուպայի արեւմտեան շրջանի մէկ գեղեցիկ հովիտ-ձորի մը փոքր քաղաքի մը մէջ աւելի քան երեք հարիւր մանուկներու պատանիներ հաւաքուած էին եկեղեցիի մը շրջափակին մէջ, որովհետեւ ունէին յատուկ յայտագիր: Եւ այդ յայտագիրի ընթացքին տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի բաժանումը, յատուկ՝ իրենց տարիքին: Մանուկներ, որոնք առաւելաբար կու գային բարեկեցիկ ընտանիքներէ եւ այդ շրջանի տարբեր գիւղերէն: Բայց իրենց այդ բարեկեցիկ վիճակին մէջ մանուկներ էին, որոնք ունէին գոհունակութիւն մը: Բայց արդեօք պիտի համարձակէի ըսելու բաւարարութի՞ւն… Իմ-մեր իրականութեան մէջ, չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր է սահմանը բաւարարութեան: Բայց հոս՝ Քուպա, իմ չորս կողմս հաւաքուած էին մանուկներ: «Մանկութիւն (չ)ունեցող մանուկնե՞ր»… Թերեւս… Բայց՝ ուրախ եւ բաւարարուած: Եւ եթէ իրենց ուրախութիւնը ապրեցայ իրենց հետ եւ իրենց երկրին մէջ, բայց նաեւ կիսեցին ինծի հետ կեանքի իրենց համոզմունք-տուեալները: Բաւարարուած են… Եւ այդ բաւարարութիւնը քուպացին դարձուցած է խոնարհ ժողովուրդ:

Պէտք էր բաժնուէի ուրախ մանուկներէն, բայց կային իմ մտորումներս: Ինչո՞ւ աշխարհը չ՚ուզեր հանգիստ ձգել այս «խոնարհ» ժողովուրդն ու երկիրը եւ՝ ձգել այս մարդիկը, որ ապրին կեանքը, ինչպէս որ կ՚ուզեն: Իրենք իրենց վիճակներուն մէջ, ինչպէս որ հանգիստ կը զգան:

Բայց նաեւ կայ ուսանելի կեանքի արժէք մը այս երկրէն…

Թէ՛ ընչաքաղցութիւնը սահման չունի եւ թէ ան կը քանդէ, եթէ հաշուարկուած չըլլայ: Եւ թէ՝ բաւարարութիւնը կը կերտէ գոհունակութիւն ու նաեւ ուրախութիւն: Նոյնիսկ երբ բաւարար չունիս…

«Ցոյց տուր ինծի երկիր մը, որ հարցեր չունի», Խոէլն է դարձեալ: «Մենք ալ հարցեր ունինք, բայց այդ բոլորին մէջէն կը հաւատանք, որ մեր երկիրը պիտի շինենք», եզրափակեց ան:

Եւ չուշացաւ իմ՝ հայո՛ւ գիտակցութիւնը:

Հայն ալ այս օրերուն սկսած է շինել եւ վերաշինել իր հայրենիքը…

Եւ երկիր շինելու համար կ՚արժէ հաւատալ արժէքի համաչափին: Այն արժէքի համաչափին, որ մեզի կրնայ դարձնել խոնարհ… Եւ խոնարհութիւնը կը սանձէ ընչաքաղցութիւնը եւ կը ստեղծէ բաւարարութիւն: Եւ բաւարարութիւնը հոգեւոր գիտակցութիւն է: Հոն, ուր կրնաս բաւականանալ քու ունեցածովդ, բայց նաեւ՝ գիտակցիլ դիմացինին պէտքին եւ անոր անհրաժեշտութեանը… Բայց նաեւ՝ բաժնեկցիլ…

Եւ այս բաւարարութիւնը անպայմանօրէն կը շինէ… Կը շինէ բոլորս… Քեզ եւ զիս: Եւ կը շինէ մեր՝ հայուն երկիրը…

«Մենք խոնարհ ժողովուրդ ենք»: Քուպայի օրինակը, բայց նաեւ ըլլայ հայունը…

Իմ եւ իւրաքանչիւրիս…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018