ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (ՎԱՐԴԱՎԱՌ)
Կիրակի, 19 յուլիս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան յիշատակի տօնը, որ Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար հինգ տօներէն մէկն է: Պայծառակերպութեան տօնը մեր ժողովուրդին բառապաշարին մէջ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով:
Հոգեւոր առումով պայծառակերպութեան այս յիշատակի տօնը, կը յիշեցնէ մեզի, թէ ինչպէս մեր Տէրը Իր երեք առաքեալներուն դիմաց՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի, պայծառակերպեցաւ, այլակերպեցաւ, եւ այդ ընթացքին երկինքէն երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, «որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ» (Մտ 17.3): Այդ ընթացքին նաեւ, երեք առաքեալները լսեցին երկինէքն եկած ձայնը, որ կ՚ըսէր. «Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.6). աշակերտները ի տես այս բոլորին եւ զգալով ու ապրելով այդ պահին քաղցրութիւնը, առաքելաները չէին ուզեր հեռանալ կամ բաժնուիլ այդ վայրէն: Տէրը կը թելադրէ Իր աշակերտներուն, որ ոչ ոքի պատմեն այս մասին, մինչեւ Տիրոջ յարութիւն առնելը (տե՛ս Մտ 17.1-13):
Տէր Յիսուսի պայծառակերպութեան այս դրուագը բազմաթիւ պատգամներ ունի մեզի՝ հաւատացեալներուս համար: Առաջին հերթին կը յուշէ մեզի Տիրոջ ներկայութեան մէջ ըլլալու քաղցրութիւնը: Յստակ կը յայտարարէ, թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, եւ Հայրն Աստուած կը թելադրէ մեզի լսել Անոր ու հետեւիլ Անոր թելադրութիւններուն:
Այս գրութեամբ գրաբարէ թարգմանաբար փունջ մը մեկնաբանական հատուածներ կը ներկայացնեմ ընթերցողներուն, Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ կատարուած:
Ստեփանոս Սիւնեցին կը գրէ.
• «Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան» (Մտ 17.3):
Մովսէս՝ օրէնքը, Եղիան՝ մարգարէները, տես թերեւս Զեբեդէոսի որդիներուն ըսելուն համար, թէ «որոնց համար պատրաստուած է Իմ Հօրս կողմէ» (տե՛ս Մտ 20.23), այս պատճառով Մովսէսն ու Եղիան երեւցան. Մովսէսը՝ աջ կողմէն եւ Եղիան՝ ձախ կողմէն:
• «Ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ» (Մտ 17.5):
Ամպին մէջ ձայն մը լսուեցաւ Մովսէսին, Եղիային ու մանաւանդ աշակերտներուն, որպէսզի հաստատապէս գիտնան, թէ իսկապէս Ա՛ն է Աստուծոյ Որդին, եւ ամպը կը կարծեմ հոգեւոր էր. եւ Տիրոջ խօսքը եղաւ անոնց՝ ինչպէս մարգարէներուն եւ ինչպէս Եսայիի մօտ կը լսենք, թէ «զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի» (Ես 1.2):
• «Իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան» (տե՛ս Մտ 17.8):
Այսինքն՝ Աւետարանը, Օրէնքը եւ Մարգարէութիւնները միաբանուած եւ մէկ եղած:
• «Եւ մինչ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.
-Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք» (Մտ 17.9):
Ինչպէս նախկիններն չ՚ուզեր, որ ամբոխը գիտնայ հրափառագոյնները, որպէսզի վնասուելով չգայթակղի չարչարանքներուն ժամանակ, որովհետեւ այդ բոլորը յարութենէն ետք երբ գիտնան՝ օգտակար կ՚ըլլան:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
• Հարցում. Ինչո՞ւ համար լեռ կը հանէ ու այնտեղ Իր փառքը ցոյց կու տայ:
Պատասխան. Տասը պատճառի համար.
Նախ՝ որովհետեւ միտքով բարձրացած էին ու աչքերը դէպի լեռներ բարձրացուցած էին ըստ Մարգարէին, պէտք է մարմինով ալ լեռ տարուէին (հմմտ. Սղ 42.3: Զք 3.9):
Երկրորդ՝ որովհետեւ նախահայրերը զԱստուած նախ լերան վրայ կը տեսնէին, ինչպէս՝ Աբրահամը, Մովսէսը, Եղիան, Սողոմոնն ու ուրիշները: Եւ այստեղ լերան վրայ կը ցուցնէ, թէ նոյն Աստուածն է:
Երրորդ՝ Մովսէսը լեռ հանեց եւ հին օրէնքը գրեց: Պէտք էր, առաքեալներն ալ լեռ հանել ու գրել օրէնքը ոչ թէ քարեղէն տախտակներուն վրայ, այլ՝ բանական սիրտի մէջ ըստ նմա, Իմ օրէնքներս կու տամ անոնց սիրտերուն եւ անոնց միտքերուն մէջ գրեցի:
Չորրորդ՝ լեռ հանեց, որպէսի քարին մեկնութիւնը ճշմարտացնէ, որ լեռնէն առաւ եւ Եկեղեցւոյ որպէս հիմք դրուեցաւ:
Հինգերորդ՝ բարձր լեռը կը նշանակէ նորին բարձրութիւնը հինին վրայ, որովհետեւ այնտեղ մարմնական օրէնքն էր, իսկ այստեղ՝ հոգեկան, այնտեղ՝ Մովսէսով, իսկ այստեղ՝ Քրիստոսով, անիկա՝ անցաւոր, իսկ ասիկա՝ մշտնջենաւոր, այնտեղ՝ ամպով եւ ծուխով, իսկ այստեղ՝ լուսաւոր ամպով, այնտեղ Մովսէսին երեսը Ուրիշէ մը լուսաւորուած էր, իսկ այստեղ՝ Ինքն Իր Աստուածութենէն:
Վեցերորդ՝ լեռ հանեց եւ անոնց ցոյց տուաւ առանձին եւ չքնաղ տեսութիւնը, այսինքն՝ Երկինքի Արքայութիւնը, որովհետեւ մարդիկ չէին տեսած, այն ժամանակէն ի վեր՝ երբ Ադամ զրկուեցաւ, այդ պատճառով բարձր եւ առանձին կ՚ըսէ:
Եօթներորդ՝ մեզի կը ցուցնէ, թէ Արքայութիւնը երկրի վրայ չէ, այլ՝ Երկինքին մէջ:
Ութերորդ՝ թէ մարմինի կեանքին՝ երկրի վրայ չէ, այլ՝ մահէն ետք, հանդերձեալին մէջ:
Իններորդ՝ աշակերտները կ՚ընտրէ եւ ընտրուած լեռը կը հանէ, որպէսզի ցուցնէ, թէ առաքինութիւնը խոտելիներուն համար չէ, այլ՝ ընտրեալներուն, որոնք հոգիով ու գործերով կը բարձրանան:
Տասներորդ՝ կը ցուցնէ ինչպէս Ադամով բարձր դրախտէն ինկանք, այդպէս ալ Քրիստոսով բարձրացանք ո՛չ թէ Ադամի դրախտը, այլ՝ Երկինքի վերին Արքայութիւնը:
Դարձալ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
• Հարցում. Առաքեալները ինչպէ՞ս կը ճանչնան Մովսէսն ու Եղիան:
Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ՝ տասն ծանօթութեամբ:
Նախ՝ որովհետեւ երեւցան մէկը քօղ դրած էր վրան, իսկ միւսը՝ մաշկեակ հագած էր:
Երկրորդ՝ մէկը լուսաւորուած դէմքով, իսկ միւսը՝ հրեղէն կառքով, մինչ մօտեցան Քրիստոսի եւ նուաղեցան մեծ լոյսէն:
Երրորդ՝ Մովսէսին ձեռքին գաւազան ու տախտակ կար, իսկ Եղիայի ուսին՝ մաշկեակ:
Չորրորդ՝ Մովսէսին երեսը քիչ մազերով, իսկ Եղիային՝ թաւամազ:
Հինգերորդ՝ Մովսէսը թօթովախօս լեզուով, իսկ Եղիան՝ համարձակ:
Վեցերորդ՝ անոնց պատկերները դրոշմուած էին այն գիրքին մէջ, ու ճանչցան:
Եօթներորդ՝ իրենցմէ իսկ լսեցին անունները՝ մէկը միւսը մեծարելով, Քրիստոսի երկրպագութեան:
Ութերորդ՝ Տիրոջմէ լսեցին, երբ անոնց հետ կը խօսէր:
Իններորդ՝ կամ Հոգիով ճանչցան, ինչպէս Յովհաննէսը Փրկիչը ճանչցաւ բազմախուռն ամբոխին մէջէն:
Տասներորդ, եւ իսկապէս որովհետեւ հանդերձեալին օրինակ էր, ինչպէս սուրբերը զիրար կը ճանչնան, նոյնպէս եւ այստեղ:
Սարգիս Կունդը կը գրէ.
• Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. լաւ է, որ հոս մնանք (Ղկ 9.33):
ԵՓ Տեսաւ լեռը, որ հանդարտած էր դպիրներու հակառակութենէն, եւ հաճելի թուեցաւ անոր Մովսէսին ու Եղիային հետ բնակիլ: Ուրախացաւ, որովհետեւ Հերովդէսէն ու Կայիափայէն հեռացաւ: Դրախտին անուշութեան հոտը բուրեց, եւ հասաւ անոնց հոտոտելիքներուն ու քաղցր երեւցաւ անոր: Տեսաւ Անոր փառքը, փոխանակ Անոր անարգանքներուն, եւ շատ ուրախացաւ:
ԿՐ Կամ կը կասկածէր հրեաներուն, որովհետեւ տակաւին կատարելապէս չէր իմանար Քրիստոսէն: Լաւ էր այնտեղ ըլլալ եւ միշտ զՔրիստոս տեսնել: Ցանկացաւ այդպիսի փառքի մէջ տեսնել զՔրիստոս:
Դարձեալ Սարգիս Կունդ կը գրէ.
• Ա՛յս է Իմ Ընտրեալ Սիրելի Որդին (տե՛ս Ղկ 9.35):
Այսօր Շմաւոնը [Պետրոս] լերան վրայ լսեց, ինչ որ Յովհաննէսը Յորդանանի մէջ լսեց: Մկրտիչը յանձն չէր առներ, Պետրոս կը հակառակէր: Մէկը՝ երկիւղի պատճառով կ՚արգիլէր ջուրով մկրտութիւնը, իսկ միւսը՝ սիրոյ պատճառով կը ջանար արեան մկրտութիւնը խափանել: Արդ՝ Յովհաննէս կը հնազանդէր կատարել Յիսուսի կամքը, իսկ Պետրոս, որ վէմ կը թարգմանուի, կարծր կը մնար, որուն մեծին Հօր ձայնը կը հնազանդեցնէր: Յովհաննէսը վարը կը լսէր. «Ա՛յդ է Իմ Սիրրելի Որդիս» (Մտ 3.17, 17.5: Մր 9.6), որովհետեւ ժողովրդարանին համար էր քարոզ, Շմաւոնը լերան վրայ կը սորվի, որովհետեւ եկեղեցւոյ գլուխն ու վարդապետն էր: Յովհաննէսը համեստ բաներուն մէջ կը տեսնէր Սուրբ Հոգին, որովհետեւ Յիսուսի խոնարհութեան մարմինը կը մկրտէր, իսկ Պետրոս լերան վրայ կը տեսնէր Հոգին լուսափայլ ամպով, որպէսզի Հօրմէն տեղեկանայ Յիսուսի արեան մկրտութեան մասին եւ Որդիին Աստուածութեան փառքին մասին:
ԻԳ Ընտրեալ Սիրելին, թերեւս՝ ստոյգ Որդի:
Անոր մտիկ ըրէք (Ղկ 9.35):
Որպէսզի եթէ ուզէ խաչ ելլել, մի՛ հակառակիք: Եթէ այդպէս ըլլայ, որ ուրիշի մը ձայնին լսէ, մահուամբ կը մեռնի:
ՊՂ Հայրը ձայնեց անոնց լսելիներուն, որպէսզի Շմաւոնը զգուշացնէ ոչինչ խնդրել Հօր եւ Որդիին կամքէն դուրս, եւ որպէս Յիսուսի անոր ըսելը. «Գոնէ Հօր լսէ՛, Շմաւոն, որ նախապէս բազմաթիւ անգամներ ըսի, թէ պէտք է ձեզի համար չարչարուիմ: Դուն վանեցիր Մովսէսն ու Եղիան եւ չախորժեցար»: Արդ, հնազանդէ՛ Հօր ըսելուն՝ «Անոր մտիկ ըրէք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ