ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲՈՒԺՈՒԵՑԱՒ ՃԱՀՃԱՅԻՆ ՏԵՆԴԷՆ - ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայազգի պատմաբան, լեզուաբան, բառարանագէտ, հայագէտ Երուանդ Տէր Մինասեանը (1879-1974) Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսանելու ժամանակ ճանչցած է Կոմիտասը, սակայն աւելի մտերմացած է Ճեմարանը աւարտելէն ետք, երբ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումը աւարտելէն եւ վերադառնալէն ետք տեղեկացած է Կոմիտասին հիւանդութեան մասին:
Հայաստանի մէջ տարածուած էր «վատօդութիւն» անունով ճահճային տենդը (մալարիա), որով վարակուած էր նաեւ Կոմիտասը: Իր յուշագրութեան մէջ Երուանդ Տէր-Մինասեան կը պատմէ Կոմիտասի բուժման մասին, որուն ականատես եղած է՝ Կոմիտասը տանելով իր հայրենի գիւղը՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Հառիճ բնակավայրը:
Յուշագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ կը բացայայտուին նաեւ Գէորգեան ճեմարանի մթնոլորտէն: Երուանդ Տէր-Մինասեանի արեւելահայերէնով շարադրուած յուշագրութիւնը, արեւմտահայերէնի վերածելով, կը թուայնացնենք իր յուշագրութեան գիրքէն:
*
Կոմիտասը ես կը ճանչնայի 1892 թուականէն, երբ ան տակաւին նոր աւարտած էր Գէորգեան ճեմարանը եւ սարկաւագ ձեռնադրուած Սողոմոն անունով, իսկ ես նոր ընդունուած էի նոյն ճեմարանի երրորդ դասարանը (այն ժամանակ ճեմարանը ունէր երեք դասարան՝ երրորդէն մինչեւ վեցերորդ եւ երեք լսարան):
Երբ ես ճեմարան ընդունուեցայ 1892-93 ուսումնական տարուան սկիզբը, այդ ժամանակ ճեմարանի տեսուչն էր յառաջդիմական անձնաւորութեան համբաւ վայելող Արիստակէս Եպիսկոպոս Սեդրակեան:
Անոր օրով եւ կարծեմ անոր հրաւէրով իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ ճեմարան կը հրաւիրուի յայտնի երաժշտագէտ Կարա-Մուրզան, որ այդ ամբողջ ուսումնական տարին եղաւ մեր երգի ու երաժշտութեան ուսուցիչը ճեմարանի մէջ եւ եկեղեցական երգչախումբի ղեկավարը վանքէն ներս: Երեմիա Եպիսկոպոսի, որ մտերիմ բարեկամ էր Սեդրակեանին, տեղապահութեան օրերն էին:
Բայց 1893 թուականի ամրան նորահաստատ կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանը (Հայրիկը) արդէն ժամանած էր Էջմիածին եւ ստանձնած իր պաշտօնը: Վանքին մէջ առաջ ալ դժգոհութիւն կար Կարա-Մուրզայի դէմ. ան Էջմիածնի համար անընդունելի կը նկատուէր իբրեւ խիստ աշխարհիկ երեւոյթներ դրսեւորող անձնաւորութիւն, եւ ահաւասիկ Էջմիածնի միաբանութեան պահպանողական համարուող մասը կը յաջողի համոզել նորընտիր կաթողիկոսին՝ հեռացնել Կարա-Մուրզան եւ անոր փոխարէն ճեմարանի մէջ երգի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ նշանակել Սողոմոն սարկաւագը՝ ապագայ Կոմիտաս վարդապետը:
Ճեմարանի աշակերտներուն մէջ համակրութիւնը սկիզբը Կարա-Մուրզայի կողմն էր, մանաւանդ որ կաթողիկոսին հրամանին համաձայն Կարա-Մուրզան արձակող եւ Սողոմոն սարկաւագը անոր տեղը նշանակող, աշակերտութեան կողմէ յարգուած տեսուչ Արիստակէս Եպիսկոպոս Սեդրակեանն ալ այդ առթիւ անմիջապէս իբրեւ ցոյց հրաժարած էր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնէն:
Աշակերտներուն մէջ բերնէ բերան կ՚անցնէին տեսուչի հրաժարականին կարճ ու խիստ բառերը. «Ըստ հրամանի Ձերդ Վեհափառութեան արձակեցի զԿարա-Մուրզայն, կարգեցի ի տեղի նորա զՍողոմոն սարկաւագ, վասն որոյ ընկալարուք եւ զիմ հրաժարական»:
Մէկ խօսքով, 1893-94 ուսումնական տարուան սկիզբէն Սողոմոն սարկաւագը դարձաւ մեր երգի ու երաժշտութեան ուսուցիչը եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին կարողացաւ աշակերտներուն վստահութիւնն ու համակրութիւնը ձեռք բերել իր մարդամօտ եւ ուրախ ու զուարթ բնաւորութեան պատճառով: Յատկապէս անոր՝ երգչախումբին հետ անցուցած պարապմունքները մեզի՝ աշակերտներուս համար շատ ուսանելի եւ հաճելի էին, որուն համար բոլորս, կարելի է ըսել անխտիր, կը յարգէինք եւ կը սիրէինք զինք:
Այդ շրջանին Սողոմոն սարկաւագը կամ յետագայի Կոմիտաս վարդապետը միայն երկու տարի ինծի ուսուցիչ եղաւ: Հետեւեալ ուսումնական տարին ես հիւանդացայ ծանր ճահճային տենդով եւ ստիպուած եղայ մէկ տարիով արձակուրդ վերցնել եւ երթալ իմ հայրենի գիւղը՝ Ղփչախ (այժմ՝ Հառիճ) հիւանդութենէն ազատելու համար:
Այնուհետեւ Կոմիտաս վարդապետը մեկնեցաւ արտասահման՝ Պերլին, երաժշտութեան ուսմունքին մէջ վարպետանալու համար:
Երբ ան վերադարձաւ արտասահմանէն, ես վերջին լսարանն էի, ուր երգի ու երաժշտութեան դասեր չկային, բայց այնուամենայնիւ, այդ շրջանին ալ շարունակուեցան մեր բարեկամական եւ մտերմական յարաբերութիւնները, մինչեւ իմ ճեմարանը աւարտելս՝ 1900 թուականի մայիսը:
Այսօրուան պէս կը յիշեմ՝ բոլորս անհամբերութեամբ կը սպասէինք կիրակի օրերուն, երբ պատարագի վերջաւորութեան Կոմիտասը հանդէս կու գար եկեղեցւոյ մէջ՝ միջնադարեան որեւէ գեղեցիկ տաղով, որ ան իր սքանչելի ձայնով եւ հմուտ երգով այնպէս կը կենդանացնէր, որ կը հմայէր բոլոր ունկնդիրները:
Յատկապէս յիշատակութեան արժանի է այս կապակցութեամբ անոր աննման «Հաւիկ մի պայծառ» տաղը:
1900 թուականի հոկտեմբերին ես ճեմարանի մանկավարժական խորհուրդի որոշման համաձայն մեկնեցայ արտասահման (Գերմանիա) ուսումս կատարելագործելու համար: Չորս տարի հոն մնալէ եւ ուսումնական նպատակներս իրագործելէ ետք՝ վերադարձայ հայրենիք 1904 թուականի հոկտեմբերին ու սկսայ պաշտօնավարութիւնս իբրեւ Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ: Հոն կը շարունակէր իր ուսուցչական պաշտօնը նաեւ Կոմիտաս վարդապետը, որուն հետ վերսկսան եւ աւելի ու աւելի ջերմացան մեր բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը: Այդ բարեկամութեան ու մտերմութեան աւելնալուն նպաստեց ուրիշ հանգամանք մը եւս:
Չորս տարի հայրենիքի մէջ չըլլալէն եւ ծնողքս ու հարազատներս տեսնելէ զրկուած մնալէն ետք որոշած էի, բնականաբար, 1904-05 ուսումնական տարին աւարտելէ ետք ամառը անցընել հայրենի գիւղիս մէջ եւ 1905 թուականի յունիսի կէսերէն կը պատրաստուէի հոն մեկնիլ: Այդ օրերուն երեկոյ մը յանկարծ ինծի մօտ եկան ընկերներէս եւ պաշտօնակիցներէս Յուսիկ վարդապետ Զօհրապեանը եւ Գարեգին վարդապետ Յովսէփեանը եւ տեսնելով իմ մեկնելուս պատրաստութիւնները, հարցուցին, թէ միթէ՞ ինծի յայտնի չէ Կոմիտասի ծանր վիճակը եւ ճահճային տենդով սաստիկ տառապիլը:
Ես զարմացած նայեցայ անոնց եւ ըսի. «Գիտեմ, բայց ես անձամբ ի՞նչ կրնամ ընել»: Անոնք պատասխանեցին, թէ դուն կը պատրաստուիս Հառիճ ամարանոց երթալու, հետդ տար Կոմիտասը, Հառիճի մէջ ո՛չ ճահիճներ կան եւ ո՛չ մժեղ, եւ Կոմիտասը հոն անշուշտ կը բուժուի ճահճատենդէն, թէ չէ անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ, եթէ ան ամառը Էջմիածին մնայ: Երկար մտածելու հարկ չկար՝ հանգամանքները ստիպողական էին, իսկոյն համաձայնեցայ առաջարկին, թէեւ կը զգայի այդ առաջարկը իրականացնելուն հետ կապուած դժուարութիւնները:
Հետեւեալ օրն եւեթ, շուրջ յունիս 22-ին կամ 23-ին հիւանդ Կոմիտասը երկաթուղի նստեցուցի եւ տարի Ալեքսանդրապոլ՝ հոնկէ Հառիճ փոխադրելու համար, որ կը գտնուի Ալեքսանդրապոլէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Արագածի հիւսիս-արեւմտեան լեռնալանջին:
Առաջին գիշերը անցուցինք տեղի յաջորդ (առաջնորդական փոխանորդ) Կիւրեղ վարդապետ Նաւումեանին քով՝ Ալեքսանդրապոլի ընդարձակ յաջորդարանին մէջ՝ վայելելով յիշեալ յաջորդին ամենասիրալիր հիւրասիրութիւնը:
Հետեւեալ առաւօտը պէտք էր կառքով մեկնէինք Հառիճ:
Պատուիրուած կառքը (երկձի ֆայթոն) եկաւ առաւօտեան ժամը 10-ին եւ հետն ալ՝ երկու հրացանաւոր ձիաւոր կոզակ՝ մեզի ուղեկցելու համար: Այդ անակնկալը մեզի համար պատրաստած էր Կիւրեղ վարդապետ Նաւումեանը, որ տեղական գաւառապետէն խնդրած էր այդ կոզակները՝ մեր ապահով ճամբորդութիւնը երաշխաւորելու համար, թէեւ մեզի ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար, քանի որ Շիրակի դաշտի այդ մասը ոչ մէկ թրքական գիւղ կար, իսկ այդ տարին հայ-թրքական ընդհարումներու տարին էր:
Մենք այդպէս ճանապարհ ինկանք, մէկ կոզակը կառքին առջեւէն, միւսը՝ ետեւէն եւ յաջողութեամբ հասանք Իլխիապլի կոչուած գիւղը (այժմեան անունը չեմ գիտեր), Ալեքսանդրապոլէն 10 վերստ հեռաւորութեան վրայ:
Այդ գիւղը կը գտնուէր բաւական մեծ բլուրի մը տակ: Այդ բլուրին տակ մեր կառքի ձիերը կանգ առին եւ հրաժարեցան մեզ հանել բլուրին գագաթը: Դրութիւնը անելանելի էր. Կոմիտասը ինքզինք վատ կը զգար, իսկ մենք ի վիճակի չէինք առաջ շարժելու: Այդ ժամանակ մեզի օգնութեան հասան կոզակները, որոնք իջան իրենց ձիերէն, ձիերը լծեցին կառքին եւ մի քանի վայրկեանի մէջ մեզ թռցուցին յիշեալ բլուրին գագաթը: Հոնկէ շարունակելով քարքարոտ, անճանապարհ վայրերով, մեծ դժուարութեամբ հասանք, վերջապէս, հռչակաւոր Հառիճ վանքը:
Օրը արդէն երեկոյ կը դառնար եւ Կոմիտասին հիւանդութիւնը երթալով կը սաստկանար: Շուտով անկողին մը պատրաստեցինք եւ Կոմիտասը պառկեցուցինք՝ վրան ծածկելով բոլոր մեր ունեցած վերմակները, որովհետեւ սկսած էր ճահճատենդին սաստիկ դողը եւ ոչ մէկ վերմակ կը տաքացնէր հիւանդը: Ես շուարած-մնացած էի եւ չէի գիտեր ի՛նչ ընել: Այսպէս շարունակուեցաւ մօտ երկու ժամ, որմէ ետք դողը անցաւ եւ սկսաւ սաստիկ տաքութիւնը, որուն պատճառով հիւանդը կը նետէր բոլոր վերմակներն ու ծածկոցները: Երկու ժամ ալ այս տաքութիւնը շարունակուցաւ, յետոյ Կոմիտասը հանգստացաւ եւ քնացաւ՝ առիթ տալով մեզի քիչ մը հանգստանալու:
Առաւօտեան կը սպասէինք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար: Կը սպասէինք երկիւղով, անհամբեր, բայց հետեւեալ առաւօոտ Կոմիտասը ելաւ անկողինէն բոլորովին առողջ, առանց հիւանդութեան որեւէ նշանի, հակառակ որ սաստիկ տկար ու նիհարցած էր՝ դարձած չոր ճիւղի պէս:
Այդ օրէն սկսեալ Կոմիտասը լիովին ազատեցաւ զինք տանջող ճահճատենդէն եւ այդ հիւանդութիւնը անոր քով այլեւս հանդէս չեկաւ ոչ միայն այն վեց-եօթը շաբաթներուն ընթացքին, որ մենք միասին անցուցինք Հառիճ, այլեւ յետագային՝ Էջմիածին միասին ապրած տարիներուն:
Քանի որ ես յանձն առած էի Կոմիտասը ազատել ճահճային տենդէն եւ վերականգնել անոր քայքայուած առողջութիւնը, այժմ ինծի համար գլխաւոր նպատակ դարձած էր անոր սնունդի կազմակերպումը մեր այն ժամանակուան գիւղական պայմաններուն մէջ: Այդ պայմանները այնպէս էին, որ մեր գիւղերուն մէջ կաթէն, մածունէն եւ հաւկիթէն զատ ուտելիք չէր գտնուեր: Հառիճի լեռնային ջինջ օդին եւ անուշահամ պաղ ջուրին ուժեղ ներգործութեան հետեւանքով այդ թեթեւ սննդամթերքը չէր կրնար բաւարարել թէ՛ հիւանդութենէն նոր դուրս ելած եւ թէ՛ առողջ մարդուն բացուած ախորժակը, ուստի անհրաժեշտ էր նախ հոգալ միսին կարիքը:
Բարեբախտաբար, դիւրին եղաւ այդ կարիքը բաւարարել: Փեսաս՝ մեծ քրոջս ամուսին Գեղամ Բայբուրդցեանը ղրկեցի Ղփչախի ամառնային արօտավայրերը, ուրկէ բերաւ 10 թէ 12 գառ, որ լիովին բաւարար էր մեր բոլոր կարիքները հոգալու համար, այն վեց-եօթը շաբաթներուն ընթացքին, որ մենք անցուցինք Հառիճ:
Մեր անասուններուն շատութեան պատճառով ստիպուած եղանք նոյնիսկ հօտաղ մը վարձել, որ կ՚արածէր մեր «հօտը» մերձակայ ձորերուն եւ հովիտներուն մէջ:
Օգոստոսի առաջին տասնօրեակին մեր գառները սպառած էին եւ մնացած էր միայն մէկը, որ մեծցած, փարթամցած եւ խոյ դարձած էր, այնպէս որ Ղփչախի գիւղացիներէն մէկը եկաւ մեզ մօտ եւ խնդրեց, որ այդ խոյը փոխարինենք լաւ գառով, իսկ խոյը տանք իրեն, որ պահէ իբրեւ սերունդ յառաջացնող անասուն: Մենք, անշուշտ, սիրով կատարեցինք անոր խնդրանքը:
Մեր կեանքը Հառիճի մէջ կ՚անցնէր անդորր, հաճելի պայմաններու տակ: Յաճախ հանդիսաւոր ճաշեր եւ ընթրիքներ կը պատրաստէինք, կը ճառէինք, կ՚երգէինք եւ կ՚ուրախանայինք: Երթալէն աւելի կ՚աշխուժանար Կոմիտասը եւ ինքնաբերաբար կ՚երգէր իր եւ մեր սիրած երգերը:
Երբեմն Կոմիտասը երեկոները կը բարձրանար մեր տան քովի շէնքին կտուրը եւ հոնկէ իր քաղցր ձայնը կը հնչեցնէր: Այդ ժամանակ շրջակայ տուներուն բնակիչները՝ կին թէ տղամարդ, ջահել աղջիկ թէ տղայ, կը բարձրանային իրենց տուներուն կտուրները եւ սիրով կ՚ունկնդրէին սիրելի երգիչը:
Կոմիտաս գիտէր նաեւ արեւմտահայերու անուշեղէններ պատրաստել եւ թխել ճաշերէն ետք հանգած, բայց տակաւին տաք թոնիրին մէջ: Ան մի քանի անգամ այդպիսի խմորեղէն պատրաստեց եւ մենք մեծ հաճոյքով վայելեցինք ճաշէն ետք կամ երեկոյեան թէյին հետ. ափսո՜ս, որ բոլորովին մոռցած եմ այդ անուշեղէններուն անունը:
Քանի կը կազդուրուէր Կոմիտասը, այնքան աւելի զուարճասէր ու կատակախօս կը դառնար: Վերջին օրերուն ալ որոշեցինք խաղ մը խաղալ Հառիճի վանքի վանահայր Արիստակէս վարդապետ Զուլոյեանի գլխուն: Ան, ի միջի այլոց, խնամքով կը պահէր մի քանի սագ, որոնք իրենց տեսքով ու չափաւոր գիրութեամբ կը շարժէին մեր ախորժակը: Մեր գառներն ալ արդէն վերջացած էին:
Ահաւասիկ օր մը՝ ճաշէն ետք, մեր տան քովի շէնքի կտուրին վրայ, բոլորս հաւաքուած կը զրուցէինք, յանկարծ մեր մէջ հարց մը ծագեցաւ, թէ ի՛նչ ընենք այս երեկոյ: Ամէնքս ալ կը հասկնայինք, որ խօսքը համեստ ընթրիք մը պատրաստելու մասին է: Յանկարծ հայրս բացագանչեց. «Հացն ու պանիրը իմ վրաս»: Փոքր եղբայրս՝ Աշոտը, թէ «Իւղն ու կարագն ալ ի՛մ վրաս»: Ես ալ իսկոյն վրայ բերի, թէ «Քոնիաքն ու գինին ալ իմ վրաս»: Ատկէ ետք Կոմիտասն ալ աւելցուց, թէ «Երգն ալ իմ վրաս», բոլորս նայեցանք վանահօր, թէ ան ի՛նչ պիտի ըսէ վերջապէս: Ան ալ, ճարահատ, ըսաւ՝ «Սագն ալ իմ վրաս, գիտեմ, որ ձեր բոլորին աչքը իմ սագերուս վրան է»: Եւ այսպէս կազմակերպեցինք փառաւոր ընթրիք մը, որուն ժամանակ Կոմիտաս ինքզինք գերազանցեց հրաշալի երգեցողութեամբ:
Հոս հարկ կը համարեմ յիշատակել, որ Կոմիտասը չափազանց զգայուն մարդ էր եւ ատիկա կ՚արտայայտուէր մանաւանդ այն ժամանակ, երբ ան ոչ աւելի քան մէկ-երկու գաւաթ գինի կը խմէր: Այդ երեկոյեան ան իմ քովս նստած՝ կը փաթթուէր ինծի, կու լար եւ կ՚ըսէր. «Սիրելի՛ Երուանդ, դուն իմ աշակերտն ես»: Ես կը ջանայի զայն խնդացնել, ըսելով. «Լաւ, անշուշտ, քու աշակերտդ եմ, բայց ատիկա լալի՞ք է»: Սակայն կարճ կը տեւէր անոր այդ տրամադրութիւնը, մինչեւ յաջորդ երգը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շարունակելի
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024