ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՆՇԽԱՐՆԵՐ. ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ ՝ ԵՐԵՔ ՕՐ ՈՒ ԳԻՇԵՐ
Հաֆիք գաւառակը կը գտնուէր Սեբաստիոյ հարաւ-արեւելեան կողմը: Կեդրոնն էր Գոչասար կամ Պետրոսի աւանը, Ալիսի աջ ափին վրայ: Գաւառակը զարդարուած էր բնական աննման գեղեցկութեամբ: Ալիսի երկու ափերուն վրայ, բլրակներուն եւ դաշտերուն մէջ ձգուած էր երկարաւուն շարքը հայ գիւղերուն: Տոհմիկ բարքերու, նահապետական սովորութիւններու, անթիւ, աւանդութիւններու եւ հաւատալիքներու ջինջ աւազան մըն էր գոյացած դարերու շունչին տակ:
Դժուար է մօտենալ մեր ժողովուրդին, առանց անոր հաւատքի մասին խօսելու:
Կրօնական ծէսերը, հոգեւոր յայտնութիւններն ու տաղերը, վանքերն ու եկեղեցիները, սուրբերն ու քաւարանները դարերու մէջէն անխախտ ու անսասան մնացած, հայ ժողովուրդի բարոյական եւ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ սփռը-ւած, կը կազմեն պատմական անբիծ ստացուածք մը: Հայ հաւատքը սրբութեան սրբոց մըն է ինքնին:
60-ական թուականներէն ի վեր, Պետրոս Եպիսկոպոսի կիսադարեան առաջնորդութեան ընթացքին, ո՛չ միայն Հաֆիք գաւառակը, այլեւ ամբողջ Սեբաստիան, ապրեցաւ գերազանցապէս քրիստոնէական օրէնսգիրքով:
Հաւատացեալի կրաւորական եւ ինքնասպան վիճակը, տաճարէն դուրս շատ բան չէր տեսներ ընելու: Սաստուած էր անիկա քաղաքական ճնշումներէն, սաստուած էր նաեւ քրիստոնէական բարոյագիտութենէն:
Վանքերն ու կուսանոցները, ուխտավայրերն ու խաչքարերը, միսիոնարներու շարունակական քարոզն ու յորդորը, կեանքի կոչած էին ճգնական հայեացքներ, զգացական դիւական երեւոյթներու դէմ մաքառողներ:
Կրօնական մառախուղը վանած էր պայծառ լոյսն ու գիտակցութիւնը:
Տակաւին մինչեւ 80-90-ական թուականները, Մայրագոմի, Սէյֆէի, Հրեշտակապետի, Գոչասարի քարայրներուն ու ծերպերուն մէջ խոտակեր եղբայրները աշխարհիկ կեանքի դէմ կ՚ընդվզէին:
Ժողովրդական ցասումը չէր հանդուրժեր յարանուանութիւններու գոյութիւնը, կը հալածէր, կը պայքարէր ու զանոնք կը կոչէր «Փրոտ», «Գոհարապա», «Ճիզուիթ»:
Մաքրակրօն հաւատացեալը ո՛չ միայն քրիստոնէական, այլեւ հեթանոս կարգ մը սովորութիւններ, ըլլա՛յ տօնական, դիցաբանական, վիպական ու պատմական, ներդաշնակօրէն հիւսած, զուգորդած էր իրար եւ իր պաշտամունքին էր դրած: Հայ հաւատքի, աներկմիտ նահատակներու եւ վկաներու յիշատակը մեր ժողովուրդը մարմնացուցած էր մատուռներով, խաչքարերով եւ տաճարներով:
Անթիւ յիշատակարաններ կան Հաֆիքի ամէն մէկ գիւղին լեռներուն ու բլրակներուն, ձորերուն ու դաշտերուն մէջ սփռուած:
Հաֆիքի հայութեան ժողովրդական կեդրոնական ուխտավայրն էր Սուրբ Հրեշտակապետ վանքը: Բարձրադիր եւ գեղեցկանիստ, պարսպապատ, սիրուն վանք մըն էր:
Հայոց Սենեքերիմ թագաւորի որդիին՝ Դաւիթ արքայազնի ամարանոցն է եղած: Վանքի հանդիպակած Ս. Խաչ բլուրին վրայ, քանի մը հնադարեան գերեզմաններ կան հողով ու մամուռով ծածկուած:
1871 թուականին այս բլուրին վրայ գտնուած էր Գոհարինեաց կոյսերու ոսկերոտիքը արկղաձեւ տուփի մը մէջ եւ վրան ալ ճերմակ թզաչափ մեծութեամբ խուփ մը դրուած արձանագրութեամբ:
Վանքը մի առ ժամանակ անբնակելի էր դարձած քիւրտ աւազակաբարոյ տարրերու մշտական յարձակումներուն պատճառով:
Պետրոս Եպիսկոպոս վանքի վանահայր կը նշանակէ պարթեւահասակ քաջ զառացի Մովսէս Վարդապետը, որ սարսափ կ՚ազդէ եւ քիւրտերուն ոտքը ընդմիշտ կը կտրէ այդ կողմերէն, երկար տարիներ կը մնայ վանահայր, կը շրջի Հաֆիքի բոլոր հայ գիւղերը, կը քարոզէ, կը յորդորէ եւ վանքի բարեզարդութեան համար պտղի կը հաւաքէ: Կարճ ժամանակուայ մէջ վանքը կը շէննայ, կը բարգաւաճի ու կը ծաղկի:
Ժամանակ մը նոյնիսկ Աղտքէն եւ շրջակայ գիւղերէն քանի մը մանուկներ հաւաքած, դպրոց մը բացած եւ փայլ ու կենդանութիւն տուած էին: Տքթ. Ն. Տաղաւարեան, Մուրատ եւ ուրիշ բանիմաց ղեկավար տարրեր, Սեբաստիոյ եւ գիւղօրայքի առաջաւոր դասին մէջ յղացան գեղեցիկ ծրագիր մը, որ աւա՜ղ, անգործադրելի մնաց: Գիւղատնտեսական բարձրագոյն ճեմարանի մը հիմնարկութեան գաղափարն էր, մասնագիտական գործնական գիտելիքներ ժողովրդականացնելու համար: Չիրականացաւ հայ գիւղերու եւ հայ գործիչներու այդ երազը եւ Հաֆիքի հայ գիւղացիութիւնը մնաց նախնական հողագործութեան սահմաններուն մէջ:
ՎԱՐԴԱՎԱՌ
Վարդավառի տօնն է:
Ալիսի Վերին հովիտի բոլոր հայաբնակ գիւղերէն՝ Կովտունէն, Աղտքէն, Խորսանայէն, Ղավրազէն, Պինկէօլէն, Սվազէն, Կավրայէն, Կամիսէն, Խոռոխոնէն, Քոթնիէն, Թոտորակէն, Եարասարէն գունդ առ գունդ, ձիերով, էշերով, հետիոտն, հագուած եւ զգուած հարս ու աղջիկ, երիտասարդ, ծեր՝ կարաւաններ կազմած, երգ ու պարով, խաղ ու սազով, հրացանաձգութեամբ փոշիի երկնաբերձ ամպերուն տակ ահագին բազմութիւններ կը թափուէին Ս. Հրեշտակապետ: Հաֆիքի մեծ ուխտավայրն էր, ինչպէս Էջմիածինը Հայաստանի մէջ, Սուրբ Կարապետը՝ Մշոյ, Վարագայ վանքը՝ Վանի, Արմաշի Չարխափանը՝ Իզմիտի մէջ: Բլրակներուն վրայ, ուռենիներու ստուերին տակ, կանաչ մարգերուն մէջ, զոհերուն ծուխը կը բարձրանար, մատաղը կը պատրաստուէր…
Սեբաստիոյ թեմական առաջնորդը պատարագ կը մատուցանէր, «յաւուր պատշաճի» կը սրտապնդէր իր հօտը: Վանքին կամարներուն տակ, Հաֆիքի աշխատաւոր հայ գեղջուկը լսած էր Պետրոս Եպիսկոպոսին, զառացի Մովսէս վարդապետին, Եգիպտոսի առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոսին եւ նամանաւանդ՝ յեղափոխական ջղուտ գործիչ ողբացեալ Շաւարշ Վարդապետ Սահակեանին: Վանքի կամարներէն դուրս խորունկ երկիւղածութեամբ ժողովուրդը կը լսէր նաեւ օրուան բանախօսները, մէկը միւսէն հետաքրքրիր:
Օսմանեան Սահմանադրութենէն վերջ, Մուրատի յեղափոխական դպրոցը, նոր սերունդն ու մտաւորականութիւնը առանձին փայլով եւ մեծ շքեղութեամբ կը տօնէր Վարդավառը, հեթանոս սովորութեան մէջ դնելով հայ ժողովուրդի քաղաքական ազատութեան նոր դաւանանքը:
Աննման օրեր էին այդ օրերը, երբ կրօնական վեհափառութիւնները պատուաստուած էին քաղաքական նուիրական ազատութեան գաղափարով:
Զանգուածային խրախճանքը կ՚երկնէր: Շուրջպարը կը սկսէր: Գիւղ առ գիւղ, երիտասարդները՝ առանձին, հարս ու աղջիկ՝ առանձին, դալարագեղ լեռնահովիտին վրայ քնարի, սազի եւ ուտի ախորժալուր նուագին տակ կ՚երգէին ու կը պարէին անհոգ: Վանքն ու սպիտակաւուն պարիսպները այլեւս չէին լար իրենց ամայութիւնը: Կեանք, խինդ ու ցնծութիւն՝ սար ու ձոր կը լեցնէր: Ծանօթ գիւղացիներ ու քաղաքացիներ կ՚այցելէին իրարու, աղն ու մատաղը միասին կ՚ուտէին, կ՚երգէին ու կը զուարճանային:
Տարամերժ, խուժադուժ կարգ մը պախարակելի սովորութիւններ կային, որ կը խաթարէին տօնի հմայքն ու ժողովրդական բերկրանքը: Հասարակ, պարզ ու անմեղ երեւոյթներ, յաճախ գիւղամիջեան ու եղբայրասպան կռուի կը փոխուէին: Քաղաքի կամ գիւղի երիտասարդութիւնը իրաւունք չունէր ծարաւի աչքերով դիտելու մէկ ուրիշ գիւղի մանկամարդ հարսներն ու դարպասելու, մանաւանդ, անոնց շուրջպարի մասին խորհրդածութիւններ ընելու, դիտելու նոյնիսկ: Կը յիշեմ անգամ մը, սեբաստացի լուսանկարիչ մըն էր եկած գեղջուկ պարուհիներու խումբ մը նկարելու համար, հայկական տարազի ուսումնասիրութեան տենչէն մղուած: Համապատասխան գիւղի երիտասարդութիւնը քար ու քօղով, փայտ ու փցարով թափուեցան յանդուգն լուսանկարչին վրայ, ջարդ ու փշուր ըրին գործիքն ալ, ապակիներն ալ, իր կողերն ալ… Քիչ մնաց լինչի դատաստանին ենթարկուէր: Երեք օր, երեք գիշեր անդադար կը տօնուէր Վարդավառը:
Բացի Սուրբ Հրեշտակապետէն, կային բազմաթիւ երկրորդական սրբավայրեր եւ ուխտավայրեր, ուր հայ ջերմեռանդ գիւղացին խունկ ու մոմ կը վառէր անոնց առջեւ, յոյս ու շնորհք կը խնդրէր եւ քուրջի կտոր մը կը խցկէր խաչքարի ծակոտիներուն մէջ: Կովտնի Սուրբ Կարապետը, Խորսանայի Սուրբ Աստուածածինը, Հէյիկը, Սուրբ Թորոսը, Խանծառի Սուրբ Վառվառը, Ղավրազի Սուրբ-Տիկը, Կավրայի Կապուտ խաչը, ամենօրեայ տօնախմբութեան մուրազատուր սրբարաններն էին ո՛չ միայն հայ, այլեւ շրջակայ զլպաշներուն համար:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ
Նահանգի ժողովուրդը, ստուար մեծամասնութեամբ, հողագործութեամբ կը զբաղէր: Օրհնուած էր կեանքը հոն: Ջրարբի դաշտեր, դալարագեղ հովիտներ, դալարուն ձորեր, բարձրաբերձ սարեր, մարգեր ու անտառներ սփռուած աջ ու ձախ՝ բնութեան սիրով կը դիւթէին մարդկային էակը:
Ամէնուրեք հո՛ղն էր, որ կը խօսէր, հո՛ղն էր, որ կ՚երգէր եւ կը պարտադրէր: Հողն ու մարդը փոխադարձ անդաւաճան իրաւունքներ ու պարտականութիւններ ունէին միմեանց հանդէպ, եւ Սեբաստիոյ մէջ հողն ու հողագործութիւնը ամէն ինչ էր: Հացի պայքար, գոյութեան կռիւ, գործադուլ ու տնտեսական տագնապ, սով եւ երաշտ խորթ էին այս շրջանին համար: Ամբարներն էին լիքն ու խոր, հացը՝ առատ ու փրփրադէզ տաշտերուն մէջ: Մէկ կ՚աշխատէր, տասը կը կշտանար:
Գիւղացին ըլլալով եղանակներու զաւակը՝ ստիպուած էր պատշաճիլ կլիմայական պայմաններուն: Սեբաստիոյ կլիման տարօրինակ կերպով շատ փոփոխական էր: Հիւսիսային եւ արեւելեան մասերուն մէջ ձմեռը երկար, ամառը կարճ էր, իսկ հարաւային եւ արեւմտեան մասերուն մէջ, ընդհակառակը, ամառը երկար, ձմեռը կարճ: Ցուրտ կ՚ընէր 0-էն մինչեւ 25-30 աստիճան վար: Ձիւն կը նստէր մարդահասակ, ճար ու ճամբայ, դուռ ու երդիք կը գոցէր: Ճանապարհորդները շատ յաճախ կը մոլորէին եւ կոչնակ զարնել կու տային գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ:
Մշակելի հողը գրեթէ ամբողջութեամբ սեւահող էր: Կրային հողերը շատ չնչին քանակութիւն կը կազմէին:
Գիւղացին գիւղատնտեսական կատարելագործուած ձեւերուն ի սպառ անծանօթ էր: Վար ու ցանքը, կալ ու կուտ կ՚ընէր խիստ նախնական յետամնաց գործիքներով: Ալիսի վերին հովիտի ամբողջ գիւղախումբը չէր գիտեր գութանի գործածութեան եղանակն ու առաւելութիւնները: Միմիայն Օսմանեան Սահմանադրութենէն յետոյ էր, որ երկիր պտտած, փորձառու ու իրատես մարդիկ տուն վերադարձան եւ իրենց հետ բերին նորանոր գիտելիքներ, ճանաչողութիւններ եւ առեւտրական կապեր ստեղծեցին, գործիքներ փոխադրել տուին եւ որոշ յեղաշրջում յառաջ բերին իրենց դարաւոր անխաթար կենցաղին մէջ: Չկար քոոփերաթիֆ-միութիւն գիւղատըն-տեսական գործիքներու համար:
Չկար գիւղատնտեսական դրամատուն՝ փոխադարձ օգնութեան ու վարկային մարմիններ, երկրագործական միութիւններ եւ այլ օժանդակ հաստատութիւններ՝ գիւղացիին սատարող, անոր վիճակը թեթեւցնող: Անհատական նախաձեռնութիւնը հիմքն էր ամէն բանի:
Հողի պարարտութիւնը անհրաժեշտութիւն չէր սեպուած: Ամէն ինչ Աստուծմէ կը սպասուէր: Երկինքի որոտն ու անձրեւը անոր ջրանցքներն ու ջրամբարներն էին: Գետերը կը հոսէին, առուները կը քրքջէին, աղբիւրները կը գլգլային իրենց բնական ճամբով, կանաչ արտերուն ու դաշտերուն մէջէն, առանց օգտագործուելու, առանց ճիւղաւորուելու բահերու փոսին մէջ: Հազուագիւտ երեւոյթ մըն էր արհեստական պարարտացման դիմելը: Կը պարարտացնէին միմիայն այն ժամանակ, երբ իրենց սպասած վարդերէն փուշեր կը բուսնէին: Հողի բնական պարարտութիւնը անվիճելի էր: Գիւղացին ո՛չ միայն կը ցանէր իր ընտանիքի առօրեայ կարիքներուն գոհացում տալու, այլեւ բան մը աւելի փոխանակութեան, շրջաբերութեան մէջ դնելու համար: Մեծ մարագներու, մութ ամբարներուն մէջ գիւղացիի դրամագլուխը անսպառ ու անշարժ կը սպասէր նեղ օրերուն չարխափան հրեշտակի պէս:
Ցաւալի երեւոյթ էր ամբողջ նահանգին մէջ հողի ցրուածութիւնը: Գերանդին ուսին, գիւղացին ահագին ճամբայ պիտի կտրէր մէկ արտէն միւսը երթալու համար: Ժամանակի կորուստ եւ յոգնութիւն: Անշուշտ, այդպիսի պայմաններու մէջ կանոնաւոր տնտեսութիւն դժուար էր ստեղծել: Եթէ ատոր վրայ աւելցնենք փոքր գիւղերու շղթայ մը՝ թառած ծմակներուն մէջ, որ համայնական աշխատանքներու կազմալուծման պատճառ կը դառնար, մօտաւորապէս կը պարզուի գիւղական վէրքերու ամբողջութիւնը:
Հանքային ջուրերը առանձին ուշադրութիւն կը գրաւէին: Փրփացայտ ու վճիտ աղբիւրներ կը հոսէին եւ իրենց թովիչ մրմունջներով կու տային դիւթական տեսք մը: Ջուրը հիւանդի դեղ էր: Այս անկապտելի բարիքներէն քիչեր կ՚օգտուէին, որովհետեւ իրենց սովորական ամենօրեայ կեանքը, հովերուն ու զովերուն մէջ ամարանոց մը, ջերմուկ մըն էր: Քաղաքացիները հեռաւոր տեղերէ կ՚երթային քանի մը շաբաթ կազդուրուելու, բուժուելու: Մանաւանդ սեբաստացին, սովորութիւն ունէր գունդ առ գունդ ջերմուկ երթալու, ընտանիքով, երեխաներով եւ անհրաժեշտ կարգ ու սարքով: Ջերմուկները կը գտնուէին Սեբաստիայէն քսան եւ ութ քիլօմեթր հեռու, Եըլտըզ գետի մօտ:
Ղանղալ գաւառակին մէջ երեք հանքային աղբիւրներ կային, որ կը կոչուէին Ույուզ-Ջերմիկ եւ գիւղացիք իրենց լուացքը հոդ կ՚ընէին եւ հիւանդոտ կենդանիներն ալ այդտեղ լոգանք մը կը ստանային եւ կը բուժուէին: Իսկ Երլանճի ջերմուկը խիստ ազդու էր ամէն տեսակ վէրքերու համար:
Հռչակաւոր էին Ղավզայի տաք ջերմուկները, որոնք կը յիշեցնէին Էրզրումի Ըլըճան: Ամառը այդ փոքրիկ սիրուն աւանը ուխտատեղի մը կը դառնար օդափոխութեան համար: Ամէն կողմէ կ՚երթային հոն իրենց կորսնցուցած եւ յոգնած ուժերը վերստանալու: Ջուրը շատ ալքալի կը պարունակէր եւ իբր դեղ ալ կը գործածուէր: Անկէ ոչ հեռու կար Սուլու Սէլէ անունով տաք ջերմուկ մը եւս, Ամասիոյ սանճագին մէջ, որուն ջուրը իբրեւ լուծողական կը գործածէր շրջակայ բնակչութիւնը:
Սեբաստիան ո՛չ միայն կեդրոն էր արմտիքի եւ զուտ գիւղատնտեսական բոյսերու, այլեւ քաղաքային որոշ արդիւնաբերութեան, որուն մէջ հայ արհեստաւորն ու հայ վաճառականը մեծ բաժին մը ունէին:
Քաղաքի հայ բնակչութիւնը կը բաղկանար մեծ մասամբ հայ արհեստաւորներէ, մանր առեւտրականներէ եւ սեղանաւորներէ: Խոշոր դրամատէր դասը փոքր թիւ մը կը կազմէր: Կարգ մը արհեստներ, երկաթագործութիւն, գորգագործութիւն, ներկարարութիւն, թիթեղագործութիւն, անագագործութիւն (ղալայճի), ստացած էին տեղական կերպարանք եւ հռչակ, շնորհիւ հայ տաղանդաւոր արհեստաւորներու: Յատուկ դաս մըն էին նաեւ հայ մսագործները, յաղթանդամ, թիկնեղ, բարձրահասակ եւ դիւրաբորբոք: Մեծ համբաւ ունէին Սեբաստիոյ դանակագործները, ինչպէս Վանի ոսկերիչները՝ իրենց զանազան նուրբ ու գեղեցիկ քանդակներով, զարդերով: Անոնց գործերը առանց վարանման եւրոպական շուկաները կարելի էր արտածել եւ ցուցահանդէսներու մէջ ներկայացնել: Նմանապէս գորգերը՝ գոյներու նկարչական ներդաշնակ հիւսուածքներով պճնուած:
ՏԱՐԱԶԸ
Տարազը բնաշխարհի ժողովուրդի հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն էր: Ամբողջ գաւառակի հայութիւնը, չնչին տարբերութեամբ, միատեսակ կը հագնէր: Կիներու, ինչպէս եւ այրերու հագուստը, ըստ տարիքի, որոշ բարեփոխութեան կ՚ենթարկուէր: Տարեց կիները կը կրէին շրջազգեստ մը, վերէն վար, գլուխնուն կարմիր ափուխ եւ պոպոզով տափակ ֆէս մը, առանց սեթեւեթի, ոտքերուն ալ տրեխի պէս սեւ կաշեայ մէսեր: Ջահել հարսերն ու աղջիկները կը կրէին գոյնզգոյն էնթարի մը, որ երեք փէշ ունէր եւ ճիւղաւորումը մէջքէն կը սկսէր. մէկ փէշը կը տարածուէր ետեւի կողմը՝ մէջքէն մինչեւ սրունքները, իսկ երկու փէշերը՝ քովնտի կու գային եւ կը միանային փորին վրայ, որ գոգնոցով կը ծածկուէր: Ներքուստ կը հագնէին կտաւեայ հաստ գունաւոր շապիկ մը մինչեւ ծունկերը եւ կրծկալ մըն ալ իրենց կուրծքին, որ բաճկոնակի շրթունքներուն միացած կ՚ըլլար եւ կը հասնէր մինչեւ մէջքը: Գլուխնին զարդարուած կ՚ըլլար դեղին փլազարդ ափուխով մը, որ ճակտի կողմը կը միանար պոպոզին եւ կը նետուէր ետ, պաշլըխի մը թեւերուն պէս: Ծամերնին հիւսկէններու վերածած եւ խսիր շինած, թելերով խնամքով մը կը բաժնուէին եւ կը միանային երկու շահպաղիներու, որոնք ականջներուն տակէն՝ ուլունքազարդ դէպի մէջքը կը նետուէին երկու սեւ փունջերով ծեքծեքուն: Կը սանտրուէին միատեսակ եւ վարսերու սեւ անտառին մէջ, քթին ուղղահայեաց, ակօս մը կը ձգէին, մինչեւ գլուխի գագաթը: Ճիտերնուն շէտտէ մը, ուլունքով ու թրքական արծաթ չէյրէքներով պճնուած, ականջնուն օղեր, մատներուն՝ մատանիներ: Բարակ գօտի մըն ալ կը կապէին, որուն վրայ ուլունքը անպակաս կ՚ըլլար: Արդուզարդի հիւրընկալ օրերուն, թեւերուն ապակիէ եւ արծաթէ թեւնոցներ կը դնէին, որոնք քայլելու ժամանակ կը շխրտային:
Դաշտային աշխատանքէ դուրս, կանացի ամենաժողովրդական ոտնամանն էր փապուճը, որ տակը փայտ, վրան՝ մատներուն մասն ալ քիչ մը կաշիով ծածկուած կ՚ըլլար: Կը հագնէին բուրդէ գուլպաներ, կարճ ու թանձր, ճիշդ արանց գուլպաներուն պէս: Աղջիկները կը հագնէին նոյն ձեւով, չնչին տարբերութեամբ, հարսերը պոպոզ ու ափուխ կը գործածէին իրենց գլուխին, մինչդեռ աղջիկները՝ արծաթ դրամներով պճնուած արախչին:
Տղամարդոց հագուստը աւելի պարզ էր: Գարուն եւ ձմեռ անոնց ոտնամանը տրեխն էր: Գոյնզգոյն գուլպաներուն եւ տիզլիկին վրայ սրունքներուն կը փաթթէին պճնազարդ սոլախներ, ձմեռն ալ կը գործածէին սեւ կաշիէ չամուրլուքներ, ռուսական փոթիններուն պէս, ցեխէն ու ձիւնէն պատսպարուելու համար: Անխտիր ֆէս կը դնէին եւ ափուղ մը ոլորուն՝ անոր շուրջը կը փաթթէին: Ետեւը պոչ մը կը ձգէին, չալմա կը կապէին:
Եւրոպական հագուստէն սաստիկ կը խրտչէին եւ հեգնանքի կ՚ենթարկուէին: Օտար երկիր պանդխտած հայրենակիցներ, եթէ շուտով չփոխէին իրենց տաբատն ու ճաքէթը, «չաթալ չաքիւչ», «քաղքցի» կը յորջորջուէին եւ կը հեգնուէին ամէն տեղ:
Ընդհանուր գիծը թէ՛ արանց եւ թէ՛ կանանց հագուստի, խայտաբղէտութիւնն էր: Ոտքէն մինչեւ գլուխ հագուստը գոյներու բաղադրութիւն մըն էր: Միապաղաղ գոյնով հագուստը ճաշակին գոհացում չէր տար: Որքան մոլի էին սեթեւեթի, զարդարանքի, նոյնքալ ալ պարթեւահասակ եւ շնորհալի էին: Կիները գեղեցիկ չէին, բայց դուրեկան պոյ ու պոս ունէին եւ առողջ էին, իսկ տղամարդիկ համեմատաբար աւելի գեղեցիկ էին, երկար ու թիկնեղ, ուժեղ եւ կտրիճ: Ալիսի վերին հովիտի մէջ, յատկապէս, աչքի կ՚իյնային աղտեցիք ու կովտնցիք, խորսանացիք ու խածառցիք:
Հասակաւորներէն շատ քիչեր բախտ կ՚ունենային Երուսաղէմ երթալու եւ «հաճի» դառնալու: Երուսաղէմ երթալու ցանկութիւնը ամէն ծերունիի սրտին մէջ կ՚ապրէր, բայց հեռւ էր եւ մեծ ծախսերու հետ կապուած:
(Քաղուած Վահան Համբարձումեանի «Գիւղաշխարհ»էն, տպուած Փարիզ, 1927)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան