ԱՐՏԱԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ…

Հա­յաս­տա­նէն Ար­ցախ տա­նող ճամ­բան լի է բազ­մա­զան մտո­րում­նե­րով: Ճա­նա­պար­հը եր­կար է ու զայն խո­հե­րու կը մղէ՝ ի՞նչ կորսն­ցու­ցինք եւ ի՞նչ շա­հե­ցանք ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տէն ետք, ո՞րն է գաղտ­նի­քը Ար­ցա­խի ան­սահ­ման հմայ­քին, ին­չո՞ւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սիր­տը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ջեր­մու­թեամբ մը կը տրո­փէ, երբ կը լսէ հա­յոց հնա­մե­նի այս երկ­րին ա­նու­նը: Ար­դէն Ար­ցա­խի մէջ, շատ մը հար­ցե­րու պա­տաս­խան­ներ կը գտնես, կը հա­մո­զուիս, որ այս հո­ղին վրայ Աս­տու­ծոյ աչ­քը մըշ-տար­թուն է։ Ար­ցա­խի մէջ բնա­կող մար­դիկ են երկ­րին ա­մե­նէն մեծ հարս­տու­թիւ­նը, որ ան­սահ­ման ուժ կը հա­ղոր­դեն հո­ղին, ո­րու վրայ հայ­կա­կան երկ­րորդ պե­տու­թիւ­նը կը կեր­տէ իր նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը:

Ար­ցա­խի մէջ կը ծա­նօ­թա­նանք ա­մե­նէն տար­բեր մար­դոց՝ մտա­ւո­րա­կա­նէն մին­չեւ շի­նա­կան, հո­գե­ւո­րա­կա­նէն մին­չեւ զի­նուոր: Ա­նոնք բո­լո­րը հպար­տու­թեամբ կը խօ­սին Ար­ցա­խի մա­սին եւ հա­մո­զուած են, որ հա­յոց հնա­մե­նի այս երկ­րի ա­պա­գան ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ է եւ ի­րենց՝ հոն մնա­լով կը զօ­րա­նայ ան, որ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց ճա­կա­տագ­րի ան­բա­ժան մասն է:

Մեր բո­լոր ծա­նօ­թ­­նե­րու կար­գին կայ մէ­կը, որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կը յու­զէ մե­զ, եւ Ար­ցախ գտնուե­լու բո­լոր օ­րե­րուն հա­ճե­լի ու ան­սո­վոր ի­րա­րան­ցում մը կը յա­ռա­ջաց­նէ մար­դու ներ­սը: Կը ծա­նօ­թա­նանք ոչ-սո­վո­րա­կան այս մար­դուն հետ, ո­րուն մա­սին լսած էինք բազ­միցս, բայց մօ­տէն շփուե­լու եւ ա­նոր կեան­քը տես­նե­լու ա­ռի­թը չէինք ու­նե­ցանք:

Ան Ար­տակ Բեգ­լա­րեանն է: Ստե­փա­նա­կերտ­ցի 27-ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ մը, ո­րուն հա­մար պա­տե­րազ­մը եւ կեան­քի խո­չըն­դոտ­նե­րը շատ կա­նուխ սկսած են, տա­կա­ւին երբ ինք չորս տա­րե­կան էր: Ա­նոր հայ­րը, տաս­նեակ այլ ար­ցախ­ցի տղոց հայ­րե­րուն նման, մեկ­նած է պա­տե­րազ­մի դաշտ, ուր զո­հուած է: Այ­նու­հե­տեւ Ար­տա­կ իր մոր­թին վրայ զգա­ցած է պա­տե­րազ­մի ի­րա­կան դէմ­քը: Երբ, 1995 թուա­կա­նին, վեց տա­րե­կան էր, շէն­քին բա­կը ըն­կեր­նե­րուն հետ զար­մա­նա­լի ու ան­ծա­նօթ «խա­ղա­լի­ք» մը գտած է եւ մա­նու­կի պրպտու­մով փոր­ձած է տես­նել, թէ ի՞նչ կայ ա­նոր մէ­ջ: Բայց «խա­ղա­լի­քը» պայ­թած է եւ Ար­տա­կը, դէմ­քին ու մարմ­նին վրայ վնա­սուածք­ներ ստա­նա­լով, կորսն­ցու­ցած է իր տե­սո­ղու­թիւ­նը: Մա­նուկ­նե­րու հա­մար այդ ան­ծա­նօթ ի­րը մէկն էր ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի բազ­մա­թիւ չպայ­թած ա­կան­նե­րէն, ո­րոնք ցի­րու­ցան ե­ղած էին բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ, եւ ո­րոնք խա­ղաղ օ­րե­րուն նոյն­պէս բա­զում կեան­քեր խլած են:

Ար­տակ Բեգ­լա­րեա­նի հա­մար կեան­քը, այդ ճա­կա­տագ­րա­կան օ­րէն ետք, բաժ­նուած է եր­կու մա­սի՝ ա­կա­նէն ա­ռաջ եւ ա­կա­նէն ետք: Ա­կա­նէն ետք ան ու­նե­ցաւ բո­լո­րո­վին այլ ճա­նա­պարհ մը, այլ ըն­թացք մը, որ վստա­հա­բար պի­տի չու­նե­նար, ե­թէ ինք ա­չա­զուրկ չըլ­լար: Կու­րու­թիւ­նը ուժ տուած է ա­նոր՝ ը­նել ա­ւե­լին եւ հաս­նիլ ա­ւե­լիին: Մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ար­տակ ը­սաւ, որ կորսնց­նե­լով իր ի­րա­կան տե­սո­ղու­թիւ­նը, ինք ձեռք բե­րած է հո­գե­ւոր տե­սո­ղու­թիւն մը, որ հա­ւա­նա­բար ա­մէն մար­դու տրուած չէ: Եւ այդ հո­գե­ւոր տե­սո­ղու­թիւ­նը, զոր ան կը կրէ եւ ո­րով կ­­ապ­րի, ա­ւե­լի ընդգր­կուն է եւ խո­րունկ, ա­ւե­լի լայն ներ­քին տա­րածք­ներ եւ մե­զի հա­մար ան­տե­սա­նե­լի հո­րի­զոն­ներ կը բա­նայ իր տի­րո­ջը առ­ջեւ:

Վեց տա­րե­կա­նին ար­դէն ան­սո­վոր ու­ժով մը օժ­տուած է փոք­րիկ տղան: Ան մեծ ջան­քե­րու եւ կամ­քի շնոր­հիւ սո­րված է գրել, կար­դալ, ճատ­րակ խա­ղալ, եր­գել, պա­րել, լո­ղալ, մար­մնա­մար­զով զբա­ղիլ, յաղ­թած է ման­կա­կան ու պա­տա­նե­կան մրցոյթ­նե­րուն:

Իր կեան­քէն եւ ու­սում­նա­ռու­թեան տա­րի­նե­րէն ո­րոշ ման­րա­մաս­ներ յայտ­նե­լով մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին՝ Ար­տակ Բեգ­լա­րեան ը­սաւ, որ 2006-2010 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ ու­սա­նած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Քա­ղա­քա­գի­տու­թեան բաժ­նէն ներս, այ­նու­հե­տեւ՝ նոյն հա­մալ­սա­րա­նի Բա­խում­նա­բա­նու­թեան բաժ­նին մէջ ամ­բող­ջա­ցու­ցած է մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը: Ար­տակ ու­սա­նած է նաեւ Հու­նաս­տա­նի Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­ղեք­սանդ­րիոյ ա­նուան Ար­հես­տա­գի­տա­կան կրթա­կան կա­ճա­ռի եր­դի­քին տակ, Լոն­տո­նի Հա­մալ­սա­րա­նա­կան գո­լէ­ճին մէջ, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Թաֆթս հա­մալ­սա­րա­նի Ֆլեթ­չը­րի Ի­րա­ւուն­քի-դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դպրո­ցէն ներս: Ան ստա­ցած է քա­նի մը մաս­նա­գի­տու­թիւն՝ դի­ւա­նա­գէտ, քա­ղա­քա­գէտ, գոր­ծա­րար-կա­ռա­վա­րիչ, լրագ­րող, հան­րա­յին կա­պե­րու փոր­ձա­գէտ ե­ւայլն:

Ար­ցախ վե­րա­դառ­նա­լով՝ Ար­տակ Բեգ­լա­րեան 2012 թուա­կա­նին նշա­նա­կուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պե­տի օգ­նա­կան, իսկ 2013-ին՝ վար­չա­պե­տի մամ­լոյ խօս­նակ, վար­չա­պե­տա­րա­նի հան­րա­յին կա­պե­րու պա­տաս­խա­նա­տու եւ վար­չա­պե­տի ճա­ռա­գիր եւ կեր­պա­րա­նաս­տեղծ:

Այ­սօր, հա­ւա­նա­բար, Ար­տա­կ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պե­տա­րա­նի սիրտն է, տրո­փող ե­րա­կը: Ա­նոր մօտ կ­­ու գան կամ ի­րեն կը հե­ռա­ձայ­նեն ո՛չ միայն մա­մու­լին եւ տե­ղե­կա­տու­թեա­ն վե­րա­բե­րող հար­ցե­րով, այ­լեւ ա­մե­նա­զա­նա­զան խնդիր­նե­րով, ո­րոնց ան կը ջա­նայ լու­ծում գտնել: Ար­տա­կը միշտ ա­ւե­լին գի­տէ եւ ու­նի աշ­խա­տան­քի յստակ գոր­ծե­լա­կերպ, որ կը տար­բե­րի այլ պաշ­տօ­նեա­նե­րու գոր­ծե­լաո­ճէն:

Մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին կ­­՚ը­սէ, որ դուր­սի եր­կիր­նե­րը՝ լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ ստա­ցած իր կրթու­թիւնն է, որ հնա­րա­ւո­րութիւն կ­­ու տայ ու­րիշ աչ­քով նա­յիլ խնդիր­նե­րուն, ա­րագ վեր­լու­ծել եւ լուծ­ման ա­ւե­լի կարճ ու յստակ ճա­նա­պարհ­ներ գտնել: Անց­նե­լով լա­ւա­գոյն կրթա­կան հա­մա­կար­գով եւ քսա­նէ ա­ւե­լի տա­րի զբա­ղե­լով նաեւ ինք­նակր­թու­թեամբ՝ Ար­տակ Բեգ­լա­րեան հա­մո­զուած է, որ բարձ­րո­րակ կրթու­թիւնն է երկ­րի զար­գաց­ման միակ գրա­ւա­կա­նը: Ան ա­մէն ինչ կ­­՚ը­նէ, որ­պէս­զի ար­ցախ­ցի երի­տա­սար­դը զգայ կրթու­թեան ար­ժէ­քը եւ ստա­նայ իր ժա­մա­նա­կի լա­ւա­գոյն կրթու­թիւ­նը:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ար­տակ Բեգ­լա­րեան նշեց նաեւ, որ հա­կա­ռակ այն հան­գա­ման­քին, թէ ինք այ­սօր կ՚աշ­խա­տի պե­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ, ինք­զինք կը պատ­կե­րաց­նէ մաս­նա­ւոր աս­պա­րէ­զի մը մէջ, ուր ինք ամ­բող­ջա­կան ներդ­րում կ­­՚ու­նե­նայ տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման, կրթա­կան հար­ցե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ: Ա­ռայժմ իր ստա­ցած գի­տե­լիք­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կը կի­րա­ռէ վար­չա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գը կա­յաց­նե­լու մէջ:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րը, վար­չա­պե­տի ու վար­չա­պե­տա­րա­նի մա­սին ողջ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը կը թո­ղար­կուի կոյ­րե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րով մը, ո­րուն Ար­տակ լա­ւա­գոյնս կը տի­րա­պե­տէ եւ ա­մէ­նօ­րեայ լրա­տուու­թիւն կը տրա­մադ­րէ տես­նող մար­դոց: Բա­ցի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջէն, Ար­տակ Բեգ­լա­րեան նաեւ աշ­խա­տանք կը տա­նի ըն­կե­րա­յին մե­տիա­յի մէջ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Թուի­թը­րի մէջ ա­նոր է­ջը այ­սօր դար­ձած է Ար­ցա­խը դուր­սի աշ­խար­հին կա­պող ա­մե­նէն ա­րագ եւ ա­մե­նէն մեծ խո­ղո­վա­կը: Ան 4210 հե­տե­ւորդ ու­նի Թուի­թը­րէն ներս, մեծ մա­սը՝ ԱՄՆ-էն, այ­նու­հե­տեւ՝ Հա­յաս­տա­նէն, Գա­նա­տա­յէն, Մեծն Բրի­տա­նիա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Ատր­պէյ­ճա­նէն, Թուր­քիա­յէն: Հե­տե­ւորդ­նե­րը իր գրա­ռում­նե­րուն մի­ջո­ցաւ կը ծա­նօ­թա­նան Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նա­կան եւ ոչ-պաշ­տօ­նա­կան ան­ցու­դար­ձին: Ար­տակ Բեգ­լա­րեան նաեւ կը լու­սան­կա­րէ եւ մտա­դիր է բա­նալ ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր պի­տի ցու­ցա­դրէ կոյր մար­դու քա­շած լու­սան­կար­նե­րը:

Մեր զրու­ցա­կի­ցը չորս գի­տա­կան եւ շուրջ քա­ռա­սուն վեր­լու­ծա­կան յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ է: Երբ կը զրու­ցես ա­նոր հետ, կը հասկ­նաս, թէ խղճա­հա­րու­թիւն չէ որ կը զգաս, այլ՝ ի­րեն պէս ըլ­լա­լու, ձգտում ու­նե­նա­լու եւ նպա­տա­կին ու փա­փա­քին հաս­նե­լու իր կամ­քին պէս կամք ու­նե­ցող մէ­կը ըլ­լալ կը փա­փա­քիս: Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ ար­ցախ­ցի բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար Ար­տակ օ­րի­նակ կը ծա­ռա­յէ, յա­ճախ զինք մատ­նա­ցոյց կ՚ը­նեն իբ­րեւ ու­ժեղ եւ ան­կոտ­րում ո­գիի տէր անձ: Ինքն ալ իր փոր­ձով, գի­տե­լիք­նե­րով ա­ջա­կից է հայ ե­րի­տա­սար­դին եւ պատ­րաստ է զա­նոնք լսել ու օգ­նել ա­նոնց:

Ար­տակ Բեգ­լա­րեան կը շա­րու­նա­կէ զար­մաց­նել անխ­տիր բո­լո­րը՝ ծա­նօթ կամ ան­ծա­նօթ:

Ստե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան այ­գիին մէջ ան շաբ­աթը ան­գամ մը պա­րի բա­ցօ­թեայ դա­սե­րու կը մաս­նակ­ցի՝ ջա­նա­լով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն սո­րվեց­նել ազ­գագ­րա­կան ու ժո­ղովր­դա­կան պա­րեր: Կը վա­րէ հե­ծա­նիւ նոյն­պէս Ստե­փա­նա­կեր­տի փո­ղոց­նե­րուն մէջ: Ար­տակ կա­տա­կա­սէր է եւ իր կու­րու­թեան մա­սին կա­տակ­ներ կ՚ը­նէ, որ­պէս­զի դի­մա­ցի­նը նոյն­պէս հան­գիստ վե­րա­բե­րի իր կե­ցու­թեա­ն, չլե­ցուի խղճա­հա­րու­թեամբ, այլ իր մէ­ջը տես­նէ ո՛չ թէ տե­սո­ղու­թե­նէ զրկուած մէ­կը, այլ մարդ մը, որ ան­վերջ կ՚աշ­խա­տի եւ պատ­րաստ է իր փորձն ու գի­տե­լիք­նե­րը փո­խան­ցել ու­րիշ­նե­րուն:

Իսկ ա­նոր կեն­սագ­րու­թեան մէջ ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան դրուա­գը թե­րեւս այն է, որ Ար­տակ Բեգ­լա­րեան 2013 թուա­կա­նին բարձ­րա­ցած է Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թը: Ան դար­ձած է միակ կոյ­րը, որ յաղ­թա­հա­րած է այդ ահ­ռե­լի բար­ձուն­քը: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, որ լեռ­նագ­նա­ցու­թիւ­նը իր սի­րե­լի զբա­ղում­նե­րէն մէկն է, այ­սօր ալ ան ըն­կեր­նե­րուն հետ Ար­ցա­խի լեռ­նե­րը կը մագլ­ցի, բայց Ա­րա­րատ լե­ռը բարձ­րա­նա­լը միշտ ե­ղած էր իր ե­րա­զանք, եւ ան ի վեր­ջոյ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է այս փա­փա­քը: «Իմ այդ քայ­լով ու­զած եմ ցոյց տալ, թէ ֆի­զի­քա­կան խնդիր­նե­րը եւ հաշ­ման­դա­մու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ չեն, ե­թէ դուն ո­րե­ւէ ցան­կու­թիւն ու­նիս, կրնաս յաղ­թա­հա­րել բո­լոր խնդիր­նե­րը՝ կամ­քի ու­ժի, նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեան եւ բնա­ւո­րու­թեանդ այլ յատ­կա­նիշ­նե­րու շնոր­հի­ւ»: Եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ա­րա­րատ լե­ռը բարձ­րա­նա­լու ժա­մա­նակ ար­գի­լուած է խօ­սիլ՝ շնչա­ռա­կան խնդիր­ներ չու­նե­նա­լու նկա­տա­ռու­մով, բայց Ար­տակ Բեգ­լա­րեան նոյ­նիսկ եր­գած է։ «Ես կ՚եր­գէի ո­գե­ւո­րու­թե­նէն եւ ու­րա­խու­թե­նէն: Ա­րա­րատ լե­ռը ներշն­չան­քի լեռ է, որ ներշն­չում­ներ տուած է ին­ծի», ը­սաւ ան:

Իր բո­լոր ա­րարք­նե­րով Ար­տակ Բեգ­լա­րեան ա­պա­ցու­ցած է, որ հաշ­ման­դա­մու­թիւ­նը ոչ մէկ ար­գելք է: Տա­րի­ներ ա­ռաջ ան դի­մած է Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեա­ն կից գոր­ծող Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրոց՝ ու­սա­նե­լու, բայց մեր­ժում ստա­ցած է այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, թէ կոյր մար­դը չի կրնար ու­սա­նիլ եւ դառ­նալ դի­ւա­նա­գէտ: Ար­տակ Բեգ­լա­րեան դատ բա­ցած է Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրո­ցին դէմ, եր­կար պայ­քա­րած է՝ ա­պա­ցու­ցե­լով, որ կոյր մար­դը եւս ու­նի կրթու­թեան ի­րա­ւունք եւ ե­թէ ան կամ­քով կ՚ա­պա­ցու­ցէ իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ա­պա ոչ մէ­կը ի­րա­ւունք ու­նի զրկել զինք ուս­ման ի­րա­ւուն­քէն: Դժբախ­տա­բար, Ար­տակ Բեգ­լա­րեա­նին չէ յա­ջո­ղած հաս­տա­տել իր ի­րա­ւուն­քը, բայց ան վստահ է, որ օր մը ան­պայ­ման ինք կը ստա­նայ դի­ւա­նա­գէ­տի մաս­նա­գի­տու­թեան ի­րա­ւունք կո­յե­րու հա­մար: «Կոյ­րը կրնայ ըլ­լալ նաեւ դի­ւա­նա­գէտ, մի գու­ցէ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մէջ կան ո­րոշ աշ­խա­տանք­ներ, զորս ան չի կրնար կա­տա­րել, բայց ընդ­հա­նուր առ­մամբ, անհ­նար բան մը չէ», մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ Ար­տակ Բեգ­լա­րեան:

Տա­կա­ւին քսա­նեօթ տա­րե­կա­նին Ար­տակ Բեգ­լա­րեան կրցած է բա­ւա­կաին բուռն եւ հե­տաքրք­րա­կան կեանք մը ապ­րիլ եւ այ­սօր ալ, իբ­րեւ հան­րա­յին գոր­ծիչ, իբ­րեւ պաշ­տօ­նեայ, իբ­րեւ պար­զա­պէս ար­ցախ­ցի ե­րի­տա­սարդ մը, ան կը շա­րու­նա­կէ նոր ձեռ­նար­կ­­ներ կա­տա­րել: Ի­րեն մե­ծա­պէս կ՚օգ­նեն իր ըն­կեր­նե­րը կամ այլք, ո­րոնք կը հա­ւա­տան ոչ-սո­վո­րա­կան ու­ժով օժ­տուած այս ե­րի­տա­սար­դին: Մայ­րը, որ իր բո­լոր դժուար պա­հե­րուն նե­ցուկ կանգ­նած է ի­րեն, հե­ռա­ցած է կեան­քէն: Ար­տակ կը բնա­կի իր եղ­բօր հետ՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի ա­րուար­ձա­նա­յին շրջան­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ ի­րեն կը սպա­սէինք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մօտ։ Եղ­բայ­րը ինք­նա­շար­ժով բե­րաւ կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մօտ, այ­նու­հե­տեւ Ար­տակ, ա­ռանց ոե­ւէ մէկ օգ­նու­թեան մօ­տե­ցաւ շէն­քի մուտ­քին, բարձ­րա­ցաւ երկ­րորդ յարկ, բա­նա­լիով բա­ցաւ դու­ռը եւ սկսաւ իր ա­մե­նօ­րեայ աշ­խա­տան­քին: Իսկ աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ ի­րեն կը սպա­սէին բա­զում աշ­խա­տանք­ներ, զորս ան կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ իր պզտիկ աշ­խա­տա­կազ­մին հետ: Եւ այդ­պէս ա­մէն օ­ր…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015