ԿՐԿԻՆ ԽՍՏԱՑՈՒՄՆԵՐ

Աշխարհի մէջ ամէն օր նոր ու զանազան իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ աւերներ, պայթումներ, պատերազմական ոտնձգութիւններ, ներքաղաքական ճգնաժամի դրսեւորումներ, բայց մարդոց ուշադրութիւնը մէկ վայրկեան իսկ չի շեղիր քորոնա համաճարակէն, որ կը մնայ ոչ միայն այս՝ 2020 թուականի, այլ դարու իրադարձութիւնը, որ քանի մը ամսուայ մէջ վերափոխեց աշխարհը:

Եթէ կան երկիրներ, որոնք կը յայտարարուին որպէս քորոնա համավարակը յաղթահարողներ, ուրիշներ կը նկատուին իբրեւ մոլեգնումի նոր օճախներ: Մտահոգիչ լուրեր կը հասնին օրինակ՝ Սուրիայէն, ուր համավարակին սկիզբի ամիսները, ուրիշ երկիրներու հետ համեմատած, մխիթարական էր վիճակը: Մարտ, ապրիլ, մայիս ամիսներուն երբ աշխարհի մէջ կը մոլեգնէր համաճարակը, Սուրիոյ մէջ քանի մը հոգի էին միայն օրական վարակակիրները: Երկիրը գոցած էր սահմանները, կը պահպանուէին հակահամաճարակային խիստ կանոններ, բայց ահաւասիկ, օգոստոսին Սուրիոյ մէջ տարածուելու սկսաւ քորոնան: Օրական տասնեակ մահերը մտահոգիչ են, մտահոգիչ է նաեւ երկրին մէջ դեղանիւթերու, հակավարակային միջոցներու սակաւութիւնը: Մահացողներուն մէջ նաեւ հայեր կան…

Հայութեան ուշադրութիւնը այս անգամ կրկին ուղղուեցաւ դէպի Սուրիա, դէպի հայկական համայնք, յայտարարութիւններ կատարուեցան համայնքին ձեռք մեկնելու, այնպէս ինչպէս պատերազմի ամենաթէժ օրերուն էր:

Չինաստանէն սկիզբ առած քորոնա համավարակը ութ ամսուայ մէջ ոչ մէկ սահման ճանչցաւ: Ան սողոսկեց բոլոր ծակուծուկերէն, բոյն դրաւ հոն, ուր նոյնիսկ սպասելի չէր: Չինաստանի մէջ սկիզբ առաւ, բայց այնպիսի տպաւորութիւն մը կայ, որ վարակին ընթացքը կը կառավարեն ուրիշ գերտէրութիւններ: Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ միայն երկու տարիէն կարելի կ՚ըլլայ խօսիլ աշխարհի մէջ քորոնա վարակի յաղթահարման մասին: Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյց յայտարարած է, որ համավարակը կարելի կ՚ըլլայ կասեցնել միայն երկուքուկէս տարի վերջ: Ան ըսած է, որ հարուստ աշխարհը կը յաջողի կասեցնել վարակը 2021 թուականի վերջաւորութեան, իսկ աշխարհը ընդհանուր առմամբ կը յաղթահարէ զայն մինչեւ 2022 թուականի վերջը: Կէյց նաեւ զգուշացուցած է, որ աշխարհը մէկ անգամէն նոյնը չի դառնար. «Տարիներ կ՚անցնին, մինչեւ մենք վերադառնանք այն վիճակին, որուն մէջ կը գտնուէինք 2020 թուականին սկիզբը»։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ քորոնային հետ առընչութեամբ աշխարհի մէջ «խաղաղութիւն» կրնայ ըլլալ եւս մէկ փոթորիկէ ետք, այդպէսով ակնկալելով երկրորդ ալիքին մասին: Միջազգային այդ կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ աշխարհի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը տակաւին կը գտնուի քովիտով վարակուելու վտանգաւոր երկիրներու մէջ։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմապերպութեան տուեալներով, քովիտով վարակուած է միայն աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 10 տոկոսը, որ բաւարար չէ հաւաքական ախտամերժութեան համար: Վարակման ամենավտանգաւոր գօտիներուն մէջ կը շարունակուին գտնուիլ առողջապահութեան ոլորտի աշխատակիցները, անոնց շարքերուն մէջ տակաւին բարձր է վարակակիրներուն ցուցանիշը, որ մտահոգիչ է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի պայքարը քորոնայի դէմ. Լոս Անճելըսի իշխանութիւնները սկսած են կեցնել ջուրն ու ելեկտրականութիւնը այն տուներուն մէջ, ուր քորոնա համավարակին պայմանները անտեսելով երեկոյթներ կը կազմակերպուին մեծ թիւով հիւրերու մասնակցութեամբ: Այդ միջոցը կիրարկելու պարտադրանք ունեցած են վարակման դէպքերու թիւի աճին պատճառով:

Եթէ մէկ-երկու ամիս առաջ Սպանիան, Ֆրանսան կը դիտուէին որպէս համաճարակը յաղթահարելու ճամբուն կեցած երկիրներ, այսօր այդ երկիրներուն մէջ սկսած է համաճարակային վիճակը կրկին վատթարանալ: Ֆրանսայի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին վարչապետ Ժան Քասթեքս յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ քորոնա վարակի շուրջ 2 հազար նոր դէպքը մտահոգիչ է այն պարագային, երբ երեք շաբաթ առաջ, մէկ օրուան ընթացքին հաստատուած դէպքերուն թիւը չէր անցներ հազարը:

Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կրկին սկսած են խստացումները, մարդոց կոչ ուղղուած է կրկին «քաշել գօտիները»: Մինչ Եւրոպայի այս հատուածին մէջ տակաւին վախերու մէջ են, Գերմանիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ կրկին փողոց ելած են՝ համավարակային խստացումները դաւադրութիւն համարելով եւ պահանջելով դադրեցնել որոշ սահմանափակումներ:

Գերմանիոյ մէջ ցուցարարները գոչած են. «Մենք ենք երկրորդ ալիքը», «Դիմադրութիւն»: Հակառակ ատոր, Գերմանիան ճանչցուած է որպէս ապահով երկիր, որ բարեյաջող կերպով յաղթահարած է ուժգին ալիքը:

Բայց Եւրոպայի մէջ այս պահուն միայն Զուիցերիան է, որ ամբողջապէս նկատուած է իբրեւ ամենաապահով երկիր՝ քոնորա վարակի տարածման դէմ պայքարի միջոցներուն մեծամասնութեան չեղարկումէն ետք: Ապահովներուն հնգեակը զբաղեցուցած են նաեւ Իսրայէլը, Սինկափուրը եւ Ճաբոնը: Ճաբոնի մէջ բժիշկներն ու մասնագէտները ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ ընտանի կենդանիներու առողջութեան եւ ստուգելով մեծ թիւով ընտանի կենդանիները, քորոնա վարակ բացայայտած են երկու շան մօտ, որոնք կը պատկանին տարբեր տէրերու: Տէրերուն մօտ այդ վարակը աւելի վաղ հաստատուած է:

Այսօր այս հարցերով զբաղող ճաբոնական ընկերութիւնը հոգ կը տանի քսանինն շան, տասներկու կատուի եւ մէկ նապաստակի, որոնց տէրերը վարակակիր եղած են:

Աշխարհի մէջ կը շարունակուին ուսումնասիրութիւնները քորոնայով վարակուած մարդոց միջեւ:

Պարսելոնայի, Սպանիա, համալսարանին եւ Պրազիլի Քամպինասի համալսարանի գիտնականները կապ գտած են քորոնայով վարակուելուն եւ արեան տեսակի գործօնին միջեւ:

Մասնագէտները այս տուեալը հաստատելու համար ուսումնասիրած են համաճարակին զարգացումը 126 երկիրներու մէջ եւ տեսած են, որ վարակի աճ եղած է այն պետութիւններուն մէջ, ուր կան մեծ թիւով արեան բացասական Rh գործօն ունեցող բնակիչներ: Այդ երկիրներն են՝ Աւստրալիա, Աւստրիա, Պրազիլ, Նիւ Զելանտա, Սպանիա, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Ուսումնասիրութիւններէն մէկը այն է, որ Քովիտ-19-ը կ՚ախտահարէ ոչ միայն շնչուղիները, այլ նաեւ ուղեղը եւ կեդրոնական նեարդային համակարգը: Բժիշկները յայտնած են, որ ամէն մէկ վարակակիր, որ քորոնաժահրի նոյնիսկ թեթեւ ձեւը կրած է, փոփոխութիւններ ունի ուղեղին մէջ: Այդ մէկը մանաւանդ կը հաստատեն քովիտի այն ախտանիշները, ըստ որոնց հիւանդներուն մեծ մասը կը կորսնցնէ համի եւ հոտառութեան զգացումը: Անոնք ուղղակիօրէն կը մատնանշեն կեդրոնական նեարդային համակարգի ախտահարումը:

Քովիտը անտարբեր չ՚անցնիր նաեւ սրտանօթային համակարգէն: Անցած ամիսներուն ընթացքին բժիշկները եւ գիտնականները նկարագրած են վարակով պայմանաւորուած կաթուածի բազմաթիւ դէպքեր, ինչպէս նաեւ նեարդաբանական ուրիշ դրսեւորումներ, որոնցմէ գլխաւորը ընկճախտն է: Վարակը կրնայ վնասել նաեւ սրտամկանը եւ անոր մէջ յառաջացնել բորբոքային երեւոյթներ: Բուժուած վարակակիրներուն 70 տոկոսը, ըստ համակարգչային շերտագրման, ունեցած է սիրտ-անօթային խանգարումներ եւ պարզ չէ, որ անոնք անցեալին եղած ախտահարումնե՞ր են, թէ՞ նոր ի յայտ եկած երեւոյթներ: Յայտնի չէ նաեւ, թէ անոնք կը մնա՞ն, թէ՞ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն:

Աշխարհը ընդհանուր առմամբ գտած է վարակի ժամանակ կիրառուող դեղամիջոցները, որոնց մէջ կան ներազդակներ, հորմոններ, հակաբորբոքայիններ, արիւն նօսրացնող դեղամիջոցներ, կենսանիւթեր, միզամուղներ, ցաւազրկիչներ, ջերմ իջեցնողներ… Բայց, ահաւասիկ, նոր հետազօտութեան մը համաձայն, քորոնավարակով հիւանդ եւ նկատելի ախտանիշներ ունեցող մարդը կարելի է բուժել նաեւ ճառագայթներով: Մասնաւորապէս այսպիսի առաջարկ կատարած են Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի գիտնականները: Անոնք նկատած են, որ ելեկտրական շողարձակութեան ցած չափաբաժինը կրնայ 20 տոկոսով նուազեցնել թոքաբորբէն մահացութիւնը: Այս միջոցը արդէն գործածուած է քովիտով տասը հիւանդի վրայ: Փորձարարական բուժում կատարուելէ ետք, անոնք բուժուած են երեք օրուան ընթացքին, իսկ ճառագայթում չստացած միւս խումբը՝ տասներկու օրուան ընթացքին: Հակառակ որ ճառագայթումը, միւս դեղամիջոցներուն համեմատ, նուազագոյն թունաւորում կը կրէ, բայց ճառագայթաբանները զգուշացուցած են նման բուժման լուրջ կողմնակի բարդութիւններուն մասին: Ճառագայթային բուժումը մէկ կողմէն կը նուազեցնէ քորոնայի հետեւանքով յառաջացած բորբոքումը, բայց միեւնոյն ժամանակ կ՚ոչնչացնէ ախտամերժման B եւ T բջիջները, որոնք անհրաժեշտ են վարակի դէմ պայքարին համար: Ռուս փորձագէտները արձագանգած են ասոր ըսելով, որ այս ընթացակարգերը կրնան իրականաց-ւիլ միայն կենդանիներու վրայ երկարատեւ փորձարկումներէ ետք:

Չինաստանը, ուրկէ ծագած է այս սարսափազդու վարակը, յաղթահարած ըլլալով ծանր շրջանը, կը մտածէ յետագայ համավարակները կանխելու մասին: Չինական իշխանութիւնները որոշած են երկրին մէջ քաղաք մը շինել, որ բացառապէս յարմարեցուած ըլլայ համաճարակի ժամանակ կեանքի առանձնայատկութիւններուն: Մասնաւորապէս, տուներու տանիքներուն կը շինուին ջերմոցներ, որոնց մէջ կարելի կ՚ըլլայ պտուղ եւ բանջարեղէն աճեցնել եւ միաժամանակ ելեկտրականութիւն ստանալ: Շէնքերը հնարաւութիւն կ՚ունենան նաեւ ամբարել անձրեւաջուրերը եւ զտել եւ մաքուր վիճակի հասցնել՝ դարձնելով խմելու ջուր: Այս նախագիծը մշակուած է ինքնամեկուսացման օրերուն, երբ չինացի ճարտարապետներն ու շինարարները տուներէն կ՚աշխատէին եւ անմիջապէս զգացած են այն անհրաժեշտութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են մեկուսացման ժամանակ:

Սիւնան անունով քաղաքը կը նախատեսուի կառուցել մայրաքաղաք Փեքինէն 100 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Քորոնան իրեն հետ նաեւ շքեղամոլութեան դրսեւորումներ բերաւ: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, չբաւարարուելով բժշկական պաշտպանիչ դիմակներով, սկսած են արտադրել շքեղ եւ ժամանակակից ձեւաւորումով դիմակներ, որոնք կը յարմարին հագուստին, կօշիկին եւ զարդերուն: Բայց ինչին վրայ որ իրենց ուժերը ներդրած են Իսրայէլի խումբ մը ոսկերիչներ, չլսուած բան է. անոնք հիմա կ՚աշխատին աշխարհի մէջ ամենասուղ՝ ճերմակ ոսկիով բժշկական դիմակի ստեղծման վրայ, որ պիտի դրուագազարդուի 3600 սեւ եւ ճերմակ ադամանդներով. դիմակին արժէքը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլար:

18 քրատնոց այս ոսկի դիմակը պատուիրած է չինացի գործարար մը, որ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնած է, որ այդ եզակի իրը հանդերձուած ըլլայ N99 բարձրորակ զտոցով: Դիմակը պատուիրատուին պահանջով մինչեւ այս տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ եւ աշխարհի ամենասուղ դիմակը պիտի հանդիսանայ: Ոսկերչական ընկերութեան ձեւաւորող եւ սեփականատէր Իսահակ Լեւի, որ ստանձնած է պատուէրը, ըսած է, որ այսպիսի դիմակ մը կրնայ մարտահրաւէր դառնալ տնտեսական ճգնաժամի ժամանակաշրջանին, երբ հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց եկամուտները, սակայն այդ պատուէրը իրենց մեծ ձեռնարկութեան հնարաւորութիւն տուած է ապրիլ ծանր ժամանակաշրջանին, բաւարար աշխատանքով ապահոված է աշխատակիցները, որոնք նոյնպէս գրեթէ անգործ էին: Ադամանդները, որոնցմով պիտի զարդարուի ոսկէ դիմակը, հազիւ թէ կրելու համար յարմար դարձնեն իրը, սակայն, անկասկած, ուշադրութիւն կը սեւռեն անոր տիրոջ վրայ: Դիմակը, պատրաստ ըլլալէն ետք, պիտի կշռէ մօտաւորապէս 270 կրամ: Այդ մէկը գրեթէ հարիւր անգամ աւելի է սովորական բժշկական դիմակէն:

Ահա այսպիսի անսովոր նորութիւններ չինացիներէն, որոնք, ունակ են թէ՛ չղջիկ ուտելով վարակ տարածել աշխարհի տարածքին եւ թէ՛ պերճանքի նման դրսեւորումներ ունենալ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020