ԱՆՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ամէնուր անորոշութիւն է: Սակայն այս յարիր պատճառ մը չէ Հայաստանի մէջ անորոշութիւն մտցնելու համար: Անորոշութիւնը անյքան խոր արմատներ ձգեց, որ մարդ ստիպուած կ՚ապրի ներկայ շարունակական ժամանակով: Անցեալը կատարեալ էր: Անկատար մնացին մեր անցեալի երազները, փափաքները:

Անորոշ ներկայ ժամանակի մէջ կ՚ապրինք ակնթարթով, պահով: Ներկայ ժամանակը սրընթաց կ՚անցնի: Կը դժուարանանք հասկնալու ապառնին: Հետզհետէ ապառնին կը վերածուի անկատարի: Կարծես ամէն բան շատ դիւրին է, սակայն անկարող ենք ընկալելու անհաս երազի մը վերածուող ապառնի ժամանակը:

Անցեալ կատարեալին վաղուան օրը մշուշոտ էր, իսկ ներկայ շարունակականինը՝ այլեւս յաջորդիւ վայրկեաններն ու ժամերը: Հայուն ուրախութիւնը կամաց-կամաց կը փոխուի լացի:

2020 թուականէն սկսաւ հայոց ողբերգութեան շղթան: Առանց Աստուծոյ մեր ճանապարհը խրթին է ու անյաղթահարելի, լի բազում ողբերգութիւններով ու դժուարութիւններով: Հարուածը հարուածի ետեւէն կը ստանանք, սակայն չենք սթափիր: Կը սրդողինք ու կը շարունակենք ծուռ ուղին:

Մենք մեզ իրաւունք կը վերապահենք մանուկները կարգի հրաւիրելու համար ապտակ մը հասցնել, նոյնիսկ ծեծել: Որո՞նք են այդ ճանապարհին մեր քայլերը: Նախ երեխային սթափութեան կոչ կ՚ընենք: Այնուհետեւ այդ նոյն կոչը կը կրկնենք քանի մը անգամ: Եւ եթէ երեխան ոչ մէկ կերպով կ՚արձագանգէ մեր կոչերուն՝ կ՚անցնինք ֆիզիքական բռնութեան. թեթեւ ապտակ մը եւ աւելին: Նոյն կերպով ալ Աստուած կը վարուի մեզի հետ: Մենք ալ մանուկներուն պէս կը դժուարանանք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար կը ստանանք այդ հարուածները: Յաջորդ վայրկեանին կը մոռնանք մեր գործած մեղքի մասին, կը յիշենք միայն ցաւը: Եւ ոչ մէկ ջանք կը գործադրենք մեղքէն ազատուելու, մեղք չգործելու, մեր մեղքերը քչացնելու ուղղութեամբ: Ընդհակառակը՝ աւելի կը խրուինք մեղքերու մէջ: Իսկ մեր երկնաւոր Հայրը պիտի շարունակէ մեզ հարուածներ հասցնել մինչեւ սթափութեան ժամը:

Վերջին ցաւոտ հարուածը օրերս «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի մէջ տեղի ունեցած համազգային ողբերգութիւնն է: Պայթիւնի պատճառը տակաւին յայտնի չէ: Ամենայն հաւանականութեամբ այն ահաբեկչութիւն մըն էր, որու մասին դժուար թէ Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնները օր մը բարձրաձայնեն: Տասնեակ զոհեր, որոնց կարգին հինգամեայ մանչուկ մը, իր յղի մայրիկի ու մօրաքրոջ հետ: Մայրը չծնած մանկան համար, հինգամեայ Մարատի հետ, առեւտուրի գացած էր «Սուրմալու»: Ողբերգութենէն գրեթէ երկու օր անց փլատակներու տակէն գտան անոնց անշնչացած մարմինները: Մինչդեռ համայն հայութիւնը կը սպասէր հրաշքի: Բոլորս կը յուսայինք, թէ փոքրիկն ու իր մայրիկը կրնան ողջ գտնուիլ: Աւա՜ղ:

Հնարաւոր է այս ողբերգութիւնը նոր ողբերգութիւններու սկիզբ մը դառնայ Հայաստանի մէջ: Ցաւալին այն է, որ «Սուրմալու»ի ողբերգութենէն վերջ յայտնի չէ, թէ նիկոլականներու թիւը քանիով պիտի կրճատուի, կամ արդեօք կը կրճատուի՞: Քանի մոլորեալ հոգիներ պիտի սթափին, թէ նորէն ազգադաւները ճամբայ մը պիտի գտնեն մոլորեալ հատուածը քնացնելու համար: Նիկոլն ալ կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայոց գահը: Իսկ այս կը նշանակէ, թէ հայոց սահմանները պիտի փոքրանան, ամենայն հայոց մայրաքաղաքին մէջ ալ նոր թափ պիտի առնէ ողբերգութիւններու շղթան: Յայտնի չէ՝ յաջորդ հարուածը քանի կեանք պիտի արժէ եւ որուն պիտի դպնայ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022