ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ

Որոշ զարգացումէն յետոյ հասարակութիւններուն անհրաժեշտ է կարգ ու կանոն։ Սա ընթացք մըն է, որով կ՚ապահովուի ընկերային գործունէութիւնը նուիրապետական համակարգի շրջանակներէն ներս, ուր կ՚որոշուին իշխողներն ու կառավարուողները եւ կը փորձուի կանխել այն քաոսը, որ կը յառաջանայ հասարակութեան մէջ անհատներու թիւի աճով: Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքով՝ երբ մարդիկ հեռացան «բնութեան վիճակէն», այլ խօսքով՝ կարգ ու կանոն ու սեփականութիւն գոյութիւն չունեցած ու մարդու բոլոր կարիքներու բնութեան կողմէ բաւարարուած ժամանակէն, անոնք յարմարեցան սեփականութեան հայեցակարգին եւ այսպէսով յառաջացան ընկերային խաւեր, պահանջուեցաւ նոր համակարգ մը։

Ռուսօ մեզի կ՚առաջարկէ այս համակարգի նկարագրութիւնը՝ իր «Հասարակական պայմանագիր»ին մէջ։ Ռուսօ ընկերային զարգացման կառուցուածքը կը վերագրէ այն իրավիճակին, որու մէջ յառաջացած է սեփականութեան եւ, հետեւաբար, անհատական շահի հայեցակարգը: Ըստ իրեն, երբ կը յառաջանայ սեփականութիւն հասկացութիւնը, մարդիկ դուրս կու գան բնութեան վիճակէն։

Ի հարկէ, նման իրավիճակ եղած է եւ սա կը վերաբերի այն ժամանակաշրջանին, երբ մարդիկ առաջին անգամ սկսած են գոյութիւն ունենալ։ Բայց ոմանց տեսանկիւնէն նման ժամանակաշրջան երբեք չէ եղած, ընդհակառակը, մարդ արդէն հասարակական կարգի մաս կը կազմէր առաջին իսկ պահէն սկսեալ։ Հետեւաբար, իրավիճակը այստեղ կրնայ տարբեր ըլլալ՝ կախեալ անձնական տեսանկիւնէն եւ կը թուի, թէ հեռու է առարկայականութենէն: Միւս կողմէ, երբ խօսքը կը վերաբերի իշխանութեան հետ առընչուելու մասին, Ռուսոն կ՚ըսէ, որ իշխանութիւնը պէտք է ստանալ, այլ ոչ թէ բռնազաւթել: «Միշտ մեծ տարբերութիւն կ՚ըլլայ ամբոխը ենթարկելու եւ հասարակութիւն կառավարելու միջեւ։ Որքան որ ալ ըլլայ, երբ ցրուած մարդիկ կ՚ենթարկուին մէկ անձի, ես այստեղ կը տեսնեմ ո՛չ թէ ղեկավարն ու անոր ժողովուրդը, այլ տէրն ու իր ստրուկները, ուստի սա միութիւն չէ, այլ զանգուած մըն է»:

Ինչպէս ըսած է Ռուսոն, լաւ կառավարութիւնը չի զբաղիր միայն հարստութեան կամ բնակչութեան աճի հետ: Լաւ կառավարումը հիմնուած է անհատներու միջեւ հարստութեան տարբերութիւնները նուազագոյնի հասցնելու վրայ (սա այսօր ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ընկերային պետութեան ըմբռնման միակ սկզբունքներէն մին է), միշտ գերադասելով հանրային շահը անձնական շահէն, առաւելագոյնի հասցնելով ազատութիւնները եւ թոյլ տալով, որ ղեկավարը քննադատուի եւ ապահովելով, որ ընկերային կառուցուածքի մէջ նուիրապետական կարգը հիմնուած ըլլայ արժանիքներու վրայ՝ նախքան անձնական շահերը։ Այսպէսով հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ կրնայ գոյատեւել բարեկեցութեան մակարդակին եւ վերջապէս հասնիլ ընկերային ապահովութեան։ Վարչակարգեր, որոնք կրնան իրականացնել այս բոլորը, լաւ կառավարութիւններ են: Լաւ կառավարումը չի կրնար չափուիլ միայն հարստութեամբ եւ բնակչութեամբ:

Գիտակից հասարակութիւն ըլլալը առանձին բաւարար պայման մը չէ իշխանութիւնը լաւ օգտագործելու համար։ Միւս կողմէ, պայմանագիրը, որ հասարակութիւնը կը կնքէ՝ մարդուն թէ՛ իրաւունքներ կու տայ եւ թէ անոնցմէ կը խլէ զանոնք, բայց այստեղ, առաջին հերթին, անհատը պէտք է իրազեկուած ըլլայ։ Հակառակ պարագային անձը կրնայ չհրաժարիլ իր իրաւունքներէն եւ կրնայ չուզել նման պայմանագրի անդամ ըլլալ։ Սա կէտ մըն է, որ կը թուլացնէ ընկերային միասնութիւնը։

Երբ անհատը կը ձերբազատուի բնութեան վիճակէն եւ կը յայտնուի այժմու կարգերուն մէջ եւ կը կառուցէ հասարակութիւն, ան պէտք է ապահովէ հասարակութեան շարունակականութիւնը՝ պայմանագիր կնքելով կարգ ու կանոն հաստատելու եւ կայունութիւն ապահովելու համար։ Ան պէտք է յարմարի ընկերային կարգին։ Սա անոր իրաւունք կու տայ արտայայտելու իր կամքը ինքնիշխան իշխանութեան ընտրութեան հարցին մէջ: Ինքնիշխան իշխանութիւնը պէտք է ուշադրութեամբ վերաբերի հանրային շահին, բաժնէ կամ փոխանցէ զայն, քանի որ իրաւունքը իրեն յանձնուած է հասարակութեան կողմէ եւ կրնայ կորսնցնել միայն անոր ձեռքով։

Այն պարագաներուն, երբ ինքնիշխան իշխանութիւնը կը շեղի հանրային շահէն ու կը գերակայէ իր անձնական շահը, պէտք է ըլլայ բացարձակ վերահսկող իշխանութիւն։ Հասարակութեան համար դժուար է սա ընել, փոխարէնը գոյութիւն ունի իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքը, որով իւրաքանչիւր ուժ կը վերահսկէ մէկ այլ ուժ։ Հասարակութեան կրթութեան ու գիտակցական մակարդակը պէտք է ըլլայ առնուազն միջին, որպէսզի իշխանութեան գլուխ եկած ուժերը գործեն անձնական շահէն հեռու։ Ինքնիշխանութիւնը պէտք չէ վերածուի միապետութիւններու, այլ՝ կառավարութեան մը, ուր բոլոր անհատները գործընկերներ են։ Որովհետեւ անհատի գիտակցութեան մակարդակը եւ կառավարութեան մասնակցելու հնարաւորութիւնները ամենամեծ ցուցիչն են, թէ ինչպիսի համակարգի մաս կը կազմէ ան։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023