ԸՆԴՈՒՆԻԼ. ՄԻԹԷ ԱՄԵՆԱԴԺՈՒԱ՞ՐԸ
Երբ կը հանդիպինք իրադարձութիւններու եւ փաստերու, որոնք տեղի կ՚ունենան մեր կամքէն անկախ եւ կը դժուարանանք ու չենք կրնար ընդունիլ, կը մտնենք անօգնական, անհանգիստ, ընկճուած տրամադրութիւն։ Միթէ կեանքի ամենամեծ հնարքներէն մէկը ընդունիլ սորվիլը չէ՞։ Կորուստ, ցաւ, տխրութիւն, լքուածութիւն… Կը կարծենք, որ սխալ ժամանակաշրջանին ծնած ենք, սակայն սա դարաշրջանին քայլ յարմարցնելու հետ կապ չունի։ Ընդհակառակը, ներկայ դարաշրջանի կարիքները կը վերափոխեն մարդիկը։
Եթէ բաղդատենք գաղափարախօսութիւններու ու նոր դարու հոսանքին մէջ խրուած եւ հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած մարդոց հոգին, տարբերութիւն չենք կրնար գտնել։ Եթէ մտածենք, թէ ինչո՞ւ 400 տարի առաջ գրի առնուած գիրքերը կամ յօդուածները տակաւին կ՚ընթերցուին, կը տեսնենք, թէ որքան համանման են մարդկային յուզական աշխարհը եւ սրտի թրթռումները։ Սիրոյ եւ վիշտի նման զգացումները չեն փոխուած տարիներու ընթացքին, բայց մարդոց ապրելակերպն ու յարաբերութիւնները ենթարկուած են փոփոխութեան։
Մարդը, որ կը սորվի ընդունիլ փաստերը, պէտք է առերեսուի ճշմարտութեան հետ եւ որոշէ, թէ ինչ կրնայ ընել ճիշդ տրամաբանութեամբ: Սա ամենաառողջ մօտեցումն է։ Առաւօտեան երբ արթննանք, չենք գիտեր, թէ օրը ինչ պայմաններ պիտի բերէ կամ որու հետ պիտի հանդիպինք։ Եթէ կարողանայինք ժպտալ եւ ձեռք սեղմել իւրաքանչիւր մարդու, իրադարձութեան եւ իրավիճակի հետ՝ մեղմացնելով յարաբերութիւնները եւ կանխել հաւանական խնդիրը, որ կրնայ յառաջանալ սկիզբին: Առնուազն 50 տոկոսով դրական տրամադրութիւն տարածել շրջակայ միջավայրին:
Ճշմարտութիւնը չընդունիլ, պայքարիլ անոր հետ այնպէս, կարծէք ըմբշամարտի մէջ ենք կամ կը կռուինք անոր հետ, սկիզբէն կը կորսնցնենք։ Բացասական տրամադրութիւնը կը շրջապատէ միջավայրը ձմեռնային գարշահոտ մառախուղի նման: Աչքը չի կրնար տեսնել: Եթէ ընդունէինք ճշմարտութիւնը՝ չհակառակելով տեղի ունեցողին, առանց որեւէ մէկը մեղադրելու, առանց պատճառներ փնտռելու, առանց պատմութիւններ, ընդհանրացումներ կամ խոստովանութիւններ յօրինելու…
Մարդը երբ ցնցուի, կրնայ դառնալ անհանգիստ, լքուած, դժբախտ, զգալ անօգնական եւ նոյնիսկ թշուառ: Կարծէք փակուղիի մէջ է, լաբիւրինթոսի ոլորապտոյտ արահետներով կը քալէ։ Ցաւէն կը կծկուի ու կը պայքարի տրամաբանական ճանապարհ, լուծում մը գտնելու համար։ Միակ ելքը ճշմարտութիւնն ու անոր պատճառած ցաւը ընդունիլն է։ Ահա, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ կեանքը մեզմէ. ընդունիլ... Մեր միակ լուծումը իւրաքանչիւր իրադարձութիւն ընդունիլն է, իւրաքանչիւր մարդը, ընկերը կամ թշնամին, դիւրինը կամ դժուարը: Ան, որ կ՚ընդունի ցաւն ու իրականութիւնը, կրնայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ապրիլ աւելի հանգիստ կեանք մը:
Մարդիկ կը փնտռեն սէր, անկեղծութիւն եւ գուրգուրանք։ Այս բաներէն զրկուիլը չէ՞, որ մեզ կը յոգնեցնեն, կը վրդովեցնեն ու կը կոտրեն։ Արդեօք մեր հոգին չի ճնշուի՞ր մենք մեզ վերակառուցելու փորձին մէջ… Այդ վերակառուցումը երբեմն կը փնտռենք գիրքերու մէջ։ Գիրքերը կը բուժեն. գրականութիւնը բուժիչ է, վէպերը կը բուժեն մեր ցաւը։ Եթէ որեւէ մէկը մեզ չհասկնայ, գիրքերը կը հասկնան մեզ, ցաւակից կ՚ըլլան մեր վիշտերուն։ Հեղինակը կը գրէ. «Դուն առանձին չես»։ Ընթերցողը այս նախադասութիւնը սապէս կը կարդայ. «Ես առանձին չեմ»: Այսպէսով ընթերցողը կը մեծնայ, կ՚ուժեղանայ, կը վերականգնի եւ քայլ մը կ՚առնէ դէպի վերակառուցում։ Նոյնիսկ եթէ հերոսը կոչ ընէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ կամ ողջունէ մեզ, կը նոյնանանք գիրքի կերպարին հետ, մենք կը գտնենք մեր էութիւնը եւ յստակ կը տեսնենք մեր հոգիի քարտէսը: Շունչերնիս պահած կը հետեւինք հերոսի պայքարին եւ դասեր կը քաղենք անոր կեանքի մաքառումէն։ Երբեմն կին կերպարը մեզի նման արցունքներ կը թափէ, երբեմն տղամարդը մեզի նման կը սիրահարուի, երբեմն երեխան մեզի նման կը զուարճանայ։ Մենք գիրքին կը փարինք մութ գիշերուան ընթացքին եւ կը յուսանք անոր օգնութիւնը՝ լոյսը: Գեղարուեստական գրականութիւնը այն աշխարհն է, որ հեղինակը կը կառուցէ կեանքի պատմութիւններէն ներշնչուելով: Երբեմն նոյնիսկ աւելի իրական՝ քան կեանքը, աւելի իրատեսական... Գիրքերը նաւահանգիստներ են, ապաստան մը երբեմն: Գիրքերը վիրակապ են, մեր վէրքերը կը փաթթենք անոնցմով։
Ինչե՜ր չեն պատմեր այդ գիրքերը… Մարդոց երեւակայութեան ու իրականութեան տառերու, տառերէն բառերու, բառերէն նախադասութիւններու ու պարբերութիւններու վերածման վկան կը դառնանք էջ առ էջ։ Երբեմն կը կորսուինք այդ անհուն ծովուն մէջ՝ մենք մեզ փնտռելով յաճախ… Արդեօք կը գտնե՞նք։ Գիտէ՞ք պատասխանը…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ